ԱՆԹԻԼԻԱՍ – Արաբերէն լեզուով եւ աւելի քան հազար էջերու վրայ տարածուած հատոր մը լոյս տեսաւ վերջերս, որ կը կրէ «Արեւելեան եկեղեցիներու նահատակները» խորագիրը: Հատորը լոյս տեսաւ Լիբանանի ամերիկեան գիտական եւ արհեստագիտական համալսարանին (AUST) կողմէ: Գիրքին նախաձեռնութիւնն ու պատրաստութիւնը ստանձնած է մարոնի եկեղեցւոյ դպրեվանքի Սանուց միութիւնը:
Շուրջ տարի մը առաջ սոյն հատորին խմբագրական կազմը հանդիպում ունեցած էր Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ եւ լսած` անոր թելադրանքները նման կարեւոր ծրագրի մը իրագործման համար:
Յայտնենք, որ յիշեալ հատորին մէջ ներառուած են նաեւ մերձաւորարեւելեան երկիրներու մէջ նահատակուած հայ սուրբերը: