Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարարին կատարած յայտարարութիւնը հիւսիսային Կիպրոսն ու Արցախը չհամեմատելու դիտարժան բաժին ունի բազմակողմանիօրէն:
Նախ անշուշտ կը վերաբերի կիպրական կողմին: Երբ Պաքուն եւ Անգարան տարբեր առիթներու այս համեմատութիւնը կը կատարեն, քանի մը թիրախ բնականաբար ներառած կ՛ըլլան իրենց մարտավարական մօտեցումներուն մէջ: Թէեւ այստեղ երկու պետութիւններուն շարժառիթները տարբեր կրնան ըլլալ:
Մէջբերենք Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարար Եոաննիս Քասուլիտեսի յայտարարութիւնը, որ կատարուած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի հետ հանդիպման ընթացքին: Ան ըսած է, որ սխալ է զուգահեռներ գծել բռնագրաւեալ հիւսիսային Կիպրոսի եւ Արցախի տագնապներուն միջեւ, որովհետեւ` «Ի տարբերութիւն հիւսիսային Կիպրոսի, որ բռնագրաւուած է Թուրքիոյ կողմէ, Արցախը հայկական պատմական տարածք է. անոնք մի՛շտ հոն եղած են, պայքարած են իրենց ապահովութիւնը երաշխաւորելու համար եւ անկախութիւն հռչակած են:
Անգարայի պարագային քաղաքական ենթաթեքսթը առաւելաբար կարգավիճակ-կարգավիճակի դիմաց չյայտարարուած մօտեցումը գերակշռած ըլլայ. կամ այն, ինչ որ միջազգային ընտանիքին կողմէ կ՛արգիլուի հիւսիսային Կիպրոսի համար, պէտք է արգիլուած ըլլայ նաեւ Արցախի համար: Կամ այն, ինչ որ կ՛արտօնուի Արցախի համար, պէտք է արտօնուի նաեւ հիւսիսային Կիպրոսի համար: Աւելի առաջ երթանք քաղաքական ենթադրութիւններուն մէջ` ըսելու համար, որ Անգարան Արցախի ուղղութեամբ իր դիրքորոշումները կը պայմանականացնէ ոչ անպայման Պաքուի հաշուարկները ընելով բացառապէս, այլ նաեւ հիւսիսային Կիպրոսի նկատմամբ միջազգային ընտանիքէն ակնկալութիւններ իրականացնելու քաղաքականութիւն կիրարկելով:
Պաքուի համար շահարկուող համեմատութիւնը հաւանաբար այլ շարժառիթ ունի, ինչ որ կրնայ չհամապատասխանել Անգարայի ընկալումներուն: Այստեղ գերակայ միտքը գրաւուած ըլլալու կարգավիճակի արծարծումն է. հետեւաբար Պաքուն փորձ կը կատարէ միեւնոյն ընկալելիութիւնը ապահովել երկու տարածքներուն համար: Ինչպէս հիւսիսային Կիպրոսը, այնպէս Արցախը միջազգային ընտանիքը պէտք է շարունակէ ընդունիլ իբրեւ գրաւուած տարածքներ: Ահա այստեղ է Անգարայի եւ Պաքուի մօտեցումներուն տարբերութիւնները: Եւ եթէ Արցախի պատմականին եւ ներկային մասին կայ թուրքեւազրպէյճանական մօտեցումներու համատեղելիութիւն, ապա նուրբ տարբերութիւն գոյութիւն ունի հիւսիսային Կիպրոսի ուղղութեամբ կատարուած համեմատութիւնը ընկալելու առումով:
Եւ նոյնքան դիտարժան է, որ բողոքը, կատարուած այս համեմատութեան դիմաց, կու գայ միայն Պաքուէն: Պաշտօնական Անգարան լուռ է, մինչդեռ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբերը կը յայտարարէր, որ Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարարին խօսքերը կը հակասեն միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն եւ կը նպաստեն Պաքուի դէմ հայկական կողմի «յարձակողապաշտ» քաղաքականութեան խրախուսման եւ միաժամանակ վնաս կը հասցնեն ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի միջնորդութեամբ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման բանակցային գործընթացին:
Եթէ ընդունինք, որ բողոքի իրաւունքը իրեն կը վերապահէ Պաքուն` տրուած ըլլալով, որ Արցախի մասին է յայտարարութիւնը, ապա նոյն տրամաբանութեամբ Անգարան պիտի արձագանգէր` տրուած ըլլալով, որ յայտարարութիւնը կը վերաբերէր նաեւ իր կողմէ գրաւուած հիւսիսային Կիպրոսին:
Հայկական կողմը այս նուրբ տարբերութիւնները նկատելով հանդերձ կը կեդրոնանայ յայտարարութեան քաղաքական բովանդակութեան վրայ: Պաշտօնական Նիկոսիան այս անհամեմատելիութիւնը ընդգծելով շատ պարզ կը դարձնէ` որ Արցախը պատմականօրէն հայկական տարածք է, որ հայերը միշտ ապրած են այդ տարածքին մէջ, որ անոնք պայքարած են իրենց ապահովութիւնը երաշխաւորելու համար եւ անկախութիւն հռչակած:
Պաշտօնական Նիկոսիոյ այս բանաձեւումը արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքի վրայ կայացուցած որոշումի ճանաչումն է:
«Ա.»