Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17394

Ստացուած Գիրքեր. «Գիրս Մնայ Յիշատակող» (Հեղինակ` Նազենի Ղարաբաղցեան)

$
0
0

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Երեւանի մէջ 2016-ին լոյս տեսաւ Նազենի Ղարաբաղցեանի «Գիրս մնայ յիշատակող» գիրքը, բաղկացած` 91 էջերէ:

«Լոյսի եւ յաւերժութեան ճամբորդը» խորագիրով ներածականին մէջ Ֆելիքս Բախչինեան կ՛ըսէ, որ արեւային որքան յոյզերով լեցուած է հայուհի այս մտաւորականին սիրտն ու հոգին, որ Արարիչի անուան կողքին մեծատառով գրած է Արեւ, լոյս, բարութիւն եւ յաւերժութիւն բառերը: Անշուշտ, լոյսն ու յաւերժութիւնը անոր իմանալի եւ հասանելի եղած են, երբ գրիչի հպումը ճերմակ թուղթին դրուած է իր սեփական առաքելութեան գիտակցումով:

Նազենի Ղարաբաղցեան կ՛ըսէ, որ Եդեմի պարտէզին մէջտեղը Աստուած տնկած էր Կենաց ծառը, որուն պտուղները ճաշակելու պարագային նախամարդը պիտի արժանանար անմահութեան: Սակայն Ադամն ու Եւան ճաշակեցին բարիի եւ չարի գիտութեան ծառէն եւ ոչ միայն անմահութիւն չգտան, այլեւ վտարուեցան դրախտէն: Կենաց ծառը, ըստ քրիստոնէական մեկնաբանութեան, նախօրինակն էր Յիսուս Քրիստոսի խաչափայտին, որուն միջոցով մեզի վերադարձուեցաւ յաւիտենական կեանքը:

Հայոց արեգակնային տոմարին մէջ Կենաց ծառի աստուածապաշտական համակարգի բացայայտումը եկաւ փաստելու, որ յաւիտենական սրբութեան, օրհնութեան եւ անմեղութեան խորհրդանիշ Կենաց ծառի պաշտամունքը հայկական լեռնաշխարհի բնակչութեան մէջ տարածուած եղած է վաղ ժամանակներէն:

Ժայռապատկերներու մասին խօսելով հեղինակը կ՛ըսէ, որ նախնադարեան գաղափարախօսութիւնը արտայայտելու համար ժամանակի արուեստագէտները ընտրած են պայմանական ձեւերը. անոնք պէտք է խորհրդանիշներուն պատկերագիրերու եւ նշանագիրերու միջոցով սերունդներուն պատմէին իրենց կենսագործունէութեան բոլոր կողմերու մասին: Հայկական լեռնաշխարհի ժայռապատկերները իրենց կատարման ձեւով ու նիւթերու բազմազանութեամբ իրենց նմանը չունին, որովհետեւ վիշապներ, աստղաքարտէսներ, տառանման նշաններ, օրացոյցեր կարելի է հանդիպիլ միայն հայկական լեռնաշխարհին մէջ: Մեր ժայռապատկերներու որոշ առանձնայատկութիւններ թոյլ կու տան ենթադրելու, որ անոնք գործածուած են նաեւ իբրեւ գիր:

Հայաստանի հանրապետութեան մէջ ժայռապատկերներ կարելի է տեսնել Արագածի, Գեղամայ լեռներուն եւ Սիւնիքի` Ուղտասարի լանջին: Անոնք կը պատկանին Ն. Ք. եօթներորդ հազարամեակին եւ դեռ աւելի հին շրջանի թուագրուածներ ալ կան:

«Փորը լիքը, վիզը` ծուռ» գրութեան մէջ Նազենի Ղարաբաղցեան կ՛ըսէ, որ աշխարհի մէջ ամէն ինչի համ ու հոտ տուողը աղն է, կ՛ըսեն` հայը աշխարհի աղն է, ու առանց հայու աշխարհը անլի կ՛ըլլար: Աղը աշխարհի հարստութիւնն է եւ անիկա միշտ ալ տեղ ու նշանակութիւն ունեցած է մարդու կենցաղին մէջ, նոյնիսկ վէրքեր բուժած են աղով: Ինչպէս այլ ժողովուրդներու մօտ, այնպէս ալ հայերու մօտ աղը սրբութիւն նկատուած է: Աղի հետ կապուած հաւատալիքները բազմազան են: Աղամանը ներքին խորհուրդ ունի` թաքնուած իր զարդանախշերուն մէջ:

Օրօրոցային երգերու մասին խօսելով Նազենի կ՛ըսէ, որ օրօրոցայինը գերբնական, անբացատրելի կապ կը ստեղծէ մօր ու մանկան միջեւ, հանգստութիւն ու քուն կը բերէ

երեխային: Անիկա հանգստանալու ու լիցքաթափուելու հնարաւորութիւն կու տայ մօր, ու այդ փոքրիկ օրօրոցը շատ մեծ հոգեբանի դեր կը կատարէ կնոջ կեանքին մէջ, քանի որ ան երգելով կը պատմէ ե՛ւ իր մտավախութիւնները, ե՛ւ նոր, դրական լիցքերով վերազինուած` պատրաստ է կեանքի փորձութիւններուն: Մայրը յատուկ երգ չէր գրեր, այլ ուղղակի կը զրուցէր իր բալիկին հետ, օրօրոցայինները կարելի է նաեւ նախնական դաստիարակութեան հիմք համարել, քանի որ անոնց միջոցով փոխանցուած է ընտանիքի, նոյնիսկ ազգի պատմութիւնը:

Զօրաց քարերու մասին խօսելով հեղինակը կը գրէ, որ Սիսիանի մօտ կը գտնուի աշխարհի հնագոյն կոթողային համալիրներէն մէկը` Զօրաց քարերը: Անիկա իր տեսակին մէջ առանձնայատուկ է, այդ յուշարձանները հեռուէն հսկաներու կանոնաւոր շարքեր կը յիշեցնեն, կը թուի թէ զօրագունդեր են: Քարահունջը կը ստուգաբանուի իբրեւ քար եւ հունջ, կամ` կանչ, այսինքն` ձայն, հնչիւն, արձագանգ:

Երեւանի բերդի մասին Նազենի Ղարաբաղցեան կը գրէ, որ անիկա կը գտնուի Հրազդանի ձախ ափին եւ քաղաքէն բաժնուած էր մեծ հրապարակով: Անիկա քանի մը անգամ աւերուած ու նորէն վերակառուցուած է: Բերդին գրաւած տարածութիւնը քառանկիւն էր: Անիկա հիւսիսէն, հարաւէն ու արեւելքէն շրջափակուած էր կրկնակի պարիսպներով: Արեւմտեան կողմէն բերդը պաշտպանուած էր Հրազդանի խոր ու զառիվեր ձորով: Բերդը ունէր երկու դարպաս: Բերդը Երեւանի խաներուն նստավայրն էր. հոն կը գտնուէր խանին պալատը, հարէմը, զօրանոցները, մզկիթներ, զինանոցներ, կրպակներ, խանութներ եւ բնակելի տուներ:

Բուն Երեւան քաղաքը բերդին մօտն էր: Քաղաքին կեդրոնը շուկաներն էին: Քաղաքին մէջ կային շարք մը եկեղեցիներ: Եպիսկոպոսի աթոռանիստին մօտ կը գտնուէր հին աշտարակ մը:

Երեւանը պարսկական լուծէն ազատագրուելէն եւ ռուսական կայսրութեան միացուելէն ետք բերդը պետականացուեցաւ եւ յետոյ քանդուեցաւ ու անոր տարածքը դարձաւ քաղաքի բաղկացուցիչ մասերէն մէկը:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17394

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>