Թուրքիոյ խորհրդարանի որոշումը` Ցեղասպանութեան եզրոյթը արգիլող, Անգարայի նորագոյն քաղաքականութեան համահունչ որոշում է եւ կարելի է նաեւ դիտարկուիլ նոյնիսկ իբրեւ օրինաչափ, նկատի ունենալով այն հսկայական ետդարձը, որ էրտողանական Թուրքիան կը շարունակէ կատարել:
Այսպէս. հասարակական ճնշումներուն, արգիլումներուն եւ անոնց հիման վրայ տեղի ունեցող ձերբակալութիւններուն եւ բանտարկութիւններուն կը հետեւի այս անգամ Թուրքիոյ օրէնսդիրին մէջ բառեզրերու օգտագործումին դէմ յստակ արգելք:
Արգելքը ինքնին կը նախատեսէ խախտումի պարագային օրինական հետապնդում օրինազանցին նկատմամբ. հետեւաբար նաեւ անձեռնմխելիութեան վերացում, ապա ձեւական դատավարութիւն եւ անմիջական բանտարկութիւն:
Օրէնքի ընդունման հիմնաւորումը կը կայանայ թուրք ազգի պատմութիւնն ու համատեղ անցեալը վիրաւորելու բացառման անհրաժեշտութեան վրայ. որոշումը կ՛արգիլէ նաեւ «Քիւրտիստան» եւ «քրտական նահանգներ» եզրոյթներուն օգտագործումը:
Անգարայի կողմէ այստեղ կ՛երեւի թէ՛ հայկական եւ թէ՛ քրտական գործօններու վտանգաւոր ըլլալուն նկատմամբ համահաւասար մօտեցում մը: Թիրախային հասցէն այս պարագային քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամներն են, որոնք արգիլուած երկու նիւթերուն ուղղութեամբ բազմաթիւ ելոյթներ ունեցած էին խորհրդարանին մէջ:
Թրքական խորհրդարանի կարմիր քարտը կը փորձէ վերջ դնել խորհրդարանական այս քննարկումներուն: Պաշտօնական Անգարայի վարիչներուն քաղաքական ելոյթներու ենթաթեքսթը մնայուն ակնարկութիւն կը կատարէ Թուրքիոյ մասնատման վտանգին եւ այդ հաւանականութեան ծառայող ուժերուն եւ զանոնք հովանաւորողներուն:
Ճիշդ է, որ քրտական խնդիրը աշխարհաքաղաքական օրակարգի վերածուած է եւ համեմատաբար հայկականին` անհամեմատելի միջազգային հնչեղութիւն ստացած է, մանաւանդ նկատի ունենալով գերտէրութիւններու կեցուածքն ու գործնական օժանդակութիւնները քրտական տարբեր խմբաւորումներու: Այսուհանդերձ, քրտականին համահաւասար հայկական գործօնի յիշատակումն ու Ցեղասպանութեան եզրոյթի օգտագործումի արգիլումը Անգարայի իշխանութիւններուն կողմէ, մտավախութեան եւ գործօնի ազդեցիկութեան բարձրացման մասին կը յուշէ:
Անկախ հայկական եւ քրտական գործօններու վտանգի համահաւասարեցման մօտեցումէն, կայ այլ դիտարկելի կէտ, որ ուշագրաւ է:
Օրէնքի հիմնաւորումը 301 յօդուածի համահնչեղութեամբ կը խօսի թուրք ազգի պատմութիւնը վիրաւորելու աքթին քրէականացման մասին. բայց նաեւ կ՛արձանագրէ «համատեղ անցեալ» հասկացողութիւնը:
Համատեղ անցեալին մէջ կը ներառուին թուրքերը, քիւրտերը, ալեւիները, հայերը, յոյները եւ Թուրքիոյ տարածքին ապրող այլ ազգաբնակչութիւններ: Ճիշդ այստեղ է Անգարայի քաղաքականութեան առաջադրած նշանակէտը: Համատեղ անցեալը կը վերաբերի համատեղ ժողովուրդներու, որոնք ապրած են համատեղ բնօրրանի, հետեւաբար համատեղ հայրենիքի մէջ:
Այս համատեղ տարածքն է, որ ըստ Անգարայի իշխանութիւններուն պէտք է պահէ իր ամբողջականութիւնը: Թէ՛ երբեմնի արտաքին գործոց նախարար եւ ապա վարչապետ Տաւութօղլուի դիւանագիտական հրապարակումներուն եւ թէ՛ նորօրեայ սուլթան Էրտողանի աւելի կոշտ բարձրաձայնումներուն եւ թէ՛ տակաւին բանտին մէջ պատուէրով (ենթադրաբար ճնշումով) գրել տրուած Օճալանի բաց նամակին մէջ կարմիր թելի նման կայ այս պետական մօտեցումը` ընդգծելու եւ մնայունօրէն ամրագրելու համար համատեղ հայրենիքի գաղափարը:
Իսկ համատեղ հայրենիքի գաղափարի յանկերգումը ամէն առիթի – եւ այժմ ալ օրէնքի կարգով «համատեղ անցեալ» բառեզրով նոյն գաղափարը շեշտելով – Թուրքիոյ իշխանութիւնները Թուրքիոյ մասնատման վտանգի նախանշումը կ՛ամրագրեն օրէնքով, խորհրդարանով:
Անկախ այն իրողութենէն, որ հսկայական ետդարձը հասած է նոյնիսկ օրէնսդիրներու կողմէ բառեզրեր օգտագործելու արգիլման, խնդիրը այս պարագային Թուրքիոյ այսօրուան տարածքային ամբողջականութեան սասանման մտավախութեան նուիրականացումն է:
Իսկ մեր պարագային նաեւ այն, որ այդ մասնատման մէջ աշխարհաքաղաքական գործօնին առընթեր նշուած է նաեւ հայկական գործօնը:
«Ա.»