Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Խմբագրական. Դէպի 90-Ամեակ

$
0
0

AZTAG-2016f

Տարեփակի հաշուեկշիռային տեղեկագրումները առարկայականութեան պակասով յատկանշուած կ՛ըլլան, եթէ խօսին միայն իրականացած բաժիններուն մասին: Տարեփակի հերթական հանգրուանին «Ազդակ» պիտի ուզէր, որ իբրեւ մամուլ` եզակի չմնար հրապարակային հաշուետուութեան ընթացքին չիրականացուածներն ու բացթողումները ներկայացնողը, այլ այս սկզբունքը եղանակ ստեղծէր եւ ընդհանրանար:

2014-ի աւարտին եւ 2015-ի նախաշեմին մեր հրատարակած «Այն ինչ որ իրականացուցինք», «Այն ինչ որ չկրցանք իրականացնել» եւ «Այն ինչ որ պէտք է իրականացնենք» խմբագրաշարքին պէտք է յղում կատարենք եւ այստեղ վերաբանաձեւենք` տարի մը առաջ մեր յայտարարած այն ինչ որ չըրինքէն ի՞նչը կրցանք ընել հարցումին պատասխանի որոնումի ճիգով: Այդ ճիգին մէջ կը նկատենք, որ որոշ ճամբայ հարթած ենք բացթողումերուն դիմաց զգալի տեղաշարժ ապահովելով, մինչ տեղ-տեղ անդրադարձած, որ տեղքայլի մէջ ենք, չըսելու համար` նահանջի:

Այսպէս. գլխաւոր խնդիրը մեր առջեւ դրուած երիտասարդ խաւի ներգրաւումն էր: Եթէ ճիշդ է, եւ իրաւամբ, որ մեր թերթին կը պակսին երիտասարդ գրիչներէ ակնկալուած ջուրերը շարժող, կաղապարումներ շրջող եւ ուշադրութիւն գրաւող գաղափարական թէ գաղութային զանազան երեւոյթներ լուսարձակի տակ բերող ու վերլուծող գրութիւններ, յօդուածներ ու վերլուծումներ, այսուհանդերձ միաժամանակ պէտք է նկատել, որ յատկապէս ելեկտրոնային տարածքներու վրայ կայք այցելող, ֆէյսպուքեան էջին ընկերացող, «Թուիթըր»-ին հետեւող կամ «Ինսթակրամ»-ի վրայ լուսանկար-խորագիր դիտող-կարդացող, այդ էջերուն վրայ մեկնաբանութիւններ կատարող` բազմապատկուող թիւերուն ետին կանգնած ինքնութիւնները բացարձակ մեծամասնութեամբ երիտասարդ ընթերցողներ են: Հիմա այստեղ բանավիճելի է, որ երիտասարդ ընթերցողներու այս շարժը օրուան հրամայաչափ ըլլալով հանդերձ հայ մամուլին կողմէ առաջադրանք կարելի՞ է նկատել: Ճիշդ պիտի չըլլար անշուշտ եզրակացուած բանաձեւուած տեսակէտ ընդգծելը. այս խնդիրը դեռ ճամբայ ունի կտրելիք: Միաժամանակ հաստատում կատարենք սակայն, որ երիտասարդական այս երեւոյթը միայն բացասական երանգներ չունի:

Յայտարարած էինք, որ համացանցային հեռատեսիլի նախադրեալներու պատրաստութիւնը առաջադրանք է «Ազդակ»-ի համար: Կարելի է ըսել, որ այդ բաժինը կայքին վրայ աշխուժացաւ. այստեղ ոչ միայն հայաստանեան լրատուամիջոցներու հետ մեր համագործակցութիւնը, մեր կողմէ պատրաստուած տեսանիւթը հայաստանեան կայքերու վրայ երեւիլը կամ հակառակ ուղղութեամբ նաեւ աշխատիլը, այլ ուղղակի փորձել «Ազդակ»-ի արտադրանքներ պատրաստելն ու տարածելը որոշ ճամբայ անցաւ: Տակաւին հեռու ենք համացանցային հեռատեսիլի հաղորդումներ պատրաստելու իրավիճակէն: Այսուհանդերձ այդ թիրախին ուղղութեամբ կ՛աշխատինք` նկատի ունենալով մանաւանդ, որ շատ մօտ ապագան կը յուշէ արբանեակային եւ համացանցային հեռարձակումները համատեղելու տեսանելիութիւնը: Պէտք է աւելի արագ պատրաստուինք այդ ուղղութեամբ:

Ըսած էինք, որ «Ազդակ» կը ծրագրէ ապրիլ 24-ի այս տարուան իր համարին յատուկ տարողութիւն ապահովել. այս առաջադրանքի իրականացման առարկայացումի պատասխանը կրնան տալ մեր ընթերցողները` նկատի ունենալով 100-ամեակի «Ազդակ»-ի հայերէն եւ արաբերէն բացառիկները: Հայաստանեան, լիբանանեան եւ սփիւռքեան նկատառելի արձագանգներէն զատ բովանդակութիւնները իրենք պէտք է խօսին եւ խօսեցնեն այս մասին ընդհանուր տեսակէտ ունենալու համար: Մեր տեսակէտով «Ազդակ» գոհացուցիչ աշխատանք տարաւ` 100-ամեակին ընդառաջ համախմբելով թէ՛ հայկական եւ թէ՛ արաբական աշխարհի յօդուածագիրներն ու վերլուծագիրները:

Մեր ընելիքներուն մաս կը կազմէր նաեւ տպարանի բաժանմունքի աշխուժացումը. ընթերցողները ընթացիկ տարուան զանազան առիթներու յաճախակիօրէն հանդիպեցան գունաւոր հրատարակութիւններու: Եթէ անոնցմէ մաս մը յոբելենական առիթներու կը վերաբերէր կամ գաղութային կարեւորագոյն իրադարձութիւններու, նկատելի մաս մըն ալ գովազդային բնոյթ ունէր: Մեր ընթերցողները եւս հաւանաբար ենթադրած են արդէն, որ տպագիր տարբերակի, այն ալ գունաւորը յաճախակիացնելու հեւքին մէջ նման միջոցներ օրինաչափ կը նկատուին: Այդպէս ալ կը շարունակուի 2016-ին:

Թուայնացման բաժինը իր երրորդ հանգրուանի լրումին մէջ է. ցաւօք երեքուկէս տարուան թիւերու պակասը այս պահու դրութեամբ չի թոյլատրեր մեզի ամբողջական հաւաքածոյ բացարձակին մէջ բնութագրելու: Մեր որոնումները կը շարունակուին եւ կը յուսանք ամբողջականացնել հաւաքածոն: Բայց աշխատանքի թեքնիք բաժինը կ՛ընթանայ թափով: Զուգահեռ «Ազդակ»-ի յարկին տակ կը թուայնացուին հայկական մամուլի այլ ներկայացուցիչներ եւ մեր համոզումով կեդրոնը լիարժէք կը ծառայէ իր առաքելութեան առաջին բաժինին: Թուայնացումը աւարտելէ ետք կը սկսին կեդրոնը նաեւ մամուլի ուսումնասիրական ծառայութեամբ ապահովելու համար համապատասխան միջոցներ գտնելու աշխատանքները:

«Ազդակ»-ի էփլիքէյշընի տարածումը եւ մանաւանդ օրուան մէջ արագ լրահոսով ընթերցողներուն բջիջային հեռախօսներու պաստառներուն վրայ հայկական եւ լիբանանեան իրադարձութիւններուն մասին ամփոփ լրատուութիւն հասցնելու այս ծառայութիւնը ներկայ պահու դրութեամբ եւ մեր գիտութեամբ «Ազդակ»-ին կու տայ եզակի հանգամանք ամբողջ հայկական լրատուադաշտին մէջ: Տակաւին ոչ մէկ թերթ կամ լրատուամիջոց իր ընթերցողներուն կը հասնի արագ լրահոսով թէ՛ հայաստանեան եւ թէ՛ սփիւռքեան հարթութիւններու վրայ:

Այս սիւնակը նեղ է եղածները, չեղածներն ու ըլլալիքները ներկայացնելու: Մեր էջերը բաց են առաջարկներու, քննարկումներու եւ տեսակէտներու համար: Անհրաժեշտ չենք նկատեր այդ բոլորին համար էթիքի չափանիշները վերյիշեցնել:

«Ազդակ»-ը պիտի շարունակէ ամէն օր հասնիլ ընթերցողին, զուգահեռ թարմացնել իր կայքն ու անոր արաբերէն տարբերակը: Զուգահեռ կազմակերպել լսարաններ, էփլիքէյշընով կազմակերպել արագ լրահոսը, հրատարակել մանկապատանեկան յաւելուածն ու անոր յարակից կազմակերպել մրցանքները. տակաւի՛ն, թուայնացնել «Ազդակ»-ի ամբողջական հաւաքածոն եւ ընդունիլ հայկական մամուլի այլ ներկայացուցիչներու հաւաքածոները թուայնացնելու առաջարկները. Հրատարակել բացառիկ համարներ, յաւելուածներ եւ յաւելեալ թափ տալ գունաւոր հրատարակութեան:

Կարեւոր յոբելեաններ մեզ կը սպասեն. Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու հիմնադրութեան 25-ամեակներու մամուլով անդրադարձները պարտաւորեցնող են «Ազդակ»-ի համար: Վերջապէս մէկուկէս տարի մեզ  կը բաժնէ նշելու համար մեր թերթին հիմնադրութեան 90-ամեակը: Նախապատրաստական աշխատանքները պէտք է սկսիլ բացուող տարուան առաջին ամիսներէն սկսեալ: Վստահ ենք, որ արժանապատիւ յոբելեան մը կ՛ունենանք բոլորս, միասին:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>