Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17596

Հայ Աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան Երկրորդական Վարժարանի Ամավերջի Հանդէսները

$
0
0

Հինգշաբթի, 8 յունիս 2017-ի երեկոյեան ժամը 7.00-ին Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան երկրորդական վարժարանի «Հասէսեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դպրոցի մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը:

Հանդէսի թեման էր Նոյեան տապանը: Բեմը զարդարուած էր շատ գեղեցիկ հսկայ տապանով մը, ուր նաեւ կը գտնուէին զոյգ-զոյգ ամէն տեսակի կենդանիներու նկարներ:

Ծաղիկ դասարանի աշակերտները շատ յստակ եւ ինքնավստահ կերպով ներկայացուցին Նոյին շինած տապանին պատմութիւնը, որմէ ետք մանկապարտիզպան Զեփիւռ Քէշիշեան բարի գալուստի խօսքը ուղղեց ներկաներուն` ներկայացնելով ամբողջ տարուան աշխատանքը եւ գործունէութիւնը: Ան շեշտեց, որ Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան երկրորդական վարժարանի ուղեգիծը եղած է միշտ դաստիարակել փոքրիկները քրիստոնէական եւ հայկական շունչով:

Աշակերտները հրամցուցին սաղմոսներու եւ հոգեւոր երգերու փունջ մը, որմէ ետք Ծիլ եւ Բողբոջ դասարանի աշակերտները պարեցին կենդանիներու գեղեցիկ պար մը, իսկ Կոկոն եւ Ծաղիկ դասարանի աշակերտները ներկայացուցին գեղեցիկ հայկական պարեր եւ երգեցին «Գետաշէն» երգը:

Տնօրէն Վարդուհի Պալըգճեան իր խօսքով վեր առաւ թեմային միջոցով Աստուծոյ տուած յոյսը, ապա ներկայացուց 2017-2018 տարուան համար նախատեսուած նոր ծրագիրները:

Վերջապէս տեղի ունեցաւ վկայականաց բաշխումը, որմէ ետք բեմ բարձրացան Ծիլ, Բողբոջ եւ Կոկոն դասարանի աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն  ընկերակցութեամբ, բեմ բարձրացաւ նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան, որուն օրհնութեան աղօթքով վերջ գտաւ հանդէսը:

Վարժարանի երկրորդական բաժնի շրջանաւարտից հանդէսը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 13 մայիս 2017-ին` երեկոյեան ժամը 8.00-ին «Կ. Հասէսեան» սրահին մէջ:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, յայտագիրը սկսաւ պաշտամունքի բաժինով, որ կ՛ընդգրկէր Աստուածաշունչի ընթերցում եւ աղօթք` կատարողութեամբ Եսթեր Քիլաղպեանի, ու երկու հոգեւոր երգեր` շրջանաւարտ դասարանին երգեցողութեամբ:

Օրուան բանախօսն էր դաստիարակ, ուսուցիչ, տնօրէն եւ գաղութի հանրածանօթ հրապարակախօս Կարօ Յովհաննէսեանը, որ իրեն յատուկ հաճելի եւ համոզիչ ոճով թելադրեց շրջանաւարտներուն միջակութենէ վեր ելլել եւ ընդհանրապէս պայքարիլ հոսանքին դէմ` բարձր պահելով հայ դպրոցին սրբազան աւանդը:

Ընկերատնտեսագիտական բաժանմունքի շրջանաւարտ Աննա Մարիա Գապաքեան եւ  գիտական բաժինէն Յովիկ Թիւթիւնճեան իրենց դասընկերներուն անունով փոխանցեցին դպրոցին ու լիբանանեան հայրենիքին հանդէպ երախտագիտութեան իրենց խօսքը` հայերէն ու արաբերէն ուղերձներուն ընդմէջէն:

Յայտագիրը ընդգրկեց կիթառով նուագ (Խաչիկ Մարգարեան եւ Յարութ Կիւլիւզեան), հայկական պար` 5 շրջանաւարտուհիներ, անգլերէնով «Իֆ» քերթուածը, որպէս խմբային ասմունք եւ իրենց աշակերտական կեանքի յիշատակներու խճանկարը, որ ներկայացուեցաւ պաստառի վրայ: Նաեւ տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն: Գերազանց աշակերտի մետալ ստացաւ Աննա Մարի Գապաքեանը, օրինակելի աշակերտի մրցանակ ստացան Նարեկ Մինասեանն ու Տանիէլ Փանոսեանը: Մարտ 2017-ին հաստատուած եւ յայտարարուած «Զուարթ Աբէլեան» գրական մրցանակին հաստատագիրները յանձնեց դոկտ. Անիթա Թութիկեան:

Վկայականներու բաշխումը կատարեցին, դաստիարակ դոկտ. Սեդա Քիլէճեանի հրաւէրով,  վարժարանին տնօրէն Վարդուկ Պալըգճեան եւ վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան: Աւարտին, շրջանաւարտները իրենց երախտագիտութիւնը եւ սէրը յայտնեցին` իրենց ծնողներուն ծաղիկներ նուիրելով:

Շրջանաւարտներուն բեմ վերադառնալէն ետք կատարուեցաւ ջահի փոխանցում: Ջահը յանձնող ու ստացող աշակերտները ուխտեցին բարձր պահել վարժարանին անունը:

Ապա Վարդուկ Պալըգճեան իր հուսկ բանքին խօսքը ուղղելով` շրջանաւարտները յորդորեց յաղթական  կեանքի ձգտիլ, միշտ յիշելով, թէ միասին աշխատանքն է, որ հոն  կը հասցնէ եւ ոչ թէ ինքնագլուխ յառաջ վազելը:

Հուսկ բանքէն ետք շրջանաւարտները հրաժեշտ տուին «Վերջին զանգ» երգով, ապա վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան կատարեց օրհնութեան աղօթքը:

Տարուան աւարտին «Տարուան տօները երգով» ներշնչող յայտագիր մը գործադրուեցաւ մայիսին:

Սօսի Ապուհանեան` դպրոցի երգի եւ Սուրբ գիրքի երկարամեայ ուսուցչուհին ձեռնհասօրէն եւ խանդավառ նախաձեռնութեամբ մը պատրաստած էր ու բեմ հանեց նախակրթարանի բոլոր կարգերը, որոնք ուրախ եւ հաճելի կերպով ներկայացուցին երգերը` արժանանալով ծնողներուն եւ հիւրերուն բարձր գնահատանքին:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17596


<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>