Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17568

Տեսակէտ. 21-րդ Դարուն Կը Շարունակուի Լիզպոնի Հինգ Տղոց Պայքարը

$
0
0

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Լիզպոնի գործողութիւնը կատարողները երիտասարդներ էին: Անոնք իրենց կեանքերը նուիրեցին հայ ազգի ազատագրութեան դատին եւ արթնցուցին պայքարի հոգին ամբողջ սերունդի մը մէջ, որ այդ սուրբ հինգ տղոց ջահը վառ պահեց:

Ներշնչուած ըլլալով այդ տարիներու ուժային պայքարներէն` մղուած պաղեստինեան եւ իրլանտական կազմակերպութիւններուն կողմէ, հիմնուեցաւ Հայ յեղափոխական բանակը եւ տասնեակ մը գործողութիւններ կատարեց` ի նպաստ հայ ազգային իրաւունքներու ձեռքբերման եւ միջազգային ընտանիքին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ու դատապարտման:

Լիզպոնի գործողութենէն արդէն իսկ անցած է աւելի քան 30 տարի: Այդ 30  տարիներուն ընթացքին բազմաթիւ փոփոխութիւններ արձանագրուած են: Նոյնպէս ալ, ազգային- ազատագրական պայքարներու, իրաւազրկուած ազգերու պահանջատիրական միջոցներն ու ձեւերը ենթարկուած են փոփոխութեան:

Ժամանակին, երբ միայն «հրացան»-ն էր պայքարի միջոցը, այսօր համակարգիչն է. ժամանակին, երբ թրքական դեսպանատուներն էին պայքարի ասպարէզները, այսօր ընկերային ցանցերն ու լրատուամիջոցներն են:

Այսօր մեր պայքարը մղելէ առաջ պէտք է գիտակցինք, որ փոփոխութիւն մը կայ, եւ այդ փոփոխութեան ականջալուր ըլլալով` պէտք է մղենք մեր պայքարը:

Շնորհիւ համաշխարհայնացման երեւոյթին, այսօր որեւէ դէպք, որ կը պատահի աշխարհի որեւէ մասին մէջ, կրնայ մէկ վայրկեանէն տարածուիլ աշխարհի չորս կողմերը:

Այս առիթէն եւս կ՛օգտուինք մենք` հայերս: Մեր բոլոր բողոքի ցոյցերը ուղղակի սփռումով կը տեղադրենք Դիմատետրի վրայ, իսկ մեր բոլոր կոչերը` «Թուիթըր»-ի վրայ:

Սակայն այս բոլորը տակաւին բաւարար չեն. կարիքը ունինք աւելի լուրջ ծրագիրներ մշակելու, կարիքը ունինք յաւելեալ մարդուժի:

Այս աշխատանքը առողջ ճամբու վրայ դնելու համար դպրոցները լուրջ աշխատանք ունին կատարելիք: Անոնք պէտք է արթնցնեն պայքարի ոգին բոլոր աշակերտներուն մէջ, անոնք պէտք է կեդրոնանան Հայկական հարցի պատմական հոլովոյթին վրայ եւ Հայ դատը դարձնեն հայ աշակերտին կարեւորագոյն հետաքրքրութիւնը: Երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւնները պէտք ունին արդիականացնելու իրենց գործելակերպը, որպէսզի աւելի սահուն միջոցներով կարենան հասնիլ հայ ուսանող եւ երիտասարդ խաւերուն: Ընկերային ցանցերը պէտք է դառնան այս միութիւններուն գործելադաշտը: Նաեւ զարկ պէտք է տրուի  երիտասարդական զրոյցներուն, որովհետեւ անոնց միջոցներով ի յայտ կը բերուին նոր միջոցներ` Հայ դատի պայքարին մէջ: Նաեւ` այս միութիւնները միշտ բաց պէտք է ըլլան նոր ու արդիական գաղափարներուն, որպէսզի ապահովեն իրենց մղած Հայ դատի պայքարին գոյութիւնն ու յաջողութիւնը:

Ներկայ ժամանակաշրջանին միայն ու միայն արդիականացումով է, որ Լիզպոնի հինգ տղոց պայքարը կը վերանորոգուի ու կ՛ապահովէ իր շարունակելիութիւնը իւրաքանչիւր հայ երիտասարդի մէջ:

Արդիականացումը պիտի սկսի անմիջապէս այն ժամանակ, երբ հարցադրութեան տակ կ՛առնենք Հայ դատի պայքարի նախկին միջոցները եւ կը սկսինք հայթայթել նոր ու արդիական միջոցներ` ուժեղացնելու եւ երիտասարդացնելու համար մեր պայքարը:

Լիզպոնի հինգ տղոց մղած պայքարի եղանակին նորոգութեամբ եւ միջոցներուն արդիականացումով է, որ մեր ազգային պարտքը կատարած կ՛ըլլանք եւ հպարտութեամբ եւ դրականօրէն արձագանգած կ՛ըլլանք Լիզպոնի հինգ տղոց` «Կ՛երդուենք անբիծ պատուովը ձեր, ընդարձակել պայքարը մեր» սուրբ տողերով:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17568

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>