Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Մարդակերտումը Սրբավայրին Մէջ

$
0
0

ՆՈՐԱՅՐ ՍՐԿ. ՏԱԼԳԸԼԸՃԵԱՆ

Նախքան դպրեվանք ընդունուիլս` արդէն իսկ բաւական տեղեկութիւն ունէի անոր կեանքին եւ դպրեվանեցիներու վարքին ու նկարագրին մասին: Դպրեվանքը մեծ հաստատութիւն էր ինծի համար, որովհետեւ իր դրոշմը կը թողուր աշակերտներուն վրայ:

Նախակրթարանի շրջանը բոլորելէ ետք քահանան առաջարկեց ծնողքիս, որ դպրեվանք յաճախեմ: Մայրս ընդդիմացաւ, որովհետեւ մեծ եղբայրս յաջորդ տարին պիտի յաճախէր դպրեվանք: Այդպէս ալ եղաւ… եղբայրս աւարտեց վանքը, կուսակրօն քահանայ օծուեցաւ, նոյն տարին ես ալ աւարտեցի տասներկրորդ դասարանը:

Նոյն ամառ դպրեվանք յաճախելու ծրագիրը անգամ մը եւս մէջտեղ ելաւ: Մայրս, եղբօրս հետ համաձայնելով, ուզեց համոզել զիս` յաճախելու դպրեվանք: Նախախնամութիւնը կարծես վճռած էր, որ դպրեվանք յաճախեմ ` ուշ կամ կանուխ: Արդեօք ո՞վ կրնայ դէմ դնել Աստուծոյ ծրագիրներուն, կամ ո՞վ կրնայ մերժել Անոր կամքը եւ ապրիլ իր գծած քայլերուն հետեւելով: Չէ՞ որ աւանդապահ եւ եկեղեցասէր ընտանիքէ սերած եմ, դպրոցական այլ աշակերտներու բաղդատաբար` կրօնի հանդէպ մասնաւոր սէր կամ գէթ տարբեր մօտեցում ունիմ: Մանկութենէս ծառայած եմ Հալէպի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ, ուստի երբեք օտար չէ ինծի այս միջավայրը: Թէեւ հայորդիներուս համար պէտք չէ երբեք օտար թուի եկեղեցին` մեր նախահայրերուն աղօթքի վայրը, որուն համար զոհուած եւ արիւն ու քրտինք թափած են: Հայ Եկեղեցին այսօր հպարտ է իր ունեցած մարտիրոս նահատակներով եւ սուրբերով… Տակաւին ականջներուս մէջ կը թրթռայ հօրս ձայնը. «Եկեղեցին հայկական ծննդավայրն է հոգւոյս, ինչպէս քարայր մ՛ընդարձակ, պարզ ու խորունկ, մութ ու լոյս…». նշանաւոր երկտող մը` հնչեակի իշխան Վահան Թէքէեանէն: Բարսեղ վրդ. Ֆերհաթեան ըսած է. «Ձուկը ջուրի մէջ կ՛ապրի, թռչունը` օդին մէջ, վարդն ու շուշանը` արեւի ճառագայթներուն մէջ. իսկ մարդը` Աստուծոյ մէջ»:

Այո՛, ժամանակն էր արձանագրուելու: Թէեւ այն ատեն կը կարծէի, որ դպրեվանքին սահմանած օրէնքները չափէն աւելի պահպանողական եւ ծայրայեղական են, սակայն հետագային անդրադարձայ այդ օրէնքներու օգուտին եւ անհրաժեշտութեան: Յաջող քայլ մըն էր տուած որոշումս, փա՜ռք Ամենակալին. ապացոյցը… նկարագրիս եւ մտածելակերպիս ամբողջական փոփոխութիւնը, որուն մասին կը վկայեն շրջապատիս մարդիկ` կղերական, ուսուցիչ, ծնող` թէ բարեկամ:

Դպրեվանքի մասին կարճ նախադասութեամբ մը վկայութիւն տալը դիւրին բան չէ: Դպրեվանքի ծառայութեան եւ նուիրումին մասին կ՛արժէ լայնածաւալ գիրքեր գրել: Շատ մը անուանումներ ունի ան` սրբավայր, նկարագրի դարբնոց, կաթողիկոսարանին սիրտը, ուսումնավայր, սփիւռքեան հոգեմտաւոր ջրամբար, բարեյուսոյ հրուանդան, հայակերտումի եւ մարդակերտումի «վսեմ ձուլարան, ուր կապարն յոսկի, նիւթն յոգի դառնան…», իսկ ես` աշակերտը այս սրբավայրին, զայն պիտի անուանեմ` «Մարդակերտման վայր»:

Մարդակերտումը իր էութեամբ ծանր բառ մըն է: Մարդ կերտելը ամէնէն դժուար գործն է, որով բեռնաւորուած են` ծնողքը, ուսուցիչը եւ ազգային հաստատութիւնները, որոնք ազգէն կ՛առնեն մարդուժը եւ տարիներու ընթացքին զանոնք կը կերտեն եւ արդիւնաւոր երիտասարդներ կը մատակարարեն ազգին` անոր բարօրութեան նպաստելու համար: Մարդակերտումը իւրաքանչիւր ընկերութեան մէջ տարբեր ձեւով կը մեկնաբանուի: Ամէն ազգ իր հաւատքին, կենցաղակերպին եւ տեսլականին համեմատ կը մօտենայ այս նուիրական կոչման` մարդակերտումին: Սակայն պանծալի եւ յիշարժան են այն կեդրոնները, որոնք առանց փոխարժէքի` կը պատրաստեն այնպիսի նշանակալի դէմքեր, որոնք ժամանակին դէմ ելլելով, դարերու ընթացքին իրենց խրոխտ ու անվեհեր նկարագրով ոչ միայն հետք կը ձգեն, այլեւ  կը շարունակեն ապրիլ: Որովհետեւ մարդուս մարմինը փճացումի ենթակայ է, սակայն մարդը անմահ է հոգիով, գաղափարներով եւ աշխատանքով` իր շրջանակին համար: Ահա այդ կեդրոններէն մէկը, Պիքֆայայի բարձունքին վրայ կանգնած, հոգածու մօր մը նման կը դիտէ համայն հայութիւնը:

Դպրեվանքին մէջ մարդակերտումը կ՛ուզեմ բաժնել չորս մասի. պատրաստել քրիստոնեայ, հայ, գիտուն եւ բարոյականի տէր մարդը:

Առաջին` պատրաստել քրիստոնեայ մարդը: Քրիստոնէական կեանք ապրիլը չի նշանակեր պզտիկ խաչափայտ մը կրել մեր վիզերուն վրայ, այլ կ՛ենթադրէ խաչափայտը կրել մեր ուսերուն վրայ` համակ սիրով: Քրիստոնէական սկզբունքները ամբողջութեամբ կատարելը ներկայ աշխարհի անբարոյ ընկերութեան մէջ անկարելի է առանց աղօթքի եւ ծառայական կեանքի, որովհետեւ, դժբախտաբար, քաղաքակրթութեան նոր արժէքները կոխկռտած են կրօնական ամէն սկզբունք եւ հասկացողութիւն: Եսասիրութեան նժարը հասած է յատակ` վեր թռցնելով նմանը սիրելու նժարը: «Սիրէ՛ ընկերդ քու անձիդ պէս» (Մտ 22:39), ահա՛ Քրիստոսի երկրորդ մեծագոյն պատուիրանը: Երբ աղօթքի կեանքի նուիրուինք եւ Աստուծմէ խնդրենք մեր նմանին առողջութիւն եւ երջանկութիւն, ուրախացուցած կ՛ըլլանք զԱստուած եւ կանգնած կ՛ըլլանք մեր սիրելիներուն կողքին: Իսկ երբ ծառայենք եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին, հաճելի կը թուինք Աստուծոյ աչքին: Այսպիսով, դուրս ելած կ՛ըլլանք անձը փճացնող եսապաշտութեան փոշիապատ եւ սոնքացող պատեանէն:

Արդարեւ, դպրեվանքը աղօթքի տուն է ամէն բանէ առաջ: Հաւաքական եւ անձնական աղօթքի զոյգ դաշտերով դպրեվանեցին երկխօսութեան կապ կը հաստատէ  Հօր Աստուծոյ հետ: Աղօթքով դպրեվանեցին կը զօդուի ոչ միայն Աստուծոյ այլեւ բարեկամին, ժողովուրդին եւ ամբողջ ստեղծագործութեան հետ:  Աղօթքի ուժով զինուած դպրեվանեցին կը պատրաստուի դիմագրաւել տիրող «բաբելոնեան դժնդակ» կեանքը:

Դպրեվանեցին իր իտէալը կը գտնէ Քրիստոսի մէջ` մարդկութեան մեծագոյն յեղաշրջողին ու փրկիչին: Հետեւելով Քրիստոսի` մարդ կ՛արժեւորէ եւ կ՛ամրապնդէ ծառայելու իր դաշտավայրը: Քրիստոս յստակօրէն ըսած է այս մասին. «Եթէ ձեզմէ մէկը ուզէ մեծ ըլլալ, պէտք է ձեր սպասաւորը ըլլայ» (Մտ 20:26):

Հոս կ՛արժէ յիշել, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը շեշտը դրած է տեւաբար ծառայութեան եւ անձնուիրութեան վրայ: Առիթով մը, երբ վեհափառ հօր տարեդարձը կը տօնէինք դպրեվանքին մէջ, ան հետեւեալ խօսքը ըսաւ աշակերտներուս. «Սիրելինե՛ր, մեր ատենը դպրեվանքը այսքան հարուստ չէր եղած, որ այս ճոխութեամբ տօնենք վեհափառ հօր տարեդարձը, սակայն մէկ բան կար հիմնական, այն էր` նուիրումը»:

Երկրորդ` պատրաստել հայ մարդ: Դպրեվանքը լոկ կղերական պատրաստելու վայր չէ, այլ հայ մարդ պատրաստելու լուծով բեռնաւորուած է: Դպրեվանեցիներ, կրօնական նիւթերու կողքին, կը ստանան նաեւ հայ մշակոյթի առնչուող նիւթեր, ինչպէս, օրինակ` հայ մշակոյթ, մատենագրութիւն, գրականագիտութիւն, հայ երաժշտութիւն, հայ գրականութիւն եւ քերականութիւն: Դպրեվանքի մէջ բոլոր շարականները եւ աղօթքները կ՛երգուին գրաբար լեզուով: Դպրեվանեցիներ գրաբար լեզուի մէջ կը գտնեն հայոց լեզուի եւ մշակոյթի հարստութիւնը: Դպրեվանքէն շրջանաւարտը եթէ քահանայութեան, կուսակրօն թէ՛ ամուսնացեալ, ճամբան չէ ընտրած, կ՛ընտրէ ճամբայ մը, որ ուղղակի կամ անուղղակիօրէն առնչութիւն ունի հայ իրականութեան հետ:

Դպրեվանքը եղած է, է՛ եւ պիտի մնայ հայ մշակոյթի հիմնական օրրանը սփիւռքի տարածքին: Բոլորին ծանօթ է «Արմաշ» երգչախումբին կատարած աննախընթաց համերգները Լիբանանի հայ կամ օտար եկեղեցիներու, թատերասրահներու, բեմերու ու նոյնիսկ դաշտերու, ինչպէս նաեւ Պոլսոյ մէջ: Սոյն համերգներուն երգացանկերը չեն կազմուած մի միայն հոգեւոր բնոյթի երգերով, այլ տիրական ներկայութիւն են նաեւ ազգային ու աւանդական բնոյթի ժողովրդական երգերը:

Լիբանանի դպրոցներու միջեւ տեղի ունեցող հայոց լեզուի, գրականութեան, շարադրութեան թէ ասմունքի մրցումներուն մէջ դպրեվանքի մասնակցութիւնը եղած է անմրցելի եւ նախանձելի: Դպրեվանքը միշտ տիրացած է մրցանակներու:

Երրորդ` պատրաստել գիտուն մարդ: Դպրեվանքի մէջ թէեւ գիտական նիւթերու վրայ շեշտը չէ դրուած, սակայն Դպրեվանքը աշակերտին կու տայ բանալին` գիտութեան գոց դռները բանալու եւ մտային գետնի վրայ հարստանալու: Դպրեվանքը իր հարուստ մատենադարանով աշակերտին առիթ կ՛ընձեռէ առաւել եւս զարգանալու: Դպրեվանեցին մի միայն աղօթելով եւ դասեր պատրաստելով չէ, որ կը լեցնէ իր օրը, այլ` գիրք ընթերցելով: Գիրքը անբաժան բարեկամն է դպրեվանեցիին: Կասկած չունիմ, որ դպրեվանեցին, բաղդատաբար այլ դպրոցներու աշակերտներու, ամէնէն արժեւորողն է հայ, թէ օտար գիրքին:

Զարգացումի համար դպրեվանքը երբեք չէ զլացած իր պարտականութիւնը լիովին մատակարարելու ի շահ աշակերտին: Կրթական-ուսումնական տարեշրջաններու ընթացքին դպրեվանքին մէջ տեղի կ՛ունենան դասախօսական շարքեր: Լիբանանէն, Հայաստանէն եւ այլ երկիրներէ դասախօսներ կ՛այցելեն դպրեվանք: Հաճելի եւ դրական մթնոլորտ կը ստեղծուի այս դասախօսութիւններու ընթացքին:

Չորրորդ` պատրաստել բարոյականի տէր մարդ: Ի՞նչ է բարոյականութիւնը: Ամէն ազգ իր մտածելակերպին, հաւատքին եւ միջավայրին համեմատ, ունեցած է իրեն յատուկ բարոյական սկզբունքներ: Այս վերջիննները ծառայած են զինք զատորոշելու ուրիշ ազգերէ եւ հետք ձգելու անոնց մէջ:

Դպրեվանքի իրերայաջորդ տեսչութիւններուն հիմնական նպատակներէն մէկը եղած է պատրաստել բարոյականի տէր մարդը: Դպրեվանքը խոր ազդեցութիւն ձգած է իւրաքանչիւր պատանիի սրտին մէջ: Ո՛վ որ անցած է անկէ, թէկուզ` մէկ տարի, դրական փոփոխութիւն մը կրած է անպայման իր նկարագրին մէջ: Այս հաստատութիւնը կը յատկանշուի իր եղբայրական մթնոլորտով: Տարուան ընթացքին կարգապահութիւնը կը թափանցէ դպրեվանեցիներու վարուելակերպին մէջ. անոնք կը սորվին զիրար, հսկիչը, ուսուցիչը եւ ընկերը յարգել: Հրաշալի են զիրար յարգելու եւ օգնելու անհրաժեշտ կանոնները: Մէկ խօսքով, այս կրօնական սրբավայրը աշակերտին գիտութեան եւ կրօնի կողքին, կը սորվեցնէ նաեւ կենցաղավարութիւն:

Եթէ այսօրուան ընկերութիւններու մէջ բացականերու ինքնութիւնը պիտի ճշդենք, ամէնէն առաջ բարոյականի տէր մարդն է բացական: Մարդիկ այսօր օգտակար կ՛ըլլան միայն իրենց հարազատին կամ բարեկամին: Մինչ դպրեվանեցին կը սորվի օգնել եւ ծառայել բոլորին անխտիր: «Մէկը բոլորին եւ բոլորը` մէկին». ահաւասիկ տիրող բարոյական սկզբունքներէն մէկը` դպրեվանքին մէջ:

Կրօնական, գիտական եւ մշակութային նիւթերու կողքին, դպրեվանքի մէջ կը դասաւանդուին նաեւ ընկերային նիւթեր` իմաստասիրութիւն, հոգեբանութիւն, մանկավարժութիւն: Այս նիւթերուն շնորհիւ` ընդարձակուած է շուրջիններուս հոգեվիճակը եւ տրամաբանական համակարգը ճանչնալու կարողութիւնս: Մարդ երբ ճանչնայ դիմացինին ներաշխարհը, աւելի օգտակար կրնայ դառնալ անոր:

Դպրեվանքը լոկ կրօնական կեդրոն մը ըլլալով` չի կրնար բաւարար չափով սպասարկել ժողովուրդին: Դպրեվանքը լերան կատարը հիմնուած սոսկ աղօթավայր մը չէ միայն, այլ ուսումնական յատուկ կեդրոն մըն է: Դպրեվանքի մէջ ընկերային նիւթերու դասաւանդութիւնները խթան կը հանդիսանան աւելի գիտակից, ընկերային եւ ժողովուրդին հոգատար մշակներ պատրաստելու կայուն նպատակին:

Վերջացնելու համար կ՛ուզեմ անկեղծութեամբ տպաւորութիւններս եւ զգացումներս տալ այս մարդակերտման կրթօճախին մասին:

Դպրեվանքը ըմպել տուաւ ինծի լոյսի այն աղբիւրէն, որուն տիրանալը դժուար է ինծի նման պատանիի մը, որ կեանքի նկատմամբ սակաւ փորձառութիւն ունի: Դպրեվանքի մէջ աշակերտը կ՛անցնի բազմատեսակ դժուարութիւններէ ու զրկումներէ: Այսպիսով, ան յատուկ փորձառութիւն ձեռք կը ձգէ կեանքի նեղութիւններու նկատմամբ եւ դէպքերու բացատրութեամբ: Մարդակերտման այս վայրը կը սորվեցնէ համբերատար ըլլալ կեանքի ճգնաժամերուն, որպէսզի յետոյ անկէ բխող յաջողութիւնը իր արժէքով գոհացնէ անձը: Եւ իսկապէս յետոյ անդրադարձայ, որ այդ բոլորը հայ քրիստոնեայ մարդուն աշխարհահայեացքը եւ մտածելակերպը բարելաւելու կը ծառայեն:

Դպրեվանքը ինծի համար սրբավայր մըն է, որ թէ՛ գիտութիւն կը ջամբէ եւ թէ՛ քրիստոնավայել կեանք ապրիլ կը սորվեցնէ: Դպրեվանեցի աշակերտը պարզ մարդ չէ, այլ գիտակից, հասուն,  իր ազգին ծառայող եւ սրբութեան ձգտող անձ մըն է:

Դպրեվանքի այժմու եւ նախկին տեսչական անդամները մեր հոգիները եւ միտքերը ազնուացուցին եւ զարգացուցին` իրենց աղօթքներով, դասաւանդութիւններով, յարգալիր վարուելակերպով եւ եղբայրասիրութեամբ: Մեր փոքր տարիքէն իսկ անոնք մեր կեանքին տիպարները դարձան,` տիպարներ կերտելով մեր մէջ: Անոնք, ապագայի տեսլիքով յուսադիր, մեր մէջ ցանեցին այնպիսի սերմեր, որ ապագային պիտի հասուննան, պտղաբերին եւ պայծառանան` կեանքի տարբեր-տարբեր ասպարէզներուն մէջ, ի նպաստ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ բարգաւաճման:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Trending Articles