ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ
Ակնյայտ իրողութիւն է, որ հայկական ազատագրական պայքարը երկար ժամանակ իր ազդեցութիւնը ունեցած է մշակոյթի եւ արուեստի զանազան բնագաւառներուն վրայ, որոնց կարգին` երգ-երաժշտութեան վրայ: Ուստի, այս տեսակ երգ-երաժշտութիւններուն տարբեր-տարբեր առիթներով տուած ենք «յեղափոխական երգեր», «ռազմական երգեր» կամ «ազգագրական երգեր» բնութագրումը. անոնք պատճառ դարձան, որ յիշողութիւնները վերածուին ամէնօրեայ ապրումի:
Յեղափոխական երգերը, անկասկած, նախ յիշողութիւններ են, ապա պատմութիւն նկարագրող, բայց միեւնոյն ժամանակ դաստիարակչական ու քարոզչական մեծ աշխատանք` ծանօթացնելու կատարուած սխրագործութիւնները, նշելու դէպքերն ու դէմքերը:
Աշխարհի տարածքին, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ ստեղծուած են միլիոնաւոր երգեր` շրջապատի ազդեցութեան տակ, պայմաններու եւ ընթացիկ իրադարձութեանց կամ դէպքերու ընդմէջէն:
Արդարեւ, քաջ գիտենք, որ հայ ժողովուրդի ազգային ազատագրութեան պայքարի պատմութեան մէջ մեծ է տեղը Խանասորի արշաւանքին, որ տեղի ունեցաւ 120 տարի առաջ, 1897 յուլիս 25-ին:
Առանձնացնելով Խանասորայ արշաւանքին դիպաշարը` յայտնենք, որ նորութիւն ըսած չենք ըլլար, եթէ երբեք վերյիշենք, թէ անիկա վրէժխնդրական ու պատժական արարք մըն էր` ըստ ամենայնի: Անոր իրագործման դրդապատճառը դաշնակցական Պետոյին, արմենական Աւետիսեանին եւ հնչակեան Մարտիկին ու անոնց ընկերներուն տմարդի սպանութեան վրէժը լուծելն էր:
Խանասորի արշաւանքը ունէր պատժական եւ ցուցական-քարոզչական կրկնակ բնոյթ: Հանդիսաւոր երդում տալէ ետք, 1897 յուլիս 24-ի գիշերը (հին տոմար) 253 մարտիկներէ բաղկացած արշաւախումբը կ’անցնի թուրք-պարսկական սահմանը` Արաուլ լերան կողմէն եւ կ’իջնէ Խանասորի դաշտը, որ բանակավայրն էր քիւրտ Շարաֆ բէկին եւ անոր ցեղախումբին (Մազրիկ): Մազրիկ զինեալները կը կոտորուին, բայց Շարաֆ կնոջական հագուստներով կը փախչի:
Բուռն կռիւներու պատճառով արշաւախումբը ունեցաւ 19 զոհ: Ըստ անգլիական Տէյլի Նիւզ թերթին, քիւրտերը ունեցած էին շուրջ հինգ հարիւր սատակ: Քանի մը ժամէն յանցագործ քիւրտ մազրիկ ցեղախումբի արիւնով ներկուեցաւ Խանասորայ կանաչ դաշտը: Պատժական արշաւանքի յաջողութիւնը, իր բոլոր տուեալներով, ազդարարութիւն մը եղաւ բոլոր անոնց, որոնք հայու արիւն կը հեղէին` անպատժելիութեան ապաւինելով: Միաժամանակ աւետիսեաններու, մարտիկներու եւ պետոներու նահատակութեան վրէժը լուծել:
Ուստի այս աշխատասիրութեան մէջ, իբրեւ հիմնական նիւթ, լուսարձակի տակ կ’առնենք Խանասորի արշաւանքին նուիրուած երգերը:
Խանասորի արշաւանքի սխրագործութեան պատճառով հայ ժողովուրդը եւ յատկապէս յեղափոխականներ ծնունդ տուին արշաւանքը նկարագրող կարգ մը երգերու: Այս բոլորը բնականաբար կ’ապացուցեն Խանասորի արշաւանքին վայելած ժողովրդականութիւնն ու վարկը:
Խանասորի արշաւանքի հերոսական արարքը պատճառ դարձաւ, որ յուլիս ամիսներուն նիւթը նախ յիշատակուի յօդուածներու ընդմէջէն, ապա յօրինուած երգերը տեղադրուին մամուլի եւ երգարաններու մէջ: Քանի մը տասնեակ տարիներ ետք, սփիւռքի տարածքին արշաւանքի տարողութեան հարցը աչքի առաջ առնելով, ընթացք առաւ ձեռնարկներով անոր յիշատակումը: Ուստի այդ ձեռնարկներուն տեղի ունեցած գեղարուեստական յայտագրին բնականաբար մաս կը կազմեն խանասորեան երգերը: Անոնք կը ձայնասփռուին կայաններէ, ինչպէս նաեւ կ’երգուին բանակումներու կամ խրախճանքներու ընթացքին:
Ահաւասիկ` եօթը երգերու վերնագրեր, որոնք մեր ուսումնասիրութեան առարկայ դարձած են եւ ուղղակի կամ անուղղակի առնչուած են Խանասորի արշաւանքին հետ.
1.- ՇԵԱՍԷ ԽԱՆԱՍՈՐԷ (Խանասորի կռիւը)
2.- ԽԱՆԱՍՈՐԻ ԱՐՇԱՒԱՆՔԸ («Կարկուտ տեղաց Խանասորայ դաշտումը»)
3.- ԽԱՆԱՍՈՐԻ ՀԵՐՈՍՆԵՐԸ («Դաշնակցութեան վեհ քաջերը» կամ «Պաշարեցին Խանասոր»-ը)
4.- ԽԱՆԱՍՈՐԻ ԿՌՒՈՒՄԸ («Ինկածների յիշատակ»-ին)
5.- ԽԱՆԻ ԵՐԳԸ («Ագուլիսցի քաջ պատանի»)
6.- ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐԻ ՍԿԶԲՈՒՆՔԸ («Մենք անկեղծ զինուոր ենք»)
7.- ԽԱՆԱՍՈՐԻ ՔԱՅԼԵՐԳ («Կռուեցէք տղերք, կռուեցէք քաջ-քաջ»)
Յիշողութիւններով մէկտեղուած` այս երգերու պատմական հենքը կը մնան ֆետայիին ասպետական նկարագիրը, մազրիկ ցեղախումբի դէմ կատարուած պատժական արշաւանքը, հայ ֆետայիին նկարագիրը, հայ հերոսին կամքն ու պատգամը ու անոր հերոսական մահը. մէկ խօսքով հայկական հերոսապատումի արտացոլումն է:
*
* *
Խանասորի արշաւանքին նուիրուած երգերէն առաջին հերթին կ’անդրադառնանք քրտերէն «Շեասէ Խանասորէ» (1) (Խանասորի կռիւը) երգին, որ պատմական արշաւանքին նուիրուած է անոր ենթակայ եղած մազրիկ ցեղախումբէն քիւրտի մը կողմէ: Երգին վերջաւորութեան կը կարդանք` «քրտերէնէ թարգմանեց Ազգին»:
Երգի մասին որեւէ մեկնաբանութիւնէ առաջ` նախ պէտք է պարզաբանել եւ ընդգծել կարեւոր իրողութիւն մը: Քիւրտերը յատուկ սովորութիւն մը ունին. կռուի պարտութեան ընթացքին թշնամիին գովաբանական երգեր կը հիւսեն, եւ այս տեսակի երգերու թիւը պատմութեան ընթացքին շատ է, յատկապէս հայերու նուիրուած:
Արդարեւ, Խանասորի արշաւանքը պատճառ դարձած է, որ քիւրտ երգիչը քրտերէն երգ հիւսէ Խանասորի արշաւանքին մասին` վեր առնելով դէպքին եւ անոր մասնակից հայ հերոսներու սխրագործութիւնները:
Եթէ ուշադրութեամբ հետեւինք «Շեասէ Խանասորէ» երգի բառերուն, յստակօրէն կրնանք ներթափանցել եւ հասկնալ քիւրտ հեղինակին իրապաշտ մօտեցումն ու արտայայտութիւնը` արշաւանքի բոլոր մանրամասնութիւններուն, կարծէք հեղինակը հայ ըլլայ:
Քիւրտ երգիչը կը նկարագրէ Խանասորի դաշտը` իր եղէգներով, փուշերով, աղբիւրներով եւ բնութեան այլ տարրերով: Հոն մեզի կը ներկայացուի կռիւի պատումը, եւ ապշեցուցիչ ձեւով նմանութիւն կայ Խանասորի արշաւանքին նուիրուած հայերէն երգերուն:
Քիւրտ հեղինակը կը հիմնաւորէ, որ «Խանասորի դաշտն է փշոտ», եւ «Էրուած Խանասորի դաշտը դեղին քար է»: Իսկ քիւրտ մազրիկ ցեղապետ Շարաֆ բէկի մասին հեղինակը կը հաստատէ, որ` «Շարաֆ պէյին եօթը տարուան դողն է բռնել ու փախչում է»:
Այնուհետեւ, երգին յաջորդող բառերուն մէջ քիւրտ մազրիկը կ’անդրադառնայ, թէ հայերը «Աշխարհի ու երկրի վրայ իրենց մեծ նամուսն են պահում»:
Աւելի՛ն. ֆետայիին փամփուշտները կարկուտի պէս տեղացած են այդ օրը` «Հայ ֆետայու Մաւիզարի գժկժոցն է»:
Քաջ գետենք, որ Խանասորի արշաւանքը Նիկոլ Դումանի մտայղացումն էր, եւ ինչպէս յաճախ ըսուած է` անոր վճռական ոգու եւ հետեւողական աշխատանքի արդիւնքը:
Բայց ընդհանուր հրամանատարութիւնը յանձնուեցաւ Խանասորի Վարդանին, եւ անոր օգնականին` Յովսէփ (Իշխան) Արղութեանին: Սակայն Նիկոլ Դումանի քաջութեան ու հեղինակութեան համբաւը տարածուած էր քիւրտերուն մէջ:
Այդ պատճառով քիւրտ հեղինակը մանրամասնութեան կ’երթայ, երբ կը նկարագրէ Վարդանի պեխը, ինչպէս նաեւ` հայդուկապետ Դումանի մասին, աւելցնելով` «Ֆետայի Նիկոլի ծխափայտը շիրազէ քեահրուպարի ձեւին է»:
Քիւրտ մազրիկը երգին մէջ կը շեշտէ, որ ֆետայիին երեւիլը ահ ու թողի մատնած է ցեղախումբը, յատկապէս երբ ֆետայիները բացագանչած են. «Մենք էտ Համիտիէների քէօքը կտրենք աշխարհի ու երկրի երեսից»:
Ստորեւ կը ներկայացնենք քրտերէն «Շեասէ Խանասորէ» (Խանասորի կռիւը) երգին բառերը:
Շեասէ Խանասորէ (Խանասորի կռիւը)
ԽԱՆԱՍՈՐԻ ԿՌԻՒԸ
(Քրտերէնէ թարգմանուած)
Խանասորի դաշտում, աղբիւրի ակներին
Հայ ֆետային արշալոյսին բանակ է դրել:
Կեակէ Հասան պէյը կանչում է. «Է՜յ, համիտիէնե՛ր, դուրս եկէ՛ք,
Էտ ֆետայիները մեր քէօք ու օճախը կը հանեն»:
Խանասորի դաշտն է փշոտ,
Կեակէ Հասան պէյի կոնին (վրան) հազար ու եօթը հարիւր հայ ֆետայ են եկել,
Բռնել են Կեակէ Հասան պէյի կոնը կարաւուլով ու ջասուզով:
Կեակէ Հասան պէյը կանչում է` «Անպատուաբեր մի կռիւ է էս»:
Էրուած Խանասորի դաշտը դեղին քար է,
Հայ ֆետայու մուզիկայի երգ ու ձայնն է.
Շարաֆ պէյին եօթը տարուան դողն է բռնել ու փախչում է,
Մինչեւ Ջաֆար աղի կոնը` մօտը զէնք չի մնում:
Նախշուն Բաշգալէն հեռագրել է Ստամպոլ.
Նախշուն Խանասորի դաշտում իսլամի որդին ընկել է ղուլուղ
Հայ ֆետայու ձեռքից. անձնատուր են լինում, ռաիաթից բախտն են խնդրում.
Տէրութեան զօրքը Երզնկայում ծանր է նստում:
Խանասորի դաշտը եղէգնոտ է,
Կեարաղանայ եղէգնուտը տղմոտ է.
Աւտալէ Օրդիկազին կանչում է. «Հայ ֆետա՛յ,
Ես հայ եմ. ձեր խաչը պագնեմ, ինձ մի սպաննէք, ես հա՛յ եմ»:
Էրուած Եառաւուլ մառախուղով է,
Առաւօտ Սըսանայ գլխին հայ ֆետայու Մաւիզարի գժկժոցն է.
Աղաներին ու կտրիճներին են սպասում,
Աշխարհի ու երկրի վրայ իրենց մեծ նամուսն են պահում:
Խանասորի դաշտը մի զառիվայր տեղ է,
Ֆետայի Վարդանի պեխեր մետաքսի հատ-հատ թել է.
Կանչում է. «Է՜յ, համիտիէնե՛ր, ձեր հօր քիթը անիծեմ.
Սըսանայ գլխի առաւօտեան կռիւը եկել է ձեր ընտանիքի առջեւ, ի՜նչ նամուսով մի կռիւ է»…
Կռւի տեղը էրուած Խանասորի դաշտն է` սառ ջրերով,
Ֆետայի Նիկոլի ծխափայտը շիրազէ քեահրուպարի ձեւին է.
Կանչում է. «Է՜յ, եղբայրնե՛ր, ձեռք ձեռքի տուէ՛ք,
«Մենք էտ համիտիէների քէօքը կտրենք աշխարհի ու երկրի երեսից»:
Ախպերն է կանչում. «Փոխան եղբա՛յր, սկսի՛ր».
Ապէրն է ասում. «Դարմօ եղբա՛յր, սկսի՛ր»,
«Մենք համիտիէների քէօքը կտրենք աշխարհի ու երկրի երեսից,
«Թո՛ղ իմանան, որ մենք նախնիքների հոգին ունինք»:
«Աղջի՛կ համիտիէներ, սեւ փոշին ձեր գլխին ածէ՛ք.
«Մենք մի քաջութիւն ենք անում,
«Թո՛ղ հայ ֆետայու ձայնը գնայ Ստամպոլի դուռ
«Ու իսլամի որդին իրեն համար ռաիաթի բախտը ուզի»:
Այս վերնագրի Ա. գլխու տակ անդրադարձանք քիւրտ հեղինակի ստեղծագործութեան, որ մնալով իր խղճին ականջալուր եւ համամարդկային անարդարութեան դէմ, իբրեւ զգացում, դիմած է իր մտքին ու սրտին: Հետեւաբար այս զուգահեռ գործօններու շնորհիւ, ան ստեղծագործած, երգած ու յօրինած է Շեասէ Խանասորէ» (Խանասորի կռիւը) երգը, որուն մէջ արտայայտուեցան` իր խոր զգացմունքը, յուզմունքը, պոռթկումը, անկեղծութիւնը:
Հոն ի յայտ կու գան փոխվրէժի ամէնէ ցայտուն զգացումները, օսմանեան բռնատիրութեան եւ Համիտէի գունդերու, ոճիրին դէմ պայքարողները, ազատութիւն տենչացողները, իրաւազրկուածները, ոտնակոխուածները, եւ օսմանեան ծանր լուծին տակ տնքացողները կը տողանցեն` պատմութեան փուլ մը վերակենդանացնելով:
Երգին խօսքերը յատկապէս ցոյց կու տան, որ երգը հիւսուած է ժողովրդական երգի ընդհանուր բնոյթով ու ոճով:
Վերջապէս, պատմական կարեւորութեան համար պէտք է նշել այն իրողութիւնը, որ արշաւանքին դիւցազնական ընթացքն ու պատուաւոր վախճանը հիացումով լեցուցին մազրիկ ցեղի մնացորդները, որոնք զուրկ չէին ասպետական ոգիէ: Այդ քիւրտերը, որոնց մեծ մասը կուրծքին կամ ճակատին վրայ սպի մը կը պահէր իբրեւ յիշատակ դաշնակցական մոսիններէն, իրենց մեռելներուն հետ նոյն դամբանին մէջ թաղեցին նահատակ ֆետայիները եւ հասարակաց տապանաքարին վրայ գրեցին. «ՀՈՍ ԿԸ ՀԱՆԳՉԻՆ ԵՐԿՈՒ ՑԵՂԵՐՈՒ ԿՏՐԻՃՆԵՐԸ»:
(Շար. 1)
————————————-
1.- «Հայաստան երգարան», Օհաննէսեան եղբայրներու պատասխանատուութիւն, Պէյրութ, 1932, էջ 45: