Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17410

Վկայութիւններ` Խաչիկ Պագալեանի Մասին

$
0
0

Իրականում չեմ էլ պատկերացնում, որ չկայ ընկեր Խաչիկը, կամ արդեօ՞ք կը լինի մի պահ, որ այլեւս չի լինի նա…

Այս ամբողջ ընթացքում վերյիշեցի իր հետ ապրած յատկապէս երեւանեան օրերը. դեռ ականջներուս մէջ է իր ծիծաղը, համով կատակները, բարձր ու տիրական խօսելաձեւը, երբեմն կծու եւ դառն իր ճշմարտախօսութիւնները…

Շատ դժուար է հաշտուել սիրելիի կորստի հետ, բայց…

Մարդ արարածը սովորում եւ յարմարւում է բոլոր իրադարձութիւններում… Ձեզ համբերութիւն եմ մաղթում, այս հեռաւորութեան վրայ չեմ էլ կարող գրկել եւ սփոփել ձեզ, մեղմացնել ձեր վիշտը սիրով ու կարեկցանքով, պարզապէս աղօթում եմ` հաւատալով, որ Աստուած ուժ կը տայ ձեզ դիմակայելու ցաւն ու տառապանքը:

Եթէ հիմա կարողանար լսելի դարձնել իր ձայնը, հիւմըրով մի բան կ՛ասէր մեզ` կատարուածի մասին: Այդքան իրական է նա մեր հոգիներում:

ՍՈՆԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

 

Շատ սիրելի հարազատ ընկերոջս` Խաչիկ Պագալեանին մահուան տխուր առիթով այս երկու նկարները` որպէս անմոռանալի յիշատակներ: Առաջինը` Պուլկարիա, Քրիստափոր Միքայէլեանի գերեզմանի կիսանդրիին կողքը, եւ երկրորդը Մուսա Լեռ` Խտըր Պեկ գիւղը, տան մը պատին: Երկուքն ալ` միասին մեր կատարած շրջապտոյտին (Սուրիոյ վրայով, Թուրքիա) (Մուսա Լեռ), ապա` Ատանա, Պոլիս, Պուլկարիա (Պուրկաս, Վառնա, Փլովտիւ եւ Սոֆիա) եւ վերջապէս` Յունաստան (Թեսաղոնիկէ, Աթէնք, Փիրէա) եւ ետ Այնճար, 1971 օգոստոսին: Ի՜նչ օրեր էին: Ափսո՜ս, Խաչի՛կ: Միշտ պիտի յիշեմ մեր այնքան լաւ ժամանակները միասին: Յիշատակդ վառ մնայ, սիրելի՛ ընկերս:

Խաչիկ Պագալեանի ամէնէն կարեւոր յատկանիշներէն էին` անչափելի անկեղծութիւն, անուղղելի ճշդութիւն, մուսալեռցիի յամառութիւն ու խիզախութիւն եւ կամքի զօրաւոր անհատականութիւն: Ան այնքան անկեղծ էր, որքան աններող` որեւէ սխալի կամ յանցանքի: Բարձրագոյն բարոյական չափանիշներով կ՛ապրէր եւ կը գործէր: Ան լուրջ եւ մտաւորական մարդ ըլլալով հանդերձ, նաեւ զգայուն եւ խոր հիւմըրով մարդ էր: Կարեւորագոյնը սակայն այն էր, որ եթէ դուն իր կողմէ ընդունուած էիր որպէս ընկեր, իր յաւիտենական ընկերն էիր: Վա՛րձքդ կատար, սիրելի՛ ընկեր: Կը յուսամ, որ քու մտաւորականի, ղեկավարի, անկեղծութեան եւ ճշդութեան ոգին պիտի փոխանցուին եկող սերունդներուն: Ես հպարտ եմ քեզի պէս լաւ ընկեր մը ունեցած ըլլալուս համար, եւ մանաւանդ ես աւելի լաւ եւ բախտաւոր մարդ եմ քեզի հետ ընկերութիւն ըրած ըլլալուս եւ ինծի տուածներուդ պատճառով: Հողը թեթեւ` անկեղծ ընկերս:

ԴՈԿՏ. ՅԱԿՈԲ ՓԱՆՈՍԵԱՆ

 

Ես միշտ պիտի յիշեմ զինք որպէս աշխուժ երիտասարդ մը, որ ազգային հարցեր կը քննարկէր ամուսինիս հետ եւ ունէր իր իւրայատուկ մօտեցումները:

ՍՈՆԱ ԶԷՅԹԼԵԱՆ

Մահը բոլորիս է եւ անխուսափելի:

Մարդիկ,  երբ կը մեռնին, ֆիզիքապէս կը հեռանան մեզմէ, կը նեղուինք, կը յուզուինք եւ կը սգանք. ապա, յաջորդական տարելիցներու հոգեհանգստեան արարողութեանց նախօրեակին եւ անկէ ետք, քանի մը յարգանքի ու ափսոսանքի արտայայտութիւններով մեր պարտականութիւնը կատարած կ՛ըլլանք եւ վե՛րջ:

Սակայն կան մարդիկ, որոնք երբ ֆիզիքապէս մեզմէ կը հեռանան, մահէն ետքն ալ առօրեայ ու կենդանի ներկայութիւն են մեր մէջ: Խաչիկ Պագալեանի տիպարը մէկն էր այդ եզակի երեւոյթներէն` մեր գիւղի նորագոյն պատմութեան մէջ իր բազմերես շնորհներով: Մարդ, ընտանիքի հայր, ազգային, կուսակցական ընկեր եւ ղեկավար, որ կրցաւ հմտօրէն մէկտեղել եւ գործադրել այդ բոլորը, յաջողեցաւ ինքզինք յարգանքով արժեցնել (պարտադրել) իր շրջապատին մէջ` միշտ ձգտելով լաւին եւ արդարին:

Երբեք չվարանեցաւ, ճակատաբաց, անշահախնդիր եւ խիզախօրէն իր մատնանշումներն ու թելադրանքները կատարելէ իր շուրջիններուն:

Ան հաճելի զրուցակից էր, համոզիչ տուեալներով տպաւորող, երբեմն` կտրուկ ու վճռական, սրամիտ, լրջութիւնն ու կատակը վարպետօրէն իրարու միացնող, ամբողջացնող եւ փոխանցող, երբեմն ալ քաղցրախայթ` իր իսկ խօսքերով, քիչ մըն ալ յամառ (դրական յամառութիւն կոչելով զայն):

Ընկ. Խաչիկ ունէր մարդկային նկարագիրի բծախնդիր ու յարաբերելու յատուկ կենցաղ եւ իր ըսելիքը յստակ ու հասկնալի ոճով արտայայտող միտք:

Բաւական ծանօթ էր մեր ազգի ու կուսակցութեան պատմութեան, կը սիրէր կարդալ, լսել եւ օրը օրին հետեւիլ սփիւռքի ու հայրենիքի բոլոր անցուդարձերուն, կը հետեւէր նաեւ շրջանային ու միջազգային քաղաքական եւ ընկերային տագնապներուն` միշտ ալ բազմատեսակ ու հետաքրքրական ախտաճանաչումներով եւ վերլուծումներով:

Ան հմուտ էր. ամբարած մանրամասն տեղեկութիւն եւ ունէր բացառիկ յիշողութիւն` Մուսա Լերան եւ Այնճար գիւղի ազգագրական եւ ընտանեկան պատմութեան մասին. ծագում, աւանդութիւն, սովորութիւն, բարք եւ սերունդներու հետեւողական ազգագրական կապ, այլ խօսքով` անգիր համայնագիտարանն էր գիւղի պատմութեան:

Անցնող տասնամեակներուն Այնճարի ազգային, մշակութային եւ կուսակցական կեանքին մէջ, շնորհիւ խումբ մը երիտասարդ, նուիրեալ, անկեղծ ու հաւատարիմ դաշնակցական ընկերներու` գիւղը ապրեցաւ նոր փուլ մը. ընկ. Խաչիկ մէկն էր այդ խումբի աշխուժ ու ազդեցիկ անձնաւորութիւններէն,  յատկապէս` ղեկավարի իր բոլոր տուեալներով, որոնք մեծապէս նպաստեցին երիտասարդացնելու եւ օրէնքը ուղիի մէջ դնելու գիւղի ղեկավարութիւնը, որ իր կարգին երբեք չզլացաւ եւ չխնայեց ապահովելու գիւղին անդորրութիւնն ու ապահովութիւնը, կարգն ու կանոնը նշանաբանով:

Խաչիկ Պագալեան անխոնջ եւ յամառ պայքարող էր, անձնական եւ կուսակցական գործերուն մէջ անզիջող հիմնական սկզբունքներէն եւ կառչած` անոնց ճշգրիտ գործադրման: Իր հերթապահութեան ժամանակաշրջանին գիւղին մէջ բոլոր մարզերուն մէջ նոր կեանք թափ առաւ, զգալիօրէն նուազեցան ոտնձգութիւններն ու անկարգութիւնները, ստեղծուեցաւ աշխատելաձեւի, գործակցութեան եւ յարաբերութիւններու նոր կերպ` աւելցնելով եւ ուժեղացնելով կուսակցութեան հմայքն ու վարկը, մեծապէս նպաստելով գիւղի բարգաւաճմանն եւ վերելքին:

Թող ընկ. Խաչիկին տիպարը եւ ոգին ամրօրէն արմատանայ մեր բոլոր դաշնակցական ընկերներուն մէջ եւ հայորդիներուն մէջ. այս դժուարին պայմաններուն մէջ բոլորս ալ պարտաւոր ենք սթափիլ: Մեր գիւղը եւ հայ ազգը կարիքը ունին ընկ. Խաչիկի նմաններուն:

Քառասուն օրեր անցան, թէկուզ քառասուն տարի ալ անցնի, ընկ. Խաչիկ Պագալեան եւ իր նմանները միշտ կենդանի պիտի մնան մեր սրտերուն եւ մտքերուն մէջ:

Յ. Պ. ՀԱՒԱԹԵԱՆ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17410

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>