Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Լիբանանահայ Կիթառահար Մկրտիչ Միքայէլեանը Պիտի Մասնակցի Տէյր Քամարի Փառատօներուն

$
0
0

Պատրաստեց՝ ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

Յուլիս 15-էն սեպտեմբեր 10 Տէյր Քամարի մէջ տեղի ունենալիք փառատօներուն շարքին 13 ձեռնարկներուն մաս կը կազմէ լիբանանահայ կիթառահար Մկրտիչ Միքայէլեանը: Այս առիթով «Ազդակ» մտերմիկ զրոյց մը ունեցաւ արուեստագէտին հետ, որպէսզի մանրամասնէ փառատօնին իր ներկայացումին մասին:

Միքայէլեան նշեց, որ իր ներկայացուցած երգացանկը կը բաղկանայ շուրջ մէկուկէս ժամ տեւող 14 խանդավառ երաժշտական կտորներէ, որոնք կը պատկանին սպանական, գնչուական, հայկական եւ արեւելեան մշակումներու: Ան նշեց, որ կարգ մը երգեր իր թարգմանութիւններն ու մշակումներն են, բացատրելով, որ երգին մէջ թարգմանութիւն` կը նշանակէ, երբ երաժշտական գործիքի մը համար մշակուած երաժշտութիւնը կը մշակուի այլ երաժշտական գործիքի մը համար, այս պարագային` կիթառի: Մկրտիչ Միքայէլեանը իր այս մշակումները եւ այլ մշակումներ «Էմիր Եուսեֆ» պալատին մէջ պիտի հնչեցնէ` ընկերակցութեամբ 2 սրինգի, 1 շուիի, 1 հարմոնիքայի, 1 սաքսոփողի, 2 դաշնամուրի, 3 այլ կիթառներու եւ հարուածային գործիքներու:

«Փառատօնը ձրի է բոլորին համար, հետեւաբար առիթ կու տայ ինծի աւելի մեծ հանրութեան ներկայանալու` որպէս լիբանանահայ երաժիշտ ու ներկայացնելու հայկական թէ օտար երաժշտութիւն: Բացի անկէ, որ Տէյր Քամարի փառատօները ունին իրենց արուեստագիտական կարեւորութիւնը, այս փառատօնին կարեւորութիւնը կը կայանայ նաեւ այլ բանի մը մէջ», նշեց Միքայէլեան` յայտնելով, որ` «յստակ ջանք մը կայ Տէյր Քամարի փառատօներու կազմակերպիչներուն կողմէ` հայ գաղութին հասանելի ըլլալու կողմէ` որուն պատճառով այս համերգիս համար անվճար փոխադրամիջոց տրամադրուած է Պուրճ Համուտէն Տէյր Քամար, ներառեալ` Տէյր Քամարի տեսարժան վայրերու շրջապտոյտ»:

Նշենք, որ Մկտրիչ Միքայէլեանը ներկայիս կը դասաւանդէ Լիբանանի պետական երաժշտանոցին, Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցին, Անթունիէ համալսարանին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքին մէջ: Ան «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին դասական կիթառի բաժինի համակարգողն է, ինչպէս նաեւ` հիմնադիրը, գեղարուեստական ղեկավարն ու  երաժշտապետը «Տաւիղ» նուագախումբին: Ան հեղինակն է Pieces From The Armenian Liturgy And Armenian Songs գիրքին (Անթիլիաս, 2002), որ կը բովանդակէ կիթառի համար գրուած հայկական պատարագէ կտորներ ու շարք մը հայկական երգեր: Միքայէլեան բազմաթիւ ելոյթներ ունեցած է` Լիբանան, Սուրիա, Հայաստան, Քանատա, Շուէտ եւ այլ երկիրներ, իսկ Բարսեղ Կանաչեանի «Օրօր»-ին անոր կիթառի մշակումը 2016 թուականին լոյս տեսած է: Դասական կիթառի շուէտական ականաւոր «ԿիթարրՕխԼութա» ամսաթերթին մէջ:

Մկրտիչ Միքայլեան Տէյր Քամարի փառատօններուն պիտի ներկայանայ յուլիս 30-ին ժամը 21:00-ին: Անվճար փոխադրամիջոց տրամադրուած է բոլորին համար Պուրճ Համուտի «Վուտըն պէյքըրի»-ին առջեւէն, յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին: Հրաւէրը բոլորին է:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>