Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան Քոլեճի Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

$
0
0

Շաբաթ, 1 յուլիս 2017-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան քոլեճի շրջափակին մէջ տեղի ունեցան վարժարանի նախակրթարանի ու երկրորդականի ամավերջի հանդէսն ու վկայականաց բաշխումը: Լիբանանի ու Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց վարժարանի տնօրէն Արմէն Թաշճեան, որ յայտնեց, թէ 2016-2017 տարեշրջանի ամավերջի հանդիսութիւնը նուիրուած է Խրիմեան Հայրիկի վախճանման 110-ամեակին, անոր կաթողիկոս ընտրութեան 125-ամեակին ու Շուշիի ազատագրութեան 25-ամեակին: Անդրադառնալով Խրիմեան Հայրիկին ու անոր դերակատարութեան, ան հաստատեց, որ հայկական յեղափոխութիւնը իր անդրանիկ հաղորդութիւնը ստացած է Հայոց Հայրիկի բաշխած նշխարով, ու ըսաւ «Խրիմեանի նշխարով, Րաֆֆիի «Կայծ»-երով եւ Սարերու Ասլաններով խմորուած հայկական յեղափոխութիւնը ի վերջոյ իր լոյսէ գօտին կապեց տարբեր սխրանքներով եւ հերոսապատումներով: Յեղափոխութեան նոյն լոյսէ գօտիէն մեր նորագոյն պատմութիւնը ծնաւ Շահումեանի Եղնիկները, Գետաշէնի դիմադրութիւն, Քարինտակի հերոսամարտ, Շուշիի ազատագրութիւն եւ արցախեան յաղթարշաւ…»: Տնօրէնը բարի վայելում մաղթելով ներկաներուն` բեմը յանձնեց աշակերտներուն: ԺԱ. դասարանէն խումբ մը հաղորդավարներու մերթ ընդ մերթ ելոյթը հանդիսատեսը առնչեց գործադրուած թեմայի ընթացակարգին, որ կը սկսէր «Արծիւը Վասպուրականի եւ Տարօնոյ» խորագիրէն, կ՛անցնէր երկաթէ շերեփին Հայոց Հայրիկին պատգամէն, կը հասնէր «Քարինտակէն Շուշի» ու «Լեռներու հարսանիք» եւ, վերջապէս, կը պատգամէր «Ազատամարտի արծիւներ»-ու խորհուրդը: Աւարտական դասարանի աշակերտներուն արտասանած` օրուան խորհուրդներուն  նուիրուած լոզունգներով նախակրթարանի ու երկրորդականի շրջանաւարտները բեմ բարձրացան, որմէ ետք ընթացք առաւ գեղարուեստական յայտագիրը Ա.- Բ. դասարաններու պարախումբի «Գաւառը մեր » պարով, պարուսոյց` Ժիրայր Քեչեճեան, ապա Դ. Ե. Զ. կարգերու երգչախումբը, խմբավարութեամբ երգի դասատու Նայիրի Հապէշեանի, կատարեց «Ա՜խ, Վասպուրական» եւ «Արարատն առաջ» երգերը: Գեղարուեստական յայտագիրը մերթ ընդ մերթ կ՛ընդմիջուէր շրջանաւարտներու ուղերձներով, Մարիա Հապէշեան եւ Մեղեդի Կիւտէշեան կարդացին հայերէն ուղերձը, Առուակ Շաննագեան եւ Ալեքսանտրա Քիւսպեկեան` արաբերէն ուղերձը եւ Սարէլ Չափարեան եւ Սիլվա Գէօհիւլեան` անգլերէն ուղերձը, որոնք իրենց դասընկերներուն անունով երախտագիտական խօսքերով շնորհակալութիւն յայտնեցին ուսուցչակազմին ու տնօրէնութեան: Նախակրթարանի շրջանաւարտները հանդէս եկան խմբային ասմունքով եւ արտասանեցին Սիամանթոյի «Դարերու վրէժ» բանաստեղծութիւնը, իսկ Ա. Բ. Գ. դասարաններու երգչախումբը հանդէս եկաւ «Ով որ քաջ է » եւ «Յառաջ ընթանանք» երգերով` Մրցանակաբաշխութեան յաջորդեց Դ. Ե. Զ. երգչախումբի երկրորդ ելոյթը` «Ազատամարտի արծիւներ»երգով եւ Շուշիի քայլերգով, ինչպէս նաեւ Թ.-ԺԱ. կարգերու պարախումբի «Մենք ենք մեր սարերը» պարը:

Օրուան պատգամը տուաւ վարժարանի շրջանաւարտներէն Վարուժ Չիլինկիրեանը, որ իր յուշագրութենէն քանի մը դէպք ու տպաւորիչ յիշատակներ բացայայտելով` անդրադարձաւ այն երեւոյթին, երբ շրջանաւարտ աշակերտ մը, կամայ, թէ ակամայ հրաժեշտ կու տայ այն տաքուկ բոյնին, ուր իր մանկութեան ու պատանեկութեան յուշերը փորագրուած են, ու միանգամընդմիշտ անորոշ առօրեայով կը նետուի կեանքի ճնշիչ պայմաններու մէջ:

Ան կեդրոնանալով «ընկալել» եւ «ընդունիլ» բայերուն վրայ` աշակերտներուն թելադրեց ըլլալ համբերող եւ ունենալ նախաձեռնութեան ոգի, որովհետեւ, ըսաւ ան, «դո՛ւք ձեր վարժարանէն սորված էք այս բոլորը եւ զինուած էք ներշնչման տարբեր ազդակներով»: Պատգամախօսը մէջբերելով Ժպրան Խալիլ Ժպրանի «Վաղը այսօրուան երազն է» խօսքը, շրջանաւարտներուն ըսաւ. «Նախատեսելով անկումները` պատրաստ պէտք է ըլլաք նուիրուելու ձեր երազին ու հասնելու յաջողութեան»: Ան թելադրեց, որ անոնք կերտեն այն ապագան, որ մի՛շտ երազած են, սակայն միշտ երախտապարտ մնան իրենց կրթօճախին, ուր թրծուեցան իրենց մանուկ միտքն ու հոգին: Վ. Չիլինկիրեան նայելով շրջանաւարտներու ծնողներուն թրջուած աչքերուն` ան պատուիրեց աշակերտներուն երախտապարտ մնալ իրենց ծնողներուն, ու ըսաւ. «Անոնք այս պահուս կը յիշեն ձեր ծնունդը, մանկութիւնը, դպրոց յաճախելու առաջին օրը. յարգա՛նք ունեցէք անոնց հանդէպ»: Ան իբրեւ օրուան հիմնական ու եզրափակիչ պատգամ` շրջանաւարտներուն նուիրեց «երբեք տեղի չտաք» կարգախօսը, ու ըսաւ «Քաջութեամբ ձեր կուրծքը տուէք կեանքին»: Եւ վերջապէս, Վարուժ Չիլինկիրեան շրջանաւարտներուն նուիրուած ծափողջոյնները ձօնեց վարժարանին ծառայող ու ծառայած նուիրեալներու այն փաղանգին, որոնք վառ պահեցին ազգային կրթօճախի հայեցի դիմագիծն ու սերունդներ դաստիարակելու երթը: Գեղարուեստական յայտագիրը շարունակուեցաւ Գ. Դ. կարգերու պարախումբի «Ժողովրդական », աւարտական դասարանի «Փապուրի» եւ Է. ու Ը. կարգերու «Շուշի» պարերով: Ապա հայրենասիրական երգերու շարքով յաջորդաբար բեմ բարձրացան բոլոր պարախումբերն ու հրավառութեան պատկերով ներկայացուցին յաղթութեան տօնական մթնոլորտ մը: Տնօրէն Արմէն Թաշճեան շնորհակալական ու երախտագիտական յատուկ խօսքերով բարձր գնահատեց վարժարանին նեցուկ կանգնող բարերարները, որոնց ազնիւ ներդրումով վարժարանը կը շարունակէ իր երթի ընթացքին նուաճումներ արձանագրել տարբեր մակարդակներու վրայ: Այնուհետեւ տնօրէնը իր պատգամը տուաւ նախակրթարանի շրջանաւարտներուն` թելադրելով գնացքէն վար չիջնել  մինչեւ վերջին կայարան, ուր անոնց շրջանաւարտութեան հանդիսավայրն է. Իսկ գնացքի ընթացքին պատրաստ ըլլալ ելեւէջներու, արագութեան եւ նոյնիսկ ցնցումներու: Ան շեշտեց նաեւ կրթական իրենց մշակներու ազդալոյսերուն հետեւելու անհրաժեշտութեան վրայ: Իսկ երկրորդականի շրջանաւարտներուն ուղղած իր խօսքով տնօրէնը բարի երթ մաղթեց անոնց ու ըսաւ. «Մի՛մոռնաք, որ այս հանդիսավայրէն ձեզ հետ կը վերցնէք կողմնացոյց մը, որ ամբողջ խաչակրութիւն մը առաջնորդեց Քարինտակէն Շուշի, դէպի հարսանիքը հայրենի լեռներուն: Այդ կողմնացոյցը տարբեր երթուղիներու վրայ ձեզի ալ կը թելադրէ հայակեդրոն ուղղութիւն, հայատրոփ տողանցք եւ հայոց դատի տիրութեան ասպետական ջահակրութիւն»: Լիբանանի Հայ թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանին, օրուան պատգամախօսին եւ Ուսումնական խորհուրդի ատենապետուհի` Սեդա Մանկասարեանին ձեռամբ տեղի ունեցաւ վկայականաց բաշխումը, որմէ ետք առաջնորդ սրբազանը տուաւ իր պատգամը: Ան սրտագին շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանի կրթական մշակներուն եւ աշակերտութեան, որոնք իրենց ամբողջ տարուան մը աշխատանքը կը փակէին տօնական նկարագիրով: Սրբազանը շրջանաւարտներուն հեզասահ երթ մաղթելով` ըսաւ. «Հետեւեցէ՛ք այն սկզբունքներուն, զորս քաղեցիք ձեր դպրոցէն»: Ան ըսաւ. «Հայ դպրոցը զինեց ու զրահեց ձեզ, որպէսզի վառ պահէք ձեր ժառանգած մշակութային հսկայական հարստութիւնը»: Ան իր օրհնութիւններով բարի երթ մաղթեց շրջանաւարտներուն ու «Պահպանիչ»-ով կատարեց հանդիսութեան փակումը: Զ. դասարանէն վկայական ստացան հետեւեալները. Ժիւլի Փամպուքեան, Ռեն Քենտիրճեան, Սարիա Սգայեան, Սերժ Թասլաքեան, Սեւան Սարգիսեան, Վարանդ Այվազեան, Վագօ Գէօհիւլեան, Գարին Քենտիրճեան, Լոռի Գառնէշեան, Մայքըլ Ապու Ասալի, Մեղրի Հաճեան, Հայկ Տումանեան, Հերոս Պաթուզեան:

ԺԲ. դասարանէն վկայական ստացան հետեւեալները. Դրօ Զէյթլեան, Ցոլեր Տումանեան, Սիլվա Գէօհիւլեան, Սարէլ Չափարեան, Սագօ Գազանճեան, Սօսէ Գազանճեան, Շանթ Լագիսեան, Շահան Տումանեան, Մարիա Հապեշեան, Մեղեդի Կիւտեշեան, Յակոբ Քէշիշեան, Առուակ Շաննագեան, Ալեքսանտրա Քիւսպեկեան, Անի Գալոշեան, Զուարթ Այվազեան, Կարէն Անտոնեան, Քրիսթել Հաճեան, Նարէ Պաթուզեան, Նանոր Շաննագեան:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>