Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Հպարտութեան Եւ Յոյսի Պատկերներ

$
0
0

Հայաստան աշխարհի սահմանները պաշտպանող զինուորը երբեք առանձին պէտք չէ զգայ: Ան իր թիկունքին կանգնած պէտք է տեսնէ ամբողջ հայութիւնը: Վիրաւորուած, հաշմանդամութիւն ստացած զինուորները եւ զոհուած զինուորներու ընտանիքները պէտք է զգան ամբողջ հայ ազգի սէրն ու գուրգուրանքը: Զինուորներուն հետ, սահմանին վրայ թէ զօրանոցին մէջ, վիրաւոր թէ նահատակուած, մէկ ընտանիք ենք:

Նկարներէն առաջինը` 90-ականներուն վիրաւորուած զինուորներէն Կամոյի տունն է:  «Թուֆէնքեան» հիմնադրամը ստանձնած է տան նորոգութիւնն ու հաշմանդամութեան պայմաններու յարմարեցումը: Կամօն 7-րդ զինուորն է, որ վերանորոգուած կամ նոր տուն կը ստանայ «Թուֆէնքեան» հիմնադրամէն: Կը խոնարհինք մեր բոլոր զինուորներուն քաջագործութեանց առջեւ:

Երկրորդ նկարը` Առաջամուղի դպրոցի ընդարձակման աշխատանքներու սկիզբը կ՛աւետէ: Ազատագրուած տարածքներու վրայ, ռազմավարական նշանակութեամբ դիրքի վրայ գտնուող այս գիւղը կառուցուեցաւ «Թուֆէնքեան» հիմնադրամին կողմէ, իսկ վերջին տարիներուն գիւղի ընդարձակման աշխատանքներուն միացաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի «Արցախ ֆոնտ»-ը: Այսօր գիւղի դպրոցը արդէն նեղ կու գայ աշակերտներուն համար:

Յառաջիկայ սեպտեմբերին 4 նոր դասարաններու կարիքը կայ: Մեր հիմնադրամը արդէն իսկ սկսած է նոր դասարաններու յաւելման աշխատանքին:

Հողը կը պահեն զինուորով եւ զարգացող, աճող բնակչութեամբ:

Զինուորը կը պաշտպանէ հողը: Բնակիչը կեանք կու տայ անոր:

Մենք պիտի շարունակենք շինարարական մեր գործունէութիւնը:

Տուն ու դպրոց կառուցող ժողովուրդը հող չի յանձներ: Օգնենք, որ զարգանայ եւ ծաղկի հայոց հողը:

«ԹԻՒՖԷՆՔԵԱՆ» ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>