Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17158

Խմբագրական «Նոր Յառաջ»-ի. Արժանահաւատութեան Ուղին

$
0
0

Ֆրանսա եւ Հայաստան յետ ընտրութիւններու կազմեցին նոր կառավարութիւն: Վերլուծաբաններ եւ կուսակցութիւններ մանրակրկիտ կը քննարկեն կառավարութեանց դիմակայելիք մարտահրաւէրները: Թէեւ, Ֆրանսայի պարագային, վարչապետ Ֆիլիփ կառավարութեան քաղաքականութեան ծրագիրը տակաւին չէ ներկայացուցած, սակայն արդէն ընդհանուր գիծերու մէջ գաղափարները արտայայտուած են` աշխատանքային օրէնսդրութեան հիմնական փոփոխութիւն, միջազգային ահաբեկչութեան դէմ ազգային ապահովութեան ամրապնդման համար նոր օրէնսդրութիւն, կրթական համակարգի բարեփոխում, հանրային կեանքի բարոյականացում, ինչպէս նաեւ` պետական պարտքի եւ հարկային դրութեան կարգաւորում:

Փոխարէնը` վարչապետ Կարէն Կարապետեան արդէն ներկայացուց իր կառավարութեան ծրագիրը: Ֆրանսա եւ Հայաստան բնաւ նոյն մարտահրաւէրները չեն դիմագրաւեր. Կարապետեան-2 կառավարութեան ծրագիրը գլխաւոր երկու նպատակ կը հետապնդէ` աղքատութեան եզրին գտնուող զանգուածին 12 տոկոս նուազումը եւ երկրի ռազմական դիմադրականութեան ու ապահովութեան ամրապնդումը: Տնտեսական բարօրութեան համար վարչապետը կը նախատեսէ ազատ մրցակցային շուկայի պայմաններու հաստատում, կաշառակերութեան դէմ պայքար, որուն համար անհրաժեշտ է դատական համակարգի անկախութեան հաստատումը, եւ անշուշտ` արտասահմանեան ներդրումներու խթանում: Այս վերջին կէտին համար մասնաւորապէս կը շեշտէ սփիւռքի հայրենակիցներուն ներդրումներու կարեւորութիւնը:

ՀՀ կառավարութեան ծրագիրը քննադատուեցաւ ընդդիմութեան եւ վերլուծաբաններու կողմէ այն պատճառաբանութեամբ, որ նախորդ կառավարութեան ծրագիրներէն հիմնական տարբերութիւն չունի: Ընդհանուր առմամբ չկայ բարեփոխումներու գանձատրման յստակ նախագիծ, որով կարելի ըլլայ ապահովել անոնց գործադրութիւնը: Արտաքին պարտքի կուտակումը աւելի ու աւելի դժուար կը դարձնէ միջազգային դրամատնային շուկայէն օգտուելու միջոցները:

Այս պայմաններուն մէջ ուշագրաւ էր Եւրոպական Միութեան դեսպան Փիոթր Սվիթալսքիի կողմէ Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբին (ԿԸՅ) ուղղուած թելադրանքները, որոնք Հանրապետական կուսակցութեան բուռն հակազդեցութեան արժանացան: Դեսպան Սվիթալսքի կը թելադրէր ԿԸՅ-ին, որ իր մէջ ներգրաւէ ընդդիմութենէն անդամներ, որպէսզի արժանահաւատ դառնայ եւ հանրութեան վստահութիւնը շահի: Զարմանալիօրէն Հանրապետական կուսակցութիւնը ամբաստանեց դեսպանը` Հայաստանի ներքին գործերուն միջամտելու մեղադրանքով: Զարմանալի, որովհետեւ Եւրոպական Միութիւնը ամէնէն մեծ ներդրումը կատարող միջազգային կազմակերպութիւնն է, որ Հայաստանի հետ թիրախային նոր դաշինք մը ստորագրելու ընթացքի մէջ է: Եթէ սփիւռքի պարագային կարելի է միշտ զգացական ջիղին վրայ խաղալ` ներդրումներ ապահովելու համար, նոյնը չէ պարագան միջազգային կազմակերպութիւններուն:

Այսպիսի վիճակներ ցոյց կու տան Հայաստանի կառավարութեան ու անոր ետին կանգնած Հանրապետական կուսակցութեան` կառավարման ծրագիրներու արժանահաւատութիւնը: Սեպտեմբերին տեղի պիտի ունենայ Հայաստան-սփիւռք 6-րդ համագումարը. արդեօք սփիւռքի ղեկավարները քաջութիւնը պիտի ունենա՞ն կառավարութեան հետ խօսելու ճշմարտութեան, արժանահաւատութեան եւ արդիւնաւէտութեան լեզուն:

Ժ. Չ.


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17158

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>