Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17394

Զինուորին Կօշիկը` Ընդդէմ Տզրուկներու Ձայներուն (Լիբանանեան Բանակի Տօնին Առիթով)

$
0
0

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Այո՛, առանձնապէս եւ շեշտակիօրէն խօսքը կը վերաբերի սոսկ այն մարդոց, որոնք արժանի են վերոնշեալ պիտակաւորումին եւ անպայման մեր բոլորին մեղադրանքին:

Այն մարդոց, ըլլան անոնք քաղաքական գործիչներ, պետական անձնաւորութիւններ թէ անհատ պատեհապաշտներ, որոնց գոյութիւնը կախեալ է տզրուկային գործընթացներէ:

Յայտնապէս խօսքը կը վերաբերի բոլոր անոնց, որոնց  մտքին եւ հոգիին խորերը արմատ է նետած արիւնռուշտ անասնական բնազդը, կողոպուտի եւ աւարառուի խառնուածքը:

Աւելի՛ն. տզրուկ գոյականի անուանումը կը պատկանի բոլոր անոնց, որոնց սրբապիղծ ներաշխարհը դատարկուած է մարդկային ամէն գեղեցկութենէ` վեհափառ խօսքէ, յոյզէ, զգացումէ եւ ապրումէ:

Արդ, գոյութիւն ունեցող նմաններու, այս տիպի մարդոց, ինչպիսի՞ որակաւորում տալ եթէ ոչ զանոնք ներկայացնել իբրեւ արդի օրերու հորդաներ, որոնք զինուոր նահատակի արիւնն անգամ կը փորձեն պղծել, յիշատակը նսեմացնել, քաջարի արարքը անարգել եւ անոր զոհողութիւնն անգամ  ուրանալ:

Բարեբախտաբար անոնց` տզրուկի ձայներ ունեցողներու քանակը քիչ է, տեսակը` միշտ արհամարհելի եւ գոյութիւնը` դատապարտելի:

1 օգոստոս:

Տօնն է լիբանանեան բանակին: Այն յիշատակելի օրն է, որով կը հպարտանան ու կ՛ոգեւորուին իրերայաջորդ սերունդներ:

Տօն է այն պետական կառոյցին, որ միակ ապաւէնն է եղած լիբանանցիին եւ անփոխարինելի երաշխիքը` երկրի պաշտպանութեան:

Սակայն այս օրերուն,

երբ լիբանանեան բանակի տարբեր միաւորներ զէնն ի ձեռին, ինչպէս միշտ, կը կատարեն իրենց սրբազան պարտքը` հայրենիքի պաշտպանութիւնը, այս պարագային, Արսալի բարձունքներուն վրայ,

երբ բանակի թէ ապահովական կառոյցներու մասնայատուկ ուժեր գրեթէ ամէնօրեայ դրութեամբ կը ձերբակալեն արդի օրերու մարդակեր, հրէշածին եւ բարբարոս վարձկաններ,

երբ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը տիւ եւ գիշեր կ՛աշխատի բացայայտելու թաքուն բջիջներ եւ ոճրագործներու որջեր ու զգետնել անոնց ղեկավարները,

երբ բանակի հրամանատարութիւնը մօտէն կը հետեւի երկրին մէջ տիրող կացութեան, աչալուրջ կը հսկէ ընդհանուր ապահովութիւնը, կը դիմագրաւէ բազում սպառնալիքներ, իսկ իր որդեգրած պաշտպանական գործընթացներով կը փորձէ լիբանանցիին առօրեան անվտանգ պահել,

երբ վերջին տարիներուն, ստեղծուած ներքին ու արտաքին ահաւոր պայմաներու թէ ապահովական ցնցումներու բերումով, լիբանանեան բանակի լաւագոյն տարրեր զոհ կը դառնան անարգ սպանութիւններու,

երբ բանակի ստորաբաժանումներ իրենց թիկունքին ունենալով Դիմադրութեան մարտիկներու նեցուկն ու գերազանց աջակցութիւնը, ամուր եւ անձեռնմխելի կը պահեն երկրի սահմաններն ու հեռաւոր շրջանները, գիւղերն ու քաղաքները,

երբ ճիշդ այս օրերուն, շնորհիւ Դիմադրութեան մարտիկներու անկոտրում կամքին, անգին զոհողութիւններուն, հարուածող բազուկին եւ օրինակելի հայրենապաշտութեան կ՛ազատագրուին լիբանանեան բռնագրաւուած լեռնային տարածքներ, կ՛անճիտուին մարդասպան խմբաւորումներու գլուխներ եւ երկրէն դուրս կը շպրտուին գազանացած հրոսակներ,

ահա, ցաւ ի սիրտ, Լիբանանի հողին վրայ կը շնչեն քաղաքական տարբեր հոսանքներու, խմբաւորումներու եւ համայնքներու պատկանող լիբանանցիներ, որոնք, մութ եւ եսապաշտ հաշիւներու տուրք տալով, ամէն քայլափոխի կ՛արգելակեն բանակի սրբազան առաքելութիւնը, կ՛արհամարհեն նահատակներու արիւնը, եւ ինչ-ինչ հաշուարկներէ թելադրուած կը հանդերձեն դաւաճանի պատմուճանը` պարզապէս յագուրդ տալու սեւաթոյր մտայնութեան, հատուածականութեան, այլամերժութեան եւ կրօնական մոլուցքի:

Այսուամենայնիւ, լիբանանեան բանակի զօրամասեր, իրենց թիկունքին ունենալով հայրենասէր ժողովուրդի աջակցութիւնն ու օրհնութիւնը, անաչառ դատողութեան տէր հաւաքականութեան սէրն ու յարգանքը, գիտակից, նուիրեալ, անձնդիր ու վաստակաւոր գործիչներու խոր գնահատանքը, բայց մանաւանդ` Դիմադրութեան մարտիկներու գերազանց օժանդակութիւնը, անոնք` զինուոր, բարձրաստիճան սպաներ եւ հրամանատարական կազմ, կը կատարեն իրենց սրբազան պարտքն ու անգնահատելի աշխատանքը` յանուն Լիբանանի գերիշխանութեան եւ սահմաններու  պաշտպանութեան, ժողովուրդի անվտանգութեան եւ բարօր կեանքի ապահովման:

Արդ, յիշել է պէտք, որ Լիբանանի արդի պատմութեան ամբողջ հոլովոյթին`  ելեւէջային փուլերուն եւ ժամանակներուն, եթէ երբեք եղած է պետական կառոյց մը, որ ցոյց տուած է անսպառ կորով եւ նուիրում, հաւատք ու զոհողութիւն, ապա ատիկա բանակն է եղած իր բացառիկ արժեհամակարգով եւ հայրենասիրական զգացողութեամբ:

Միւս կողմէ, տեղին է ընդգծել, որ երբ Լիբանանի պետական ու քաղաքական աւագանին ցոյց է տուեր իր բացարձակ ու անվերապահ  աջակցութիւնը, վստահութիւնն ու խանդաղատանքը հանդէպ այս կառոյցին, ապա նոյնքան  յառաջխաղացք եւ յաջողութիւններ ունեցած է լիբանանեան բանակը բոլոր բնագաւառներու մէջ:

Ըսուածին լաւագոյն ապացոյցերը վերջին տարիներու բանակի արձանագրած յաղթանակներն են տարբեր ճակատներու վրայ:

Ինչ կը վերաբերի տզրուկ ձայներու մերթ ընդ մերթ ոստոստումին, ապա անոնք ջատուկ բարբաջանքներ են եւ դատապարտուած ամլութեան:

Որովհետեւ պատերազմի դաշտին վրայ թէ լեռներու կատարին մաշած զինուորի կօշիկին որոտը կը գերազանցէ ամէն վատոգի միտում եւ լռութեան կը մատնէ «հանդիսաւոր» տզրուկ ձայներն անգամ:

Փա՛ռք զինուորին:

25 յուլիս 2017

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17394

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>