ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
Մինչեւ 1960-ական թուականներու վերջերը Պէյրութը համեմատաբար փոքր քաղաք մըն էր, տակաւին չէր տարածուած իր սահմաններէն դուրս դէպի նորաստեղծ արուարձաններ` վերածուելու «Մեծն Պէյրութ»-ի: Շնորհիւ հանրակառքին եւ դէպի արեւելք ու հիւսիս տանող միակ ճամբուն` արուարձաններէն միայն Պուրճ Համուտը բնական շարունակութիւնը եղած է մայրաքաղաքին: 1956-ի որոշումով Պէյրութ գետը կը դառնայ մայրաքաղաքին արեւելեան սահմանը` բաժնելով զայն Պուրճ Համուտէն (1), (2):
Հռոմէցիներուն ժամանակ Պէյրութ գետը Մակորաս կը կոչուէր, որուն հարկատուներն են Քենիսէ եւ Սաննին լեռներու արեւմտեան կողերէն հոսող ձիւնհալի կազմած վտակները, շրջապատող լեռներէն եւ բլուրներէն հոսող անձրեւի ջուրերը, ինչպէս նաեւ զանազան աղբիւրներ` Համմանայէն, Ֆալուղայէն եւ այլն, որոնց ամենամօտը, Պէյրութէն 20 քմ հեռու, Տաշունիյէի ցարդ գործածուող աղբիւրը: Հռոմէցիները Ք.Ա. 273 թուին` Օրելիան կայսրին ժամանակ, այս աղբիւրէն 240 մեթր երկարութեամբ ջրակամուրջ մը կառուցեցին գետի հովիտին վրայ` Պէյրութ քաղաքին ըմպելի ջուր մատակարարելու համար, որ կանգուն մնաց եւ շարունակեց ծառայել շուրջ 19 դար, մինչեւ 16-րդ դար` օսմանեան ժամանակաշրջանը, երբ խնամքի բացակայութեան պատճառով որոշ հատուածներ փուլ եկան եւ աւերակի վերածուեցան:
Պետութեան կողմէ հնութիւններու հանդէպ անտարբերութեան պատճառով, շուրջ 40 տարիներէ ի վեր, կամուրջին կանգուն մնացած ամէնէն երկար` արեւելեան հատուածը, իւրացուած է ու կը շահարկուի վճարովի մարզական ակումբի մը կողմէ, հնութեան փակած մարզադաշտեր կառուցելով, աղաւաղելով հնութեան բնական միջավայրը…Ժողովուրդին պատկանող այս իւրացուած հնութիւնը նաեւ կարելի չէ այցելել:
Սանտրա Ֆրեմ 2009-ի Էմ.Այ.Թի համալսարանի ճարտարապետութեան մագիստրոսի իր շատ հետաքրքրական ու ահազանգ հնչեցնող 199 էջ թեզը` «Պէյրութ գետը. կանխատեսումներ բնապատկերի ենթակառուցուածքի մը» յատկացուցած է ապականութեան, բնապահպանման, ընկերային հարցերու եւ գետին շուրջը հանրային տարածութիւններ ստեղծելու ծրագիրին: Նախաբանին մէջ կ՛ըսէ. «Պէյրութի մէջ խիստ պակաս կայ հանրային տարածութիւններու, որ ուղղակիօրէն կ՛առնչուի պետական հաստատութիւններու եւ ընկերային կառուցուածքի հաւաքական նախաձեռնութեան բացակայութեան: Կարգապահական թերի կիրարկութիւնը կը սնուցանէ հանրային տարածութիւններու բացակայութիւնը եւ արգելք կը հանդիսանայ յաճախելու գոյութիւն ունեցողներուն» (3) :
Երէց եղբօրս դասընկեր եւ մտերիմ ընկեր` Հայաշէնէն չարքաշ եւ արկածախնդիր, միատեղ արուեստագէտ, Ֆրանսայի մէջ դասական կիթառի բարձրագոյն ուսման հետեւած, հանրայայտ վարպետ Ալեքսանտր Լակոյայի մօտ եւ ամերիկեան համալսարանին մէջ պատմագիտութիւն ուսանած Յովհաննէս Տ.-ին հետաքրքրութեան եւ հետազօտութեան առարկաներէն էր Պէյրութ գետը: 1960-ական տարիներուն եղբօրս հետ եւ առանձինն` գետին ձորը հետազօտած է, ուր ան գտած էր պատմական քարայրներ, եւ գտած` «Մեծն Տիգրանի կամուրջ»-ը: Գետին ձորը հետազօտելուն զուգահեռ, անոնք պատառաքաղով եւ նոյնիսկ ձեռքով գորտ եւ հազուագիւտ ձուկ կ՛որսային եւ տեղւոյն վրայ կը ճաշակէին` անհրաժեշտ խոհարարական պիտոյքը միասին ունենալով:
Լիբանանցի յայտնի պատմագէտ Ֆուատ Էֆրեմ Պուսթանի, հեռատեսիլի իր յայտագիրէն, օրին, նոյնպէս Մեծն Տիգրանի կամուրջին մասին հաստատում կատարեց: Սակայն համացանցով եւ ունեցած գիրքերուս մէջ այս մասին որեւէ յիշատակութիւն չգտայ, եւ ընդհանրապէս Մեծն Տիգրանի կայսրութեան մաս կազմած Լիբանանի այդ ժամանակաշրջանին մասին տեղեկութիւնները հպանցիկ են. այս ուղղութեամբ, անհրաժեշտ է, որ պատմաբանները աշխատանք տանին, օրինակ` Ուիքիփիտիայի մէջ յօդուածներ աւելցնելով:
Գետին` Պէյրութի կողմի ափը աւելի բարձր ըլլալով, ձմրան գետը կը յորդէր դէպի Պուրճ Համուտ, ողողելով թաղերը, բնակարանները եւ խանութները: Հայկական աւանի վերածուելէն ետք առաջին հեղեղը տեղի ունեցած է 19 մարտ 1942-ին: Երբ ամրան գրեթէ կը սկսէր ցամքիլ գետը` Հայաշէնէն, «Ճերմակ տուներ»-էն եւ Ժէյթաուիի մեր տունէն բլրակն ի վար իջնելով` հետիոտն Պուրճ Համուտ կ՛երթայինք` անցնելով գետին մէջէն, այս նպատակին համար զետեղուած քարերուն վրայէն քալելով, ուղղութիւն ճշդելով հսկայ շէնքեր` Ապրոյեան գործարանէն կամ Տաղլեան ջաղացքէն դէպի աջ կամ ձախ:
Մեր տունէն տեսանելի գետը եւ Պուրճ Համուտը մեր առօրեային մաս կազմած են. կը լսէինք Ս. Քառասուն Մանկանց եկեղեցւոյ պատարագը եւ քարոզը, երբ օդային պայմանները նպաստաւոր ըլլային, նաեւ աւելի ուժեղ բարձրախօսով, հաւանաբար Ս. Փրկիչ եկեղեցիէն, կը լսէինք ծանուցումներ, յատկապէս` կորսուած մանուկներու կամ ծերունիներու մասին յայտարարող:
Գետեզերքին, առաջին շարքի վրայ, վիպային տան մը մէջ բնակող մեզի ազգական, Ռեբեկա մայրիկենց կ՛այցելէինք: Տանիքը որթատունկի արիշով երկու սենեակով տունը ունէր փոքր բակ մը, որ կոկիկ պարտէզի մը վերածած էին. հոն ցանուած էին` ռեհան, անանուխ, ազատքեղ, սոխ, լոլիկ եւ ծաղիկներ` մեխակ, վարդ եւ անուշ բոյրով «ֆիլէ»` մասամբ ծածկելու գետին գարշահոտութիւնը: Ռեբեկային ամուսինը որմնադիր էր, նաեւ տան մէջ խոհանոցային եւ այլ փայտէ իրեր կը շինէր, կը քանդակէր: Քանիցս տուներնին եւ պարտէզը ողողուած էր գետի յորդելուն պատճառով:
Պէյրութ գետին եղանակային յորդիլը կանխարգիլելու առաջին փորձը կատարուեցաւ 1934-ին, երբ ֆրանսացիները Տաշունիյէի մէջ ամբարտակ մը կառուցեցին, որ սակայն տարի մը ետք, մրրիկի պատճառով անոր անցքերը փակուեցան, թումբերուն փակոցները անգործածելի դարձան, եւ ամբարտակին միւս կողմը հողով լեցուեցաւ: Մինչեւ օրերս, ամէն տարի գետը իրեն հետ մեծ քանակութեամբ պարարտ հող կը բերէ, որ կը մնայ ջրանցքին յատակը: Այսպէս, մինչեւ 1968 գետը շարունակեց ողողել Պուրճ Համուտը, թէեւ միշտ փորձեր կատարուած են ժայռերով եւ քարերով ամրացնելու գետեզերքը:
1956-ին, երբ գետը Պէյրութի արեւելեան սահման ըլլալը որոշուեցաւ, նաեւ որոշուեցաւ գետը վերածել ջրանցքի` պատերով եզերելով զայն: Սակայն ուսումնասիրութիւնները եւ կալուածային խնդիրները երկար ժամանակ խլեցին: Այս միջոցին ճափոնական ընկերութիւն մը առաջարկեց անհատոյց Պէյրութը կղզիի վերածել ջրանցքով մը, Վենետիկի նման զբօսանաւակներով եւ այլն, պայմանաւ որ նոր ստեղծուած զբօսաշրջային եւ տնտեսական ձեռնարկութիւններուն հասոյթը որոշ ժամանակ իրենց պիտի ըլլար: Այս առաջարկը մերժուեցաւ:
Ի վերջոյ, 1968-ին սկսաւ ջրանցքին կառուցումի առաջին բաժինը` սկսելով ծովէն դէպի Սին Էլ ֆիլ, 32 մեթր լայնքով եւ եօթը մեթր հասակով պատով, երկվայրկեանը 800 թոն ջուր տեղափոխելու կարողականութեամբ, իսկ նորաստեղծ կալուածներուն մեծամասնութիւնը մնաց Պէյրութի կողմը: Գետին ազատ հոսքը փոփոխական գետեզերք ունէր, որուն տարածութիւնը շատ աւելի ընդարձակ էր, քան` այժմու պեթոնապատ յստակ տարածութեամբ ջրանցքը:
Նոյն տարին, 1968-ի սեպտեմբերին, երբ գետին ջուրի հոսքը նուազագոյնը կ՛ըլլայ, վերջին անգամ վայելելու համար գետին հովիտը` ՀՄԸՄ-ի Էշրեֆիէյի գայլիկական մեր վոհմակը արկածախնդրական միօրեայ արշաւի մը տարի դէպի Մեծն Տիգրանի կամուրջը: Այսպէս, կիրակի առաւօտ մը «Ազատամարտ» ակումբէն հետիոտն ուղղուեցանք դէպի Քոռնիշ Նահր, ջրանցքին ցարդ կառուցուած բաժնին ծայրը, որ Տաղլեան ջաղացքին դիմացն էր: Այնտեղ տեղադրուած շինարարներուն աստիճանէն իջնելով` ուղղուեցանք դէպի գետին աղբիւրը մինչեւ Ժըսըր Պաշա` Մեծն Տիգրանի կամուրջը: Խանդավառութիւնը մեծ էր, եւ այժմ, արշաւին մասնակցող գայլիկներէն Յակոբ Է. իւրաքանչիւր անգամ որ հանդիպինք, կը յիշէ այդ անմոռանալի արշաւը:
Ըստ Սանտրա Ֆրեմի ուսումնասիրութեան, հազար տարին անգամ մը մեծ հեղեղ մը տեղի կ՛ունենայ` երկվայրկեանը շուրջ 1700 թոն հզօրութեամբ, որուն համար այժմու ջրանցքը անբաւարար է: Այս վտանգին վրայ կ՛աւելնայ եւ զայն կը բազմապատկէ 1997-ին, վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի ուղղակի տնօրինութեամբ, Սուքոմի ընկերութեան կոյուղիի զտարանին կառուցումը, որ ԱՆՀԱՒԱՏԱԼԻՕՐԷՆ գրաւած է գետին ծով հոսող բնական տարածութեան մեծամասնութիւնը` խցանելով գետին հոսքը դէպի ծով, ինչպէս կ՛երեւի արբանեակային վերի նկարին մէջ: Ասոր պատճառով 2005-ին գետին հոսքը Սուքոմի մօտ գտնուող կամուրջ մը ոչնչացուց եւ ծովափը քարուքանդ ըրաւ:
Դժբախտաբար անհեռատես ու ոճրային այսպիսի գործառնութիւններ սովորական երեւոյթներ դարձած են Լիբանանի մէջ` արհամարհելով բնապահպանումը, հնութիւններու պահպանումը եւ ժողովուրդին ապահովութիւնը:
11 Մայիս 2017
(Շար. 2)
————————
(1) ( http://www.kamellazaarfoundation.org/fellowship/under-writing-beirut#_ftnref5 )
(2) ( https://en.wikipedia.org/wiki/Beirut_River )
(3) ( https://dspace.mit.edu/handle/1721.1/49720?show=full )