Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Անդրադարձ. Ամերիկեան Հակայարձակումը

$
0
0

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Սուրիոյ մէջ ռուսական բանակին միջամտութիւնը եւ ցուցաբերած վճռականութիւնը երկրորդ կարգի մղեց Միջին Արեւելքի մէջ Միացեալ Նահանգներու դերակատարութիւնը եւ նկատառելի կերպով նուազեցուց անոնց ազդեցութիւնը: Ի տարբերութիւն Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Պարաք Օպամայի, որ Արեւելեան Միջերկրականի մէջ ամերիկեան մարտանաւերը կուտակելէ եւ «մկանները ցուցադրելէ» ետք, մետասաներորդ պահուն Սուրիան հարուածելէ ամօթալի ետդարձ մը կատարեց, Միացեալ Նահանգներու նոր նախագահը կը թուի աւելի վճռական ըլլալ: Ան որոշած է «սեղանը շրջել» եւ եթէ ոչ վերականգնել Միջին Արեւելքի մէջ Միացեալ Նահանգներու առաջնակարգ դերակատարութիւնը, առնուազն նուազեցնել իր հակառակորդներուն կամ մրցակիցներուն առաւելութիւնը եւ ստեղծել նոր, աւելի ընդունելի հաւասարակշռութիւն մը:

Թրամփ Միջին Արեւելքի մէջ իր երկրին ղեկավար դիրքը վերականգնելու արշաւին ազդանշանը տուաւ Ռիատի մէջ Արաբական-իսլամական-ամերիկեան վեհաժողովի ընթացքին` կազմելով Իսլամ եղբայրներ շարժումին ու Իրանի դէմ եղող երկիրներէ բաղկացած նոր դաշինք մը:

Ռուսիոյ արձանագրած վերելքին դէմ ամերիկեան լայնածաւալ հակայարձակողականի առաջին քայլը եղաւ Քաթարի դէմ ծաւալած արշաւը, երկրորդը` Թեհրանի մէջ ահաբեկչական յարձակումները, իսկ երրորդը` Սուրիոյ Թանաֆ շրջանին մէջ կառավարամէտ ուժերուն դէմ ամերիկեան ղեկավարութեամբ Միջազգային դաշինքի օդային հարուածները:

Կը մնայ տեսնել, թէ այս ծիրին մէջ յաւելեալ ի՛նչ զարգացումներ տեղի պիտի ունենան, եւ ամերիկեան հակայարձակումը որքանո՛վ պիտի յաջողի դարմանել շրջանին մէջ ամերիկեան դերակատարութեան նսեմացման երեւոյթը:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>