Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Մենք կատակասէր չենք ծնիր, այլ կը դառնանք: Ոչինչ նուազ համոզիչ է երիտասարդ մենախօս-կատակերգակին համար, որ փոքր տարիքէն նուիրուած է հիւմըրի:
Ինչպէ՞ս դառնալ կատակերգակ: Անսովոր ուղի մը:
Առօրեան պատմող, մենախօս- կատակերգակ, բայց նաեւ «ԱԼՊԱ» համալսարանի ուսանող Փիթըր Քէօշկերեան կը զարմացնէ իր հոգիի հասունութեամբ եւ բնականութեամբ: Այցելեցէ՛ք Ժեմայզէի անկիւնաւոր սրճարան մը: Վայր մը, ուր սովորութիւն ունի աշխատելու, կը գրէ «Լորիան Լիւ Ժուր»: Պէտք է ըսել, որ երիտասարդը շատ աշխատասէր է:
Ըլլալով 21 տարեկան, ան արդէն իսկ ստանձնած է «Քազինօ Տիւ Լիպան»-ի մէջ Միշել Տրիւքերի ձեռնարկին առաջին բաժինը, նախորդ մարտին եւ յաճախ կը ներկայանայ բեմ ֆրանսերէնով` իր նախասիրած լեզուով: Փաստօրէն, իր տիպարները կու գան Միջերկրական ծովու միւս ափէն. Ժամալ Տէպուզ, Կատ Էլ- Մալեհ կամ նոյնիսկ Ֆլորանս Ֆորեսթի, որոնք դրոշմեցին իր մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը:
Բացայայտո՞ւմը: Կատ էլ-Մալեհի «Ուրիշը ես եմ» ձեռնարկը իսկական բացայայտում մըն եղած է այդ ժամանակուան պատանիին համար: Այնուհետեւ մէկ գաղափար տիրական եղած է մտքին մէջ` խնդացնել: Անմիջապէս կը նախընտրէ հաւաքական փորձառութիւնը, որովհետեւ «նպատակը հանդիսատեսն է, ուղիղ կապը»: Մեծապէս կառչելով իր կատարումներուն անմիջականութեան` ան կ՛ընդգծէ. «Չեմ գիտեր եթէ կրնայի այսքան խնդացնել քամերային առջեւ»: Հետեւաբար, անոր կատարումները չենք գտներ «Եու Թիուպ»-ի վրայ, բայց ան ունի իսկական սէր բեմերուն հանդէպ: Ինքնուս, ան երբեք թատրոնի դասընթացքներու չէ հետեւած: Ամէն ինչ անձամբ սորված է` կարդալով եւ իր տիպարներուն կատարումներուն ներկայ գտնուելով, միշտ ուշադրութիւն դարձնելով նոր ներկայացումներուն:
Անկեղծութիւնը` իբրեւ բեմային գրաւ
Ո՛չ խաղ կայ, ո՛չ կեղծաւորութիւն, ո՛չ կերպար. Փիթըր Քէօշկերեան բեմին կը յանձնուի ինչպէս որ է եւ անկաշկանդ ինքզինք կը ծաղրէ: «Ինքզինքս վտանգի տակ կը դնեմ: Երբեւէ հարց չունիմ ես զիս ծաղրելու»: Այդուամենայնիւ կը ցաւի, որ Լիբանանի մէջ սթենտ-ափի մշակոյթը տկար է, եւ կը յուսայ, որ այս արուեստի ձեւը յառաջիկայ տարիներուն կը զարգանայ: Բայց արուեստագէտը նպատակադրուած է: Գիտէ ո՛ւր կ՛երթայ եւ ինչպէս պէտք է ատիկա ընէ: Ժամանակագրելով պարոն «Ամէն ինչ»-ին կեանքը, կը քննէ մանրամասնութեամբ սովորականին անհեթեթութիւնը: Հեւեւաբար, «ոչ մէկ տարբերութիւն բեմի ես-ին եւ կեանքի ես-ին միջեւ», նոյնիսկ եթէ իւրաքանչիւր ներկայացում պատրաստուած եւ համապատասխան պրպիում եղած է: Անոր հանդիսատեսները երիտասարդ են, 15-էն 30 տարեկան, բայց կը ձգտի ընդլայնել` 8-էն 99 տարեկանի: Երգիծանքը հասանելի է բոլորին` պայմանով, որ ոչինչ պէտք է լուրջի առնել եւ ամէն ինչին պէտք է խնդալ:
Իւրայատուկ կատարերգակ մը. Ֆրանսախօսութիւնը սրտին
Իր երիտասարդութիւնը անոր թոյլ կու տայ կանխատեսել հեռաւոր ապագան: Այն հարցումին, որ «դուք ձեզի ո՞ւր կը տեսնէք հինգ տարի յետոյ», արուեստագէտը կը տատամսի վայրկեան մը, ապա կը ժպտայ: «Տարօրինակ է, ասոր մասին կը մտածէի քանի մը օր առաջ: Կ՛ուզեմ իսկապէս Լիբանանի հանդիսատեսը գրաւել»: Մեծ մարտահրաւէր մը, կ՛ընդգծէ ան, քանի որ ֆրանսերէն լեզուի գործածութիւնը կը սահմանափակէ իր հանդիսատեսները: Բայց կատակերգակը չի տատանիր: « Ես ինքս չեմ ըլլար բեմի վրայ, եթէ անգլերէն կամ արաբերէն խօսիմ»: Երիտասարդը անկեղծօրէն կառչած է ֆրանսերէնին եւ այդ մասին կը յայտարարէ: Նոյնիսկ ֆութպոլի պարագային, Ֆրանսայի խումբը կը քաջալերեմ»: 10 տարի՞ յետոյ: Փարիզ կ՛երազէ: «Ինչո՞ւ ոչ»: 20 տարիէ՞ն: «Շարժապատկերը զիս կը հետաքրքրէ»: Իսկական ծրագիրներ կը սպասեն այս կրքոտին համար, յաւակնոտ` երկարատեւ ժամանակի վրայ:
Փիթըր Քէօշկերեան շաբաթ 8 եւ չորեքշաբթի 12 յուլիսին երկու ներկայացումներ կատարեց «Մեթրօ Ալ-Մատինա»-ի մէջ:
«Լորիան լը Ժուր»