ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Կոյրը ինչպէ՞ս պիտի տեսնէ ոեւէ անձ կամ որեւէ դէպք, երբ ինք տեսողութենէ զուրկ է: Կրնա՞յ ըլլալ, որ այստեղ խօսքը կը վերաբերի թեթեւ, կամ վատ տեսողութիւն ունեցող տարաբախտ մարդոց, որոնք գէթ շուքի նման կը տեսնեն անցորդները, կամ իրենց մօտեցող մարդիկը կը ճանչնան անոնց ձայնային իւրայատկութենէն:
Կոյրերը բնականաբար ունին յաւելեալ զգայարանք, իրենց շուրջը գտնուող մարդիկը յստակ «տեսնել»-ու համար: Ֆիզիքական տեսողութիւն չէ՛ այս, սակայն` այնպիսի զգացողութիւն, որ բաց աչքերով մարդիկ չկարենան տեսնել այն, ինչը կոյրը «կը տեսնէ» իրեն յատուկ «զգայարանքով», կամ` ֆիզիքապէս գոց աչքերով:
Անձեր եւ երեւոյթներ կան կեանքի մէջ, որոնք յատուկ ծանուցումներու պէտք չունին ճանչցուելու համար: Այս գաղափարը երկիմաստ է, որովհետեւ իրենց բարի գործերով յայտնի մարդիկ բնաւ պէտք չունին ծանօթացուելու. ամէն մարդ կը ճանչնայ զիրենք, իրենց օգտակար գործունէութեամբ եւ շրջապատին հանդէպ ունեցած հոգածու վերաբերումէն: Դարձեալ, կեանքի երեւոյթներէն շատեր, որոնք բարի արդիւնքի կը հասցնեն մարդկութիւնը, կարիք չունին յաւելեալ ծանուցումներու: Ո՞վ չի գնահատեր որբախնամ հաստատութիւններու տարած աշխատանքը, կամ ո՞վ չի գիտեր, թէ ծերանոցներու մէջ անտէր ծերունիներ պատսպարելը աստուածահաճոյ բացառիկ առաքելութիւն մըն է: Յստակ է, որ սոյն երեւոյթներուն մասին գրութիւնները դրական քարոզչութեան նպատակ կը հետապնդեն` ուրիշներ եւս խրախուսելու համար բարեգործութեան մէջ: Սակայն այս երեւոյթները իրենք գնահատանքի կարիք չունին, ո՛չ ալ յաւելեալ մեկնաբանութիւններու` հաստատելու համար անոնց բարի գործ ըլլալը: Գործադրուած աշխատանքը ինքնին վկայ կը դառնայ վերոյիշեալ երեւոյթին մասին, թէ բարի գործ է այդ:
Անձերու եւ երեւոյթներու մասին երկիմաստ սոյն գաղափարը, զոր արծարծելու սկսանք վերեւը, ժխտական երես մըն ալ ունի, որովհետեւ իրենց վատ արարքներով ծանօթ անձերն ալ ծանօթացման կարիք չունին, ո՛չ ալ վատ երեւոյթները յաւելեալ մեկնաբանութեան կը կարօտին: Օրինակ, վատ երեւոյթներու վատթարագոյնը եթէ սպանութիւնն է, ուրիշին վրայ կրակ բացող անձին ըրածը տեսնելով` պատահական անցորդը բնա՛ւ չի մտածեր, թէ արդեօք ի՞նչ ըրած է այդ անձը, որուն վրայ կրակ բացաւ ենթական. իսկ կրակը բացողի արարքին մասին սոյն անձին յստակ եզրակացութիւնը կ՛ըլլայ անոր մարդասպան ըլլալը: Ուրեմն, ի՛նչ ալ ըլլան պարագաները, ուրիշի սպանութեան երբ ականատես դառնանք, սպաննողը մարդասպան պիտի որակենք առաջին իսկ առիթով: Հետագային, եթէ դատարանը փաստէ, որ տուեալ անձը իր ընտանեկան պատուոյն համար հաշուեյարդար կը կատարէր այդ պահուն, մեր տեսակէտը կրնայ փոխուիլ յանկարծ, եւ կրնանք դատարանին հետ միաբերան արդարացնել մեր աչքերով տեսած «ոճրագործ»-ը:
Աւելի «մեղմ» օրինակ եթէ ուզենք մէջբերել այստեղ, կրնանք յիշել իր ծնողքին վրայ ձեռք բարձրացնող զաւակին պարագան: Հանրութեան թէ տան առանձնութեան մէջ իր ծնողքը ծեծի ենթարկող զաւակը, բոլորին կողմէ «կը վկայուի» իբրեւ ապերախտ զաւակ:
Ներկայ ժամանակներուն ծնողներուն հետ իրենց կապը խզած զաւակներու շա՜տ կարելի է հանդիպիլ: Մէկը իր ամուսնութեան թեկնածուին համար ծնողքին հաւանութիւնը չունենալուն պատճառով կը գժտուի ծնողքէն ու կը հեռանայ: Ուրիշ մը ծնողքին ունեցած հարստութեան իր քոյրերուն ու եղբայրներուն հետ համահաւասար ժառանգորդ չդառնալուն համար վիրաւորուած սրտով երես կը դարձնէ ծնողքէն ու անվերադարձ դուրս կու գայ իր հայրական տունէն: Երրորդ մը հօր ստեղծած գործատեղիին մէջ արժանի տեղ չունենալուն պատճառով իր անձնական կեանքը որոնելու կ՛երթայ: Այսպէս, կարելի է երկարել շարքը այն զաւակներուն, որոնք իրենց ծնողներուն հանդէպ կը դիրքորոշուին կամ կեցուածք կը ճշդեն` անոնց «յարմար պատիժ» տուած ըլլալ կարծելով:
Նման տեսարաններու ականատես եղող անձեր շուտով կը մեղադրեն իր ծնողքին հանդէպ անարգական վերաբերում ցուցաբերող զաւակը` ծնողքին անփոխարինելի տեղը նկատի ունենալով իւրաքանչիւր մարդու կեանքին մէջ: Արենակցական ո՛չ մէկ կապ ունեցող ծնողքին հանդէպ երբեմն որդեգիր զաւակներ բացառիկ յարգանք կը ցուցաբերեն` միշտ նկատի ունենալով անոնց տարիքը, իրենց հանդէպ տածած սէրը, ունեցած գուրգուրանքը եւ ցոյց տուած հոգածութիւնը: Իսկ հարազատ զաւակի պարագային, անբացատրելի կը մնայ յարգանքի պակասը ծնողքին նկատմամբ, երբ ենթական կ՛անտեսէ իր գոյութեան պատճառը:
Վերոյիշեալ պարագային եւս յաւելեալ մեկնաբանութեան չի՛ կարօտիր երեւոյթը, որովհետեւ ամէն մարդ ի ծնէ ուսած կ՛ըլլայ ծնողասիրութեան դասը, որ արեան միջոցով կը ներարկուի մարդ արարածի բոլոր երակներուն:
Այս օրինակներով տրուած բացատրութիւնները բանաձեւելու կարիք իսկ չենք զգար, որովհետեւ ամէն մարդ գիտէ զանոնք, սակայն երբեմն անգիտանալ կը ձեւանայ:
Մարդոց երբեմն այնպէս կը թուի, որ կրնան կոյրին «կլլեցնել» իրենց ժխտական ինքնութիւնը, կամ` բացասական երեւոյթները այնպէս ներկայացնել, որ դրական են անոնք:
Բացասական երեւոյթներուն «մեղմագոյնը» կը համարուի անտեղի եւ պատահական ստախօսութիւնը, որ բնականաբար սպանութենէ աւելի «անմեղ» կը նկատուի: Մենք համաձայն չենք ստախօսութեան «անմեղ» ըլլալուն, որովհետեւ անոր պատճառով շատ աւելի մեծ վնասներ կը գործուին մարդկային կեանքին մէջ, որոնք համազօր են սպանութեան: Սակայն իր սկզբնական աստիճաններուն վրայ գտնուող ստախօսութիւնը մարդիկ յաճախ անվնաս կը համարեն, իսկ ստախօսին այնպէս կը թուի, որ ո՛չ ոք իմացաւ իր խօսած սուտը…
Բաց աչքերով եւ սուր տեսողութեամբ մարդոց ուշադրութենէն կը վրիպի յաճախ ստախօսին խօսած սուտը, սակայն կոյրը շուտով կը ճանչնայ ստախօս մարդը ու չի հաւատար անոր ըսածին:
Կոյրերու այս բացառիկ կարողութիւնը գերազանց ուշադրութենէ յառաջ կու գայ, որովհետեւ անոնց հոգեկան զգայարանքը մարդ ճանչնալու մասնաւոր շնորհքով օժտած է զիրենք: Կոյրը ճամբու իր ընկերակիցը ընտրելու պարագային երբեք չի՛ սխալիր: Ան պէտք է վստահի անոր, որմէ կախեալ պիտի ըլլայ ճամբու ամբողջ ընթացքին:
Ստախօսութիւնը կեանքի այն երեւոյթն է, որ կոյրին համար արեւու լոյսով լուսաւորուած գունաւոր ու ջինջ պատկեր կը պարզէ: Երեւոյթները իրենց բիւրեղեայ մաքրութեամբ տեսնելու, կամ մարդոց հոգիին խորքը թափանցելու համար անպայման ֆիզիքական աչքերու պէտք չունիս: Նոյնիսկ կոյրը կրնայ տեսնել ստախօսին ինքնութիւնը, անոր հոգին սեւցուցած մուրը, միտքին մէջ լղճորուող չարածին գաղափարները եւ ի վերջոյ կրնայ իր զգացումները բարձրաձայնելով այդ բոլորի մասին` վնասազերծել շրջապատը ստախօսին վտանգաւոր ներկայութենէն…
Ուրեմն, կոյրը «տեսողութիւն» ունի: Նոյնիսկ ֆիզիքապէս տեսողութիւն ունեցողներէս աւելի՛ յստակ կը տեսնէ կոյրը: Եթէ անոր հետ ճամբայ երթալու պարագային չենք կրնար վստահիլ իրեն, գէթ սակայն կրնանք ապաւինիլ ստախօսները ճանչնալու անոր բացառիկ կարողութեան:
Ստախօսին ձայնաստիճանը, հարցերը համոզիչ դարձնելու բռնազբօս փորձերը, իրերայաջորդ սուտերով իր սուտին ժամանակաւորապէս ճշմարտութեան վերարկու հագցնելու հնարամտութիւնը կոյրին համար առաջին իսկ վայրկեանէն թատերական ծանօթ արարներ են:
Կոյրը կը տեսնէ այն, ինչը դուն չե՛ս տեսներ: