Լիբանանահայ գաղութի դժուարութիւններու դիմագրաւման եղանակներու ճշդումի մեր հաւաքական ճիգին մէջ՝ «Ազդակ»-ի 8 յունուար 1976-ի առաջնորդող յօդուածը կը վերատպենք` նկատի ունենալով դաշնակցական հրապարակագրութեան ամէնէն իւրայատուկ դիմագիծի փայլուն արտայայտութեան փաստը ըլլալու հանգամանքը: Յօդուածը ուղղակի օրինակ է լիբանանահայութեան հիմնախնդիրներու ինքնաքննարկումի, յանդուգն ձեւով հարցերը դիմակայելու եւ գաղութի իրավիճակին ճի՛շդ, առարկայական գնահատական տալու:
«Խմբ.»
Ժամանակն է, որ հարցումը փողոցէն դուրս բերուի եւ շեշտակիօրէն հրապարակուի մամուլով:
Լիբանանեան աղէտի երկարաձգման պատճառով անգործ են մեր զանգուածները եւ կ՛ապրին նիւթական անձուկ վիճակի մէջ, շատեր` նոյնիսկ հացի կարօտ: Իսկ ո՞ւր են մեր հանրային կառոյցներն ու ազգային պատասխանատու մարմինները:
Իր թշուառութեան եւ անապահովութեան մէջ ժողովուրդը բնականաբար պիտի բախէ իր ազգային կառոյցներուն դուռը, եւ վա՜յ այն ղեկավարութեան, որ դուռ չի բանար կարօտեալ զանգուածներուն առջեւ:
Յարանուանական անջատ եւ բարեկեցիկ «իշխանապետութիւններ» հաշուող, քաղաքական քանի մը կազմակերպութիւններով օժտուած եւ յիսունէ աւելի հայրենակցական թէ այլ միութիւններով յղփացած այս գաղութը ինչո՞ւ չի կրնար տէր կանգնիլ կարօտեալ հայութեան:
Եթէ աղէտի օրերուն ալ ժողովուրդը պիտի զրկուի հանրաին հոգատարութենէ, այլեւս ո՞ր օրուան համար ստեղծած ենք գաղութային մեր կառոյցները:
Դատապարտելի ենք նաեւ մե՛նք` մամուլը, որ այսքան ուշացաւ խուսափող եւ պարտուողական պատասխանատուները մտրակելու իր պարտաւորութեան մէջ:
Այսուհանդերձ, դաշնակցական մամուլի առաքելութեան գիտակից, մենք ցարդ բաւարարուեցանք ժողովրդային կարիքներուն թարգման հանդիսանալ` համոզուած, որ աղէտը անսպասելիօրէն ահաւոր եղաւ, հաւատալով, որ հանրային մեր մարմիններն ու «ազգայինները» շուտով կը յաջողին թաւալգլոր անկումին դէմ կանգնիլ ու հայահոծ այս գաղութը կազմալուծումէ փրկել:
Մեր սպասումը երկարեցաւ նաեւ ա՛յն պատճառով, որ հրապարակային մտրակումէ առաջ կարելի ու անհրաժեշտ էր օգտագործել կազմակերպական խողովակները` մեր հանրային կեանքին պատասխանատուները ազգային պատասխանատուութեան եւ զգաստութեան հրաւիրելու համար:
Իսկ այսօր, ազգային պատասխանատու կառոյցներու շարունակուող բացակայութեան դէմ յանդիման, ժամանակն է, որ ցնցուին «դիրքերէն» հեռացած ու «դասալիք» անձնաւորութիւններն ու մարմինները:
Կարմիր օրերու մէջ տուայտող հայ մարդը այսօր իր շուրջ կը տեսնէ միայն կուսակցական մեր ակումբները եւ պատնէշներու վրայ գիշեր-ցերեկ հսկող պատանի թէ երիտասարդ մեր տղաքը: Իսկ երբ ապահովութեան ճակատի վրայ որոշ չափով մխիթարուած կը մտնէ տուն, կ՛ապրի ողբերգութեան միւս երեսը, թերեւս` աւելի անտանելին, որ անգործութիւնն ու անօթութիւնն է, եւ որուն առջեւ մեր ակումբներուն բաց դուռերը սահմանափակ կարելիութիւններ կ՛ընծայեն միայն:
Այս կացութիւնը չի՛ կրնար շարունակուիլ, եւ մենք պարտաւոր ենք ամէն գնով վերջակէտ մը դնել այս ողբերգութեան:
Չենք կրնար թոյլատրել, որ հայ մարդը ձգուի իր անհատական բախտին, որովհետեւ իր թշուառութեան մէջ ան կրնայ մատնուիլ ամէնէն ահաւոր տագնապին, ազգային յուսախաբութեան, որ ամէնէն կարճ ճամբան է արտերկրի հայութեան մայր կեդրոնը նկատուող Լիբանանի գաղութային կազմալուծումին:
Չենք կրնար հանդուրժել, որ ազգային պատասխանատուութիւնը վերածուի «դափնեպսակ»-ի մը, որուն տէրերը ներկա՛յ են միայն մեր լաւ օրերուն, մեծարանքի շուք մը ապահովելու համար, եւ որոնք բախտորոշ օրերուն կռնակ կը դարձնեն ո՛չ միայն իրենց «դափնեպսակին», այլեւ` կարօտեալ հայութեան:
Լիբանանեան փորձաքարին զարնուելով` փուլ պիտի չգա՛յ այս գաղութը: Վճռած ենք մեր բոլոր կարելիութիւններով դիմադրել կազմալուծումին եւ վերականգնիլ` իբրեւ կազմակերպուած հաւաքականութիւն, որուն կարօտեալ զաւակները միշտ պիտի գտնեն հոգատար խնամք:
Ժամանակն է լռութիւնը խզելու եւ մատը վէրքին վրայ դնելու, որպէսզի տասնամեակներու զոհողութեամբ շահուած այս գաղութը զոհ չերթայ իբր թէ պատասխանատու անհատներու անընդունելի անպատասխանատուութեան: