«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Արդէն իսկ տարին լրացաւ «Ասպարէզ»-ի խմբագիր Քրիստափոր (Սենօ) Բագրատունիի մահուան: Կիրակի, 9 յուլիսին, Մոնթեպելլոյի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, Սենոյի մահուան տարելիցին առիթով հոգեհանգիստ պիտի մատուցուի:
Թղթատելով Սենոյի խմբագրած տարիներուն «Ասպարէզ»-ի հաւաքածոն` ձեր ուշադրութեան յանձնել որոշեցինք Խանասորի արշաւանքի տարեդարձին առիթով իր գրած խմբագրականը (28 յուլիս 1972):
Այստեղ մեզ գրաւեց Սենոյի իւրայատուկ մեկնաբանութիւնը` գլխաւորաբար պատժիչ-վրէժխնդրական նկատառումով կազմակերպուած այս պատմական գործողութեան: Խմբագիր Քրիստափոր Բագրատունի այս արշաւանքը կը նկատէ «հայութեան ամբողջականութեան զգացումի, միասնականութեան ու հաւաքական կամքի արտայայտութիւն»: Ազգային միասնականութեան շեշտադրումը` Խանասորի արշաւանքի գնահատման աշխատանքին մէջ, կը մատնէ խմբագիրին արժէքային համակարգին մէջ այդ յատկանիշին ընծայած առանձնայատուկ կարեւորութիւնը:
Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ խմբագրականը.
Յուլիս 25-ին կը լրանար Խանասորի արշաւանքին եօթանասունհինգամեակը: Եւ ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս մեր գաղութը, սփիւռքի բոլոր գաղութներուն նման, պիտի կատարէ այդ տօնը:
Հայ յեղափոխական շարժման անհամար կռիւներուն, պայքարներուն ու մաքառումներուն մէջ Պանք Օթոմանի գրաւման եւ Խանասորի արշաւանքի յեղափոխական գործողութիւնները կ՛արժանանան հայ ժողովուրդի բացառիկ ուշադրութեան: Այս գործողութիւններէն աւելի լայն տարողութիւն եւ կարեւորութիւն ունեցող պայքարներ արձանագրուած են հայ յեղափոխական շարժման պատմութեան մէջ, բայց անոնք նոյն ազդեցութիւնը չեն գործած ժողովուրդի երեւակայութեան վրայ, ոչ ալ արժանացած` նոյն ոգեւոր յիշատակումին:
Այս երեւոյթի բացատրութիւնը կարելի է գտնել այն իրողութեան մէջ, որ այս երկու գործողութիւններն ալ ունէին յստակօրէն սահմանուած եւ դիւրըմբռնելի նպատակակէտներ եւ արագ էին իրենց գործադրութեան մէջ, եւ ուրեմն, հակառակ այն իրողութեան, որ անոնք ունէին իրենց պատմական պատճառները, հեռաւոր նպատակները եւ տարիներու վրայ երկարող անդրադարձները, անոնք ժողովուրդին կը ներկայանային իբրեւ իրենք իրենց մէջ ամբողջութիւն մը կազմող գործողութիւններ, որոնց ըմբռնումը դիւրին էր ու մատչելի, եւ ուրեմն` հոգեբանօրէն ազդեցիկ:
Բայց միայն ասով կարելի չէ բացատրել Պանք Օթոմանի եւ մանաւա՛նդ Խանասորի արշաւանքին գրաւած բացառիկ դիրքը հայ յեղափոխութեան պատմութեան մէջ: Եթէ մինչեւ այսօր անոնք կը շարունակեն իբրեւ ապրում գոյատեւել հայ ժողովուրդի հոգեկան մատեանին մէջ, ապա ուրեմն այդ յեղափոխական գործողութիւններուն եւ հայու հոգեկան ապրումներուն միջեւ գոյութիւն պէտք է ունենան աւելի խոր հոսանքներ:
Այս երկու յեղափոխական գործողութիւններն ալ կը բաժնեն մէկ յատկանշական բնութագիծ: Երկուքն ալ ունին յարձակողական բնոյթ: Անոնք պարտադրաբար ընդունուած ինքնապաշտպանական կռիւներ չեն, այլ` ծրագրուած յարձակողական գործողութիւններ, որոնք կ՛արտայայտեն հայ ժողովուրդին հաւաքական կամքը, կ՛արտացոլացնեն անոր հպարտութիւնն ու վերականգնումը:
Եւ մանաւա՛նդ Խանասորի արշաւանքի պարագային:
1896-ին արմենական Աւետիսեանի, հնչակեան Մարտիկի եւ դաշնակցական Պետոյի խումբերուն եւ իրենց ընկերացող վանեցի հարիւրաւոր երիտասարդներու ջարդը քիւրտերու կողմէ` մեծ ու ըստ երեւոյթին վերջնական հարուած կու տար հայ յեղափոխական շարժման, ու երբ տարի մը ետք Խանասորի արշաւանքով կը պատժուէր քիւրտ մազրիկ ցեղը, որ գլխաւորաբար Աւետիսեանի 800 հոգինոց խումբին կոտորման պատասխանատուն էր, ոչ միայն հայութեան վրէժխնդրութեան հոգեկան պահանջն էր, որ կը գոհացուէր, այլ նաեւ կը փաստուէր, որ հայ յեղափոխութիւնը չէր ճզմուած, այլ ընդհակառակը, իր յարձակողական յաղթական գործունէութեամբ կու գար փաստելու իր վերագտնուած կենսունակութիւնը:
Եւ թերեւս պէտք է նշել նաեւ, որ պատմութիւնը շատ քիչ անգամ հայուն պարգեւած է կռուի դաշտին վրայ յստակօրէն յաղթական դուրս գալու զգացումի ապրումը:
Կարելի է երկար գրել հայ ժողովուրդի եւ հայ յեղափոխութեան հոգեկան վերականգնման մէջ Խանասորի արշաւանքին ունեցած կարեւոր դերի մասին. կարելի է նաեւ մատնանշել անոր ունեցած գործնական նպաստաւոր արդիւնքները` քիւրտերու հայաջինջ ձգտումները զսպելու տեսակէտէն: Սակայն այստեղ կ՛ուզենք գլխաւորաբար վեր առնել Խանասորի արշաւանքին կարեւորութիւնը` իբրեւ հայութեան ունեցած ամբողջականութեան զգացումի արտայայտութիւններէն մէկը:
Թէեւ ծրագրուած ու գործադրուած` բացառապէս Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան կողմէ, Խանասորի արշաւանքը հեռու կը մնար կուսակցական մանր նկատումներէ: Դաշնակցական Պետոյի եւ իր ընկերներու կորուստէն աւելի` արմենական Աւետիսեանի եւ հնչակեան Մարտիկի եւ իրենց կողմնակիցներու վրէժն է, որ կը լուծուէր Խանասորի դաշտին մէջ եւ Արմենական կուսակցութեան կոտորակուած ուժերէն վեր եղող պարտականութիւնն է, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը վերցնէր իր ուսերուն:
Բացի այդ` Խանասորի արշաւանքին մասնակցողներու ծննդավայրի ու բնակավայրի ցանկը ինքնին ցոյց կու տայ, որ ամբողջական հայութեան հաւաքական կամքի առաջին արտայայտութիւններէն մէկն էր Խանասորի արշաւանքը: Ամբողջ հայութիւնը իր թրքահայ, ռուսահայ ու պարսկահայ բաժանումներով ներկայ էր Խանասորի արշաւանքին: Կը բաւէ ըսել, որ այն 19 քաջորդիները, որոնք կ՛իյնային Խանասորի արշաւանքի ընթացքին, կու գային 14 զանազան շրջաններէ` Վան, Շատախ, Համադան, Մուշ, Գողթն գաւառ, Ղազախ, Ղզլար, Նոր Բայազետ, Ալեքսանդրապոլ, Թիֆլիս, Ղարաբաղ, Ախալցխա, Ախալքալաք եւ Տիվրիկ:
Եւ աւելի՛ն. Խանասորի արշաւախումբին կազմը կ՛արտայայտէր նաեւ հայ ժողովուրդի միասնականութիւնը` դասակարգային գետնի վրայ. այդ արշաւախումբին մաս կը կազմէին մտաւորականն ու անգրագէտը, արհեստաւորն ու զինուորը, մեծահարուստն ու աղքատը, քաղաքացին ու գիւղացին, բժիշկն ու քահանան:
Ու հակառակ յետին մտքերէ դրդուած ուրացումներու` Խանասորի արշաւանքը հայոց արդի պատմութեան մէջ պիտի արձանագրուի, ինչպէս արձանագրուած է արդէն հայու հոգեկան պատմութեան մէջ` իբրեւ հայութեան ամբողջականութեան զգացումի, միասնականութեան ու հաւաքական կամքի արտայայտութիւն: