Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Քաոսը Կը Տիրէ Առօրեային

$
0
0

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Տիեզերքի եւ այդ տիեզերքի մէջ աշխարհի կազմութեան նախորդող շրջանը կ՛ընդունուի իբրեւ քաոսային շրջան: Քաոս, ուր կը տիրապետէ խառնաշփոթութիւն: Այս հաստատումը ծագեցաւ հազիւ այն ատեն, երբ մարդու միտքը յաջողեցաւ ընկալել ու դասաւորել աշխարհի ընթացքը:

Այժմ գիտենք, որ աշխարհ կը պտտի արեւին շուրջ,  եւ այդ պտոյտը կ՛իմաստաւորուի ժամանակի հաշուարկութեամբ: Երկրագունդի` արեւին շուրջ պտոյտը կը հաշուենք տարիով: Երկրագունդը նաեւ կը պտտի իր շուրջ, որուն ամէն մէկ պտոյտը կը նշանակէ օր: Սակայն այս կանոնէն դուրս սպրդածներ անցեալին ալ կային, այսօր ալ կան եւ, քար բերնիս, վաղն ալ պիտի ըլլան: Անոնք ձեւով մը սպրդած են աշխարհի կանոնէն: Եթէ աշխարհի կանոնը պիտի թելադրէ զարգացում, անոնք պիտի գործեն զարգացումի դէմ: Եթէ աշխարհի կանոնը պիտի թելադրէ փորձառութիւնները իրարու վրայ դնելով` գիտութիւն ստեղծել, անոնք այդ գիտութեան ալ դէմ պիտի գործեն: Եթէ գիտութիւնը պէտք է ծառայէ մարդու բարգաւաճման, անոնք զանազան միջոցներով այդ նոյն գիտութիւնը պիտի դարձնեն մարդկային փորձանքի: Այդ է պատճառը, որ նախքան այս դժբախտ հաստատումները` ակամայ կ՛արտասանուի «քար բերնիս» զգուշացման յայտնի խօսքը: Մարդը եւ մարդկային մտածելակերպը երկար տարիներ առաջ յաղթահարած ըլլալու են Աստուծոյ անունով պատերազմիլ կարծելու յիմարութիւնը: Պէտք է բազում տարիներ առաջուան վերագրուէր այդ հասկացողութիւնը, ուր մարդիկ պիտի կարծէին մարդասպանութեամբ սիրելի թուիլ վերացական Աստուծոյ մը խորհուրդին:

Հեռուստակայանները նախորդ օր կը պատմէին ՏԱՀԵՇ-ի հարս դառնալու համար Միջին Արեւելք եկած եւրոպացի կիներու մասին: Ո՜վ Տէր Աստուած, այդ ի՛նչ տեսակի շուարում մը պիտի ըլլայ, որ մարդ արարածը դիմէ նման քայլի մը: Եւ այն ալ` ո՛չ թէ յետամնաց ու տգէտ աշխարհահատուածէ մը, այլ իբր թէ զարգացած, նոյնիսկ գերզարգացած եւրոպական երկիրներու ծոցէն ելլելով` մատնուի նման խաբկանքի մը:

Երկու օր առաջ նոր ժամանակներու յատուկ ջրհեղեղ մը ապրեցանք մեր քաղաքին մէջ: Մեծ, շա՛տ մեծ պոռոտախօսութիւններով ծառայութեան դրուած Եւրասիոյ փապուղին քանի մը վայրկեաններու մէջ ջրամոյն եղաւ: Նոյն ճակատագրին արժանացան նմանապէս մեծխօսիկութիւններով ծառայութեան դրուած Պոլսոյ մեթրոփոլիթենը, մեթրոպիւսի գիծը, բազմաշերտ փողոցները եւ Պոլիս քաղաքի իբր թէ արդի դիմագիծը ցոլացնող ամէն ինչ: Որոշ է, որ կառավարական շրջանակները այս բոլորին մէջ պատասխանատուութեան դոյզն իսկ բաժին մը պիտի չունենան: Վերջապէս եղածը բնական աղէտ մըն էր անոնց համար, որուն համար մահկանացուներ չէին կրնար պատասխանատու համարուիլ: Բայց արդեօք իսկապէս այդպէ՞ս է, թէ ոչ` քաղաքաշինութեան նուազագոյն կանոնները իսկ նկատի չունեցող եւ բոլոր ակնկալութիւնները ագահ շահոյթի վրայ հիւսող հասկացողութեան մը բնական հետեւանքը: Քաղաքի ջրհեղեղի զոհ գացած պահուն լրագրող Ահմետ Շըք բանտի մէջ բոլորեց զրկանքներու 200-երորդ օրը: Ան վերջին հինգ տարիներուն բազում անգամներ ձերբակալուեցաւ:

Ձերբակալութեան համար իրեն ուղղուած առաջին մեղադրանքը Ֆեթուլլահի շարժումը անարգելն էր: Տակաւին տպարան չէր յանձնուած իր հեղինակած «Իմամին բանակը» անուն ուսումնասիրութիւնը, որ կը պարզէր Ֆեթուլլահի կազմութիւնը եւ գործելակերպը: Իսկ այժմ ան կը դատուի Ֆեթուլլահական մը ըլլալու մեղադրանքով:

Նուրիյէ Կիւլմեն եւ Սեմիհ Էօզաք  աշխատանքը կորսնցուցած աւելի քան 150 հազար պաշտօնեաներու ձայնը ըլլալով` հացադուլի պայմաններուն մէջ բոլորեցին 130-րդ օրը:

Այս, երբ կեանքը բնականոն կ՛ընթանայ, երկրագունդը իր շուրջ մէկ օրէն եւ արեգակի շուրջ մէկ տարիէն կ՛աւարտէ իր պտոյտը, կ՛արժէ հարց տալ` քաոսը միայն աշխարհի կազմութեան շրջա՞նը կը բնութագրէ, թէ՞ ոչ բոլորս շրջապատուած ենք քաոսին մէջ:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>