Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Նոր Ջուղա
Ս. Ամենափրկիչ Վանքի Շրջափակին Մէջ Խաչքարի Բացում
14 մայիսին Ս. Ամենափրկիչ վանքի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ խաչքարի բացում` պատմական Ջուղայի խաչքարերէն մէկուն բնօրինակին համաձայն, որ իրականացուեցաւ Յարութիւն, Շողեր, Արշալոյս եւ Ծաղկուշ Խուտավերդեաններու նիւթական աջակցութեամբ: Խաչքարը աշխատանքն է հայաստանաբնակ քանդակագործ Արտակ Համբարձումեանի:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Թովմա Գալստանեան, որ անդրադարձաւ պատմական Ջուղայի խաչքարերու առանձնայատկութիւններուն եւ ազրպէյճանցիներու կողմէ անոնց ոչնչացման իրողութեան:
Խաչքարի օրհնութենէն ետք Կրօնական խորհուրդի անունով ելոյթ ունեցաւ Վարուժ Մովսիսեան: Ան հաստատեց, որ մեր ժողովուրդի սրբագոյն եւ պատմական արժէքներէն` Հին Ջուղայի հազարաւոր հայկական խաչքարերը բնաջնջուեցան թշնամիին կողմէ, սակայն սոյն խաչքարը վկան դարձաւ հայու աննկուն կամքին եւ շինարար ոգիին:
Ապա գնահատական եւ շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցաւ Արշալոյս Խուտավերդեան, որմէ ետք շրջանի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Վահէ Թորոսեան խօսք առնելով` հաստատեց, որ հայ ժողովուրդին դէմ գործուած ցեղասպանութեան հեղինակներուն անպատիժ մնալը առիթ տուաւ նոր մշակութային ցեղասպանութիւններու իրագործման:
Թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Սիփան ծ. վրդ. Քեչեճեան անդրադառնալով խաչին եւ խաչքարերուն կարեւոր նշանակութեան հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ որպէս զօրութեան, մխիթարութեան, իմաստութեան եւ մտքի լուսաւորութեան աղբիւրներ` աղօթեց, որ սոյն խաչքարին պատուանդանը խորհրդանշականօրէն հայ ժողովուրդի, ի մասնաւորի թեմի զաւակներուն համար հանդիսանայ հաւատքի եւ աննկուն կամքի պատուանդան, որուն վրայ հիմնուելով` մեր ազգը ոչ միայն բարգաւաճի ու յառաջդիմէ, այլեւ իր կորսնցուցած կոթողներուն փոխարէն` կերտէ աւելի գեղեցիկ ու տիպար նմուշներ:
Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Թեհրան
«Դարաւոր Հայաստանի Նորանկախ Պետութիւնը» Խորագիրով Լուսանկարչական Ցուցահանդէսի Բացում
Վերջերս Թեհրանի «Արարատ» մշակութային միութեան մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի անկախութեան հռչակման 25-ամեակին նուիրուած «Դարաւոր Հայաստանի նորանկախ պետութիւնը» խորագիրը կրող լուսանկարչական ցուցահանդէսին բացումը:
Ցուցահանդէսին ներկայացուած էին Հայաստանի մէջ 1990-2016 թուականներուն տեղի ունեցած մշակութային, գիտական, քաղաքական, հասարակական, տնտեսական եւ այլ կարեւոր իրադարձութիւններու ժամանակագրութիւնը` աւելի քան 160 լուսանկարներու ընդմէջէն, փաստագրական, արխիւային եւ գեղարուեստական ձեւով:
Ցուցահանդէսը 2016-ին առաջին անգամ ներկայացուեցաւ Երեւանի, ապա Լոս Անճելըսի ու Փարիզի մէջ:
Այս տարի ցուցահանդէսը պիտի կազմակերպուի նաեւ Մոսկուայի մէջ (Հայկական եկեղեցական համալիրի «Տապան» թանգարանին մէջ), իսկ Թեհրանի ցուցահանդէսէն ետք անիկա պիտի ներկայացուի Պէյրութի մէջ, յունիսի սկիզբը:
Պոլիս
Յովհաննէս Չեքիճեան Պարգեւատրուեցաւ Մաղաքիա Պատրիարք Օրմանեանի Անուան Ոսկիէ Շքանշանով
Վերջերս Հայաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչ, խմբավար, Հայաստանի ազգային ակադեմական երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար Յովհաննէս Չեքիճեան իր ծննդեան 90-ամեակին առիթով հրաւիրուեցաւ իր ծննդավայր` Պոլիս, ուր պատրիարքարանի «Վարդանանց» դպրաց դասի նախագահ Թաթուլ ծ. վրդ Անուշաւանի կողմէ Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ պարգեւատրուեցաւ Մաղաքիա պատրիարք Օրմանեանի անուան ոսկէ շքանշանով:
Յովհաննէս Չեքիճեան 1961-էն ի վեր պետական ակադեմական երգչախումբի գլխաւոր խմբավարն է: Անոր ղեկավարութեամբ նուագախումբը մեծ վարպետութեամբ կը կատարէ դասական եւ ժամանակակից հայ երաժշտահաններու գործերը, հայկական ժողովրդական երգեր, օփերաներէ հատուածներ:
Ան հեղինակ է երաժշտական ստեղծագործութիւններու: 1973-1977 թուականներուն դասաւանդած է Երեւանի Ռոմանոս Մելիքեանի անուան երաժշտական ուսումնարանին մէջ, 1975-էն Երեւանի երաժշտանոցին մէջ (1982 թուականէն փրոֆեսէօր է):
Իտալիա
Սփիւռքի Նախարարութեան Երախտագիտութեան Մետալը` Վենետիկի Համալսարանի Փրոֆեսէօրին
5 մայիսին Հռոմի` Հայաստանի դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւն, որուն ընթացքին Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Վիքթորիա Բաղդասարեան սփիւռքի նախարարութեան «Երախտագիտութեան մետալ»-ը յանձնեց Վենետիկի համալսարանի փրոֆ. Սոնա Յարութիւնեանին:
Սոնա Յարութիւնեան հեղինակ է Հայոց ցեղասպանութեան, հայ տանթէագիտութեան, լեզուաբանութեան, թարգմանաբանութեան նուիրուած քառասունէ աւելի հրապարակումներու: Ան նաեւ «Հայոց ցեղասպանութեան թեման իտալական գրականութեան մէջ» մենագրութեան հեղինակն է: Անոր թարգմանութեամբ լոյս տեսած են Ա. Հերմետի եւ Փ. Ռաթթիի «Հայերու Վենետիկը» գիրքը, ինչպէս նաեւ` Անթոնիա Արսլանի «Արտոյտներու ագարակը», «Զմիւռնիայի ճանապարհը» եւ «Մշոյ գիրքը» Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած վէպերը: Ան գիտական զեկոյցներով հանդէս եկած է` Հայաստանի, Ֆրանսայի, Իտալիոյ, Մալթայի, Հոլանտայի, Լեհաստանի, Զուիցերիոյ, Հունգարիոյ, Թայուանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու շարք մը համալսարաններու ու գիտական հաստատութիւններու մէջ: Որպէս այցելու դասախօս` դասաւանդած է Ֆրեզնոյի եւ Նիւ Եորքի համալսարաններուն մէջ:
Սոնա Յարութիւնեանի անխոնջ գործունէութեան շնորհիւ, յատկապէս կրթական ոլորտին մէջ, հայ-վենետիկեան փոխյարաբերութիւնները վերջին տարիներուն թեւակոխած են նոր փուլ մը:
Միացեալ Նահանգներ
Շուշիի Ազատագրութեան 25-րդ Տարեդարձին Նուիրուած Ցուցահանդէս
Կազմակերպութեամբ Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի հիւպատոսարանին, գործակցութեամբ «Արարատ» ցուցասրահին, 8 մայիսին հիւպատոսարանին մէջ տեղի ունեցաւ Շուշիի ազատագրութեան 25-րդ տարեդարձին նուիրուած «Վայրեր, դէմքեր եւ տարածքներ» խորագիրը կրող արուեստի գործերու ցուցահանդէս մը:
Ցուցահանդէսի բացման արարողութեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի ներկայացուցիչ Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեան կատարեց բացման աղօթքը:
Մոսկուա
«Հայաստանի Օր Մերձմոսկուայի Մէջ» Ձեռնարկը
19 մայիսին «Սատուռն» մշակոյթի պալատին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայաստանի օր մերձմոսկուայի մէջ» հասարակական մարզային ձեռնարկը, որ կազմակերպուած էր Մոսկուայի մարզի մեծ քաղաքներուն մէջ հայկական, մշակութային-առաքելական ընկերութիւններու եւ կիրակնօրեայ դպրոցներու ստեղծման համար «Տիալոկ»-ի ծրագիրներու շրջագիծին մէջ եւ նուիրուած է Հայաստանի Ա. անկախութեան:
Այս ձեռնարկը կը նպաստէ Մոսկուայի մէջ միջմշակութային երկխօսութեան զարգացման, քաղաքացիական համերաշխութեան եւ հասարակական համաձայնութեան ամրապնդման գործին:
Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր:
Յայտնենք, որ «Տիալոկ» կազմակերպութիւնը կը միտի նաեւ նոյնանման ծրագիրներ իրականացնել մերձմոսկուայի այլ քաղաքներուն մէջ, ինչպէս նաեւ նպաստել Հայաստանի եւ Մոսկուայի մարզի քաղաքներու միջեւ գործընկերային յարաբերութիւններու հաստատման:
Ճափոն
Հայկական Մշակոյթի Շաբաթ
9-14 մայիսին Թոքիոյի մէջ տեղի ունեցաւ աւանդութիւն դարձած ամէնամեայ «Հայկական մշակոյթի շաբաթ» ձեռնարկը, որ այս տարի նուիրուած էր Հայաստանի եւ Ճափոնի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակին:
Մշակութային շաբթուան ընթացքին տեղի ունեցան հայ եւ ճափոնցի անուանի նկարիչներու ցուցահանդէսներ, հայկական երաժշտական երեկոյ, հայկական ու ճափոնական աւանդական երաժշտական գործիքներու կատարումներով համերգներ, դասախօսութիւններ, մշակութային ձեռնարկներ:
Ներկայացուեցաւ «Թէքէեան կեդրոն» հիմնադրամի «Արարատը հայու աչքերով» խորագիրը կրող լուսանկարչական ցուցահանդէսը:
10 մայիսին տեղի ունեցաւ «Հայաստանի իւրօրինակ արտադրանքը» խորագրով դասախօսութիւնը, ինչպէս նաեւ` «Հայկական երաժշտութեան երեկոյ» երաժշտական ձեռնարկը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Ճափոնի Կոմիտասի անուան երաժշտական ընկերութեան հոգաբարձութեան խորհուրդի նախագահ Թաքահիրօ Աքիպան, Հայաստանէն ժամանած քանոնահար Մերի Մուսինեան եւ սոփրանօ Արաքս Մանսուրեան:
12 մայիսին տեղի ունեցաւ «Հայկական ասեղնագործութիւն» խորագիրով սեմինար, եւ «Քանոն+քոթօ» համերգ, որուն ընթացքին հայկական եւ ճափոնական երաժշտական կատարումներով հանդէս եկան քանոնահար Մերի Մուսինեան եւ քոթոիսթ Ճունկօ Իշիվաթան:
13 մայիսին տեղի ունեցաւ «Հայկական գինիներ» ձեռնարկը, որուն ընթացքին մասնակիցները ճաշակեցին հայկական արտադրութեամբ գինիներ:
Քանատա
ՀՄԸՄ-Կամքի Կրտսերները Մոնրէալի Պասքեթպոլի Մրցաշարքի Ախոյեան
22 ապրիլին ՀՄԸՄ-Կամքի Մոնրէալի պասքեթպոլի տղոց կրտսերներու (14-15 տարեկան) խումբը, որ 8 յաղթանակ եւ 0 պարտութիւն արձանագրած էր, այս տարեշրջանին ախոյեանական խաղը աւարտեց 53-46 յաղթանակով` EB-Training-ի դէմ: Այս յաղթանակով ՀՄԸՄ-ը առաջին անգամ ըլլալով տիրացաւ Մոնրէալի «Եութ պասքեթպոլ լիկ»-ի առաջնութեան:
Ախոյեան խումբի անդամներն են` Ժան-Փիեռ Արճեան, Անդրանիկ Թիւթիւնճեան, Գէորգ Սապպա, Յարութ Քանդակեան, Ճոնի Գարամանլեան, Հրակ Աճեմեան, Շիրազ Սուլթանեան, Տիգրան Խանոյեան, իսկ մարզիչներն են` Ճորճ Ճապրայեան եւ Կարօ Մանուկ:
Նշենք, որ Ժան-Փիեռ Արճեանը իր օրինակելի կեցուածքին առ ի գնահատանք` ստացաւ լաւագոյն մարզիկի «Էմ. Վի. Փի.» տիտղոսը. Ժան-Փիեռը այս տարեշրջանին ապահոված էր 17,4 միջին:
Աւստրալիա
Աստուածաշունչի Առաջին Հայերէն Տպագրութեան 350-Ամեակի Տօնակատարութիւն
Համագործակցութեամբ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի հայոց թեմի առաջնորդարանին եւ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան եւ անոր գրական-գեղարուեստական յանձնախումբին, ապրիլ-մայիս ամիսներուն Սիտնիի մէջ նշուեցաւ Աստուածաշունչի առաջին հայերէն տպագրութեան 350-ամեակը: Այս յատուկ առիթով, որպէս գլխաւոր բանախօս, հրաւիրուած էր Հայաստանի Ազգային գրադարանի տնօրէն դոկտ. Տիգրան Զարգարեանը:
* 28 ապրիլին տեղի ունեցաւ առաջին ձեռնարկը Ռայտ արուարձանի Արուեստի վարժարանի սրահին մէջ: Բացման խօսքը արտասանեց Համազգայինի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Վիգէն Գալլօղլեան: Սփիւռքի նախարարի խորհրդատու Հանրիէթ Անդրէասեան կարդաց նախարար Հրանուշ Յակոբեանի շնորհաւորանքի խօսքը: Գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր:
Օրուան բանախօս` դոկտ. Տիգրան Զարգարեան ընդհանուր տեղեկութիւններ տուաւ հայ տպագրութեան մասին եւ մասնաւորեց Աստուածաշունչի տպագրութիւնը` որպէս կարեւոր ազգային եւ միջազգային իրադարձութիւն:
Յայտնենք, որ ձեռնարկին զուգահեռ տեղի ունեցաւ նաեւ հնատիպ գիրքերու ցուցահանդէս:
* 3 մայիսին տեղի ունեցաւ երկրորդ ձեռնարկը` Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգի խորհրդարանի սրահներէն մէկուն մէջ: Օրուան հանդիսավար Վիգէն Գալլօղլեան ամփոփ տեղեկութիւններ տուաւ հայկական տպագրական մշակոյթին մասին: Նահանգապետ Քլատիս Պերեճիքլեան հպարտանքով անդրադարձաւ 350-ամեայ հայերէն առաջին Աստուածաշունչի կարեւորութեան, ապա ներկայացուց բանախօս դոկտ. Տիգրան Զարգարեանը, որ անգլերէն լեզուով իր բանախօսութեան ընթացքին շեշտը դրաւ 5000 օրինակով Ոսկան Երեւանցիի` Ամսթերտամի մէջ տպած առաջին հայերէն Աստուածաշունչի կարեւորութեան վրայ, վեր առաւ Երեւանցիի զոհողութիւնը եւ Ամսթերտամի խաղացած կարեւոր դերը անոր յաջողութեան մէջ:
Աւարտին շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցաւ թեմի առաջնորդ Հայկազուն եպս. Նաճարեան, որմէ ետք ան նահանգապետ Քլատիս Պերեճիքլեանի յանձնեց «Յակոբ Մեղապարտ» շքանշանը եւ խորհրդարանի գրադարանին նուիրեց Հրայր Բազէի «Խաչքար» պատկերազարդ ծաւալուն գիրքը:
Յայտնենք, որ կողքի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ցուցահանդէս` հնատիպ գիրքերու:
Այս առիթով հրատարակուեցաւ գրքոյկ մը` հայերէնով եւ անգլերէնով, նուիրուած հայ տպագրութեան ընդհանրապէս եւ Աստուածաշունչի տպագրութեան մասնաւորապէս, որ բաժնուեցաւ երկու ձեռնարկներու մասնակից բոլոր ներկաներուն:
* 7 մայիսին Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ «Էտկարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Երիտասարդութիւնը կը հանդիպի դոկտ. Տիգրան Զարգարեանի հետ» ձեռնարկը: Դոկտ. Զարգարեան անգլերէն լեզուով ներկայացուց իր նիւթը, որուն մասին եղան բազմաթիւ հարցումներ: Քաջալերելի երեւոյթ էր հայ ուսանող երիտասարդութեան ցուցաբերած հետաքրքրութիւնը հայկական տպագրութեան արուեստին եւ պատմութեան: Սրբազան հայրը իր գոհունակութիւնը յայտնեց երիտասարդական այս համախմբման համար եւ դրուատեց ներկաներու մասնակցութիւնը այս կարեւոր ձեռնարկին:
Դոկտ. Զարգարեան իր Սիտնի կեցութեան ընթացքին այցելեց Աւստրալիոյ Ազգային գրադարան, Քանպերա, ինչպէս նաեւ` Նիւ Սաութ Ուէյլզի գրադարան, ուր ծանօթացաւ այնտեղ պահուած հայերէն թէ օտար լեզուներով հրատարակութեանց եւ հրապարակուած թերթերուն: Ան զոյգ գրադարաններուն մէջ ծանօթացաւ հնատիպ որոշ գիրքերու, որոնց օրինակները Հայաստանի Ազգային գրադարանին մէջ չկան: Երեք գրադարանապետները որոշեցին համագործակցիլ եւ զարգացնել գրադարաններու փոխյարաբերութիւնը:
Դոկտ. Զարգարեան նաեւ կրցաւ Սիտնիի Հայ համայնքի անդամներէն Ազգային գրադարանին համար ապահովել Աւստրալիա թէ այլուր հրատարակուած գիրքեր ու հրապարակուած մամուլ: Ան նաեւ այցելեց հայկական վարժարանները եւ հանդիպում ունեցաւ տնօրէններուն, ուսուցչական կազմերուն եւ աշակերտութեան հետ, որուն ընթացքին մանրամասն բացատրութիւն տուաւ Ազգային գրադարանի ծաւալած գործունէութեան մասին: