Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17166

«Գործերուս Մէջէն Կ՛ուզեմ Ցոյց Տալ Անտեսանելիներուն Տեսանելիութիւնը». Հրայր Սարգիսեան

$
0
0

Պատրաստեց՝ ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

Հրայր Սարգիսեան` Լոնտոն հաստատուած դամասկոսահայ արուեստագէտը, իր լուսանկարչական գործիքով կ՛արտայայտէ իր մանկութեան, յիշողութեան, ինքնութեան, աղէտի հետեւանքներու եւ անցեալի կործանումներու մասին: Հրայր Սարգիսեանի գործերը, սակայն, անշարժ պատկերներ չեն միայն, այլ կը ներառեն արուեստի տեղադրումներ (արթ ինսթըլէյշըն), որոնց ամբողջութիւնը կրնայ դիտողը փոխադրել պատումի մը ուղիով:  Հինգշաբթի, 6 յուլիսի երեկոյեան ժամը 6:00-ին «Սորսոք» թանգարանը բացումը կը կատարէ Լիբանանի մէջ Հրայր Սարգիսեանի առաջին անհատական ցուցահանդէսին, որ կը կրէ «Հայրենակարօտ» խորագիրը: Այս առիթով կ՛այցելենք թանգարան ու կը զրուցենք արուեստագէտին հետ:

Հայրենակարօտ

«Սուրիոյ պատերազմը իր ազդեցութիւնը ունէր վրաս անկասկած, թէեւ 2008 թուականին էր, որ հեռացայ Դամասկոսէն` Եւրոպա ուսանելու եւ աշխատելու համար: Ծնողքիս տակաւին Դամասկոսին ապրիլը միշտ ալ զիս Դամասկոսին կապած էր, եթէ ոչ ֆիզիքապէս, գէթ մտովին. միշտ լուրի մը սպասելու վիճակի մէջ կը գտնուիս, երբ նման պարագայ մը ունենաս: Այս գործը, զոր կը տեսնես այս սենեակին պատերուն վրան, երկու տեսերիզներ են, որոնք առաջին անգամ ցուցադրած եմ 2014-ին` զայն տալով «Հայրենակարօտ» վերնագիրը: Մէկ պատին վրայ ցուցադրուած տեսանիւթը մեր շէնքին վերարտադրումն է: Ճարտարապետի մը համագործակցութեամբ վերարտադրեցի Դամասկոսի մէջ մեր ապրած շէնքը` գործածելով իսկական շինանիւթեր, այսինքն` աղիւս, շաղախ, քար եւ այլն: Այս վերարտադրումը, որ շուրջ 2 ամիս տեւեց, 2 մեթր բարձրութիւն, 248 սանթիմեթր լայնք եւ 170 սանթիմեթր խորք ունի: Միւս պատին վրայ ես կ՛երեւիմ մուրճով ու բան մը կը քանդեմ: Դէմքս է, որ յատկապէս կ՛երեւի եւ քանդումի ձայները կը լսուին` «թախ-թախ-թախ»: Իւրաքանչիւր մուրճի հարուածէ ետք նկարած եմ շէնքը, արձանագրելու համար շէնքին կործանումը: Եօթը ժամ վերջ եւ 650 զարկերէ ետք շէնքը փլաւ` այսինքն այս նկարներուն շարքը, որ տեսերիզի ձեւով կ՛երեւի ցուցադրութեան մէջ, բաղկացած է 650 նկարներէ:

Հայրենակարօտ

«Մեր տան աշխարհագրական վայրը ռմբակոծման թիրախ է, քանի որ ռուսական դեսպանական շրջակայքը կը գտնուի, որ այդ պատճառով բազմիցս մեր ապրած շէնքը ռմբակոծման ենթարկուած է ու քանի անգամներ մեր յարկաբաժինը տուժած է: Բայց այս գործը բացարձակօրէն պատերազմի հետեւանքով քանդումի մը ներկայացումը չէ, որովհետեւ որեւէ մէկ աղէտ իբրեւ հետեւանք տունի մը քանդումը նոյնքան կրնայ խոցել հոգիդ: Ըսեմ, որ երբ Սուրիոյ պատերազմին իբրեւ հետեւանք արուեսագէտներ անմիջականօրէն այդ նիւթին մասին արտադրումներ կատարեցին, ես մերժեցի այդ հոսանքին պատկանիլ. մինչեւ հիմա ալ կը մերժեմ պատերազմի մասին գործ մը ընել: «Հայրենակարօտ»-ին նպատակը ցոյց տալ էր ընտանիքի մը, այս պարագային` իմ ընտանիքիս, տուն-տեղ կորսնցնելու արհաւիրքը: Տնանկ ըլլալու գաղափարը բոլորին հասանելի եւ բոլոր ժամանակներու կը պատկանի:

«Այս առաջին յարկի ձախ կողմի յարկաբաժինը մեր տունն է: Ես այս քանդելով, այսինքն այս գործով, կ՛ուզեմ յաղթահարել երեւակայութեանս մէջ միշտ ներկայութիւն ունեցող այն մտահոգութիւնը, որ վախի զգացում կը ծնի մէջս օրուան տարբեր ժամերուն ընթացքին ու միշտ ներկայ է մտահոգութիւնը առօրեայիս մէջ: Կ՛ուզեմ այս շէնքը քանդելով կտրել այս հոգեվիճակը:

Հայրենակարօտ

«Միւս սենեակին ցուցադրութիւնն ալ այլ պատմութիւն մըն է: Այս գործը առանձնապէս «Հորիզոն» կը կոչուի, թէեւ այս ցուցահանդէսին մէջ միացած է «Հայրենակարօտ» խորագիրին ներքեւ: Այս գործը առաջին անգամ  2016 դեկտեմբերին ցուցադրեցի, եւ ասիկա իր երկրորդ ցուցադրութիւնն է: Հոն ալ երկու տեսերիզներ պիտի տեսնէք` մէկը պիտի տեսնէք գետինը ցուցադրուած, իսկ միւսը պատին վրայ: Առաջինը կը ներկայացնէ գաղթականներուն` Թուրքիայէն Յունաստան տանող Միջերկրական ծովուն ամէնէն կարճ ճանապարհը` 1,2 քիլօմեթր, իսկ միւսը կղզին, որ հետզհետէ կը մօտենայ: Այս գործով կը միտիմ ցոյց տալ այն արկածախնդրութիւնը, որմէ գաղթականները կ՛անցնին հասնելու համար ափ մը, ուր չեն գիտեր, թէ ի՛նչ պիտի պատահի: Ձեւով մը դիմացի ափը այնքան ալ ապահով չէ` համեմատած ջուրին: Վտանգը իրենց կեանքը կը պատէ բոլոր կողմերէն:

Գաղթական կամ Վերապրող հասկացողութիւն

«Հիմա հակում մը կայ արուեստի գործերուն, եթէ ոչ բոլոր, բայց մեծ թիւով գործերուն կեդրոնացումը տանիլ գաղթականներուն կարգավիճակին վրայ: Ես այդ չեմ փորձեր ընել, եւ ինչպէս ըսի «Հայրենակարօտ»-ին պարագային, գործերուս նպատակը Սուրիոյ պատերազմը ցոյց տալ չէ, այլ իմ ինքնութեանս պատճառով իմ ապրումներս ցոյց տալ է: Իբրեւ հայ միշտ ալ թափառական եղած ենք, տունէ տուն փոխադրուած ենք: Հարց կու տամ ես ինծի` ո՛ւր է մեր տունը: Ինծի համար տուն է հոն, ուր երդիք կայ գլխուս վերեւ, քանի որ փաստօրէն եթէ տարբեր ձեւով մտածեմ կեանքիս ամբողջ ընթացքը պիտի փոխուի, տարբեր մտածումներ, տագնապներ մէջտեղ պիտի գան: Կը նախընտրեմ տեղ մը ըլլալ, ուր կրնամ ստեղծագործել: Եւ հիմնականօրէն տունին արժէքը մենք շատ աւելի լաւ գիտենք, քանի որ միշտ թափառական ապրած ենք: Ինչպէս պարզ կեանքիդ մէջ ալ որքան տունէդ դուրս ուրախ ըլլաս, միշտ կ՛ուզես տուն վերադառնալ, նոյնն է պարագան ժողովուրդներու հայրենի տուներուն: Անշուշտ աւելի խրթին է հաւաքական տնանկ ըլլալը, մանաւանդ երբ մորթիդ վրայ կ՛ապրիս ատիկա: Հոն կան պատմութիւններ, որոնք մէկ տունէ միւս տունը փոխադրութեան ժամանակ հետդ կը տանիս ու քեզմէ մաս կը կազմեն: Անկարելի է ինծի համար մոռնալ հայութիւնս, Ցեղասպանութիւնս եւ անոր համար գործերս դէպի հոն կը հոսին, որովհետեւ ունիմ իմ ընտանիքիս ու իմ  պատմութիւններս փոխադրութիւններուս մէջ:

Մեր այս խօսակցութիւնը տեղի կ՛ունենայ յոտնկայս, «Սորսոք» թանգարանին գետնայարկը, որուն երկու սենեակները կը պատրաստուին հինգշաբթի օրուան ցուցահանդէսին: Սարգիսեան անձամբ կը հսկէ պատրաստութեան: Մէկ սենեակէն կը լսուին մուրճի հարուածներ, միւս սենեակէն գործիքներու ձայներ: Թանգարանին պաշտօնեաներէն մէկը կ՛ընդմիջէ, կը բարեւէ Սարգիսեանին ու հակիրճ կը խօսին ցուցահանդէսին բացումին մասին: Մենք դանդաղօրէն կը քալենք ընդունարան ու կը տեղաւորուինք մուտքի նստարաններէն մէկուն վրայ` շարունակելու համար մեր խօսակցութիւնը` խորանալով արուեստագէտին այլ գործերուն եւ այս գործին զուգահեռներուն մասին:

Գործերս Արտայայտութեան Միջոց Են

Մահապատիժի հրապարակ

«Իմ գործերս իմ ներքին աշխարհիս արտայայտութեան միջոցներ են: Շուրջիդ անցուդարձերը շատ մեծ ազդեցութիւն կրնան ձգել վրադ, մանաւանդ երբ միշտ ենթակայ ես աղէտի հետեւանքներուն, եթէ նոյնիսկ աղէտէն ֆիզիքական վնասով դուրս չես գար, միշտ ալ հոգեխոցները ներկայ կ՛ըլլան շուրջդ: Դժուար է բան չկարենալ ընել, երբ ենթակայ ես այս բոլորին: Իմ պարագայիս գործերս միջոց մըն են ձեւով մը անկարող կամ անդամալոյծ վիճակէ մը դուրս ելլելու: Ցաւ կայ բոլոր գործերուս մէջ, այո՛, նոյնիսկ երբ գործը հիմնուած չէ պատերազմի վրայ: Օրինակ գործերէս մէկը կը կոչուի «Յետնամաս» (Background), ուր նկարած եմ միջինարեւելեան վեց քաղաքներու` Ամմանի, Պէյրութի, Ժիպէյլի, Գահիրէի, Ալեքսանդրիոյ եւ Պոլսոյ լուսանկարչատուներու աշխատանոցներու յետնամասերը, որոնք վարագոյրով բաժնուած կ՛ըլլային: Հոն ընտանիքներ իրենց ընտանեկան լուսանկարները կը նկարուէին: Հիմա այս մշակոյթը չկայ եւ ատիկա ցաւ կը պատճառէ ինծի, մանաւանդ որ հայրս Դամասկոս իր լուսանկարչատան մէջ այս մշակոյթը ունէր, եւ ես կապուածութիւն մը ունիմ ատոր: Այլ գործ մը, որ կը կոչուի «Մահապատիժի հրապարակներ» (Execution Squares), Հալէպի, Լաթաքիոյ եւ Դամասկոսի մահապատիժի հրապարակներն են. այս գործին հետ ալ առնչուած եմ, որովհետեւ դպրոցական օրերէս մէկուն առաւօտուն ականատես եղած եմ երեք մահապատիժի ենթարկուած դիակներու, որոնք աչքը բաց ինծի կը նայէին: Այս տեսարանը միշտ հալածած է զիս եւ արուեստի գործը, զոր կատարած եմ, ձեւ մըն է յաղթահարելու այդ ահաւոր տեսարանը: Այս դատարկ հրապարակները նկարելով նոր պատկեր կը ստեղծեմ եւ կ՛ըսեմ, որ անոնք այլեւս չեն գոյանար:

Զապիպա-աղօթանշան

«Ես կը նկարեմ աշխարհագրական դիրքեր, յիշատակներ, դատարկութիւններ, նոյնիսկ երբ գործիս մէջ կերպարներ կան, չեն երեւիր, օրինակ «Չբացայայտուած» խորագիրով (Unexposed) գործս, որ այն հայերուն մասին է, որոնք վերջերս քրիստոնեական հաւատքին կը վերադառնան ու կը մկրտուին: Այս գործին մէջ կերպարներ կան, բայց յստակ չեն: Նշեմ, որ «Չբացայայտուած»-ը (Unexposed) 2015 թուականին Վենետիկի «Հայկական Փավիլիոն»-ին («Armenian Pavilion») մէջ ցուցադրած եմ: Ինծի համար լուսանկարներուս մէջ անհատներու գոյութիւնը հետաքրքրութեան սահմաններէս դուրս է, բացի անշուշտ երբ թիրախը այդ է:

Հայրենական ծիրին մէջ «Քաղաքի կմախք» (City Fabric) գործով ցոյց կու տամ Երեւանի մէջ դատարկ շէնքերը, որոնք կառուցուած են հայրենադարձերուն համար, բայց բնաւ չեն բնակեցուած հայրենադարձերով: 2007-ին աշխատած եմ Արցախի մէջ, «Ճակատ» (Front line) գործով, ուր ցոյց կու տամ Արցախի իրավիճակը պատերազմէն ետք եւ անոր բերած դժբախտութիւնները թէ՛ մարդկութեան, եւ թէ տարածքին, որոնք մեծաւ մասամբ անբնակեցուած են: Նպատակ ունէի նաեւ Ազրպէյճան անցնիլ եւ նոյն աշխատանքը հոն կատարելով երկուքը դէմ առ դնելու, սակայն անկարելի էր: Գիտե՞ս, հողը կարեւոր է, բայց մարդն է տուժողը, եւ ա՛յդ է, որ կ՛ուզէի ցոյց տալ:

Այ. պատմութիւն

«Ինքնութեանս եւ յիշողութիւններուս ծիրին մէջ աշխատած գործերէս մէկը «այ.պատմութիւն» (istory) անունով գործն է, որ նուիրուած է Պոլսոյ կիսա-անձնական եւ հանրային գրադարաններու մէջ գտնուող արխիւներուն, ինչպէս` Հնագիտական թանգարան, Թոփքափի պալատի գրադարանները, Աթաթուրք գրադարանը, Պետական գրասենեակներու Օսմանեան արխիւները, «Կարանդի» դրամատան Օսմանեան դրամատան արխիւները: Այս արխիւները անշուշտ Հայ դատի եւ ցեղասպանութեան արխիւներ կը պարունակեն: Այս գործին համար գործակցած եմ Թուրքիոյ «ՍԱԼԴ» ժամանակակից արուեստի հիմնարկին հետ, որ օգնեց ինծի կապեր հաստատելու առումով, անշուշտ իմ կողմէս զգուշութեամբ: Հետաքրքրական էր այս փորձառութիւնը, քանի որ յստակ էր Թուրքիոյ կողմէն ինծի հանդէպ իրենց կասկածամտութիւնը եւ փաստօրէն «Ազգային արխիւներու կեդրոն»-ը, ուր ցեղասպանութեան մասին արխիւներ կան, չարտօնեց նկարահանեմ գրադարանը, այլ  արտօնեց նկարեմ միայն ընթերցարանը իրենց դատարկ պահարաններով: Անշուշտ այդ մէկն ալ իր իմաստը ունէր թէ՛ քաղաքական, թէ ալ արուեստի առումով»:

Մեր խօսակցութեան ընթացքին Հրայր Սարգիսեան ժպիտով կը նշէ, թէ հեռուէն մօտեցողը իր հայրն է: Երբ կը մօտենայ, ձեռք կը թօթուենք ու կը զրուցենք Դամասկոսի մէջ «Ազդակ» օրաթերթ հասնիլ-չհասնելու մասին: Հայրը, Վարդան Սարգիսեան, Հրայր Սարգիսեանի առաջին լուսանկարչական դպրոցը եղած է, ուրկէ ան մեկնարկած է իր այս ասպարէզի:

Հօրս Աշխատանոցէն` Միջազգային Արուեստ

«Լուսանկարչութիւնը կրնայ վաճառանական ըլլալ, կրնայ արուեստի գործ ըլլալ: Ընկերային ցանցերուն վրայ կան բաւական մեծ թիւով լուսանկարիչներ, որոնց գործերը այդ հարթակին վրայ կը ցուցադրեն, բայց ատիկա տարբեր շրջանակ ունի: Ես իմ ապրուստս այս արուեստի գործերէս կ՛ապահովեմ ու կը պատկանիմ արուեստի աշխարհին: Գործերս լուսանկարներու կողքին նաեւ տեսերիզներ են, ապագային պիտի աշխատիմ քանդակներով եւ այլն:

Լուսանկարչութիւնը ժառանգեցի հօրմէս` Վարդան Սարգիսեանէն: Ան Հալէպ ծնած է ու սկիզբը ինքնաշարժի նորոգութեամբ զբաղած է: Դամասկոս փոխադրուելէ ետք աշխատած է Տիգրան անունով լուսանկարիչի մը մօտ, ուրկէ սորված է արուեստը: Ժամանակի ընթացքին զարգացուցած է ձիրքը ու աւելի ուշ դարձած է շրջանի հանրածանօթ լուսանկարիչ, որ կը նկարէր հարսանիքներ, հանրածանօթ դէմքեր, մինչեւ իսկ նախագահներ: Սկիզբի շրջանին Սուրիա տակաւին լուսանկարներ լուալու եւ պատրաստելու պէտք եղած սարքը չունէր եւ ամէն անգամ նկարները Պէյրութ կը ղրկէին: 1978-ին հայրս ինքը եղած է շրջանին առաջին եւ երկար ժամանակ միակ լուսանկարիչը, որ իր աշխատանոցը օժտած է լուսանկարչական սարքերով: Այն ժամանակ օրական շուրջ 2000 ֆիլմ կը լուային: Մինչ այդ դպրոցական օրերէս ի վեր արդէն ես իմ ժամանակս հօրս լուսանկարչութեան աշխատանոցին մէջ կ՛անցընէի: Թէեւ դպրոցս աւարտելէս ետք հայրս պնդեց, որ ես համալսարան յաճախեմ, բայց հազիւ մէկ շաբաթ յաճախած էի, վերադարձայ հօրս աշխատանոցը: Հոնկէ արդէն սկսաւ ճանապարհորդութիւնս դէպի արուեստի աշխարհ: Այս տաղանդը զարգացուցի նախ Ֆրանսա, ապա Ամսթրտամ եւ ի վերջոյ` Լոնտոն ուսանելով»:

Հրայր Սարգիսեանի «Հայրենակարօտ» գործը, արուեստագէտին ներկայութեամբ, պիտի սկսի ժամը 6:00-ին եւ կը տեւէ մինչեւ 2 հոկտեմբեր` ժամը 6:00-էն 10:00:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17166

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>