«Հայերն այսօր» կայքը կը հաղորդէ, որ 25 մայիսին Հայաստանի սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեանի, Հայաստանի մշակոյթի նախարարի տեղակալ Արեւ Սամուէլեանի, «Միս Հայաստան» հիմնադրամի նախագահ, մրցոյթի կազմակերպիչ, «Միս ԱՊՀ-1999», «Միսիս Կլոպ-2009» տիտղոսակիր գեղեցկուհի Գոհար Յարութիւնեանի, «Փիւնիկ» մարդկային պաշարներու հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Սուրէն Նալջեանի եւ սուրիահայ ձեւաւորող, «Շատոյեան ֆեշըն» նորաձեւութեան արուեստանոցի տնօրէն Գէորգ Շատոյեանի մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս:
Ասուլիսին ընթացքին բանախօսները ներկայացուցին «Միս Հայաստան» հիմնադրամի նախագահին նախաձեռնութեամբ, մշակոյթի նախարարութեան հովանաւորութեամբ եւ սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ սեպտեմբերին կայանալիք «Միս Հայաստան» գեղեցկութեան համահայկական մրցումին ընթացակարգը, կանոնները, ընդգծեցին համահայկական մրցում կազմակերպելու կարեւորութիւնը:
Սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան մասնաւորապէս նշեց. «Սփիւռքի նախարարութիւնը մեծ պատրաստակամութեամբ արձագանգեց այս նախաձեռնութեան: Սփիւռքի մէջ եւս կ՛ապրին բազմաթիւ գեղեցիկ հայուհիներ, որոնք կրնան ներկայացնել թէ՛ հայ կնոջ գեղեցկութիւնը, եւ մտային զարգացման կարողութիւնը, եւ թէ հայկական ազգային դիմագիծը: «Միս Հայաստան»-ին յաղթողին պարտականութիւնն է նաեւ Հայաստանը աշխարհին ներկայացնել»:
«Միս Հայաստան» հիմնադրամի նախագահ Գոհար Յարութիւնեան ընդգծեց, որ մրցումին հիմնական նպատակն է Հայաստանի մէջ տարեկան դրութեամբ գեղեցկութեան մրցումներ կազմակերպել եւ միջազգային հեղինակաւոր գեղեցկութեան մրցումներուն հայաստանեան ներկայացուցիչին մասնակցութիւնը ապահովել:
«17-26 տարեկան աղջիկները արդէն կրնան արձանագրուիլ` ամբողջացնելով Missarmenia.org կայքին մէջ տեղադրուած դիմումը: Արձանագրութեան վերջնական ժամկէտը յուլիս 15-ն է: Սփիւռքէն արձանագրուած մասնակիցները նախընտրական փուլերը պիտի կատարեն առցանց, իսկ ընտրուած մասնակիցները հետագային պիտի հրաւիրուին Հայաստան: Անոնց բնակութեան, սնունդի, բեմական հագուստի, անվտանգութեան հարցերը կը հոգանք մենք: Մրցումի եզրափակիչ փուլը կը նախատեսուի կատարել 15 սեպտեմբերին», նշեց Գոհար Յարութիւնեան: