Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Քաթար` «Կղզիացած» Թերակղզին

$
0
0

Դեռ քանի մը շաբաթ առաջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Թրամփ պաշտօնական պատուիրակութեամբ մը ժամանած էր Միջին Արեւելք եւ առիթով մը յայտնած էր, որ Քաթարի հետ յարաբերութիւնները սերտ են եւ ծայրայեղ իսլամական ՏԱՀԵՇ-ի դէմ Միացեալ Նահանգներ երախտապարտ են Քաթարին, որ տրամադրած է Էլ Ուտայտ զինուորական օդակայանը:

Այդ օրերուն նախագահ Թրամփ իր նախընտրած քարոզչական մեքենայով` «դայլայլիչ»-ով («թուիթըր») նաեւ տեղեկացուցած էր, թէ Միացեալ Նահանգներ 110 միլիառ տոլար արժողութեամբ ռազմական արդի պիտոյքներ ծախած էին Սէուտական Արաբիոյ: Զարմանալի զուգադիպութիւնը այն էր, որ յունիս 6-ին, երբ պաշտօնապէս կը յայտարարուէր այս համաձայնութեան մասին, միեւնոյն օրը Լոնտոնի մէջ հոգին կ՛աւանդէր երեսուն-քառասուն տարի առաջ Միացեալ Նահանգներու եւ Սէուտական Արաբիոյ զինուորական սարքերու առուծախի հանրածանօթ միջնորդ եւ ներկայ օրերուն մոռացութեան մատնուած սէուտցի Ատնան Խաշոկժին…

Այս իրադարձութիւններու ընթացքին էր, որ յանկարծ Սէուտական Արաբիա, Եգիպտոս, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ եւ Պահրէյն խզեցին իրենց յարաբերութիւնները Քաթարի հետ` պայթուցիկ կացութիւն մը ստեղծելով տարածաշրջանին մէջ:

Այսպէս, Ծոցի այս փոքր թերակղզին, տարածութեամբ Լիբանանէն քիչ մը մեծ, սակայն բնակչութեամբ` անոր կէսէն շատ աւելի պակաս, «կղզիացած» կացութեան մը մէջ է:

Հոս տեղին է նշել, որ տարօրինակօրէն քաթարցին իր երկրին մէջ փոքրամասնութիւն է: Երկրի բնակչութեան 25 առ հարիւրը Հնդկաստանէն ժամանած գործաւորներն են, որոնց կը յաջորդեն Պանկլատեշէն, Փաքիստանէն, Նեփալէն եւ Ֆիլիփինէն ժամանած այլ գործաւորներ:

Ինչպէ՞ս բացատրել պատահած իրողութիւնը, միթէ կապերը խզող այդ երկիրներուն մէջ ծայրայեղ իսլամական կառոյցներ չե՞ն գործեր:

Թրամփի մէկ «դայլայլիչ»-եան հաստատումը յստակօրէն կը բացատրէ պատահածը. «Միջին Արեւելք կատարած այցելութեանս ընթացքին շեշտեցի, որ կարելի չէ երբեք օժանդակել ծայրայեղ արմատականներուն: Շուրջս գտնուող բոլոր ղեկավարներն ալ ցոյց տուին, թէ Քաթարն է հովանաւորողը…»:

Սիւննի մեծամասնութիւն կազմող պետութիւններ իրենց շրջանակէն դուրս հանեցին այլ սիւննի պետութիւն մը, թէեւ թիւով եւ տարածութեամբ փոքր, սակայն` ազդեցիկ պետութիւն մը, որ բնական կազի մեծագոյն արտադրող երկիրն է: Երկիր մը, որ գրեթէ քսան տարիէ ի վեր կը հովանաւորէ համեմատաբար աւելի բաց քաղաքականութիւն կիրարկող քարոզչական հաստատութիւն մը` հեռատեսիլի «Ժազիրա» ընկերութիւնը: Երկիր մը, որուն պետական օդանաւային ընկերութիւնն ու օդակայանը կարճ ժամանակաշրջանի մը ընթացքին հասած են նախանձելի մակարդակի եւ առաջատար դիրքերու: Եւ վերջապէս երկիր մը, որ բազմաթիւ հարցադրումներու դուռ բացած էր, երբ շահած էր 2022-ի ֆութպոլի աշխարհի ախոյեանութեան աւարտական մրցումները կազմակերպելու թեկնածութիւնը:

Բնականաբար այս կացութեան դիմաց սպասելի էր Քաթար-Իրան մերձեցումը:

Թեհրան, որ իր կարգին դեռ շաբաթ մը առաջ ցնցուած էր ահաբեկչական արարքներէ, իր օդային սահմանները տրամադրեց Քաթարին, նաեւ օդային կամուրջ մը ստեղծեց` սննդանիւթ եւ այլ կենսական պիտոյքներ տրամադրելով:

Որքա՞ն պիտի տեւէ այս արգելքը: Սէուտական Արաբիոյ քանի մը այլ արբանեակ երկիրներ, որոնք աշխարհագրականօրէն եւ տնտեսական բնագաւառէն ներս ոչ մէկ ազդեցութիւն ունին, իրենց կարգին խզած են կապերը Քաթարի հետ:

Հուսկ, այլ ղեկավարութիւն մը` Լիպիոյ արեւելեան շրջանի ուժերն ալ միացած են Քաթար թերակղզին «կղզիացնելու» աշխատանքին, մինչդեռ արեւմտեան շրջանի գերիշխող ուժերը ազատ արձակած են Լիպիոյ նախկին մենատէր Քազզաֆիի զաւակը` Սայֆը:

Արաբական աշխարհին մէջ հաշիւներ մաքրելու այս ներկայ իրավիճակը այնքան մը բարդ է, որ նոյնիսկ ներկայ օրերու ամենահզօր գաղտնի (… կամ յայտնի) սպասարկութիւնը` ռուսական ցանցահէնները կրնան մեծ դժուարութիւններու հանդիպիլ:

 

12 յունիս, 2017


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>