Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Ռուբէն Դարբինեան (1882-1968). Հայ Քաղաքական Մտքի Դեգերումներուն Համարձակախօս Պատգամաբերը

$
0
0

Ն. Պ.

Այս տարի կը լրանայ ծննդեան 135-ամեակը հայ քաղաքական մտքի մեծավաստակ մշակներէն Ռուբէն Դարբինեանի, որ յունիս 14-ին, 49 տարի առաջ, 86 տարեկան ծերունազարդ հասակին, Պոսթընի մէջ վախճանեցաւ` հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր գանձարանին կտակելով հայ մամուլի կոթողական փառքերէն մէկը հանդիսացող «Հայրենիք Ամսագիր»-ի անմահական հարստութիւնը:

Նոյնինքն Պոսթընի «Հայրենիք» օրաթերթին ամէնէն երկարակեաց խմբագրապետը եղաւ Ռուբէն Դարբինեան: 1922-1968, մինչեւ իր վերջին շունչը, Ռ. Դարբինեան տէր կանգնեցաւ ՀՅԴ Արեւելեան Ամերիկայի Կ. կոմիտէութեան «Հայրենիք» հաստատութեան եւ իր բոլոր ուժերը անսակարկ նուիրաբերեց «Հայրենիք»-ի ճառագայթումին:

Իր անխոնջ աշխատանքով, հրապարակագրական տաղանդով ու գաղափարական վարակիչ շունչով Ռուբէն Դարբինեան ոչ միայն տարագիր հայութեան կեանքին մէջ ստեղծեց եւ կենսունակ պահեց հայ մտաւորականութեան ինքնահաստատման ու ինքնադրսեւորման ճառագայթող օճախ մը, այլեւ մօտաւորապէս կէս դար յառաջապահ դրօշակիրներէն մէկը հանդիսացաւ Դաշնակցական Մտքին ու Առաջնորդող Խօսքին:

Քսաներորդ դարու 20-ականներու սկիզբէն մինչեւ 60-ականներու աւարտը, խորհրդային կարգերու տակ տուայտող Հայաստանի ու հայութեան ազգային-քաղաքական կողմնորոշման հիմնական բոլոր հարցերուն վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ` պատմական մեծ նշանակութեամբ վերիվայրումներու գլխաւոր բոլոր փուլերու ընթացքին Ռուբէն Դարբինեան իր գաղափարախօսական կարեւոր ներդրումը ունեցաւ եւ վճռորոշ դեր խաղցաւ Հայկական Արեւելումի հունաւորման մէջ:

Խորհրդային ամբողջատիրութեան դէմ Դաշնակցութեան մղած գաղափարական անհաշտ պայքարը կարեւոր չափով սնանեցաւ Ռ. Դարբինեանի մտքերով: Նոյնպէս եւ մարդկային դէմքով ժողովրդավարակա՛ն, նաեւ ազատախոհակա՛ն ընկերվարութեան մշակման մէջ` մեծ եղաւ անոր ներդրումը: Բայց մանաւանդ բազմակարծութեան ու տեսակէտներու եւ գաղափարներու անկաշկանդ արծարծման նկատմամբ Ռուբէն Դարբինեանի ցուցաբերած նախանձախնդրութիւնը եւ տածած գուրգուրանքը առանձնայատուկ պատուանդան մը ապահովեցին հայ քաղաքական մտքի մեծ երախտաւոր դաշնակցական տեսաբանին ու գաղափարի մարտիկին:

Դաշնակցութեան երկրորդ սերունդի կրտսեր անդամներէն է աւազանի անունով Արտաշէս Չիլինկարեան մկրտուած, իսկ Դաշնակցութեան գաղափարական հնոցին մէջ Ռուբէն Դարբինեան վերանուանուած գաղափարապաշտ այս հայորդին: Ծնած էր Ախալքալաք, 4 փետրուար 1882-ին: Հայկական Ջաւախքի ազգային-քաղաքական եւ հոգեմտաւոր արժէքներով ու աւանդներով սնանած` Ռուբէն Դարբինեան պատանի տարիքէն փարեցաւ Արեւմտահայաստանի ազատագրութեան դատին: Հազիւ 14 տարեկան էր, երբ Ռուբէն Տէր Մինասեանի եւ այլ անչափահաս սերնդակից ախալքալաքցիներու հետ, Րաֆֆիի «Խենթ»-էն ներշնչուած, յեղափոխական խումբ կազմեցին ու փորձեցին Երկիր անցնիլ ու միանալ ֆետայական շարժման: Ռուսական ոստիկանութիւնը ձերբակալեց զանոնք եւ անչափահասութեան պատճառով ազատ արձակեց, բայց կարնեցիի իր արմատներուն կառչած` Ռուբէն Դարբինեան արդէն ընտրած էր իր գաղափարական ուղին:

Հիմնական իր կրթութիւնը ստացաւ Թիֆլիսի մէջ: Բարձրագոյն ուսման հետեւեցաւ Գերմանիա` Հայտելպըրկի եւ Միւնիխի համալսարաններուն մէջ: Իրաւաբան վկայուեցաւ Մոսկուայի համալսարանէն: Անմիջապէս վերադարձաւ Թիֆլիս եւ ամբողջապէս նուիրուեցաւ հասարակական կեանքի ու դաշնակցական գործունէութեան` ատենի հայ մամուլի էջերէն հանդէս գալով Ռուբէն Դարբինեան ստորագրութեամբ, գաղափարախօսական եւ ազգային-քաղաքական յօդուածներով:

1908-1909, երբ ցարական Ռուսիան սկսաւ իր մեծ հալածանքը Դաշնակցութեան դէմ եւ, իբրեւ դաշնակցական յեղափոխականներու` բանտերը նետեց ատենի արեւելահայ մտաւորականութեան սերուցքը հարիւրներով: Ռոստոմի յանձնարարութեամբ, Ռուբէն Դարբինեան անցաւ Պոլիս, ուր միացաւ նորաստեղծ ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Ազատամարտ»-ի խմբագրութեան: Ռուբէն Զարդարեանի, Շաւարշ Միսաքեանի եւ «Ազատամարտ»-ի սերունդը կռանած մտաւորական մեր միւս մեծերու կողքին, Ռուբէն Դարբինեան նոր թափ տուաւ հրապարակագրական իր ընդունակութեանց:

1913-ին մեկնեցաւ Գերմանիա, ուր տարի մը մնաց եւ կարեւոր դեր ունեցաւ Հայ-գերմանական ընկերութեան ստեղծումին մէջ: Իսկ 1914-ին վերադարձաւ Անդրկովկաս, ուր նախ Թիֆլիսի, ապա Պաքուի մէջ մասնակցեցաւ հայ ազգային խորհուրդներու կազմութեան աշխատանքներուն: Պաքուի Հայոց ազգային խորհուրդի քարտուղարն էր, երբ 1918-ին Ռոստոմի կողքին իր մասնակցութիւնը բերաւ հայկական հերոսական դիմադրութեան կազմակերպումին` ընդդէմ իթթիհատ-մուսաւաթական հակահայ միացեալ գրոհներուն: Պաքուի անկումէն ետք անցաւ Երեւան: Մաս կազմեց Խորհրդային Ռուսիոյ հետ բանակցութիւններ վարող հայկական իրերայաջորդ պատուիրակութեանց: Իսկ 1920-ի աշնան մաս կազմեց Հայաստանի Հանրապետութեան վերջին կառավարութեան` Սիմոն Վրացեանի վարչապետութեամբ, ստանձնելով արդարադատութեան նախարարի պաշտօնը:

Հայաստանի Հանրապետութեան կործանումէն ետք պոլշեւիկներու նորակազմ Յեղկոմը բանտ նետեց նաեւ Ռուբէն Դարբինեանը, որ փետրուար 18-ի համաժողովրդային ապստամբութեան յաղթանակով ազատ արձակուեցաւ, մինչեւ ապրիլ մնաց Երեւան եւ, այնուհետեւ, իր կարգին Զանգեզուրի վրայով անցաւ Պարսկաստան, ուրկէ ուղարկուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, վերջնականապէս հոն հաստատուելու եւ նուիրուելու համար ազգային-հասարակական գործունէութեան իր փայլուն ասպարէզին` իբրեւ «Հայրենիք»-ի վաստակաշատ խմբագիրը:

1922-ի ապրիլին, ՀՅԴ Արեւելեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի որոշումով, Դարբինեանին յանձնուեցաւ «Հայրենիք»-ի խմբագրութիւնը: Խմբագիր Դարբինեանի առաջին նուաճումը եղաւ «Հայրենիք Ամսագիր»-ի լոյս ընծայումը` 1922-ի նոյեմբերին: Ամսագիրը անմիջապէս մեծ յաջողութիւն գտաւ եւ իր բովանդակութեամբ դարձաւ հայ ժողովուրդի պատմութեան ու գրականութեան, մշակոյթին ու արուեստներուն վերանորոգման, ուսումնասիրութեան եւ մշակման անսպառ աղբիւրը:

1933-ին, Դարբինեանի մղումով, ՀՅԴ Պատգամաւորական ժողովը որոշում տուաւ նաեւ անգլերէն հրատարակութիւն մը ունենալու համար: 1934-ի մարտէն սկսեալ լոյս տեսնող «Հայրենիք Ուիքլի»-ն (ներկայիս` «Արմինիըն Ուիքլի») եղաւ Ռ. Դարբինեան խմբագրին երկրորդ կարեւոր ներդրումը: Իսկ աւելի ուշ անգլերէն քարոզչութեան, վերլուծման եւ մտաւորական զարգացման համար անհրաժեշտութիւնը զգացուեցաւ անգլերէն այլ հրատարակութեան մը եւ Ռ. Դարբինեանի օրով սկսաւ հրատարակուիլ «Արմինիըն Ռիվիու»  հանդէսը` 1948 յունուարէն սկսեալ:

Յատկապէս «Հայրենիք Ամսագիր»-ը հանդիսացաւ կոթողական նուաճում մը, որովհետեւ Ռուբէն Դարբինեան կրցաւ ի մի բերել տարագրութեան մէջ ապրող հայ մտաւորականութեան ամբողջ փաղանգը` հնարաւորութիւնը ընձեռելով հայ ժողովուրդի մեծանուն զաւակներուն, որպէսզի ստեղծագործեն, միտք զարգացնեն, գեղարուեստական ճաշակ մշակեն, հայ քաղաքական մտքի եւ հայ մշակոյթի պատմութիւնը նորահաս սերունդներուն փոխանցեն, իրենց յուշերը գրեն եւ աշխարհասփիւռ հայ կեանքին վրայ ամսական կանոնաւորութեամբ տեղեկատուական եւ քննական լուսարձակ բանան:

Կոստան Զարեան եւ Աւետիք Իսահակեան, Միքայէլ Վարանդեան եւ Աւետիս Ահարոնեան, Ռուբէն Տէր Մինասեան եւ Սիմոն Վրացեան, Ալեքսանդր Խատիսեան եւ Վազգէն Շուշանեան, Յակոբ Օշական եւ Համաստեղ, Յ. Ճ. Սիրունի եւ Արտաշէս Աբեղեան կը բանան, բայց չեն սպառեր երկար շարքը այն անուանի հեղինակներուն, որոնք «Հայրենիք Ամսագիր»-ը վերածեցին հայապահպանման եւ հայակերտման իսկական դպրոցի մը` մեր սերունդներուն համար:

Իսկ Ռուբէն Դարբինեան անձնապէս հանդիսացաւ այն մայր օղակը, որ իրարու անքակտելիօրէն կապուած արժէքներու մարգարտաշար շղթայի մը վերածեց իր ժամանակի հայ մտքի հսկաները, հաստատուած հեղինակութիւն ըլլային անոնք, թէ նորայայտ խոստմնալից ուժեր:

1959-ին Տիթրոյթի մէջ նշուեցաւ Ռուբէն Դարբինեանի հանրային գործունէութեան յիսնամեակը: Յիսուն տարիներու ծառայութիւն, որուն մեծ մասը ի գործ դրուեցաւ «Հայրենիք»-ին եւ անոր ընդմէջէն` հայ մամուլի ծաղկման:

Դարբինեան եղաւ եւ մնաց շողացող աստղ մը հայ լրագրութեան երկնակամարին:

1963-ին Ռ. Դարբինեան սրտի տագնապ ունեցաւ եւ տկարացաւ, սակայն շարունակեց աշխատակցիլ օրաթերթին եւ վարել ամսաթերթի խմբագրութիւնը:

Բայց երկար չդիմացաւ եւ 14 յունիս 1968-ին տերեւաթափը հայ կեանքէն առյաւէտ տարաւ հայ քաղաքական մտքի այս երախտաշատ մշակը:

Հայ քաղաքական մտքի դեգերումներուն յառաջապահ գաղափարի մարտիկին մահուան 49-րդ տարելիցին առիթով, Ռուբէն Դարբինեանի ազգային-քաղաքական մտածողութեան եւ գաղափարական կտակին մասին անմիջական պատկերացում մը տալու համար, կ’արժէ լուսարձակի տակ առնել Յովհաննէս Քաջազնունիի «Դաշնակցութիւնը անելիք չունի» գործին առ ի պատասխան Ռուբէն Դարբինեանի հատու մատնանշումներէն հետեւեալ խորհրդածութիւնը.

«Անկախութիւնը, ինչպէս եւ ազատութիւնը, այո՛, անսահման ու բացարձակապէս անպայման գաղափար չէ եւ կրնայ ունենալ նաեւ իր ոչ ամբողջական ձեւերը: Բայց յամենայն դէպս ան ունի շատ որոշ եւ շատ հիմնական յատկանիշներ, առանց որոնց` անկախութիւնը կը դադարի անկախութիւն լինելէ եւ կը դառնայ իրեն հակառակ բան մը, ինչպէս եւ` ազատութեան գաղափարը:

«Անկախութեան համար, ո՛ր աստիճանի եւ ձեւի ալ լինի ան, էական է օտար ուժի մը անմիջական բռնակալութենէն զերծ լինելու պայմանը, գէթ` կառավարելու մէջ: Երբ ժողովուրդ մը իր բախտը տնօրինելու գործին մէջ ոչ մէկ իրական ձայն ունի եւ ամբողջովին ենթակայ է օտար կեդրոնի մը կամքին ու քմահաճոյքին, նոյնիսկ` իր ամենակենսական ներքին պահանջներու արտայայտման եւ գոհացման մէջ, ի՞նչ խօսք կրնայ լինել անկախութեան մասին:

«Ժողովուրդ մը կրնայ ներքնապէս ազատ չլինել, բայց եւ այնպէս լինել անկախ, ինչպէս են բռնապետական եւ սակաւապետական երկիրները, ինչպէս է, օրինակ, հէնց նոյն Խորհրդային Ռուսիան:

«Բայց ժողովուրդ մը կրնայ գրեթէ բոլորովին ազատ լինել ներքնապէս, բայց անկախ չլինել, ինչպէս է այսօր, օրինակ, Իրլանտան:

«Խորհրդային Հայաստանը, սակայն, ասոնցմէ եւ ոչ մէկը կը ներկայացնէ, ոչ իսկ` հեռաւոր չափով կամ աստիճանով:

«Եւ իրա՛ւ. Երեւանի մէջ նստած հայանուն իշխանութիւնը չի բխիր ո՛չ հայ ժողովրդի, ո՛չ ալ անոր որեւէ շօշափելի մասի կամքէն եւ չի յենուիր հայկական որեւէ ուժի վրայ` նոյնիսկ իր գոյութիւնը կարենալ պահպանելու համար: Խորհրդային Հայաստանի իշխանութեան աղբիւրը Մոսկուայի կառավարութիւնն ու անոր բանակն են բացարձակապէս»:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>