Ն. Պ.
Յուլիս ամսու առաջին այս օրերուն, 104 տարի առաջ, Արեւելեան Թրակիոյ ծովեզերեայ Ռոտոսթօ քաղաքը ներկուեցաւ ազգային փոքրամասնութեանց պատկանող քաղաքացիներու, յատկապէս հայերու եւ յոյներու անմեղ արեամբ:
1913-ի Պալքանեան պատերազմի մթնոլորտին մէջ, ոչթրքաբնակ քաղաքը վերագրաւած թրքական զօրքերը, 1 յուլիս 1913-էն սկսեալ, կոտորեցին անզէն հայերն ու յոյները` հրոյ ճարակ դարձնելով անոնց տուներն ու խանութները:
Մարմարա ծովու արեւմտեան ափին գտնուող նաւահանգիստ քաղաք է Ռոտոսթոն, որ այսօր մաս կը կազմէ եւրոպական Թուրքիոյ, առաւելաբար թուրքերով բնակուած է եւ 1923-էն ի վեր կը կոչուի Թեքիր Տաղ:
104 տարի առաջ միայն սակաւաթիւ թուրքեր կ’ապրէին Ռոտոսթոյի մէջ, որ առաւելաբար յունական եւ հայկական քաղաք էր: -Յայտնագործուած էր հին ժամանակ յոյն վաճառականներու եւ նաւաստիներու կողմէ, որոնք դարերու ընթացքին նախ յունական, ապա բիւզանդական քաղաքակրթութեան կարեւոր կեդրոնի վերածած էին զայն:
Նոյնքան հին ժամանակներէ կու գայ հայերու ներկայութիւնը Ռոտոսթոյի մէջ, որ ինչպէս հայոց առեւտուրի, այնպէս եւ հայկական մշակոյթի, ձեռարուեստի եւ գրականութեան ծանօթ կեդրոն եղած է:
Ինչպէ՞ս պատահեցաւ, որ Ռոտոսթոյի եւ անոր մերձակայ` նոյնպէս հայաբնակ Մալկարա գիւղաքաղաքին հայ բնակիչները, 1913-ի յուլիս 1-էն սկսեալ, կոտորածի եւ աւերումի ու թալանի ենթարկուեցան թրքական զօրքերուն կողմէ:
30 յունիս 1913-ին սկսաւ Պալքանեան երկրորդ պատերազմը:
Հազիւ ամիս մը առաջ, 30 մայիս 1913-ին, վերջ գտած էր Պալքանեան առաջին պատերազմը, որ բռնկած էր 9 հոկտեմբեր 1912-ին` մէկ կողմէ պալքանեան չորս երկիրներու (Պուլկարիա, Յունաստան, Սերպիա, Մոնթենեկրօ) դաշնակցութեան եւ միւս կողմէ Թուրքիոյ միջեւ:
Պալքանեան առաջին պատերազմին Թուրքիա կրեց ծանրագոյն պարտութիւն եւ պարտաւորուեցաւ 30 մայիս 1913-ին ստորագրելու Լոնտոնի հաշտութեան դաշնագիրը, որուն հիման վրայ կորսնցուց Պալքանեան թերակղզիի իր տիրապետութեան ենթակայ բոլոր հողերը: Պոլիսէն եւ Արեւելեան Թրակիոյ փոքր մէկ բաժինէն զատ ոչինչ մնաց եւրոպական Թուրքիայէն:
Հայութիւնը եւս աշխուժ մասնակցութիւն ունեցաւ Պալքանեան առաջին պատերազմին: Անդրանիկի եւ Գարեգին Նժդեհի հրամանատարութեամբ, Դաշնակցութեան կամաւորական գունդերը յանդուգն գործողութիւններ իրագործեցին թրքական զօրքերուն դէմ` հերոսի դափնեպսակին ու զինուորական կոչումներու արժանանալով պուլկար սպայակոյտին կողմէ:
Իսկ Պուլկարիան եղաւ գլխաւոր յաղթականը Պալքանեան առաջին պատերազմին` խլելով առիւծի բաժինը օսմանեան բռնատիրութենէն ազատագրուած հողերուն:
Բայց թէ՛ Պուլկարիոյ պալքանեան դաշնակիցները` Յունաստանն ու Սերպիան դժգոհ մնացին, որ ազատագրուած հողերէն իրենց սպասած բաժնին չկրցան տիրանալ, թէ՛ եւրոպական մեծ տէրութիւնները մտահոգուեցան, որ ուղղափառ դաւանանքի դրօշակիր ցարական Ռուսիան միակողմանիօրէն շատ ընդարձակած էր իր ազդեցութեան գօտիները Պալքաններու մէջ:
Հետեւանքը եղաւ հրահրումը, 1913-ի յունիս 30-ին, Պալքանեան երկրորդ պատերազմին` այս անգամ մէկ կողմէ Պուլկարիոյ եւ միւս կողմէ` Թուրքիոյ, Յունաստանի, Սերպիոյ, Մոնթենեկրոյի եւ Ռումանիոյ միացեալ ճակատին միջեւ:
Թէեւ իր նախորդին բաղդատած` կարճ տեւեց եւ 10 Օգոստոս 1913-ին աւարտեցաւ Պալքանեան երկրորդ պատերազմը, բայց «ազգային մաքրազտում»-ի առումով անհամեմատաբար ահաւոր եւ ծանրակշիռ եղաւ:
Յատկապէս Ռոտոսթոյի եւ Մալկարայի հայերը, որոնք ուղղակի մասնակցութիւն չէին ունեցած Պալքանեան առաջին պատերազմին, թիրախ դարձան թրքական վրէժխնդրութեան եւ ցեղասպանական մոլուցքին:
Պալքանեան երկրորդ պատերազմը վերջ գտաւ Պուլկարիոյ պարտութեամբ եւ թրքական լուծէն ազատագրուած հողերու վերաբաշխումովը պալքանեան միւս` յաղթական երկիրներուն միջեւ:
Թրքական պետութիւնը չարաշահեց Պալքանեան երկրորդ պատերազմով ներկայացած առիթը, որպէսզի ձեռնամուխ ըլլայ Օսմանեան կայսրութեան սահմանային գօտիները ազգային փոքրասնութիւններէ «մաքրազտելու» եւ «վնասազերծելու» իր ծրագրին գործադրութեան:
Կայսրութեան հիւսիսարեւմտեան` եւրոպական սահմանագօտիին ռազմավարական կարեւոր դիրքերէն Ռոտոսթօ քաղաքը այդ հիման վրայ էր, որ թիրախ դարձաւ արիւնալի «մաքրագործումներու»…
Պատերազմէն ետք, եւրոպական մեծ տէրութեանց միացեալ նախաձեռնութեամբ, կեանքի կոչուեցաւ քննիչ յանձնախումբ մը, որ երկուստեք գործուած ոճիրները ցուցակագրեց եւ կարեւորութեամբ կանգ առաւ այն փաստին վրայ, որ թրքական կանոնաւոր զօրքերու ձեռամբ, Ռոտոսթոյի մէջ, սպաննուեցան աւելի քան հազար հայեր, շուրջ 300 հայոց բնակարաններ ու 500-է աւելի հայոց խանութներ կողոպտուեցան եւ հրոյ ճարակ դարձան:
Թրքական զօրքերու գործած հակահայ խժդժութիւնները յաւելեալ պատճառ մը եղան, որպէսզի եւրոպական դիւանագիտութեան օրակարգին վրայ դրուած հայկական բարենորոգումներու հարցը վերստին հրատապ բնոյթ ստանայ: Ամիսներու վրայ երկարած բանակցութեանց շնորհիւ` փետրուար 1914-ին եւրոպական մեծ տէրութիւնները յանգեցան այն համախոհութեան, որ Օսմանեան կայսրութեան արեւելեան` հայկական նահանգներու բարեկարգումները իրագործելու համար հարկ է կիրարկել տեղական լայն ինքնակառավարման դրութիւն: Որոշուեցաւ հաստատել հայկական ինքնակառավարման երկու շրջան` Կարին եւ Վան, նշանակելով եւրոպացի երկու կառավարիչներ, որոնք անմիջապէս ճամբայ ելան դէպի իրենց նստավայրերը, բայց անոնք դեռ տեղ չհասած` արդէն բռնկեցաւ Ա. Աշխարհամարտը եւ… ջուրը ինկաւ եւրոպական դիւանագիտութեան յապաղած այդ նախաձեռնութիւնը:
Այսպէս, 104 տարի առաջ, Ռոտոսթոյի հայութեան դէմ իր ձեռնարկած սպանդով թրքական պետութիւնը իր առաջին քայլը նետեց տարիներէ ի վեր իր մշակած «ազգային մաքրազտում»-ի ցեղասպանական ծրագրին գործադրութեան ուղղութեամբ:
Օսմանեան կայսրութեան արեւմտեան սահմանները ազգային փոքրամասնութիւններէ «մաքրագործելէ» ետք, թուրք պետական միտքը թափով լծուեցաւ նաեւ իր հարաւային եւ արեւելեան նահանգները ազգային փոքրամասնութիւններէ «վնասազերծելու գործին»:
Յատկապէս հայ ժողովուրդին նկատմամբ աննախընթաց տարողութիւն ունեցան ցեղասպանութեան ճամբով Հայկական հարցէն մէկանգամընդմիշտ «ձերբազատուելու» թուրք պետական հրէշային ծրագրին մշակումը եւ գործադրութիւնը:
Պատրուակելով, որ Պալքանեան պատերազմէն ետք եւրոպական մեծ տէրութեանց կողմէ միասնաբար մշակուած հայկական բարենորոգումներու եւ բուն Հայաստանը տեղական ինքնակառավարումով օժտելու ծրագիրը կրնար աւելիով սեղմել թրքական պետութեան սահմանները, իթթիհատական կառավարութիւնը սկսաւ պատրաստուիլ միջազգային քաղաքական այն նպաստաւոր պահուն, երբ ի վիճակի պիտի ըլլար արմատական «լուծում» մը տալու «վտանգ»-ին…
Ա. Աշխարհամարտի բռնկումը թրքական պետութեան ընձեռեց այդ սպասուած առիթը: Օգտուելով միջազգային լարուածութեան եւ իրարանցումի առիթէն` թրքական պետութիւնը ամբողջ ուժով նետուեցաւ աշխարհամարտի թոհուբոհին մէջ, կայսերապետական իր սահմաններուն մնացորդը արմատապէս թրքացնելու եւ, այդ ճամբուն վրայ, Հայկական հարցէն մէկանգամընդմիշտ ձերբազատելու հրէշային իր ծրագիրը` Հայոց ցեղասպանութիւնը գործադրութեան յանձնելով:
Ռոտոսթոյի մէջ յուլիս 1913-ի առաջին օրերուն գործուած հայերու ջարդը, այդ առումով, փորձարկման առիթի դեր կատարեց թուրք ցեղասպան պետութեան ծրագրած հետագայ Հայոց ցեղասպանութեան գործադրութեան համար: