Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Թումանեանական Հերոսներու Քանդակները Նոր Երանգ Պիտի Հաղորդեն Դսեղի Մէջ Թումանեանի Տուն-Թանգարանին
Յովհաննէս Թումանեանի 150-ամեակին ընդառաջ, տասներկու քարէ եւ տասը փայտէ իւրայատուկ քանդակներ պիտի զարդարեն Դսեղի կեդրոնական հատուածը եւ Յ. Թումանեանի տուն-թանգարանի տարածքը: Կերպարները Թումանեանի ստեղծագործութիւններու յայտնի հերոսներն են` Անուշը, Սարոն, Գիքորը, Քաջ Նազարը եւ ուրիշ կերպարներ: Լրագրողներ քանդակները տեսնելու եւ անոնց հեղինակներուն հետ ծանօթանալու կարելիութիւն ունեցան յուլիս 17-ին, Դսեղի մէջ:
«Քանդակներու հեղինակները երիտասարդ ստեղծագործողներ են Հայաստանի տարբեր մարզերէն, Արցախէն եւ Ջաւախքէն: Բոլոր կերպարները թումանեանական հերոսներ են, եւ անոնք պիտի տեղադրուին Դսեղի կեդրոնական շրջանաձեւ զբօսայգիին, տուն-թանգարանին մէջ` Դսեղը աւելի աշխուժացնելու եւ տարածքը գեղեցկացնելու նպատակով», յայտնած է Հայաստանի մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեանը:
Նախարարը կը տեղեկացնէ, որ թանգարանի տարածքին գտնուող ծառերը, որոնք վտանգ ներկայացուցած են կառոյցին, հատուած են եւ անոնց բուները օգտագործուած են փայտէ քանդակներու համար:
«Հեքիաթային մթնոլորտ ստեղծուած է, եւ մարդ կը փափաքի երկար մնալ այստեղ: Կը կարծեմ, որ քանդակները նոր շունչ պիտի տան թանգարանին եւ համայնքին», կ՛ըսէ Ամիրեան` աւելցնելով, որ այսպիսի ծրագիրներ պիտի իրականացուին նաեւ այլ մեծերու թանգարաններու տարածքին:
«Մանկական Եւրոտեսիլ-2017»-ին Հայաստանը Պիտի Ներկայացնէ Միշան
«Մանկական Եւրոտեսիլ» երգի միջազգային մրցոյթին Հայաստանի պատուիրակը պիտի ըլլայ Միշան (Միքայէլ Գրիգորեան), որ նախորդ տարի մեր հայրենիքը ներկայացուցած էր նաեւ «Մանկական նոր ալիք-2016»-ին եւ զբաղեցուցած` 2-րդ հորիզոնականը:
Միշան «Արցախի ձայներ» խումբի սան է, որ իր «Փոքրիկ ղարաբաղցի» երգով յաջողած է գրաւելու մարդոց սրտերը: Այս մասին կը յայտնեն Առաջին ալիքի hասարակայնութեան հետ կապերու բաժինէն:
Ինը տարեկան Միշայի թեկնածութիւնը հաստատուած է Հանրային հեռուստաընկերութեան ստեղծագործական խումբի ներքին ընտրութեամբ: Մրցութային երգը եւ տեսահոլովակը պիտի ներկայացուի աշնան սկիզբը:
Հաղորդենք, որ Միշան կը յաճախէ Ստեփանակերտի Ա. Կրիպոյետովի անուան թիւ 3 դպրոց: Ան առաջին անգամ բեմ բարձրացած է 4 տարեկանին` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան 21-ամեակին նուիրուած հանդիսութեան: Այդ ընթացքին իսկ Միշան հանդիպած է իր ապագայ երգ-արտադրող Լիրա Քոչարեանին, որ «Արցախի ձայներ» խումբին հիմնադիրն է եւ գեղարուեստական ղեկավարը: Միշայի երաժշտական ունակութիւնները կատարելագործուած են վերոնշեալ խումբին հետ միատեղ աշխատանքի ընթացքին, ուր ան սորված է ու հաղորդակցած է իրմէ աւագ ու մասնագէտ երգիչներու հետ, ելոյթ ունեցած տարբեր համերգներու եւ ձեռնարկներու ժամանակ` Ֆրանսայի, Զուիցերիոյ, Ռուսիոյ, Վրաստանի եւ Պրիւքսէլի մէջ:
Ան ելոյթ ունեցած է «Աւրորա» մրցանակաբաշխութեան ընթացքին` սիրուած արուեստագէտներու հետ կատարելով «Արի, իմ սոխակ» օրօրոցայինը:
«Մանկական Եւրոտեսիլ»-ը այս տարի պիտի իրականացուի 15-րդ անգամ` «Shine Bright» («Շողա՛ պայծառ») նշանաբանին ներքեւ եւ պիտի կայանայ նոյեմբեր 26-ին, Թիֆլիսի մէջ:
Հայաստան Պիտի Ունենայ Զբօսաշրջութեան Տեղեկատուութեան Պաշտօնական Կայք
Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան զբօսաշրջութեան հարցերով տեսչութեան ղեկավար Զարմինէ Զէյթունցեանը յայտարարեց, որ Հայաստան շուտով պիտի ունենայ զբօսաշրջութեան իր տեղեկատուութեան պաշտօնական կայքը` Armenia Travel-ը:
Յայտնենք, որ սոյն կայքին վրայ պիտի տեղադրուի պետութեան կողմէ ստուգուած տեղեկատուութիւն: Կայքին օգնութեամբ զբօսաշրջիկները պիտի կարենան որոշել իրենց երթուղին ու տեսնել, թէ ի՛նչ ծառայութիւններէ կրնան օգտուիլ:
Խաչիկ Մուրատեանի Դասախօսութիւնը Երեւանի «Հալէպ» Կեդրոնին Մէջ
«Հալէպ» հայրենակցական բարեսիրական-հասարակական կազմակերպութեան կեդրոնին մէջ կայացաւ «Հալէպահայութեան դերը Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին` Սուրիա հասած գաղթականներու փրկութեան գործին մէջ» դասախօսութիւնը, որուն բանախօսն էր ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ դոկտ. Խաչիկ Մուրատեանը:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Հալէպ» հայրենակցական բարեսիրական-հասարակական կազմակերպութեան կեդրոնի հիմնադիր նախագահ Անի Բալխեանը:
Դասախօսը տեղեկացուց, որ Հալէպի հայ համայնքը մայիս 1915-ին ստեղծած է մարդասիրական օգնութեան ցանց, որուն առաքելութիւնն էր օգնել Ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղած եւ Սուրիա հասած հայերուն` անոնց ցուցաբերելով առաջնահերթ օժանդակութիւն: Այս պատմական նախաձեռնութիւնը փրկութիւն եղաւ հազարաւոր հայերու համար, եւ անշուշտ անտարբեր չձգեց օսմանեան իշխանութիւնները, որոնք շուտով կտրուկ միջոցներու դիմեցին` ղեկավարներուն մէկ մասը ձերբակալելով եւ աքսորելով:
Սփիւռքի, Մշակոյթի Ու Կրթութեան Նախարարները Քննարկեցին Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ Համաժողովին Վերաբերող Հարցեր
19 յուլիսին Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանին, մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեանին ու կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեանին միջեւ:
Քննարկուեցան Հայաստան-սփիւռք 6-րդ համահայկական համաժողովին վերաբերող կազմակերպչական հարցեր:
Նախարարները անդրադարձան համաժողովի «Հայապահպանութեան հիմնական հարցերը» ուղղութեան ծիրին մէջ կայանալիք «Մայրենի լեզուն եւ դպրոցը հայ ինքնութեան կռուան» եւ «Մշակոյթի դերը հայապահպանութեան գործին մէջ» նիւթերուն հիման վրայ նիստերու բովանդակային հարցերուն:
Տօնակատարութեամբ Պիտի Նշուի Գանձասարի Օծման 777-ամեակը
Արցախի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան նախաձեռնութեամբ, յուլիս 23-ին Գանձասարի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ օծման 777-ամեակի եւ Վարդավառի տօնի առիթով տեղի ունեցաւ տօնակատարութիւն:
Գանձասարի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուող Սուրբ պատարագին յաջորդեցին մատաղի օրհնութիւն, բաժանում եւ տօնախմբութիւն` վանական համալիրի տարածքին մէջ:
Տօնին առիթով «Գանձասար» գիտական մշակութային կեդրոնին` մատենադարանին մէջ կայացաւ «Գանձասարը պատմական փաստաթղթերու մէջ» խորագրով ցուցադրութիւն:
Նոյն օրը, Վանք գիւղի «Էկլեկտիկա» հիւրանոցային համալիրի տարածքին համերգներով հանդէս եկան` «Արցախի ձայներ»-ը, «Մենք ենք, մեր սարերը» երգի-պարի եւ «Տուտուկներ» խումբերը:
Մատենադարանին Նուիրուած Է 15-րդ Դարու Ձեռագիր
Յուլիս 18-ին Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Մատենադարանի նուիրատուներ Հրայր Տատայեանի եւ Հռիփսիմէ Տատայեան-Բարնակեանի` Մատենադարանին նուիրած 1471 թուականի Երուսաղէմի մէջ ընդօրինակուած Աւետարանին ցուցադրութիւնը եւ պարգեւատրման արարողութիւնը:
Այս արժէքաւոր ձեռագիրը, որ յայտնի է «Հրաշափառ», «Հրաշագործ» Աւետարան անուններով, պահուած է Արեւմտեան Հայաստանի Չարսանճակ գաւառակի Գոդառիճ գիւղի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ: Աւետարանի պատուիրատուն է Խոճա Ալեքսանը, որ զայն ընծայած է իր եղբօրը` Գաբրիէլին: Արծաթէ կրկնակազմը աւելի ուշ շրջանի է` 1753 թուականի:
Ձեռագիրը Տատայեան ընտանիքին տուած է Երեւան, 1918 թուականի գարնան, Գոդառիճ գիւղէն գաղթած հայ մը, որ հիւանդութեան պատճառով ձեռագիրը յանձնած է Տատայեան գերդաստանի մեծ մօրը` Եղսային: Այդ թուականէն ի վեր ձեռագիրը երկար ճանապարհ անցած է. նախ տեղափոխուած է Ֆրանսա, ապա` Միացեալ Նահանգներ:
1990 թուականին Աւետարանը ժառանգած են Եղսայի թոռները` Հրայրը եւ Հռիփսիմէն, որոնք միասին որոշած են այս պահուած ձեռագիրը նուիրել Մաշտոցեան Մատենադարանին:
«Ուրախ եմ, որ անյայտ մէկը կրցած է պահպանել այս սուրբ գիրքը եւ զայն նուիրած է մեր ընտանիքին: Հիանալի է այն, որ տուեալ անձը գիտակցելով, որ Եղսան` մեր բարեկամուհին, խելացի կին է, գիրքը յանձնած է անոր, որպէսզի կրկին վերստանձնէ երբ ապաքինի: Ցաւ ի սիրտ ան մահացած է», ըսած է Հռիփսիմէ Տատայեան-Բարնակեան: Ըստ անոր, կարելի է ըսել, որ Եղսան այդ աւետարանին շատ աւելի հոգ տարած է, քան իր զաւակներուն, որովհետեւ գիտակցած է, թէ որքան մեծ է անոր արժէքը:
Մատենադարանի տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Վահան Տէր Ղեւոնդեան Հռիփսիմէ եւ Հրայր Տատայեանները պարգեւատրեց «Մատենադարան» յուշամետալով: Ըստ անոր, այսպիսի պարգեւի կ՛արժանանան միայն Մատենադարանի կարեւոր նուիրատուները եւ բարերարները:
Նուիրատուութեան արարողութեան ներկայ եղան Եղսա Տէտէեանի թոռներն ու ծոռները:
Մատենադարանի տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Վահան Տէր Ղեւոնդեան յայտեց, որ նուիրատուութիւնը յատկապէս արժէքաւոր է, քանի որ անիկա ընտանիքին համար սուրբ մասունք եղած է:
Երեւանի Մատենադարանի գլխաւոր աւանդապահ Գէորգ Տէր Վարդանեան, իր կարգին, տեղեկացուց, որ յաճախ Երուսաղէմ գացող հայ ուխտաւորները կը հանգրուանէին Հալէպ, ձեռագիր կը պատուիրէին Երուսաղէմի վանքին նուիրելու համար: Բայց այս Աւետարանը բացառիկ է:
«18-րդ դարու կէսերուն Աւետարանը կազմուած է: Ե՛ւ կազմը, ե՛ւ ձեռագիրի ոչ այնքան հարուստ մանրանկարչութիւնը բաւական արժէքաւոր են: Ես ամբողջ կեանքիս Հայաստանի մէջ եւ անկէ դուրս ձեռագիրներ ուսումնասիրած եմ, բայց ամբողջութեամբ սեւաթով (յատուկ բաղադրութեամբ մուգ ներկ) պատուած այսպիսի կազմ առաջին անգամ ըլլալով կը տեսնեմ: Կան կազմեր, որոնց որոշ մասերը սեւաթով պատուած է, բայց ամբողջութեամբ պատուած եղող մը առաջին անգամ ըլլալով կը տեսնեմ», նշեց Գէորգ Տէր Վարդանեան:
Աւետարանը այսուհետեւ տեղ պիտի գտնէ մշտական ցուցադրութեան մէջ: Ցուցասրահի մէկ անկիւնը տեղ պիտի գրաւէ այս հրաշափառ Աւետարանը, միւս անկիւնը` Շուրիշկանի հրաշագործը:
Նշենք, որ Հրայր Տատայեան եւ Հռիփսիմէ Տատայեանները ծնողներն են ազգային-հասարակական գործիչ, Հայ դատի յանձնախումբի երկար տարիներու անդամ Սթիւ Տէտէեանի: