«Նոր սերունդ» մշակութային միութեան «Արեգ» պարախումբին «Պարենք միասին» խորագրուած ելոյթները տեղի ունեցան ուրբաթ, 21 եւ շաբաթ, 22 յուլիս 2017-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, ինչպէս նաեւ` կիրակի, 23 յուլիսի յետմիջօրէի ժամը 4:30-ին, Պէյրութի «Մոնօ» սրահին մէջ:
Հարուստ յայտագիրը բաղկացած էր տասնինը պարերէ, որոնք մեծամասնութեամբ հայկական էին: Յատկանշական էր Հնչակեան կուսակցութեան հիմնադրութեան 130-ամեակին նուիրուած պարը: «Արեգ» պարախումբի գեղարուեստական ղեկավարն ու պարուսոյցն է Շահէ Տեմիրճեան, որ իր կնոջ` Սարին Արթինեան-Տեմիրճեանի հետ ստանձնած է խումբին ղեկավարումը:
«Նոր սերունդ» մշակութային միութեան անունով, արաբերէն լեզուով խօսք առաւ «Արարատ» օրաթերթի խմբագիր Անի Եփրեմեանը, որ ըսաւ, թէ այդ երեկոյ խումբը պիտի պարէ թէ՛ Հայաստանի, եւ թէ՛ Լիբանանի` երկու քաջ ժողովուրդներուն, մասնաւորաբար Լիբանանի բանակին համար, որ սահմանին եւ ձորերուն մէջ կը պայքարի ահաբեկչութեան դէմ, ինչպէս նաեւ` հայոց բանակին համար պիտի պարէ իւրաքանչիւր նահատակի հոգիին, անոր մօր եւ որբացած զաւակին համար, նաեւ` մշակոյթի, գիտութեան, արուեստի եւ Աստուծոյ հանդէպ հաւատքի համար` ընդդէմ ատելութեան, տգիտութեան, ծայրայեղութեան եւ անարդարութեան: «Արեգ» -ը պիտի պարէ պատմութեան, յատկապէս Հնչակեան կուսակցութեան հիմնադրութեան 130-ամեակին համար, որ լեցուն է զոհաբերութեամբ, նահատակութեամբ եւ քաջագործութեամբ:
Անի Եփրեմեան խօսքը աւարտեց` ասմունքելով Գէորգ Էմինի «Սասուն, պարի՛» բանաստեղծութիւնը: