Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանի աւարտական դասարաններու վկայականց բաշխման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 13 մայիս 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, վարժարանի հանդիսասրահին մէջ:
Կեանքի բնական ընթացքով դպրոցական տարիները աշակերտին համար թէեւ երկար կը նկատուին, սակայն իրողապէս ամէնէն կարճ հանգրուանն է: Այսպէս ալ, Հռիփսիմեանց վարժարանի աւարտական դասարաններու 19 սաները յատուկ հանդիսութեամբ եկան իրենց դպրոցական օրերուն էջը դարձնելու իրենց իւրայատուկ ոճով, որ այս պարագային կը ներկայացուի յուզումնախառն արտայայտութիւններով եւ գնահատումներով, որոնք ապրեր ու հիւսեր էին Հռիփսիմեանցի կամարներուն ներքեւ լրիւ 15 դպրոցական տարեշրջաններ, իսկ այժմ անոնք իրենց ետին ձգելով մանկական ու պատանեկան ջերմ յիշատակներ` իրենց տենչերուն եւ ձգտումներուն ի խնդիր կը նային դէպի նոր հորիզոններ:
Անոնք բեմ բարձրացան դպրոցական համազգեստէն դուրս այլ համազգեստով ու գլխարկով, սակայն դպրոցական համազգեստին պարտադրած կարգապահութեամբ, լրջութեամբ եւ ոգիով:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներէն ետք ուսանողներու կողմէ արտասանուեցան բարիգալստեան խօսքեր հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով. հանդէսը նուիրուած էր վարժարանի հիմնադրութեան 95-ամեակին, որուն համար շրջանաւարտները իրենց արտայայտութիւններուն մէջ լուսարձակի տակ առին վարժարանին բեղուն արդիւնքները եւ խոստացան հաւատարիմ մնալ իրենց հռիփսիմեանցականի պատկանելիութեան: Անոնք հերթաբար հանդէս եկան ուղերձներով, որոնք արտասանուեցան հայերէն, արաբերէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն լեզուներով, ուր ընդհանրապէս գնահատեցին ու արժեւորեցին իրենց ստացած անվերապահ խնամատարութիւնն ու հոգատարութիւնը, ինչպէս նաեւ ուսման անսպառ կրթական ծրագիրներու բծախնդիր հետապնդումը: Խօսքերը մերթ ընդ մերթ երանգ ստացան, երգերով, նուագներով, ասմունքով եւ պարով, որոնք ջերմ ծափողջոյններով գնահատուեցան հանդիսութեան ներկաներուն կողմէ:
Ներկայացումներու աւարտին, ընկալեալ սովորութեան համաձայն, իրենց կարգին յատուկ յանձնարարութեամբ` քրիստոնէական հաւատքով եւ միշտ հայ մնալու ու հայկական արժէքները գերադասելու թելադրականով մը, իրենց կարգին դպրոցի վահանը յանձնեցին այժմու 11-րդ դասարանի աշակերտներուն:
Ապա բեմ բարձրացաւ վարժարանի փոխտնօրէն եւ երկրորդական դասարաններու պատասխանատու Կարպիս Գապասագալեանը, որ դրուատիքով անդրադարձաւ այս սերունդին, ինչպէս նաեւ նախորդներուն, որոնք ստացած են հայավայել կրթութիւն` շնորհիւ իրենց ծնողներուն. ան նմանապէս կարեւորեց Հռիփսիմեանց դպրոցին ունեցած իւրայատուկ դրոշմը հայ սերունդներուն ճակտին:
Ապա բեմ հրաւիրեց վարժարանի տնօրէնուհի քոյր Արմինէ Մակարոսեան, որ իր սրտի խօսքը ուղղեց շրջանաւարտներուն որպէս յանձնառու սերունդ գիտակցօրէն պայքարելու կեանքի մարտահրաւէրներուն դէմ եւ կեանքի միակ լոյսը եւ ամրակուռ զէնքը համարել քրիստոսաւանդ հաւատքն ու ուսումը: Ան շնորհաւորեց աշակերտներուն երկար տարիներու փայփայած երազին իրականացումը` յանձնարարելով թռիչք առնելու, անվեհեր հաւատքով ու կամքով ճախրելու դէպի նորանոր հորիզոններ` այնպէս, ինչպէս դաստիարակուեցան ու գօտեպնդուեցան Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարանի ինքնուրոյն ոճով: Ան իր խօսքին մէջ վեր առաւ Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան ընձեռած 170 տարիներու ծառայութիւնները հայ սերունդներու դաստիարակութեան համար, ապա կարեւորեց հայ ծնողքին դերը եւ առաքելութիւնը:
Ան շնորհաւորեց ծնողները, որոնք խոր հաւատքով իրենց զաւակները վստահեցան Հռիփսիմեանցին, ուր աշակերտները կ՛արձանագրեն շօշափելի ու փայլուն արդիւնքները:
Անդրադառնալով վարժարանի 95-ամեայ ուղիին` քոյր Արմինէ հաստատեց. «Պիտի շարունակենք մնալ նոյն վերելքին մէջ այնքան ատեն որ միաբանութեան քոյրերը անշահախնդիր հոգիով, անձնազոհութեամբ կը գործեն»:
Հռիփսիմեանց վարժարանի տնօրէնը շնորհակալութեան խօսք ուղղեց դպրոցի գոյերթին մէջ իրենց ներդրումը ունեցած ուսուցիչներուն, որոնք լոյս եւ գիտութիւն, ազգային ոգի հաղորդեցին աշակերտներուն` մաղթելով, որ անոնք ըլլան քաջառողջ, համբերող, ուժեղ կամքի տէր, միշտ լծուած մարդակերտումի թէեւ դժուար, բայց սրբազան առաքելութեան:
Քոյր Արմինէ Մակարոսեանը իր խօսքի աւարտին աշակերտներուն մաղթեց լաւագոյն յաջողութեան ձեռքբերում պաքալորէայի քննութեանց, ապա յանձնեց դպրոցին երաշխիքը հանդիսացող վկայականը:
«Հռիփսիմեանցը ձեզի յանձնեց անկորնչելի գանձեր: Այսօրուընէ սկսեալ դուք պարտիք հաւատարիմ գանձապահներ ըլլալ եւ գնահատել զանոնք: Այսօր աւելի քան երբեք դուք կը գտնուիք բարդ, յաճախ դառն մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման: Հետեւաբար կանչուած էք գօտեպնդուելու, խիզախօրէն պայքարելու ձեր հայու ինքնութեան համար: Տէր պիտի կանգնիք դարաւոր, ազգային, նուիրական սրբութիւններուն, մշակոյթին, լեզուին, պատմութեան, աւանդութիւններուն», ըսաւ ան:
Շրջանաւարտները խրոխտ ձայնով երգեցին վարժարանի քայլերգը, ապա դպրոցական վերջին զանգին բառերով դուրս եկան հանդիսասրահէն: