Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17132

Խմբագրական «Գանձասար»-ի –Յուլիս Ա.- Համալրել Վերականգնումի Ծրագիրները

$
0
0

Սուրիահայ կեանքին մէջ վերականգնումի աշխատանքներուն թափն ու ծրագրուած ընթացքը ողջունելի ոստում մըն է ոչ միայն պատերազմի հետքերը թօթափելու իմաստով, այլ նաեւ` համայնքի կեանքը, բոլոր բնագաւառներուն մէջ, վերաշխուժացնելու ու նոր որակի հասցնելու նպատակով:

Առաջնայինը, բնականաբար, կառոյցներու վերականգնումն է` դպրոցներ, եկեղեցիներ, ակումբներ: Երկրորդը տնտեսական կեանքի աշխուժացումն է` ներկայ պայմաններուն ընձեռած կարելիութիւններուն համաձայն:

Տնտեսական վերականգնումի ծիրին մէջ, թէեւ էական է գործատեղիներու, տնտեսական հաստատութիւններու կառուցային վերականգնումը, սակայն նոյնքան կարեւոր է համայնքի զաւակներուն աշխատունակութեան կարելիութիւններու խթանումը եւ անոնց նպաստընկալի հոգեբանութենէն միանգամընդմիշտ ձերբազատումը` յենելու սեփական աշխատանքի բարելաւման միջոցներու որոնման ու գործի նոր առիթներու ստեղծման ճիգին վրայ առաւելաբար:

Գոյութիւն ունի՞ն սակայն այդ կարելիութիւնները ներկայ պայմաններուն մէջ, երբ սուրիական տագնապի վերջնական լուծման պատկերը չէ ուրուագծուած տակաւին  քաղաքական դաշտի հորիզոնին վրայ:

Գոյութիւն կրնա՛ն ունենալ ու մանաւանդ ստեղծուի՛լ, յատկապէս եթէ ուշադրութեան արժանանան  բնագաւառները այն աշխատանքներուն, որոնց կարիքը կայ ներկայիս կամ պիտի ըլլայ յետպատերազմեան շրջանին` շինարարական, երկրաչափական, ծառայողական, կրթական, արհեստի ու արուեստի բազմաճիւղ ասպարէզներէն ներս:

Տնտեսական կեանքի աշխուժացումը պիտի խթանէ նաեւ մեր ժողովուրդին մասնակցութիւնը համայնքի վերականգնումի աշխատանքներուն:

Յաջորդ կարեւոր քայլը մարդուժի անյապաղ վերապատրաստումը պիտի ըլլայ:

Սուրիական պատերազմը ոչ միայն կառոյցներ քանդեց, այլեւ անոնց ծառայող մարդուժի կարեւոր մէկ մասը արտագաղթի մղեց:

Այս երեւոյթը լուրջ դժուարութիւններ յառաջացուց համայնքին մէջ, հակառակ անոր որ ժամանակաւոր լուծումներ գտնուեցան, եւ աշխատանքը, համարեա՛ բոլոր բնագաւառներուն մէջ, շարունակուեցաւ, մերթ ընդ մերթ` որակի նահանջին հաշուոյն:

Ուստի, վերականգնումի այս փուլին, կարեւորութեամբ պէտք է ծրագրուի նաեւ մարդուժի վերապատրաստման աշխատանքը:

Եթէ մինչեւ հիմա պարտաւորուած էինք մեր գործունէութիւնը  յարմարեցնելու պատերազմի պայմաններուն ու հաշտուելու անոնց նեղ սահմաններուն հետ, այս պահուս պարտաւորուած ենք քայլ մը առաջ երթալու եւ վերանորոգուող մեր կառոյցներուն համար վերանորոգ մտքով ու գիտութեամբ զինուած մարդուժ պատրաստելու:

Անհրաժեշտ է գործի լծել ամէն կողմ, որ կրնայ նպաստել մարդկային այդ ուժի ձեւաւորման, ամէն միջոց, որ կրնայ զայն բեղմնաւորել ու առաջ մղել:

Այսպիսով, աւելի ամբողջական պիտի դառնան վերականգնումի մեր աշխատանքները:

«Գ.»

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17132

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>