ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ
Ա.- Զուլալ Հայկական Աքափելլա Եռեակը Վեց Հազար Օտար Երեխաներու Հետ…
Դուք երբեւիցէ լսա՞ծ էք վեց հազար օտար մանուկներ, որոնք միահամուռ հայկական տոհմիկ երգ երգեն եւ թամզարա պարեն…
Այդպիսի շաբաթ մըն էր 2017-ի մայիսի երկրորդ շաբաթը Նիւ Եորքի համբաւաւոր «Քառնըկի հոլ»-ի մէջ:
Նիւ Եորք Քաղաքի հանրային վարժարաններու կրթական մարմինը յայտարարած էր, որ նկատելով Նիւ Եորք քաղաքի բազմամշակութային բնոյթը`
նախակրթարանի ուսումնական ծրագրին մէջ պիտի ներառէր աշակերտներուն պիտի ծանօթացնէր երեք տարբեր ազգութիւններու երգերը եւ պարերը: ՀԲԸՄ-ի կազմը իմանալով այս բարեպատեհ առիթը` անմիջապէս տեղեկացուցած էր «Քառնըկի հոլ»-ի պատկան մարմնին եւ միաժամանակ «Զուլալ» աքափելլա եռեակին, որ իրենց մասնակցութիւնը բերեն ծրագրին: Բազմաթիւ դիմողներու մէջէն «Քառնըկի հոլ»-ի քննիչ մարմինը, հայկական երգն ու երաժշտութիւնը ընտրած էր որպէս երեք ազգային երգերէն մին:
«Զուլալ» աքափելլա եռեակը հիմնուած է երեք ամերիկածին հայուհիներու կողմէ` Անայիս Թեքիրեան, Երազ Մարգարեան եւ Թենի Աբէլեան, 2002-ին, Նիւ Եորքի մէջ:
Եռեակը իր առաջին իսկ ելոյթով եկաւ յայտարարելու, որ ՆՈՐԱՐԱՐ խումբ մըն էր: Ան եկած էր հայկական տոհմիկ երգերը ներկայացնելու ՆՈՐ մօտեցումով, ՆՈՐ մեկանաբանութեամբ եւ ՆՈՐ դաշնաւորումով: Այս նորարութիւնը գրկաբաց ընդունուեցաւ հայկական շրջանակներուն մէջ: «Հին» ժողովրդական, գեղջկական երգերը թօթափեցին իրենց վրայի տարիներու փոշին, կենդանացան, նորոգուեցան եւ նոր շունչ առին: Միացեալ Նահանգներու երաժշտական շրջանակներու կողմէ գրկաբաց ընդունուեցան նորարարութեան եւ յատկապէս կատարողական բացառիկ արտայայտչական ձեւաւորման համար: Եռեակը հրաւիրուեցաւ ելոյթներ ունենալու Միացեալ Նահանգներու երաժշտական ամէնէն բարձր մակարդակի մարմիններուն կողմէ:
Եւ ահա Նիւ Եորքի «Քառնըկի հոլ»-ի ծրագիրը: Վեց ամիսներու ընթացքին, Նիւ Եորքի հանրային վարժարաններու մէջ, վեցէն տասներկու տարեկան փոքրիկներուն «Զուլալ» սորվեցուց Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի հայկական եւ աւանդական սովորութիւններէն մաս մը, ինչպէս նաեւ` հայկական պար ու հայերէն երգեր: Ընդհանուր թիւը աշակերտներուն` վեց հազար հոգի:
Երեխաները, «Զուլալ»-ի ղեկավարութեամբ, երգեցին` «Տօննի, Տօննի, Տօննի, եար է» Վասպուրականէն, «Թամզարա»` Բալուի շրջանէն, «Հայ նիննա» Մուշէն:
Մէկ շաբաթ տեւող ծրագրով վեց հազար մանուկներ սորվեցան եւ հայերէն երգեցին: Սրահը ելեկտրականացած էր. խանդավառ ծափերը կարծես անվերջ էին:
Այս ձեռնարկին երեխաներուն ընկերակցեցան նշանաւոր ուտ նուագող Արա Տինքճեանը, եւ շուի ու թմբուկ նուագող Մարթին Յարութիւնեանը` մեծապէս ճոխացնելով համերգը:
Անհուն հպարտութիւն առթող շաբաթ մըն էր: Կարծես կ՛ուզենք ըսել աշխարհին, որ մենք կանք ու կը մնանք: Շնորհակալութիւն եւ պռավօ` «Զուլալ» եռեակին, Արա Տինքճեանին, Մարթին
Յարութիւնեանին եւ յատկապէս Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան:
Բ.- Զուլալ Եռեակը Նիւ Եորքի Ֆիլհարմոնիք Նուագախումբի Ելոյթին
Նիւ Եորք քաղաքի համաշխարհային համբաւ վայելող Ֆիլհարմոնիք նուագախումբը ամէն տարի, Նիւ Եորքի Կեդրոնական զբօսայգիի մէջ համերգ մը կը կազմակերպէ հանրութեան համար: Այս տարուան ելոյթը չեխ Անթոնին Տըվորեաքին էր նուիրուած` անոր համբաւաւոր «Նոր աշխարհ» համանուագը ներկայացնելու: Ֆիլհարմոնիք նուագախումբը մրցոյթի հրաւիրած էր տեղական երաժշտական խումբերը, որ Տըվորեաքի երաժշտութեան թեմայով իրենց նոր մեկնաբանութիւնը բերեն:
Բազմահարիւր մասնակցողներու մէջ էր «Զուլալ» եռեակը:
Երաժշտական դատական յանձնախումբը երկու խումբ ընտրած էր, որոնցմէ մէկը «Զուլալ» եռեակն էր:
Եռեակը իր քսան վայրկեան ծրագրով նախ նոր յօրինում մը ներկայացուց, որուն միացուց հայկական «Տուն եմ շինել», ապա տարբեր տոհմիկ ազգային երգեր: Քառասուներեք հազար հանդիսատես ներկայ էր, երբ «Թամզարա»-ն սկսաւ, մարգագետնի վրայի հանդիսատեսին մէջէն խումբ մը հայ երիտասարդներ ոտքի կեցան եւ «Թամզարա» պարեցին: Բեմին վրայէն «Զուլալ» եռեակը թելադրեց հանդիսատեսին, որ կշռութային ծափերով մասնակցի այս երգին:
«Զուլալ» եռեակը այսօր հայ երաժշտութեան «դեսպաններու» փաղանգին կը պատկանի: Պէտք է նշել, որ իրենց երգերու ընթացքին եռեակը համառօտ տեղեկութիւններ կու տայ հայկական երգերու մասին, անոնց հետ նաեւ` հայկական աւանդական հասկացողութիւններու մասին:
Կեցցէ՛ք, «Զուլալ»-ի անդամներ:
Այս կլանող մթնոլորտին մէջ, ձեր յամառ հայկականութիւնը բոլորիս յոյս կը ներշնչէ, որ սփիւռք ծնած երկրորդ սերունդը գիտակից է իր մշակութային հարստութեան եւ անոր պահապանն է:
Մեր ժողովուրդի պարզ բառերով` վարձքերնիդ կատար: