Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Ստեփանակերտի Մէջ Կազմակերպուած Է «Ազրպէյճանը Քաղաքակրթութեան Թշնամի Խորագրով Ցուցահանդէս
«Թանգարաններու գիշեր» համաեւրոպական նախագիծի ծիրին մէջ այսօր Ստեփանակերտի Պետական պատմական երկրագիտական թանգարանին մէջ կազմակերպուած է «Ազրպէյճանը քաղաքակրթութեան թշնամի» խորագիրով ցուցահանդէս:
Թանգարանի տնօրէն Մելանիա Բալայեան ըսած է, որ ամէն տարի կը փորձեն իւրայատուկ նիւթով հանդէս գալ: «Այս տարուան «Ցաւալի պատմութիւններ. դժուար պատմելին թանգարաններու մէջ» խորագիրին ընտրութիւնը թանգարաններու միջազգային կազմակերպութեան կողմէ պատահականութիւն չէր: Մենք գիտենք, որ ներկայ դրութեամբ մերձաւոր արեւելքի մէջ տեղի կ՛ունենան ցաւալի իրադարձութիւններ, եւ վերջին շրջանին ռազմական գործողութիւններու ընթացքին կ՛աւերուին եւ աւերուեցան հնագոյն քաղաքակրթութեան բազմաթիւ արժանայիշատակ նմուշներ: Գործընթաց մը, որ մեզի համար սովորական դարձած էր, որովհետեւ եթէ այլ երկիրներու մէջ նոր երեւոյթ է, ապա մենք 1915 թուականէն եւ նոյնիսկ անկէ առաջ ականատես եղած ենք ցաւալի երեւոյթներու, իրադարձութիւններու: Այս նիւթը առիթ է, որ մենք ալ անդրադառնանք ցաւալի երեւոյթներու, որոնք տեղի կ՛ունենան մեր ժողովուրդին հետ: Ակնյայտ փաստ է, որ մեր պատմական մշակութային յուշարձանները կ՛աւերուին մեր հայրենիքի տարբեր հատուածներու մէջ. մեր հայրենիքի զգալի մասին վրայ կ՛իշխէ Թուրքիան, իսկ զգալի այլ մասի վրայ ալ՛ Ազրպէյճան կոչուած պետութիւնը:
Ազրպէյճանի քաղաքականութիւնը ոչինչով չի տարբերիր Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններէն կամ թրքական քաղաքականութենէն: Անոնք մեծ ջանադրութեամբ կ՛անհետացնեն հայկական մշակութային ժառանգութիւնը, եկեղեցիներն ու վանքերը մէկ պարզ նպատակով` տէր կանգնիլ մեր հայրենիքին եւ հայ ժողովուրդի հետքը բնաջնջել: Քաղաքակիրթ երկիրը, որ կը հասկնայ մշակոյթի կարեւորութիւնը, հանդէս կու գայ իբրեւ այդ մշակոյթի պահապան: Ազրպէյճանը իր քաղաքակրթութեամբ կը փաստէ, որ շատ հեռու է անոնցմէ», ըսած է Մ. Բալայեանը եւ` նշած, որ ցուցահանդէսի լուսանկարներուն մէջ ներկայացուած են մեր հայրենիքի այն հատուածները, որոնք այսօր բռնագրաւուած են Ազրպէյճանի կողմէ՛ Նախիջեւանէն, պատմական Ուտիքէն մինչեւ հիւսիսային Արցախ:
«Լուսանկարներուն մէջ ներկայացուած են Նախիջեւանի աւերուած եկեղեցիները, Ջուղայի գերեզմանոցի ջարդուած ու քանդուած խաչքարերը, Պաքուի հայկական եկեղեցին, Գանձակի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցին, որ ներկայիս դարձած է սենեկային երաժշտութեան տուն: Լուսանկարներուն մեծ մասը նկարուած է խորհրդային ժամանակներուն: Լուսանկարիչ Ֆրետերիք Պերլեմոնը, որ կարելիութիւն ունեցած է շրջագայելու Ազրպէյճանի տարածքին, տրամադրած է մեզի լուսանկարներ, որոնք կը փաստեն մեր պատմական մշակութային ժառանգութեան աւերածութիւններուն մասին: Այս ցուցահանդէսին ներկայացուած լուսանկարներուն հեղինակը նաեւ «Հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող» կազմակերպութեան նախագահ Սամուէլ Կարապետեանն է, որ այս բոլոր տարիներուն ընթացքին մեծ ջանքերով հաւաքած է զանոնք, եւ մենք այս լուսանկարները, իբրեւ լուրջ փաստարկներ մենք կրնանք ներկայացնել», նշած է Մ. Բալայեան եւ շեշտած է, որ թանգարան եւ այցելու կապը փոփոխական է, եւ հետզհետէ այս ուղղութեամբ հետաքրքրութիւնը կ՛աւելնայ հասարակութեան մէջ:
«Եթէ տարիներ առաջ մեր այցելուները հիմնականօրէն դպրոցականներ կամ օտարներ եղած են, ապա ներկայ դրութեամբ նկատելի աճ արձանագրուած է: Բոլորն ալ մեր պատմութիւնը լսելով` տպաւորուած են: Մենք պարտաւոր ենք մեր պատմութիւնը, մշակոյթը մեր ժողովուրդին հանրամատչելի եւ հաճելի կերպով մատուցելու: Մենք միշտ պէտք է յիշենք, որ թանգարանը մեր հասարակութեան հարստութիւնն է, մեր պատմական ժառանգութիւնն է, եւ մենք պէտք է պահանջատէր ըլլանք», հաղորդած է Մ. Բալայեան:
Սփիւռքահայ Ուսանողներ Եւ Սուրիահայ Հայրենադարձներ Հանդիպեցան «Կեանք Ու Կռիւ 2» Ժապաւէնի Բեմադրիչին Եւ Դերասաններուն Հետ
Մայիս 16-ին Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ, «Շարմ հոլտինկ» ընկերութիւնը կազմակերպեց «Կեանք ու կռիւ 2. 25 տարի անց» ժապաւէնի դիտումը սփիւռքահայ ուսանողներու, սուրիահայ հայրենադարձ ընտանիքներու համար:
Ներկաները յուզումով դիտեցին ժապաւէնը, որմէ ետք բեմադրիչ Մհեր Մկրտչեանն ու դերասանները զրուցեցին հանդիսատեսին հետ:
Սփիւռքահայ ուսանողներու խորհուրդի փոխնախագահ Սարգիս Ղազարեան ընդգծեց, որ հայ հանդիսատեսը սիրեց ու բարձր գնահատեց ժապաւէնը, աւելցնելով. «Պարզապէս անհրաժեշտ է առեւտրային նպատակներով նկարահանուած ժապաւէններու կողքին, ստեղծել ազգային գաղափարախօսութիւն, արժեհամակարգ ձեւաւորող այսպիսի գործեր»:
Դերասանուհի Նարինէ Գրիգորեան նշեց, որ ինք եւ դերասանական ամբողջ կազմը հաճոյքով ու նուիրումով աշխատած են Մհեր Մկրտչեանին հետ` գիտակցելով, թէ որքան կարեւոր ըսելիք ունի ժապաւէնը ինչպէս հայաստանցիներուն, այնպէս ալ սփիւռքահայութեան:
«Ժապաւէնը հայութեան բոլոր շերտերուն, աշխարհի բոլոր ծայրերու մէջ ապրող հայերուն համար է: «Կեանք ու կռիւ» ժապաւէնի նկարահանումներուն ընթացքին սկսաւ ապրիլեան պատերազմը, որ մեզ մղեց ստեղծելու երկրորդ ժապաւէն մը», նշեց բեմադրիչ Մհեր Մկրտչեան:
Հանդիսատեսը անդրադարձաւ նաեւ ժապաւէնին երաժշտութեան` նշելով, որ երաժշտահան Արմէն Մարտիրոսեանի երաժշտութիւնը կ՛ամբողջացնէ եւ աւելի հոգեհարազատ կը դարձնէ ժապաւէնը:
«Պատահական չէ, որ սփիւռքի մէջ այդքան լաւ ընդունուեցաւ եւ այդպէս սիրուեցաւ առաջին ժապաւէնը: Վստահ եմ, որ նոյն ճակատագրին կ’արժանանայ «Կեանք ու կռիւ 2. 25 տարի անց»-ը», ըսած է սուրիահայ հայրենադարձ Աշխէնը:
Հանդիպման աւարտին ներկաները շնորհակալութիւն յայտնեցին ստեղծագործական խումբին` այսպիսի կարելիութիւն ընձեռելու համար եւ յոյս յայտնեցին, որ հայ իրականութեան մէջ պիտի շարունակուին ստեղծուիլ բարձրարժէք ժապաւէններ:
Ռուսաստանաբնակ Բարերարին Աջակցութիւնը` Արցախի Բազմազաւակ Եւ Կարիքաւոր Ընտանիքներուն
Արցախի վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեան մայիս 6-ին Մարտունիի մէջ մասնակցած է շրջանի բազմազաւակ մօտաւորապէս 80 ընտանիքներու համար կազմակերպուած բարեգործական ձեռնարկին:
ԱՀ կառավարութեան աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինէն, ռուսաստանաբնակ բարերար, ծագումով Արցախէն Համլեթ Վաչենանցի նախաձեռնութեամբ, Մարտունիի շրջանի բազմազաւակ ու կարիքաւոր մօտաւորապէս 80 ընտանիքներու, իբրեւ աջակցութիւն, տրամադրուած է հագուստ, կահոյք, կենցաղային սարքեր եւ այլ անհրաժեշտ ապրանքներ:
Արցախի կառավարութեան ղեկավարը բարձր գնահատած է բազմազաւակ եւ կարիքաւոր ընտանիքներու ընկերային հարցերու նկատմամբ բարերարի ցուցաբերած ուշադրութիւնը: Ա. Յարութիւնեան կարեւոր համարած է ծրագիրը, յատկապէս` ընկերային առկայ հարցերու նկատմամբ անհատական եւ յատուկ մօտեցման առումով:
Իր կարգին, Հ. Վաչենանցը նշած է, որ անցեալ տարի նոյեմբեր 19-ին սկսած ծրագիրէն արդէն օգտուած է 108 ընտանիք: Անոր հաստատումով, այդ ծրագիրը շարունակական պիտի ըլլայ, եւ իրենք պիտի փորձեն փուլ առ փուլ լուծել Արցախի շրջաններուն մէջ ապրող բոլոր բազմազաւակ ու կարիքաւոր ընտանիքներու ունեցած հարցերը: Յաջորդ փուլին մօտաւորապէս 130 նոր ընտանիքներու աջակցութեան ծրագիրը կ՛ամբողջանայ արդէն այս տարուան նոյեմբեր 19-ին:
Ամերիկահայ Ճորճիկ Անճարկոլեանը Կը Քալէ Բերձորէն Մինչեւ Ստեփանակերտ
Ամերիկահայ 68-ամեայ Ճորճիկ Անճարկոլեանը մայիս 12-14 Արցախի մէջ քալած է Բերձորէն մինչեւ Ստեփանակերտ` 60 քիլոմեթր երկարութեամբ:
«Քայլարշաւի ընթացքին, ձեռքի ազդանշան տալով, կը կանգնեցնեմ անցնող մեքենաները եւ կ՛ողջունեմ Արցախ մուտք գործողները. Անոնց կը նուիրեմ անգլերէնով, հայերէնով եւ ռուսերէնով Արցախի մասին 10 էջնոց պրոշիւրներ: Քայլարշաւի ժամանակ կը հագնիմ «Բարի գալուստ Արցախ» մակագրութեամբ շապիկս», ըսած է Ճ. Անճարկոլեան եւ աւելցուցած է, որ եթէ կարենայ այսպիսի միջոցով ամէն տարի գոնէ 10 զբօսաշրջիկ բերել Արցախ, ուրեմն Արցախի ճանաչման, զարգացման ու կայացման գործին մէջ իր աւանդը բերած կ՛ըլլայ:
«Արցախին օգնելու համար մենք մեզի պէտք է ուղիներ փնտռենք: Բոլոր զբօսաշրջիկներն ալ կը յորդորեմ, որ տարին գոնէ մէկ անգամ այցելեն Արցախ, գտնուին պատմական մշակութային վայրերու մէջ, քալեն Արցախի փողոցները, շփուին մարդոց հետ. այն ժամանակ պիտի հասկնաք, թէ այստեղ ինչպիսի՛ մարդիկ կ՛ապրին, ինչի՞ համար կը պայքարին, ի՞նչ կ՛երազեն: Ամէն անգամ կ՛ուրախանամ, երբ Արցախի մէջ կը տեսնեմ նորակառոյց բարձրայարկ շէնքեր, պանդոկներ, սրճարաններ: Իսկապէս որ Արցախը օրէ օր կը ծաղկի ու կը շէննայ», ըսած է Ճ. Անճարկոլեանը եւ աւելցուցած է, որ ինքը մեծ փափաք ունի գտնուելու նաեւ առաջնագծի վրայ, խօսելու զինուորներու հետ, ոգեւորելու եւ ոգեւորուելու անոնցմով:
Շարլ Ազնաւուրի Տարեդարձը Բացօթեայ Համերգային Ծրագրով Պիտի Նշուի Նաեւ Երեւանի Մէջ
Աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի ծննդեան տարեդարձը իր անուան հրապարակին վրայ նշելը արդէն գեղեցիկ աւանդութիւն մը դարձած է:
Այս տարի եւս Երեւանի Շարլ Ազնաւուրի անուան հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ բացօթեայ երգահանդէս, որ իւրօրինակ յարգանքի տուրք է մեծ երգիչի արուեստին, կեանքին եւ գործունէութեան: Մայիս 22-ին երգիչը դարձաւ 93 տարեկան:
«Ազնաւուր յատուկ երեւոյթ է: Անոր պէս մարդիկ 200 տարին անգամ մը կը ծնին: Ան մեծագոյն արուեստագէտ է, որուն առջեւ պէտք է խոնարհիլ: Այս երգահանդէսին մեր յարգանքը արտայայտեցինք անոր հանդէպ», մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսած է երգահանդէսի մասնակից երգիչ Արամոն:
Ծրագրին մէջ Ազնաւուրին սիրուած երգերը հնչեցուցած են նաեւ` Հայկ Պետրոսեան, Սոնա Ռուբէնեան, Բորիա Եգանեան, Էդգար Խաչատրեան, Տիգրան Մուչեան, «Միքայէլ Ոսկանեան եւ ընկերներ» խումբը, «Kami friends project»-ը, DJ Beatman-ի կատարումով:
Միքայէլ Վարանդեան 167 Միլիոն Դրամ Կը Նուիրէ Սահմանամերձ 10 Գիւղերու
Սահմանամերձ Տաւուշի մարզի ընկերային-տնտեսական հարցերու լուծման աջակցութիւն բերելու նպատակով «Կրան հոլտինկ»-ի սեփականատէր Միքայէլ Վարդանեան մարզին յատկացուցած է 167 միլիոն դրամ: Այս գումարով սահմանամերձ 10 գիւղերու մէջ ամբողջութեամբ պիտի լուծուին խմելու ջուրի հարցերը` ըստ մամլոյ կարգ մը աղբիւրներու տեղեկութեանց:
Այս աջակցութեան շնորհիւ` որոշ գիւղեր պիտի նորոգեն համայնքային ճանապարհները, որոնց անբարեկարգ վիճակը, յատկապէս տարուան այս եղանակին, կ՛ազդէ համայնքի բնականոն կեանքին վրայ:
Արեգ Բալայեան Յաղթեց «Աւրորա»-ի Լուսանկարչական Մրցոյթին
Մայիս 16-ին Երեւանի «Դալան» ցուցասրահին մէջ բացուած է «Աւրորա» նախաձեռնութեան «Մարդասիրութեան աչքերով» լուսանկարչական ցուցահանդէսը, ուր ներկայացուած են «Աւրորա» լուսանկարչական մրցոյթին մասնակցած աշխատանքները: Ցուցահանդէսի բացման արարողութեան ժամանակ յայտնի դարձան «Աւրորա» լուսանկարչական եւ կարճատեւ ժապաւէններու յաղթողները:
Արցախցի լուսանկարիչ Արեգ Բալայեանի «Վերջապէս հանգիստ» լուսանկարը, դատական կազմին որոշումով, ճանչցուած է լաւագոյնը: Լուսանկարչական մրցոյթին երկրորդ տեղը գրաւած է Սարգիս Բուլղադարեան (Հայաստան)՛ «Առօրեայ ջուրի հարցը սահմանամերձ Թլիկի մէջ» լուսանկարին համար, երրորդ տեղը՛ Վիզարուդ Սանխամի (Թայլանտ) «Անագէ պատերու ետին» լուսանկարն է:
Յատուկ մրցանակներու արժանացած են Անահիտ Հայրապետեան (Հայաստան)՛ «Փախստական հայրն ու որդին Արցախի մէջ» լուսանկարին եւ Աննա Քարոլին տէ Լիմա (Պրազիլ)` «Ռաճաշտանցի տղան» լուսանկարին համար:
«Համոզիչ, կարեկցանքով լի եւ զգայուն. առաջին «Աւրորա» լուսանկարչական մրցոյթին ներկայացուած պատկերները գերող էին, անոնք մեզի կը ստիպէին խորհիլ: Տարիներ շարունակ գնահատած եմ բազմաթիւ մրցոյթներ, եւ այս մրցոյթին լուսանկարները կ՛առանձնանային իրենց իմաստային խորութեամբ եւ կատարման որակով: Մրցոյթը մեր բոլորին ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ աշխարհի մէջ խիստ կարեւոր հարցերու վրայ», ըսած է մրցոյթի դատական կազմի նախագահ Ճոն Շթենմայըր:
Յաղթող լուսանկարի հեղինակին «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը կը շնորհէ 2.500 ամերիկեան տոլարի պարգեւ, երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւած լուսանկարներու հեղինակներուն` 1.500 եւ հազար ամերիկեան տոլարի պարգեւ:
«Աւրորա» կարճատեւ ժապաւէններու մրցոյթին լաւագոյն ճանչցուած է Մարիա Ֆեռնանտա Մորենօ Պելտրանի «Ցանկութիւն» շարժապատկերը (Քոլոմպիա), երկրորդ տեղը գրաւած է Ազա Անդրէասեանի «Ականադաշտի ամէնէն երիտասարդ աղջիկը» ժապաւէնը (Հայաստան), երրորդ մրցանակին արժանացած է Եւկենի Վասիլցովը` «Հայր» ժապաւէնին համար (Ուքրանիա): Յատուկ մրցանակներու արժանացած են Հայկ Կպէեան՛ «Տօնածառ» ժապաւէնին (Հայաստան) եւ Սանթիակօ Արկոս Վէինտիմիա` «Պաղեստինի մաշկը» ժապաւէնին (Էքուատոր) համար: