Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Քուէյթ
Ազգայիններու Պարգեւատրումներ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին Քուէյթ տուած այցելութեան ծիրին մէջ կատարուեցան հետեւեալ պարգեւատրումները: Անուշաւան Նազարեան ստացաւ «Իշխան»¬ի շքանշան, Ֆիլիփ Փաթաթանեան, Գրիգոր Սուագճեան, տոքթ. Ժանօ Պէպէճեան, Յակոբ Պետիրեան, Մունիր Դարբինեան եւ Կոստանդին Մոմճեան` «Կիլիկեան Ասպետ»-ի շքանշաններ, իսկ Եղիա Կարպուշեան` «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց»-ի շքանշան:
Կիպրոս
Հանդիպում Կիպրոսի Հանրապետութեան Նախագահին Հետ
Երկուշաբթի, 29 մայիս 2017-ի առաւօտեան ժամը 11:00-ին Կիպրոսի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեան եւ երեսփոխան Վարդգէս Մահտեսեան հանդիպում մը ունեցան Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահ Նիքոս Անասթասիատիսի հետ:
Հանդիպումը ծանօթացման բնոյթ ունէր: Առաջին հերթին նախագահը իր ուրախութիւնը յայտնեց սրբազան հօր նոր առաքելութեան ստանձման եւ յունարէնով արտայայտման համար: Շուրջ 30 վայրկեան խօսակցութիւնները ընդհանրապէս կեդրոնացան Կիպրոսի, կիպրահայութեան եւ մասնաւորաբար Հայաստանի հետ պետական յարաբերութեանց մասին, նշելով նաեւ 2015-ին` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին անձամբ ներկայ գտնուիլը Հայաստան:
Սրբազանը, լսելէ ետք նախագահն ու ներկայացուցիչը` Կիպրոսն ու հայութիւնը յուզող տարբեր հարցերու մասին, իր կարգին նախ պաշտօնապէս շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար` հակառակ նախագահին բազմազբաղ վիճակին եւ ունեցած հեւքոտ օրակարգին, երկիրը տագնապեցնող ու մտահոգող խնդիրներով, եւ ապա անդրադարձաւ երկու ժողովուրդներու ունեցած դարաւոր սիրալիր յարաբերութեանց եւ նոյն ճակատագրին մասին` թէ՛ որպէս ժողովուրդ եւ թէ՛ որպէս հայրենիք:
Հանդիպումի աւարտին յիշատակի պատկերներ առնուեցան եւ անգամ մը եւս նախագահը իր աջակցութիւնն ու զօրակցութիւնը յայտնեց սրբազան հօր եւ կիպրահայ գաղութին: Իրենց կարգին, սրբազանն ու պետական ներկայացուցիչը պաշտօնապէս կիպրահայութեան եւ հայութեան անունով իրենց շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը յայտնեցին նախագահին` թէ՛ կիպրահայութեան եւ թէ՛ Հայաստանի նկատմամբ իր ցուցաբերած զօրակցութեան համար:
Նկարչուհի Ազնիւ Փափազեանին Ցուցահանդէսը
26 ապրիլին Նիկոսիոյ «Կլորիա» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ կիպրահայ նկարչուհի Ազնիւ Փափազեանի արուեստի գործերու ցուցահանդէսին բացումը:
Կիպրացի յայտնի նկարիչ Անդրէաս Խարալամպուս իր խօսքին մէջ ներկայացուց Ազնիւ Փափազեան նկարչուհիին անցած ճանապարհը եւ բարձր արժեւորեց անոր արուեստը:
Ցուցահանդէսին ցուցադրուած են իր վերջին տասնմէկ տարիներու աշխատանքը` շուրջ 110 իւղաներկ, աքրիլիք, մատիտաներկ, ածխաներկ, չինական մելան, գրիչ, գունաւոր մատիտ, ջրաներկ, կուաշ, թուղթ, կտաւ գործեր, որոնք կ՛ընդգրկեն` դիմանկարներ, բնանկարներ, ծովանկարներ, կեանքի պատկերներ, նաթիւր մորթ, տարբեր եւ բազմատեսակ համադրութիւններ:
Թեմի առաջնորդ Խորէն արք. Տողրամաճեան ողջոյնի եւ գնահատանքի խօսքով շնորհաւորեց նկարչուհի Ազնիւ Փափազեանը եւ մաղթեց, որ ան շարունակէ ստեղծագործել:
Թեհրան
«Սրբազան Պաշտպանութեան» Թանգարանի Ներկայացուցիչներուն Այցը
10 մայիսին, Ազգային առաջնորդարանին մէջ, գլխաւորութեամբ Թեմական խորհուրդին, տեղի ունեցաւ հանդիպում` «Սրբազան պաշտպանութեան» թանգարանի պատուիրակութեան հետ:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Թեմական խորհուրդի ատենապետ Ռոպերթ Բեգլարեան, ապա ելոյթ ունեցաւ թանգարանի ընդհանուր պատասխանատու Սարդար Խազրայի, որ կարեւոր նկատելով` 8-ամեայ պարտադրեալ պատերազմի ընթացքին զոհուածներու, ազատորդիներու եւ անձնուրացներու մեծարման հարցը` պատրաստակամութիւն յայտնեց այդ ուղղութեամբ լայնօրէն համագործակցիլ իրանահայ համայնքին հետ: Ան շեշտեց, որ թանգարանը պատրաստ է հնարաւորութիւններ ստեղծելու Սրբազան պաշտպանութեան ընթացքին իրանահայութեան դերակատարութիւնը լայնօրէն արտացոլացնելու եւ ներկայացնելու խնդիրին մէջ:
Ռոպերթ Բեգլարեան բացատրութիւններ տուաւ իրանահայ համայնքի կառոյցին, պատմութեան եւ ներկայ վիճակին մասին եւ յոյս յայտնեց, որ փոխհամագործակցութեամբ կ՛իրականացուին բոլոր այն ծրագիրները, որոնց մասին խօսուած է երկու կողմերուն միջեւ:
Աւարտին, Սարդար Խազրայի առաջարկով որոշուեցաւ եռամսեայ ժամկէտի մէջ քննարկել եւ գործնական քայլերու ձեռնարկել` իրականացնելու համար ծրագիրները:
Նոր Ջուղա
«Վերջին Բնակիչը» Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն
Նախաձեռնութեամբ Հայ դատի «Արձագանգ» քարոզչական յանձնախումբին, Շուշիի ազատագրման 25-ամեակին առիթով, 10 մայիսին, Նոր Ջուղայի Հայոց ազգային կրթահամալիրի «Ալենուշ Տէրեան» սրահին մէջ ցուցադրուեցաւ բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեանի «Վերջին բնակիչը» գեղարուեստական ժապաւէնը ներկայութեամբ Սպահանի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Սիփան ծ. վրդ. Քէչէճեանի եւ գաղութի պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներուն:
Կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով Վեհանուշ Խուդաբախշեան տեղեկութիւններ տուաւ ժապաւէնի բովանդակութեան եւ բեմադրիչի գործունէութեան շուրջ: Այնուհետեւ Ջիւան Աւետիսեան անդրադառնալով ժապաւէնի պատմութեան` ընդգծեց, որ փորձած է համամարդկային արժէքներու տեսարանի ներքեւ ներկայացնել արցախեան ազատամարտը:
Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ «Վերջին բնակիչը» ժապաւէնը, որ արժանացաւ հանդիսատեսի բարձր գնահատանքին:
Յունաստան
Ֆեթհիէ Չեթին Աթէնքի Մէջ
Ընդառաջելով Հայ կապոյտ խաչի Շրջանային վարչութեան հրաւէրին, 12-15 մայիսին Աթէնք այցելեց «Մեծ մայրս» գիրքի հեղինակ, Թուրքիոյ իրաւաբաններու մարդկային իրաւանց պաշտպան եւ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու կազմակերպութեանց բաժանմունքի անդամ, ինչպէս նաեւ Հրանդ Տինքի ընտանիքի փաստաբան, գրագէտ եւ քաղաքական գործիչ Ֆեթհիէ Չեթինը եւ ելոյթ ունեցաւ Մայրերու օրուան նուիրուած հրապարակային ձեռնարկին: Անոր կ’ընկերակցէր Հրանդ Տինք հաստատութեան գործավար-քարտուղար Հերմինէ Սայեանը, որ ստանձնած էր թարգմանիչի պարտականութիւնը:
12 մայիսին Ֆեթհիէ Չեթին եւ Հերմինէ Սայեան, ընկերակցութեամբ վարչութեան անդամներուն, այցելեցին Հ. Կ. Խաչի գրասենեակը, ուր ծանօթացման հանդիպում ունեցան վարչութեան հետ:
Նոյն օրը Չեթին ելոյթ ունեցաւ իր գիրքը յունարէնի թարգմանած Աթէնքի «Փաթաքիս» հրատարակչատան կեդրոնին մէջ: Ան ներկաներուն պատմեց իր մեծ մօր պատմութիւնը եւ` այն բոլոր ապրումները, որոնք զինք մղեցին գրելու եւ հրատարակելու «Մեծ մայրս» գիրքը` թրքերէնով: Այնուհետեւ, ան պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն:
14 մայիսին Ֆեթհիէ Չեթին այցելեց յունահայոց Ազգային առաջնորդարան, ուր հանդիպում ունեցաւ կաթողիկոսական փոխանորդ Կոմիտաս արք. Օհանեանի, ինչպէս նաեւ Ազգային վարչութեան անդամներուն ու ներկայ հայրենակցիներուն հետ:
14 մայիսին ան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Հ. Կ. Խաչի ձեռնարկին, որուն ընթացքին ներկաներուն ուղղեց իր սրտի խօսքը:
Վրաստան
Ուխտագնացութիւն Դէպի Հայաստանի Սրբավայրեր
Նախաձեռնութեամբ վիրահայոց թեմի երիտասարդական բաժինին եւ աջակցութեամբ թեմի առաջնորդարանին, 20 մայիսին տեղի ունեցաւ միօրեայ ուխտագնացութիւն դէպի Հայաստանի սրբավայրեր` Հաղարծին եւ Գոշավանք, մասնակցութեամբ շուրջ 90 ուխտաւորներու:
Ուխտաւորներուն առաջին կանգառը եղաւ 10-րդ դարուն կառուցուած Հաղարծին վանքային համալիրը, որ 13-րդ դարուն եղած է նաեւ ուսումնագիտական կեդրոն: Մանուկ քհնյ. Զէյնալեան մատուցեց Ս. պատարագ, որմէ ետք իր քարոզին մէջ խօսեցաւ ուխտի, աղօթքի եւ հաղորդութեան խորհուրդին մասին` անդրադառնալով հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ այս համալիրին ունեցած դերակատարութեան եւ նշանակութեան մասին:
Ապա ուխտաւորները շարունակեցին իրենց ուղեւորութիւնը դէպի Տաւուշի մարզի այլ սրբավայրեր: Անոնք այցելեցին Գոշավանք, որ հիմնուած է 12-13-րդ դարերուն եւ եղած է կրօնական, կրթական եւ մշակութային կեդրոններէն մէկը եւ կոչուած է նշանաւոր գիտնական, օրէնսդիր, դաւանաբան, առակագիր, մանկավարժ Մխիթար Գոշի անունով:
Այստեղ եւս ուխտաւորները աղօթեցին եւ նոյն օրը երեկոյեան վերադարձան Թիֆլիս:
Ռուսթաւի Քաղաքին Մէջ Առաջին Անգամ Հնչեց Հայոց Պատարագը
Վերջերս Ռուսթաւիի մէջ տեղի ունեցաւ «Ս. Գրիգոր Նարեկացի» հոգեւոր, կրթամշակութային եւ երիտասարդութեան կեդրոնին բացումը: Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեան օծեց վէմ քարն ու սրբապատկերը, ուր ասկէ ետք, ամէն կիրակի պիտի մատուցուի Ս. պատարագ:
21 մայիսին Նարեկ քհնյ. Ղուշճեան մատուցեց անդրանիկ Ս. պատարագը եւ հաւատացեալներուն բացատրեց վէմ քարի եւ սրբապատկերի խորհուրդը, որ եկեղեցւոյ, վանքի եւ տաճարի բացակայութեան պարագային, հայոց Ս. պատարագի հիմնաքարն է: Իր քարոզին մէջ ան խօսեցաւ քրիստոնեայ հաւատքի հաւատարմութեան, ազգային ինքնութեան պահպանման մասին` կարեւոր նկատելով եկեղեցւոյ եւ լեզուի դերը ազգի յարատեւութեան գործին մէջ: Քահանայ հայրը արժեւորեց հոգեւոր երգերու, ազգային մշակոյթի, ժողովրդական աւանդոյթներու պահպանումը աշխարհասփիւռ հայկական համայնքներուն մէջ: Քահանայ հայրը ներկայացուց նաեւ կեդրոնի գործունէութիւնը` Սուրբ Եղիշէի անուան կիրակնօրեայ դպրոցը, «Նեմրութ» պարային համոյթը եւ «Բերկրի» երգչախումբը:
Ջիւանիի Տուն-Թանգարանի Յուշային Հատուածի Վերականգնման Աշխատանքները Սկսան
23 մայիսին աշխատանքային այցով Կարծախ մեկնեցան Հայաստանի վաստակաւոր ճարտարապետ Յովհաննէս Մութաֆեան եւ Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հնագիտութեան եւ ազգագրագիտութեան համալսարանի եւ Հայոց ազգագրութեան թանգարանի գիտաշխատող Արգամ Երանոսեան` ուղեկցութեամբ «Ջաւախքին աջակցութիւն» հիմնադրամի գործադիր վարչութեան ներկայացուցիչներու, հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ Գագիկ Վարդերեսեանի:
Նախատեսուած է վերականգնել յուշային հատուածը` պահպանելով ազգագրական տեսանկիւնէն կարեւոր արժէք հանդիսացող 19-20 դարու Ջաւախքի հայկական ժողովրդական բնակարանի առանձնայատկութիւնները:
Յառաջիկայի աշխատանքը պիտի ընդգրկէ հողի շերտերու հեռացում, փտած գերաններու փոխարինում` նոր գերաններով, պատերու եւ տանիքի ամրացում:
Յայտնենք, որ Ջիւանիի տուն-թանգարանի հիմնադրման ծրագիրը բաղկացած է երկու փուլերէ` ցուցասրահի հատուած, որը իրականացուած է 2016-ին, եւ բացումը տեղի ունեցած է նոյն տարուան օգոստոսին, եւ` յուշային հատուածի վերականգնում, ուր աշուղը իր մանկութեան տարիները անցուցած է: Երկրորդ հատուածին բացումը նախատեսուած է օգոստոսին:
Միացեալ Նահանգներ
Ճան Տոլմայեանի «Քոմիք» Գիրքերու Նուիրուած Խանութը` Լաս Վեկասի Մէջ
Վերջերս «Սիսթըմ աֆ է տաուն» խումբի թմբկահար Ճան Տոլմայեան նախաձեռնած է գծապատկերի գիրքերու նուիրուած իր երկրորդ խանութի «Թորփիտօ քոմիքս»-ի բացումին, Լաս Վեկասի մէջ:
Տոլմայեան իր պատանութեան տարիներուն շատ սիրած է այս գիրքերը, եւ ան այս գիրքերու առեւտուրով սկսած է զբաղիլ 1990-ականներու սկիզբը եւ «Սիսթըմ աֆ է տաուն» խումբին հետ արձանագրած իր յաջողութիւններէն ետք, տասնամեակ մը առաջ վերադարձած է այս ասպարէզին, նախ համացանցի միջոցով առեւտուր կատարելով, ապա` առաջին խանութը բանալով Լաս Վեկասի մէջ:
Տոլմայեան այժմ դժուար գտնուող հատորներու կամ գծագրութիւններու վստահելի աղբիւր մը դարձած է ու կը ջանայ իր նոր խանութը վերածել այդ մարզին մէջ լաւագոյններէն մէկուն: