Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Հարաւային Լիբանանի Ազատագրման 17-ամեակ. Ռազմավարական Հաւասարակշռութեան Հաստատում Եւ Դիմադրութեան Առանցքի Յաղթանակ

$
0
0

ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ

25 մայիս 2000-ը կը խորհրդանշէ հարաւային Լիբանանի ազատագրութեան եւ Իսրայէլի դէմ արձանագրուած յաղթանակի օրը, որ վերածուած է ազգային տօնի, եւ որուն անբաժանելի մէկ մասնիկը կը մնայ Դիմադրութեան անունը:

Հարաւային Լիբանանի ազատագրութեան եւ Դիմադրութեան տօնը Լիբանանի մէջ վերածուած է աւանդութեան եւ կ՛ընդգրկէ տօնակատարութիւններ, որոնց շրջագիծին մէջ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա անպայման կ՛արտասանէ իր խօսքը` կենդանի ելոյթով կամ հեռասփռուող ճառով:

Այս առիթով սէյիտ Նասրալլայի ճառերը կ՛ըլլան բաւական սուր եւ սպառնալից` բազմիցս Դիմադրութեան դիմաց պարտուած, սակայն տակաւին լիբանանեան հողերու մէկ մասը` Մազարեհ Շեպաան, Քֆարշուպայի բարձունքները եւ Ղաժար գիւղաքաղաքի մէկ մասը բռնագրաւուած պահող Իսրայէլի նկատմամբ:

25 մայիսը այն տօնն է, որ իր մէջ կը պարփակէ Լիբանանի եւ ազատութեան ի խնդիր պայքարող արաբ ժողովուրդին պատմութիւնը, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ կը ներկայանայ իբրեւ նոր տարազ` Դիմադրութիւնը դարձնելով արաբեւիսրայէլեան տագնապին վրայ գերիշխող ուժ մը:

Հարաւային Լիբանանի եւ արեւմտեան Պեքաայի ազատագրումը վերջ տուաւ իսրայէլեան բռնագրաւումին եւ դարձաւ Դիմադրութեան արձանագրած Ա. յաղթանակը թշնամի Իսրայէլի դէմ: Այդպիսով փոփոխութեան ենթարկուեցաւ արաբական-սիոնական տագնապի աւանդական կշիռը` դառնալով աւելի նպաստաւոր արաբական եւ իսլամական աշխարհին համար:

Հետեւաբար կարելի է ըսել, որ տարբեր շրջանային մակարդակի վրայ տարբեր ուժերուն միջեւ արձանագրուած նոր տարազը իրականացաւ Լիբանանի մէջ գործող իսլամական Դիմադրութեան կողմէ:

Ճակատագրական բախումներու եւ պատերազմներու պարագային այս մէկը դիւրին եւ սովորական նուաճում մը չի նկատուիր, այլեւ այդ տագնապը եւ անոր հետեւանքները շրջող իրականութիւն է:

Իսրայէլի դէմ Դիմադրութեան արձանագրած այս առաջին նուաճումը արդիւնք էր նաեւ Իրանի հետ սուրիական-լիբանանեան-պաղեստինեան դաշինքին գործակցութեան եւ հաստատուած ամուր յարաբերութիւններուն, որոնց շնորհիւ կարելի եղաւ ազատագրել Պէյրութը, Լեռնալիբանանը եւ ապա հարաւային Լիբանանն ու արեւմտեան Պեքաան:

Իր յաղթանակները պանծացնող եւ Մլիթայի պատերազմական թանգարանին մէջ այդ յաղթանակին յաւերժացումին ձգտող Դիմադրութիւնը լիբանանեան մակարդակի վրայ կը վայելէ նաեւ դէմ կարծիքներ, որոնք մնայուն կերպով կը պահանջեն անոր ապազինումը:

Բայց եւ այնպէս Իսրայէլի սպառնացող, անոր հիւլէական կեդրոնները ռմբակոծել խոստացող եւ կատարեալ դիւրութեամբ Գալիլիան իր հակակշիռին տակ առնելու մասին զգուշացումներ կատարող ղեկավարին` սէյիտ Նասրալլային, ինչպէ՞ս կարելի է զինաթափ ընել, երբ ան երկրին սահմանները կը պաշտպանէ ե՛ւ Իսրայէլէն,  ե՛ւ ՏԱՀԵՇ-էն, որոնք բռնարարքներու եւ ահաբեկչութեան երկու երեսները կը ներկայացնեն, եւ որոնց նպատակն է տիրել Լիբանանին եւ իւրացնել անոր հարստութիւնները:

Այս հարցումին պատասխանը անշուշտ բաւական բարդ է` յատկապէս նկատի ունենալով Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ այս հանգրուանին արձանագրուող պաղ պատերազմը:

Իսրայէլեան շջրանակներուն մէջ ներկայիս կը տիրէ ընդհանուր մթնոլորտ մը, թէ` Հըզպալլայի հետ Գ. պատերազմը անխուսափելի է, որովհետեւ Իսրայէլ խիստ կարիքը ունի երաշխաւորելու իր անվտանգութիւնը եւ իր գոյացութեան շարունակականութիւնը:

Իսրայէլեան լրատու գործակալութիւններուն եւ զինուորական ուսումնասիրութեան կեդրոններուն համաձայն, Լիբանանի դէմ սանձազերծուելիք Գ. պատերազմը արդէն իսկ պէտք է շղթայազերծուի` առանց պատրուակի մը սպասելու, եւ կամ, ինչպէս իւրաքանչիւր պատերազմի պարագային` Հըզպալլայի նուազագոյն մէկ քայլը,  Իսրայէլի կողմէ պատերազմ յայտարարելու պատրուակի վերածելու զայն:

Իրականութեան մէջ իսրայէլեան գոյացութեան մօտ պատերազմի այս մարմաջը յանկարծ չէ ծնած, այլ անիկա սկսած է ծրագրուիլ 2000-ի ամօթալի նահանջին պատճառով եւ ամբողջացած է 2006-ի յուլիսեան պատերազմին արձանագրած Իսրայէլի պարտութեան հսկայ ճնշումին տակ:

Հըզպալլայի դէմ Իսրայէլի մղելիք երրորդ պատերազմը նաեւ պիտի ըլլայ ահաբեկչութեան դէմ, յատկապէս` Սուրիոյ մէջ, Հըզպալլայի արձանագրած յաղթանակներուն պատճառով:

Իսրայէլացիները նման ծրագիր մը ունին, որովհետեւ կը հաւատան, թէ Հըզպալլայի կարողութիւնները կ՛ամրապնդուին, անոր ղեկավարներն ու անդամները յաւելեալ փորձառութիւն կը շահին Սուրիոյ մէջ ահաբեկիչներուն հետ բախումներուն ընթացքին, ինչպէս նաեւ` զինուորական յատուկ գործողութիւններու պարագային:

Իսրայէլի արժեւորումով, Հըզպալլայի իւրացուցած այս կարողութիւնները կ՛աւելնան անոր մարտիկներուն մէջ ամրապնդուած այն համոզումին եւ սուրբ կարգախօսի վերածուած այն նշանաբանին, թէ Իսրայէլը պէտք է ջնջել:

Հետեւաբար ներկայիս հարաւային Լիբանանի մէջ եւ հակամարտող երկու կողմերուն միջեւ բառին բուն իմաստով կը տիրէ պաղ պատերազմ:

Նիւթական, զինամթերքի եւ տեղեկատուութեան հսկայ կարողութիւններ ունեցող, ինչպէս նաեւ միջազգային ու մասամբ արաբական զօրակցութիւն վայելող արիւնարբու գոյացութեան եւ Դիմադրութեան իր սկզբունքներով, իր զաւակներուն հաւատքով զինուող եւ իր շրջանակին ու արաբական որոշ երկիրներու զօրակցութիւնը վայելող Հըզպալլայի միջեւ ընթացող պաղ պատերազմը կարելի է ներկայացնել հետեւեալ չորս կէտերով.

Ա.- Տեղեկատուութեան եւ հոգեբանական պատերազմ

Իբր թէ Իսրայէլի դէմ նկատուող միջազգային եւ շրջանային տեղեկատուական միջոցներուն կողմէ անդադար լուրեր կը հրպարակեն, թէ Հըզպալլա ունի հաւասարակշռութիւնը խախտող զէնքեր, որոնք միջազգային խաղաղութեան վտանգ կը սպառնան: Միջազգային այս տեղեկատուական միջոցները Հըզպալլան կ՛ամբաստանեն ահաբեկչութեան յանցանքով եւ զայն կը նկատեն ահաբեկչական շարժումներ, ինչպէս` ՏԱՀԵՇ-ը եւ Ժապհաթ Նուսրան, անտեսելով անոր հիմնական եւ առանցքային դերակատարութիւնը` հաւատադրժողական ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու ու զայն տկարացնելու, ինչպէս նաեւ` զանոնք ընկերութենէն հեռացնելու  անոր ունեցած ներդրումը:

Միջազգային տեղեկատուութեան այս ալիքին Հըզպալլա կը պատասխանէ ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ իր պատերազմը կատարեալ վճռակամութեամբ շարունակելով եւ հաւատադրժողական ահաբեկչութիւնը տապալելով:

Բ.- Դիւանագիտական եւ միջազգային պատերազմ

Իսրայէլ` կարգ մը արաբական երկիրներու օժանդակութեամբ, կը մղէ դիւանագիտական միջազգային բաց ճակատամարտ մը` Դիմադրութեան դէմ ամբաստանութիւններ հրահրելու եւ զայն Սուրիոյ եւ Իրանի մտերիմ բարեկամը նկատելու իմաստով:

Իսրայէլ առիթ չի փախցներ նաեւ Հըզպալլայի որոշումները ներկայացնելու իբրեւ ինքնագլուխ որոշումներ, որոնք լիբանանեան պետութեան գերիշխանութիւնը կը գերազանցեն:

Ըստ իսրայէլեան տեսակէտներուն, Հըզպալլա իր որոշումները առաջ կը քշէ ներքին լիբանանեան գրեթէ ամբողջական համախոհութեամբ եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու նպատակով կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրով իրեն շնորհուած իրաւունքով, պահպանելու համար Լիբանանի եւ լիբանանեան պետութեան ռազմավարական անվտանգութիւնը:

Գ.- Զինուորական եւ գումակային պատրաստութիւններ

Թշնամի Իսրայէլի հաստատութիւնները զինուորական եւ գումակային պատրաստութիւններու իմաստով ընդարձակ զօրաշարժ մը կ՛ապրին: Անոնք նաեւ ընդարձակ ռազմափորձեր կը կատարեն, յատկապէս` Հըզպալլայի յատուկ ջոկատայիններու հետ բախումներու վերաբերող ռազմափորձեր, նկատի ունենալով, որ անոնք կազմ ու պատրաստ են ընդառաջելու սէյիտ Նասրալլայի կոչին եւ կը պատրաստուին մուտք գործելու Գալիլիա:

Իսրայէլեան ռազմափորձերուն մաս կազմեցին նաեւ Լիբանանի սահմանամերձ շրջանին մէջ գտնուող իսրայէլեան զինուորական կեդրոններուն եւ բնակեցման վայրերուն անմիջական պարպումը:

Ռազմափորձերուն կողքին, կազմուեցաւ նաեւ երկաթեայ հակահրթիռային վահան` բնակեցման վայրերը պաշտպանելու Հըզպալլայի արձական տարբեր հրթիռներէն:

Նկատի ունենալով այս բոլորը, Լիբանանի եւ շրջակայքին մէջ հաւատադրժողական ահաբեկչութեան դէմ կռուող Հըզպալլան միաժամանակ կը ջանայ ամբողջացնել իր պատրաստուածութիւնը` պատերազմելու Իսրայէլի դէմ:

Դ.- Հսկողութիւն եւ հետապնդում

Իսրայէլեան ուժերուն հետապնդումները, հսկողութիւնը, գաղտնի լսումներն ու գաղտնի սպասարկութիւններուն գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ գործակալներու դրութիւնը միշտ ալ աշխուժ եղած է Հըզպալլայի դէմ անոր մղած պաղ պատերազմին ծիրին մէջ:

Իր կարգին, Հըզպալլա Իսրայէլի թշնամական բռնարարքներուն դիմադրելու իր առաքելութեան մէջ նոյնքան լուրջ հետապնդումներ կը կատարէ անոր մասին` հետեւելով իսրայէլեան մարտավարութիւններուն, հետապնդելով եւ վար առնելով անոր անօդաչու թռչող սարքերը եւ հետախուզական բարձր մակարդակ պահելու շնորհիւ` ձախողեցնելով անոր մղած հոգեբանական պատերազմը:

Երկու կողմերուն միջեւ կազմ ու պատրաստ այս իրավիճակը, զգուշաւոր մթնոլորտը եւ որեւէ երկվայրկեանի պատերազմ բռնկելու հաւանականութիւնը, ինչպէս միշտ, կը մնան բարձր:

Այս բոլոր մտահոգութիւններուն պատասխանը եւ պարզաբանումները այսօր կարելի է իմանալ, մեկնաբանել կամ կռահել սէյիտ Նասրալլայի արտասանելիք ճառին ընդմէջէն: Ճառ մը, որուն մասին նախապէս յայտնուեցաւ, թէ, ինչպէս մի՛շտ, պիտի ըլլայ հզօր եւ սուր:

Եզրափակելու համար հարկ է շեշտել, որ 25 մայիս 2000-ին հարաւային Լիբանանի ազատագրումը, որ շարունակուեցաւ շրջանային եւ միջազգային մարտահրաւէրներուն դէմ դնելով, վեց տարի ետք` 2006-ին, առիթ տուաւ Դիմադրութեան Իսրայէլի դէմ պատմական այլ յաղթանակ մը արձանագրելու եւ  Լիբանանի մէջ 11 տարուան խաղաղութիւն պարտադրելու: Այս բոլորը եղան շնորհիւ Դիմադրութեան, որ Իսրայէլի դիմաց հզօր կերպով կանգնելու կողքին, տակաւին կը շարունակէ իր պայքարը հաւատադրժողական ահաբեկչութեան երկու հիմնական ներկայացուցիչներուն` Ժապհաթ Նուսրայի եւ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ, ինքզինք արժանի պահելով Լիբանանի մէջ գործող բանակ-ժողովուրդ-դիմադրութեան եռակողմանի տարազին, որուն խիստ կարիքը կը զգացուի մինչեւ օրս:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>