Ես` Ժագ Ս. Յակոբեանս, ծնած պատմափայլ Երուսաղէմի մէջ` 1 օգոստոս 1917-ին, այսօր` 1 օգոստոս 2017-ին, Աստուծոյ կամքով, Աստուծոյ շնորհով, Աստուծոյ ողորմութեամբ ողջ-առողջ կ’ողջունեմ իմ գոյութեանս 100-րդ տարին:
Այս գերերջանիկ դէպքին համար, իմ Տէր ու Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի անունով, ծնկաչոք ու բազկատարած` փառք կու տամ Տէր Աստուծոյ եւ բազմապատիկ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ սրտագինս Իրեն, ինծի` անարժանիս, Իր պարգեւած ու շռայլած ամէն տեսակի օրհնութիւններուն, շնորհներուն ու բարիքներուն համար, զորս վայելեր եմ, եւ որոնց շնորհիւ հարիւրամեակիս հասեր եմ:
Աղօթքս է, որ Իր` ինծի պարգեւած այս հարիւր տարիները, Ի՛ր փառքին ծառայած ըլլան իմ սիրելի եւ փայլուն ազգիս կեանքին ու ծառայութեան մէջ:
Հասցէ` Jacques S. Hagopian, 1678 Asbury Dr., Pasadena, CA 91104.
1 օգոստոս 2017