Ուրբաթ, 23 յունիս 2017-ի երեկոյեան, քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» հանդիսասրահին մէջ կայացաւ Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի ամավերջի հանդէսը:
Շրջանաւարտները կատարեցին հանդէսի բացումը` Լիբանանի, Հայաստանի ու քոլեճի քայլերգներով, ապա անոնք մեկնաբանեցին Գուսան Հայկազունի «Շուշի» խմբերգը: Քրիս Մազագեան դաշնակի վրայ նուագեց Փոլ տէօ Սինվիյէն կտոր մը, Աւօ Մարգարեան ասմունքեց Դանիէլ Վարուժանի «Կարմիր հողը», իսկ Նարէ Քիւսպեքեան, Սարին Անսրլեան եւ Ցոլեր Գնտոյեան ներկայացուցին հայկական գեղեցիկ նազպար մը: Ապա ցուցադրուեցաւ աւարտականներուն դպրոցական կեանքն ու յիշատակները ներկայացնող տեսերիզ մը:
Շրջանաւարտներու հանդիսաւոր մուտքէն ետք, ԺԱ. կարգի հրաժեշտի խօսքը կարդաց Կարօ Քէօշկերեան: Ան իր դասընկերներուն կողմէ յաջողութիւն ու բարի երթ մաղթեց շրջանաւարտներուն ու խոստացաւ շարունակել անոնց առաքելութիւնը` պահելով Ե. Մանուկեան քոլեճի աշակերտի նկարագիրը եւ տալ լաւագոյնը:
Արաբերէն ուղերձը կարդաց Պարգեւ Սասունեան: Ան ողջունելէ ետք ներկաները նշեց, թէ դպրոցական տարիները` լի աշխատանքով, քաղցրութեամբ թէ դժուարութիւններով, անցած են շատ արագ ու հասաւ աւարտական հանդէսին, ուր կանգնած ըլլալով հանդիսատեսին դիմաց, ան իր ու իր դասընկերներուն կողմէ խոստացաւ չտարուիլ ժխտական հոսանքներէ, այլ` մնալ հաւատարիմ քոլեճի փոխանցած արժէքներուն: Ան իր խօսքը փակեց` շնորհակալութիւն յայտնելով տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին ու բարի երթ մաղթելով դասընկերներուն:
Անգլերէն ուղերձը կարդաց Վիքի Փանոսեան: Ան յիշեց իր դպրոցական առաջին օրը` հաստատելով, որ 15 տարիներ նոյն երդիքին տակ միասին ապրելէ ետք, իր դասընկերներէն բան մը փոխ առած ըլլայ կարծես` բարելաւելով ինքզինք: Ան ինքզինք ու իր դասընկերները բախտաւոր նկատեց, որ հասակ նետած են արժէքներու եւ կրթական բարձր մակարդակի վրայ հիմնուած քոլեճի մէջ, փորձառու եւ հոգածու ուսուցիչներու հսկողութեան ներքեւ: Ան իր խօսքը եզրափակեց` շնորհակալութիւն յայտնելով ծնողներուն ու հաստատելով, որ քոլեճի վառած ճրագը պիտի լուսաւորէ Եղիշէ Մանուկեանի հպարտ շրջանաւարտի` ապագայի իրենց իւրաքանչիւր քայլը:
Հայերէն ուղերձը կարդաց Օրելի Պասմաճեան: Ան եւս անդրադարձաւ իր դպրոցական յուշերուն, շնորհակալութիւն յայտնեց ուսուցիչներուն եւ տնօրէնին ու աւելցուց. «Եթէ հայապահպանում է այս դպրոցին առաքելութիւնը, ահա ձեզի` 25 կամաւոր զինուորներ: Եթէ ձեր ուրախութիւնը մենք ենք, ուրեմն յաջողած էք, որովհետեւ այսօր մեր այստե՛ղ գոյութիւնը կը դրսեւորէ այդ բոլորին իրականացումը»: Իր խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն եւ մաղթեց, որ ինք ու իր դասընկերները եւս օր մը գտնուին քոլեճի սրահին մէջ` իբրեւ ծնողներ:
Օրուան պատգամախօսն էր քոլեճի երկարամեայ դասատու եւ Ազգ. Միացեալ վարժարանի տնօրէնուհի Թալին Մարտիրոսեանը: Ան անդրադարձաւ դպրոցի սահմաններէն անդին գտնուող` դէպի նիւթականացած աշխարհ մեկնող աշակերտներու ինքնավստահ քայլերուն` շեշտելով, որ աւարտելէ ետք անոնք պիտի դառնան տէրը իրենց ճակատագրին ու որոշումներուն, հաստատելով, որ անոնց աչքերուն մէջ կարելի է տեսնել նոր բարձունքներ նուաճելու եւ իրենց ներուժը կատարելագործելու հաստատամտութիւնը` զինուած քոլեճին մէջ իրենց ստացած կրթութեամբ, գիտութեամբ, հմտութիւններով ու արժեհամակարգով: Ան աւելցուց. «Կրթական հաստատութեան մը արդիւնաւէտութիւնը արժեւորելու համար մեր աչքերը կ՛ուղղուին այդ հաստատութեան շրջանաւարտներու յաջողութիւններուն եւ նուաճումներուն: Իւրաքանչիւր կրթական հաստատութիւն իւրայատուկ դրոշմ մը կը ձգէ իր շրջանաւարտներուն վրայ, որով անոնք կը զանազանուին իրենց անմիջական շրջապատէն»: Թ. Մարտիրոսեան աւելցուց, որ դպրոցը նախաքայլ մըն է, ուր աշակերտները կ՛օժտուին գիտութեամբ, հմտութիւններով ու նկարագրի գիծերով, որոնք էական են բարձրագոյն ուսում ստանալու եւ կեանքի յաջող ասպարէզ ունենալու, հաստատելով, որ համաշխարհայնացման դարուն կրթութեան ու դաստիարակութեան կիզակէտը գիտելիքներու ջամբում եւ ամբարում պէտք չէ ըլլայ միայն, այլ` խնդիրներու լուծում գտնելու, հիմնաւորելու, վերլուծելու եւ ճիշդ կողմնորոշուելու կարողականութիւնը: Ան իր խօսքին մէջ շեշտը դրաւ նաեւ հայ դպրոցի առաքելութեան վրայ, որուն հայաբոյր միջավայրին մէջ թրծուելով` հայ աշակերտը ապագային պիտի կարենայ իր լիարժէք մասնակցութիւնը բերել հայ հաւաքական կեանքին: Ապա ան իր խօսքը շրջանաւարտներուն ուղղելով` նշեց, որ քոլեճի նշանաբանը` Հաւատք, Կամք, Նուիրում, իր մէջ կը պարփակէ յաջողութեան առաջնորդող բոլոր տուեալները:
Խօսք առաւ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանը, որ վեր առաւ հայեցի կրթութեան դերը ազգի գոյատեւման պատմութեան մէջ` հաստատելով, որ շրջանաւարտներէն իւրաքանչիւրը ինքնին անհատականութիւն մըն է ու միաժամանակ` հանրութիւն, եւ քոլեճի ամենամեծ առաքելութիւնն է, պահպանելով իւրաքանչիւրին անհատականութիւնը, կերտել այն հաւաքականութիւնը, որ անոնց կարելիութիւն պիտի տայ ապրելու, արարելու եւ ստեղծագործելու: Ան հաստատեց, որ իւրաքանչիւր կրթօճախի յաջողութիւնը անոր ուսուցիչներու, տնօրէնութեան ու աշակերտներու համատեղ ջանքն է, ներդրումն ու նուիրումը` ուսումնական գործընթացին: Իր խօսքի աւարտին ան իր բարեմաղթութիւնները յայտնեց աշակերտներուն` յանձնարարելով, որ անոնք պահպանելով հանդերձ իրենց անհատականութիւնները, չմոռնան, որ իրենք նաեւ հայորդիներու հաւաքականութիւնն են եւ առ այդ, առաջնորդուին այն ուղեկշիռով, որ 15 տարիներու ընթացքին տրուած է իրենց:
Ապա խօսք առաւ քոլեճի տնօրէն Զոհրապ Ղազարեանը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն, որոնք համոզումով ու վստահութեամբ իրենց զաւակները առաջնորդած են Ե. Մանուկեան քոլեճ, ուր ուսման կողքին` կը կերտուի նաեւ անոնց ազգային դիմագիծը: Ան հաստատեց, որ քոլեճը ներարկած է իր աշակերտներուն հայ ժողովուրդի դարաւոր աւանդները, պատմութիւնը, լեզուն ու կրօնը, եւ շրջանաւարտներուն պարտականութիւնն է զանոնք ապահով յանձնել յաջորդ սերունդներուն:
Տնօրէնը հունձքը կոչեց «Շուշիի ազատագրման 25-ամեակի սերունդ»` մաղթելով, որ անոնք ո՛ւր ալ որ գտնուին, տէրը ըլլան իրենց փոխանցուած արժէքներուն, պահեն իրենց ինքնութիւնը եւ իրենց դրոշմը ձգեն ազգի ու մարդկութեան պատմութեան վրայ:
Ապա ան շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն` անոնց վստահութեան ու ազգային գիտակցութեան համար եւ շրջանաւարտները հրաւիրեց սրահ իջնելու եւ ծաղիկներով իրենց երախտագիտութիւնը յայտնելու իրենց ծնողներուն:
Տնօրէնը շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան հօր, Ուսումնական խորհուրդին, խնամակալութեան, Տիկնանց յանձնախումբին, Շրջանաւարտից միութեան եւ ամբողջ անձնակազմին, որոնց աշխատանքին շնորհիւ քոլեճին երթը կը դառնայ անսասան, նաեւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց աւարտական դասարաններու դաստիարակներուն, գեղարուեստի ուսուցիչներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին հանդէսի յաջողութեան, ինչպէս նաեւ` ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ մասնաճիւղերուն, «Գարակէօզեան» հաստատութեան, ՀՄԸՄ-ին, ԶՈՄ-ին, ԼԵՄ-ին եւ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին` հեզասահ գործակցութեան համար:
Իր խօսքի աւարտին տնօրէնը ողջունեց նորակառոյց Ազգային Միացեալ վարժարանի բացումը եւ կանաչ երթ մաղթեց անոր` միաժամանակ ողջունելով միաձուլուող ազգային վարժարաններու անձնակազմերն ու պատասխանատու մարմինները, որոնց ճիգին ու աշխատանքին արդիւնք հանդիսացող սերունդներէն հասակ առին ազգին ղեկավարներն ու առաջնորդները: Ապա ան բեմ հրաւիրեց քոլեճի երկարամեայ թուաբանութեան դասատու Թալին Մարտիրոսեանը, անոր մաղթեց յաջողութիւն իր նոր առաքելութեան մէջ` իբրեւ Ազգային Միացեալ վարժարանի տնօրէնուհի եւ քոլեճի խնամակալութեան ատենապետ Յովիկ Կէօզիւպէօիւքեանին հետ անոր յանձնեց երախտագիտութեան յուշատախտակ մը:
Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան խօսք առնելով` ողջունեց ներկաներն ու շրջանաւարտները եւ շեշտեց, որ տարեփակի այս հանդէսներով կը հաստատուի, որ սփիւռքը կորստեան դատապարտուած չէ, այլ` յարատեւելու: Սրբազան հայրը նշեց, որ սփիւռքը յաղթանակած կարելի է հռչակել` հայ վարժարաններու աշակերտներով, որոնք տարուէ տարի հայ դպրոցներէ շրջանաւարտ ըլլալով` կ՛երթան դէպի կեանք եւ, կեանքէն իրենց քաղած հարուստ փորձառութեամբ, ազգին եւ հայ իրականութեան մէջ կ՛արդիւնաւորեն իրենց ունեցածը, եւ աւելցուց. «Շատ կը խօսինք հայ դպրոցի մակարդակի եւ կրթութեան որակին մասին. նայի՛նք արդիւնքին եւ տեսնենք մեր զաւակներուն մէջ, ուսման կողքին, կերտուած ոգին ու հաւատքը եւ այդ բոլորով փորձենք արժեւորել հայ դպրոցն ու անոր վերապահուած առաքելութիւնը»: Առաջնորդ սրբազանը շեշտեց, որ հայ դպրոցը կը պատկանի ընտրանիի մը, որ վճռած է սփիւռքեան պայմաններու մէջ իր հայրերու հաւատքովն ու արժէքներով վարել իր կեանքը, եւ աւելցուց. «Այդ ընտրանիին մաս կը կազմեն նաեւ ձե՛ր զաւակները, սիրելի՛ ծնողներ, որոնք մե՛ր ալ զաւակներն են»: Ապա սրբազան հայրը բարի երթ մաղթեց աշակերտներուն` դէպի ապագայ:
Առաջնորդ սրբազան հօր ու քոլեճի տնօրէնին ձեռամբ կատարուեցան վկայականներու բաշխումն ու մրցանակաբաշխութիւնը:
Ստորեւ նշուած նիւթերուն բարձրագոյն միջինները ապահովող հետեւեալ աշակերտները ստացան իրենց մրցանակները.-
Հրակ Ստեփանեան` ընդհ. գիտ. դասարանի ուսողութեան եւ բնագիտութեան «Ժան Ապաճեան» մրցանակ, Օրելի Պասմաճեան` «Լալէ եւ Աշոտ Բագրատունի» աւարտական 3 տարիներու հայոց պատմութեան բարձրագոյն միջին, Աւօ Մարգարեան` 12-րդ դասարաններու բարձրագոյն միջին, Վիքի Փանոսեան` 12-րդ դասարաններու անգլերէնի բարձրագոյն միջին, Վիքի Փանոսեան` 12-րդ դասարաններու հայերէնի բարձրագոյն միջին, Աւետիս Մարգարեան` 12-րդ դասարաններու Արաբերէնի բարձրագոյն միջին, տիպար աշակերտ` Դալար Էվինկիւլեան, ընկերասէր աշակերտ` Քրիս Մազագեան, ծառայասէր աշակերտ` Սերժ Ապաճեան, Նարօտ Նաճարեան` կենսաբանագիտական դասարանի թուաբանութեան եւ գիտական նիւթերու բարձրագոյն միջին, Աւօ Մարգարեան` ընկերա-տնտեսագիտական դասարանի յաջորդական 2 տարիներու բարձրագոյն միջին, Օրելի Պասմաճեան` կենսաբանագիտական դասարանի յաջորդական 2 տարիներու բարձրագոյն միջին, Պարգեւ Սասունեան` ընդհ. գիտ. դասարանի բարձրագոյն միջին:
Վկայական ստացան`
Ընկերատնտեսագիտական բաժանմունք
Անսըրլեան Սարին, Գլընճեան Բալիկ, Գնտոյեան Ցոլեր, Էվինկիւլեան Դալար, Հաճիմանուկեան Վանայ, Մարգարեան Սարին, Յովհաննէսեան Նարինէ, Պօղոսեան Գարէն, Փանոսեան Վիքի, Քիւսպեքեան Նարէ, Առաքելեան Կարէն, Թեքելեան Սերժ, Մարգարեան Աւետիս, Միսիրեան Սերժ, Սահակեան Արամ, Տեմիրճեան Նիքոլա, Քենտիրճեան Յակոբ
Կենսաբանութեան բաժանմունք
Նաճարեան Նարօտ, Պասմաճեան Օրելի, Տեմիրճեան Ճենի, Մազագեան Քրիս, Քէօմպեճեան Անդօ
Ընդհանուր գիտութիւններ
Ապաճեան Սերժ, Սասունեան Պարգեւ, Ստեփանեան Հրակ