Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Հայրենի Կեանք

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՃԵԱՆ

Հայաստանի Նախագահի Նստավայրին Մէջ
Հիւրընկալուած Են Սահմանամերձ
Համայնքներու Եւ Սուրիահայ Փոքրիկները

15103_b

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեան` նախագահի նստավայրին մէջ, Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով, հիւրընկալած են սահմանամերձ շարք մը համայնքներու, ինչպէս նաեւ առարկայական մրցոյթներու («Քանկուրու», «Մեղու») մրցանակակիր փոքրիկներ, սահմանափակ կարողութիւններով եւ Հայաստանի մէջ ապաստան գտած սուրիահայ փոքրիկներ:

15086_b

Փոքրիկ հիւրերուն ներկայութեամբ հանդիսաւորութեամբ վառած են նստավայրի տօնածառին լոյսերը, եւ սկսած է տօնական ձեռնարկը: Հանրապետութեան նախագահը իր եւ կնոջը` Ռիթա Սարգսեանի անունով ջերմօրէն շնորհաւորած է մասնակիցները եւ բոլոր փոքրիկները` Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով բարեմաղթանքներ յղելով: «Սիրելի՛ փոքրիկներ, ես եւ կինս` Ռիթա Սարգսեանը կը շնորհաւորենք ձեզ Նոր տարուան եւ Սուրբ Ծնունդին առիթով  եւ բոլորդ միասին պէտք է խոստանաք, որ դուք ուրախ պիտի ըլլաք ձեր կեանքին մէջ: Պէտք է ուրախ ըլլալ, որպէսզի կարենաք շատ լաւ գործեր կատարել: Իսկ մեր երկրի ապագան դուք էք եւ ձեր հասակակիցները` մեր հանրապետութեան մէջ: Մէկ անգամ եւս սրտանց կը շնորհաւորենք ձեզ այս փայլուն, այս ամենալաւ տօներէն մէկուն կապակցութեամբ», ըսած է նախագահ Սերժ Սարգսեան:

Նշենք, որ սահմանամերձ համայնքներէն փոքրիկները մայրաքաղաք եկած են մէկ օր առաջ, եւ նախագահի նստավայրին մէջ տօնական ձեռնարկին մասնակցելէն բացի, անոնց համար կազմակերպուած է մշակութային լրացուցիչ ծրագիր` այցելութիւն Հայաստանի Պատմութեան թանգարան եւ Յովհաննէս Թումանեանի տուն-թանգարան: Փոքրիկներուն համար նաեւ շրջայց կազմակերպուած է  գիշերային տօնական Երեւանի մէջ:

ՀՕՄ-ը Կ՛աջակցի Սահմանամերձ Շրջաններուն Մէջ
Ոռոգման Կաթիլային Համակարգի Ներդրման

HOM_123015

Հայ օգնութեան միութիւնը կ՛աջակցի սահմանամերձ կարգ մը շրջաններու` ջերմոցներու մէջ ոռոգման կաթիլային համակարգ կիրարկելուն:

Վերջերս ՄԱԿ-ի զարգացման ծրագիրներու հայաստանեան գրասենեակը ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան հետ ստորագրած է յուշագիր մը, որով պիտի ֆինանսաւորէ եւ իրականացնէ այս ծրագիրը:

ՀՕՄ-ի ներկայացուցիչները շեշտած են, որ սահմանամերձ գիւղերուն աջակցիլը յատուկ կարեւորութիւն ունի իրենց համար: Իսկ ընդհանուր առմամբ, ՄԱԿ-ը այս ծրագիրը կ՛իրականացնէ տարածքային կառավարման նախարարութեան հետ համագործակցաբար:

Յիշեցնենք, որ շուտով Տաւուշի մէջ պիտի սկսի ներդրուելու կաթիլային ոռոգման համակարգը:

Զօրավար Անդրանիկին Նուիրուած Ցուցադրութիւն
Ցեղասպանութեան Թանգարանին Մէջ

antranig_121815

Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի ժամանակաւոր ցուցադրութիւններու սրահին մէջ 18 դեկտեմբերին տեղի ունեցած է «Մաքառելով կեանքի եւ արժանապատուութեան համար. ինքնապաշտպանական մարտերը Մեծ եղեռնի տարիներուն» խորագրով ժամանակաւոր ցուցադրութեան բացման արարողութիւնն ու համանուն նկարչական գիրքին շնորհահանդէսը: Ցուցահանդէսը նուիրուած է Զօր. Անդրանիկի   ծննդեան 150-ամեակին եւ կատարուած է Հայաստանի նախագահի աշխատակազմին կողմէ տրամադրուող դրամաշնորհին եւ Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամին յայտարարած մրցումի ծիրին մէջ:

Թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան այս առիթով ըսած է, որ ցուցահանդէսը բացառիկ է իր բովանդակութեամբ, որովհետեւ 16 խորագիրներէ բաղկացած երկլեզու ցուցադրութիւնը կոչուած է ընդգծելու Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան հերոսական դրուագները` բազմաթիւ տպաւորիչ ինքնապաշտպանական մարտեր, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի ծնունդը ազդարարած յաղթանակները:

Ներկայացուած են բազմաթիւ նորայայտ, առաջին անգամ շրջանառութեան մէջ դրուող լուսանկարներ, ինչպէս նաեւ` Զօր. Անդրանիկին առնչուող բացառիկ նիւթեր:

«Զօր. Անդրանիկի ծննդեան 150-ամեակին նուիրուած ցուցադրութիւնը դեռ պէտք է աւելի շուտ բացուէր, սակայն թանգարան-հիմնարկի ղեկավարութիւնը աւելի նպատակայարմար գտաւ այս ցուցադրութեամբ ամփոփել հարիւրամեակին նուիրուած ձեռնարկները», նշած է փոխտնօրէն Սուրէն Մանուկեան:

Այս Տարի Սփիւռքի Մէջ Գործող Դպրոցներուն
Բաժնուած Է 50 Հազար Հատոր Գրականութիւն

Սփիւռքի նախարարութեան համար անցնող տարին լի էր ձեռքբերումներով եւ, նախարար Հրանուշ Յակոբեանի գնահատմամբ, կառոյցին առջեւ դրուած հարցերուն մեծ մասը կրցած են լուծել:

Նախարարը առաջին հերթին կը շեշտէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկներուն իրականացումը, ուր իր դերակատարութիւնը ունեցած է նաեւ նախարարութիւնը: «Կայացած են Հայոց ցեղասպանութեան մասին 13 գիտաժողովներ, իրականացուած են նաեւ գիտական հետազօտութիւններ, սփիւռքի բոլոր կառոյցները մասնակցած են ծրագիրներուն», ըսած է Հ. Յակոբեան:

Տարուան ընթացքին կազմակերպուած ձեռնարկներուն մասնակցութիւնը մեծ եղած է, եւ աւելի քան 2000 սփիւռքահայ փոքրիկներ մասնակցած են նախարարութեան ծրագիրներուն: Հրանուշ Յակոբեանի գնահատմամբ, ներկայ դրութեամբ կառոյցը կը փորձէ կապեր հաստատել նաեւ հեռաւոր համայնքներուն հետ: Առաջին փորձը եղած է Աւստրալիոյ հայ համայնքին հետ, ամանորեայ տօներուն «Ծաղկազարդ» երգչախումբը պիտի մեկնի Քամչաթքա` համերգներու, յարաբերութիւնները կ՛ամրապնդուին նաեւ Քանատայի հայ համայնքին հետ:

Հրանուշ Յակոբեանի խօսքով, կառոյցը մեծ ուշադրութեամբ կը հետեւի սփիւռքի դպրոցներու հայոց լեզուի եւ գրականութեան տարածման հարցերուն: Այդ նպատակով սփիւռքի 900 ամէնօրեայ եւ միօրեայ դպրոցներուն յատկացուած է 50 հազար կտոր գրականութիւն:

Նախարարին գնահատումով, կառոյցին գերխնդիրը արդէն 3 տարիէ կը շարունակէ մնալ սուրիահայերու հարցը: Ըստ անոր, այս պահուն Հայաստանի մէջ կը բնակի 17 հազար սուրիահայ, որոնցմէ 1800-ը դպրոցական, 500-ը` ուսանող: 2012-2015 թուականներուն Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստացած է 12 հազար սուրիահայ, 1650-ը ստացած է կեցութեան կարգավիճակ:

Աշխատանքի խնդրանքով նախարարութեան դիմած է 2200 սուրիահայ: Աշխատանքի տեղաւորման հարցով նախարարութիւնը համագործակցած է 200 պետական եւ հասարակական կազմակերպութիւններու եւ անհատներու հետ: 500-է աւելի սուրիահայ աշխատանքի տեղաւորուած է փոքր գործի մէջ արդէն իսկ կայացած սուրիահայ գործարարներու մօտ: Այս պահուն 1000-է աւելի սուրիահայ ընտանիք բնակարանի վարձ կը ստանայ բարեգործական տարբեր կազմակերպութիւններէ:

78 Միլիառ 219 Միլիոն Դրամ`
Երեւանի 2016-ի Պիւտճէն

Վերջերս Երեւանի քաղաքապետարանի աւագանին հաստատած է իր պիւտճէն:

Համաձայն հաստատուած պիւտճէին, տարեկան եկամուտներու ընդհանուր գումարը ծրագրուած է 78 միլիառ 219 միլիոն 530 հազար դրամի չափով, մօտաւորապէս` 165 միլիոն տոլար, ինչ որ շուրջ 9 առ հարիւրով աւելի է 2015-ի պիւտճէով  նախատեսուածէն: Ծրագրուած եկամուտները մօտաւորապէս 15,1 տոկոսով կը գերազանցեն 2014-ի փաստացի հաւաքագրուած եկամուտները: Նախագիծով նախատեսուած ընդհանուր եկամուտներուն ծաւալը 2014-ի սեփական եկամուտներէն աւելի են մօտաւորապէս 7 առ հարիւր:

2016-ի պիւտճէի ծախսերուն քանակը նախատեսուած է 78 միլիառ 369 միլիոն 530 հազար դրամի չափով, որուն շուրջ 99 առ հարիւրը կը յատկացուի վարչական պիւտճէին: Ծախսերու ծաւալներուն աւելի քան 39 առ հարիւրը կը տրամադրուի ընկերային բնագաւառին:

«Անահիտ» Մանկական Շարժանկարը Հասանելի
Պիտի Դառնայ Ֆրանսախօս Հանրութեան

anahid_123015

«Անահիտ» մանկական շարժանկարը հասանելի պիտի դառնայ ֆրանսախօս հանրութեան: Այս մասին լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին ըսած է «Ռոբերտ Սահակեանց փրոտաքշըն» արուեստանոցի համահիմնադիր եւ մանկական շարժանկարներ պատրաստող Դաւիթ Սահակեանցը:

«Պահելով ժապաւէնին բնօրինակ ձայնը, որ կը համալրուի ֆրանսերէն ենթատողերով, այսպիսով ֆրանսախօս եւ հայախօս հանրութիւնը միաժամանակ պիտի կարողանայ դիտել զայն»,  նշած է Դաւիթ Սահակեանցը:

Ընթացիկ տարին «Անահիտ» շարժանկարը անվճար ներկայացուած էր Ֆրանսայի չորս քաղաքներու մէջ: Շարժանկարի ստեղծողները այս ներկայացումները բարձր գնահատած են, որովհետեւ իրենց համար հետաքրքրական էր նաեւ սփիւռքի կարծիքը: «Մեզի համար կարեւոր էր, թէ շարժանկարը ինչպէ՛ս պիտի ընդունի Հայաստանի սահմաններէն դուրս բնակող հայ համայնքը: Ապրելով Հայաստանի մէջ` մենք գիտենք, թէ ի՛նչ կ՛ընենք եւ ներհայաստանեան կարծիքը մեզի համար սպասելի էր», ըսած է Դաւիթ Սահակեանց:

Շարունակելով խօսիլ «Անահիտ» մանկական շարժանկարի ցուցադրութիւններուն մասին` «Ռոբերտ Սահակեանց փրոտաքշըն» արուեստանոցի համահիմնադիրներէն մէկը աւելցուցած է, որ անիկա «Շարմ հոլտինկ»-ի եւ մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեան շնորհիւ այս տարի ցուցադրուած է նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի տարբեր քաղաքներու մէջ:

Հայկական 16 Շարժանկարներ Ամբողջովին
Հրապարակուած Են. Մշակոյթի Փոխնախարար

Հայաստանի մշակոյթի նախարարութիւնը 2015-ին սկսած է հայկական շարժանկարներու հրապարակման: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ժամանակ յայտնած է Հայաստանի մշակոյթի փոխնախարար Արթուր Պօղոսեանը:

Փոխնախարարին խօսքով, արդէն 16 հայկական շարժանկար ամբողջովին հրապարակուած է: «Մեզի համար շատ կարեւոր է պահպանել այդ ժառանգութիւնը, եւ մենք 2016-ին պիտի շարունակենք հրապարակման աշխատանքը», շեշտած է Արթուր Պօղոսեանը: Հայաստանի կառավարութիւնը, ըստ Պօղոսեանի, կը փորձէ արտօնեալ պայմաններ ապահովել շարժանկարի արտադրութեան համար: «Մենք կը խրախուսենք միացեալ շարժանկարի արտադրութիւնը», աւելցուցած է Արթուր Պօղոսեան:

Ընդհանուր առմամբ 2015-ին, փոխնախարարին խօսքով, իրականացուած է  շարժանկարի 15 նախագիծ, որոնց ծիրին մէջ նկարահանուած է 15 երկարատեւ եւ 10 կարճատեւ շարժանկար, 1 առաջին գործ-շարժանկար, 1 ուսանողական: «Հայաստանի մարզերուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կատարուած են «Հայկական էսքիզներ» ընդհանուր անուանումով կարճատեւ ժապաւէններու նկարահանման աշխատանքներ, նաեւ կայացած է «Անահիտ» գծանկարային ժապաւէնին շնորհահանդէսը», նշած է Արթուր Պօղոսեանը:

Հայաստանի Մէջ Սկսած Են Գործելու 22 Համեմատաբար
Մեծ Արդիւնաբերական Ընկերութիւններ

2015 թուականին Հայաստանի մէջ գործելու սկսած են 22 համեմատաբար մեծ արդիւնաբերական ընկերութիւններ, որոնց ներդրումներու ծաւալը կազմած է 65-70 միլիառ դրամ: 23 դեկտեմբերին կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին այս մասին յայտարարած է Հայաստանի տնտեսութեան նախարարութեան արդիւնաբերական քաղաքականութեան վարչութեան ղեկավար Արմէն Եգանեան:

Եգանեան նշած է, որ սահմանամերձ գիւղերուն մէջ գործառնութիւն կատարելու համար հարկային արտօնութիւններ տրամադրող օրէնքի ընդունումը մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծած է ձեռներէցներուն մօտ: Սահմանամերձ գիւղերէն մէկուն` Տաւուշի մարզի Չորաթան շրջանին մէջ արդէն կազմակերպուած է արտադրութիւն: Գիւղին մէջ հիմնուած ձեռնարկութիւնը, որ բանուորներու համար ձեռնոցներ կ՛արտադրէ, մտադիր է նոյնանման արտադրութեան սկսիլ այլ 4 գիւղերու մէջ եւս: Ասկէ բացի, կը սերտուի նաեւ անհատներուն սարքաւորումներ տրամադրելու կարելիութիւնը` արտադրութեան հանգրուաններէն քանի մը հատը տան մէջ իրականացնելու համար, որպէսզի այդպիսով կարելի ըլլայ աւելի մեծաթիւ գիւղեր ներառել նախագիծին մէջ: Կը սերտուի նաեւ սահմանամերձ գիւղերուն մէջ գարեջուրի արտադրութիւն կազմակերպելու կարելիութիւնը:

Կը կատարուի նաեւ Եւրասիական տնտեսական միութեան երրորդ երկիրներու տեղական ընկերութիւններուն հետ համագործակցութեան ընդլայնման վերաբերող աշխատանքներ:

Ըստ Արմէն Եգանեանի, ներկայ դրութեամբ քանի մը մեծ նախագիծերու իրականացման մասին բանակցութիւններ կը կատարուին չինական կողմի մը հետ: Անոր համաձայն, խօսքը ո՛չ միայն «Իրան-Հայաստան» երկաթգիծի շինարարութեան նախագիծին կը վերաբերի, այլ նաեւ` աւելի խորը վերամշակման արտադրութեան կազմակերպման:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ վերջին իրադարձութիւններու պարունակին մէջ որքանո՞վ արդիական են «Մետաքսի ճանապարհ» միջազգային նախագիծի գործարկումը, «Իրան-Հայաստան» երկաթգծային ճամբու շինարարութիւնը, Եգանեան նշած է, որ այդ հանգամանքը ո՛չ թէ կը նուազեցնէ, այլ հակառակը` կ՛աւելցնէ «Իրան-Հայաստան» երկաթգծային հատուածի շինարարութեան արդիականութիւնը, որովհետեւ ելք կ՛ապահովէ դէպի Պարսից ծոց:

Խօսելով դրացի Իրանի հետ համագործակցութեան մասին` Եգանեան նշած է, որ իրանեան կողմը հետաքրքրութիւն կը դրսեւորէ համագործակցութեան եւ Հայաստանի տարածքին մէջ միացեալ ձեռնարկութիւններու ստեղծման նկատմամբ` մասնաւորապէս հաշուի առնելով այն կարելիութիւնները, որոնք կը տրամադրուին ԵՏՄ-ին Հայաստանի անդամակցութեամբ, նաեւ` այն GSP դրութեան, որ Հայաստանին տրամադրած են Քանատան, Զուիցերիան, Ճափոնն ու Նորվեկիան, իսկ այս տարիէն սկսեալ` նաեւ Միացեալ Նահանգները:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>