Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
![](http://i1.wp.com/www.aztagdaily.com/wp-content/uploads/2017/07/Malala-school_71417.jpg?resize=200%2C284)
Մալալա տարիներով պայքարեցաւ աշխարհի մէջ աղջիկներու ուսանելու իրաւունքին համար, այժմ յաղթահարած է իր դէմ ցցուած արգելքը եւ աւարտած` դպրոցը:
Կիներու իրաւունքներու համար պայքարող փաքիստանուհի Մալալա Եուսուֆզայ, որ ամբողջ աշխարհի մէջ մեծ ճանաչում նուաճած է հայրենիքին մէջ յանուն կիներու կրթութեան իրաւունքի եւ այլ անարդարութիւններու դէմ պայքարելով, տեղեկացուց, որ աւարտած է դպրոցը:
20-ամեայ իրաւապաշտպանը այս մասին յայտնած է թուիթըրեան իր առաջին արձանագրութեամբ: «Այսօր իմ վերջին օրս է դպրոցին եւ առաջին օրը «Թուիթըր»-ի մէջ», գրած է փաքիստանուհին:
Մալալայի պայքարն ու կրթութեան ձգտումը յառաջացուցած էին զայրոյթը «Թալեպան» շարժման զինեալներուն, որոնք 2012-ին յարձակած էին անոր դպրոցական հանրակառքին վրայ` թիրախ դարձնելով աղջնակը: Վէրքերը բուժուելէ եւ ապաքինելէ ետք, ան կրկին շարունակեց դպրոց յաճախել:
Զինեալները անոր դէմ շարք մը յարձակումներ կազմակերպած են, երբ ան սկսած է ոգեշնչել տեղւոյն աղջիկները` խօսելով կրթութեան կարեւորութեան մասին:
Ան հիմնած է «Մալալա» հիմնադրամը, որ հանգանակութիւն կ՛իրականացնէ աղջիկներու կրթութեան համար:
2014-ին 16 տարեկան Մալալա դարձաւ Նոպելեան խաղաղութեան մրցանակի ամէնէն երիտասարդ դափնեկիրը:
Մալալայի Անցեալի Խօսքերէն
«Եթէ ես շահիմ Նոպելեան խաղաղութեան մրցանակը, ատիկա մեծ պատեհութիւն մը պիտի ըլլայ ինծի համար. բայց եթէ ատիկա չստանամ, կարեւոր չէ, որովհետեւ իմ նպատակս Նոպելեան խաղաղութեան մրցանակը նուաճելը չէ, իմ նպատակս է նուաճել իւրաքանչիւր երեխայի կրթութեան իրաւունքը»:
«Սիրելի՛ ընկերներ, 9 օգոստոս 2012-ին Թալեպան կրակեց իմ վրաս: Անոնք նոյնպէս կրակեցին իմ ընկերներուս վրայ: Անոնք կարծեցին, թէ փամփուշտները պիտի լռեցնեն մեզ, բայց չյաջողեցան»:
«Կ՛ուզեմ, որ մարդիկ յիշեն, թէ Փաքիստանը իմ երկիրս է: Ես տակաւին պիտի սիրեմ զայն: Նոյնիսկ եթէ անոր ժողովուրդը կ՛ատէ զիս, ես պիտի սիրեմ զայն»:
«Ես միայն կրթութեան մասին կը խօսիմ, կիներու իրաւունքները եւ խաղաղութիւն: Ես կ՛ուզեմ, որ աղքատութիւնը վերջ գտնէ վաղուան Փաքիստանի մէջ: Կ՛ուզեմ, որ իւրաքանչիւր աղջիկ դպրոց յաճախէ Փաքիստանի մէջ»:
«Ես տակաւին նախկին Մալալան եմ: Ես տակաւին կը փորձեմ բնականոն ապրիլ, բայց այո՛, իմ կեանքս շատ փոխուած է»:
«Կրթութիւնը ո՛չ արեւելեան, ո՛չ ալ արեւմտեան է: Կրթութիւնը կրթութիւն է եւ իւրաքանչիւր մարդկային էակի իրաւունքը»:
Մալալա ՄԱԿ-ի Խաղաղութեան
Պատգամաբեր
![](http://i0.wp.com/www.aztagdaily.com/wp-content/uploads/2017/07/%D5%B4%D5%A1%D5%AC-%D5%A4%D5%A5%D5%BD%D5%BA_71417.jpg?resize=600%2C400)
Ապրիլին Եուսուֆզա ընտրուեցաւ ՄԱԿ-ի խաղաղութեան պատգամաբեր։ Ան նկարուած է ընդհանուր քարտուղար Ա. Քութերեսի հետ
2017-ի ապրիլին ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշ Եուսուֆզայը նշանակեց ՄԱԿ-ի Խաղաղութեան պատգամաբեր, աղջիկներու կրթութիւնը քաջալերելու եւ տարածելու համար: Այս նշանակումը ՄԱԿ-ի կողմէ տրուած բարձրագոյն մեծարանքն է երկու տարուան սկզբնական ժամանակամիջոցի մէջ: Ապրիլին Եուսուֆզայի շնորհուեցաւ քանատական քաղաքացիութիւն: Ան այդ մեծարանքը ստացող վեցերորդ անձն է եւ երկրին մէջ` ամէնէն կրտսերը:
Մալալա Եւ Թուիթըր
Մալալա Եուսուֆզայ թուիթըրեան իր առաջին արձանագրութեամբ միայն երեք ժամուան մէջ 134 հազար հետեւորդներ ունեցաւ:
Զինք ողջունեցին հազարաւորներ, ներառեալ` Մայքրոսոֆթի հիմնադիրներէն Պիլ Կէյց եւ դերասանուհի Միա Ֆարոն:
Պիլ Կէյց @Bill Gates։ «Դուն կը շարունակես ոգեւորել զիս, @Malala: Շնորհիւ քեզի` ամբողջ աշխարհի մէջ երիտասարդ կիներ կրնան երազել իրենց համար աւելի փայլուն ապագայ մը»:
Hi, Twitter.
– Malala (@Malala) July 7, 2017Եւ այսպէս Մալալա կը բացատրէ, թէ ինչո՛ւ կը նախաձեռնէ «Թուիթըր»-ի. «Այսօր իմ վերջին օրս է դպրոցին մէջ եւ իմ առաջին օրս` «Թուիթըր»-ի վրայ»:
Ան կը շարունակէ. «Երկրորդական վարժարանէ շրջանաւարտ ըլլալը դառնաքաղցր է ինծի համար: Ես խանդավառ եմ իմ ապագայիս մասին, բայց ես գիտեմ, որ աշխարհի մէջ միլիոնաւոր աղջիկներ դուրս են դպրոցէն եւ երբեք չեն կրնար աւարտել իրենց կրթութիւնը»:
«Իւրաքանչիւր աղջկան պատմութիւնը իւրայատուկ է: Աղջիկներուն ձայները մեր ամէնէն հզօր զէնքերն են կրթութեան հաւասարութեան համար մեր պայքարին մէջ»: @Malala
————————————–
Մալալայի արիւնլուայ դպրոցական տարազը այժմ կը ցուցադրուի Նոպելեան խաղաղութեան կեդրոնատեղիին մէջ, Օսլօ:
– Մալալայի առաջարկ ներկայացուած է ուսանելու Լոնտոնի Օքսֆորտ համալսարանին մէջ: Ան ընտրած է ուսանիլ փիլիսոփայութիւն, քաղաքական գիտութիւններ եւ տնտեսագիտութիւն, հեղինակաւոր դասընթացք մը, որուն հետեւած են բազմաթիւ համաշխարհային ղեկավարներ, ներառեալ` Փաքիստանի հանգուցեալ վարչապետ Պենազիր Պութօ:
– Նոյնպէս` ապրիլին Եուսուֆզայի շնորհուեցաւ Քանատայի պատուոյ քաղաքացիութիւն, եւ ան եղաւ Քանատայի խորհրդարանին մէջ խօսք արտասանող ամէնէն կրտսեր անձը: Վարչապետ Ճասթին Թրուտօ անոր յանձնեց շրջանակի մէջ առնուած քաղաքացիութեան վկայագիրը:
– «Ես գիտեմ, որ աշխարհի մէջ միլիոնաւոր աղջիկներ դպրոցէն դուրս կը գտնուին եւ կրնան բնաւ պատեհութիւնը չունենալ ամբողջացնելու իրենց կրթութիւնը»: @Malala
«Ես կը խոստանամ շարունակել պայքարը աղջիկներու համար»: @Malala
«Ան Զիս Մալալա Անուանեց»
Մալալա Եուսուֆզայի մասին հոկտեմբեր 2015 թուականին հրապարակուեցաւ վաւերագրական շարժապատկեր մը. «Ան զիս Մալալա անուանեց»: Ծանօթ բեմադրիչ Տէյվիս Կուկկենհայմի պատրաստած շարժապատկերը հանրութեան կը ներկայացնէ Մալալայի մտերմիկ կեանքը, անոր ընտանիքը եւ նուիրուածութիւնը, յանձնառութիւնը` զօրակցելու ամբողջ աշխարհի մէջ աղջիկներու կրթութեան:
Ընթերցողներու արձագանգ
– «Կը մաղթեմ, որ գործուն ըլլայ քաղաքական կեանքին մէջ իր երկրին, որ ներկայիս կը տուայտի փտած գործիչներու վարած քաղաքականութեան տակ: Մալալա կրնայ ըլլալ թարմ, ոչ փտած այլընտրանք, որ կ՛անարգէ ահաբեկչութիւնը եւ կը պայքարի կիներու իրաւունքներուն համար»:
– «Մալալա շատ ներշնչող, ոգեւորող անձնաւորութիւն է: Նոյնիսկ ինծի նման միջին տարիքի անձի մը համար ան ներշնչող է»:
– «Ես կը ծափահարեմ ձեզ, Մալալա»:
– «Մալալա իսկական տիպար օրինակ մըն է ամբողջ աշխարհի աղջիկներուն համար: Ամէն ուրբաթ գիշերային զբօսավայրեր այցելելը, զեխ հաւաքոյթներու մասնակցիլը, ոգելից ըմպելի գործածելը սկսած է քանդել աղջիկներու յաջորդ սերունդը»:
– «Ապրի՛ս: Գերազա՛նց… Մեծ բաներ կը սպասեն քեզ: Դուն ներշնչում մըն ես բոլորին»:
– «Շնորհաւորութիւններ: Կը մաղթեմ, որ քու կեանքդ շարունակէ ծաղկիլ, եւ քու բոլոր երազներդ իրականանան»:
– «Այս անգոյն եւ անհամ աշխարհին մէջ դուն իսկական փայլող ծաղիկ մըն ես»:
– «Զարմանալի է, որ քաղաքական գործիչներ չեն կրնար հետեւիլ անոր օրինակին. արդեօ՞ք ճիշդ չեն գտներ ատիկա»:
– «Սարսափելի է մտածելը, որ այսպիսի աղջնակ մը անհաւասար պայքար պիտի մղէ, մինչ կուշտ ղեկավարներ անտարբեր պիտի մնան»:
– «Եթէ մարդկութեան պատմութեան էջերը թերթենք, բազմաթիւ են արդար դատերու համար պայքարի դաշտ նետուած կիներ»:
– «Շարունակէ՛ առաքելութիւնդ, Մալալա՛, արձակուած փամփուշտները կրակողներուն կը վերադառնան»:
– «Երբ կը մտածեմ, որ աշխարհը տակաւին անոր նման առաքեալներու անմիջական կարիքը ունի, ուղղակի կը յուսահատիմ, բայց տեսնելով Մալալայի հաստատակամութիւնը` կը մտածեմ, որ կարելի է տակաւին բան մը փրկել»:
– «Հեգնական է, երբ կը տեսնես, որ պատասխանատուներ իրենց աթոռներուն վրայ անգործ նստած` կը գնահատեն Մալալան»:
– «Փամփուշտէն աւելի ազդու է քու գործդ: Սուրա՛, ոչ մէկ փամփուշտ կրնայ լռեցնել արդար ձայնը»:
Օգտագործուած աղբիւրներ՝
«Պի.Պի.Սի.», «Սի.Էն.Էն.» եւ «Մէյլ»