Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Անդրադարձ . Վերյիշելով 1950-1970-ի Պէյրութը Եւ Շրջակայքը –Ա.

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Լիբանանի այժմու ճամբաները եզերող, ցարդ կանգուն, մշտադալար նիւենիի (եւկալիպտոս), հսկայ ծառերը կը յայտնեն ինքնութիւնը` մօտիկ անցեալին պատկանող, պատմական ու քաղաքաշէն հին ճամբաներ ըլլալու փաստը: Այժմ նիւենիի այս ծառերու մնացորդներուն կը հանդիպինք` Քարանթինայի ներքին ճամբաներու եզերքին, Պէյրութէն Նահր Մոթ տանող մայրուղիին երթուդարձը բաժնող կեդրոնի բաժինին մէջ եւ աջին` Քոռնիշ Նահրի երկայնքին, Հատեթէն «Սայտա տանող հին ճամբուն» երկու կողմերը, Թապարժայէն Նահր Իպրահիմ-Շեքքա-Պաթրուն` ծովեզերեայ ներքին հին ճամբաներուն երկու կողմերը, Շթորայէն Այնճար հին ճամբուն վրայ, հատ ու կենտ Պուրճ Համուտի եւ շատ մը այլ վայրերու մէջ, յատկապէս նախապէս ֆրանսական հաստատութիւններու` երկաթուղիի կայարաններու, զօրանոցներու եւ այլ վայրերու մէջ եւ շուրջը:

Նիւենիի ընտանիքը ունի շուրջ 700 տեսակ ծառ եւ թուփ: Արագ աճելու եւ մշտադալար ըլլալու կողքին, ծառը ունի առողջապահական փաստուած յատկութիւններ: Ֆրանսայի կողմէ Ալճերիոյ վրայ գաղութատիրութեան ընթացքին` 1830-1962, նիւենիներ ցանեցին երկրին ճահճային շրջաններուն մէջ` զանոնք վերածելով առողջ միջավայրերու, հեռացնելով մալարիա պատճառող մժեղները, քանի որ նիւենիին արմատները ունին հողը չորցնելու, իսկ տերեւները մժեղ ու այլ միջատներ հեռացնելու յատկութիւն: Այս յաջող փորձէն ետք նիւենիներ տնկուեցան աշխարհի զանազան բարեխառն շրջաններու մէջ` մալարիա հիւանդութիւնը կանխարգիլելու համար, որոնց կարգին նոյնպէս Լիբանանի մէջ` ֆրանսական գաղութատիրութեան ժամանակ: Այդ ժամանակաշրջանի շատ մը բարիքներէն մէկը, զոր չկրցա՛նք պահպանել:

Նիւենիի սուր ծայրով մատի նման տերեւները կը պարունակեն ցնդական հոտաւէտ իւղեր, որոնք ունին հականեխիչ, խուխաբեր, հակամանրէական, հակաբորբոքիչ, ապահոտիչ, միզաբեր եւ հանդարտեցուցիչ յատկութիւններ: Նիւենիի տերեւէն պատրաստուած հանրայայտ դեղերը եւ թէյը կ՛օգտագործուին հարբուխի պատճառած խցանումները քակելու, հազը, տենդախառն հարբուխը, շնչարգելութիւնը եւ ծոցաբորբը (սինուսիթ) մեղմացնելու, բուժելու(1):

Նիւենիի նշանաւոր ծառ մըն ալ ունէինք Հայկազեան համալսարանի շրջափակին մէջ, զոր կը խնամէր ութսունամեայ տնտես` Պօղոս Թասլաքեանը:

Պարոն Պողօս նիւենիի ծառին վրայ, եւ հրթիռներով սարքած իր որթատունկի արիշը՝ 1968

Առաւօտ մը տեսանք պարոն Պօղոսը, իր անբաժանելի պերէն գլխին, մօտ եօթը մեթր երկարութեամբ աստիճանը կը փորձէր կռթնեցնել շուրջ 20 մեթր հասակով, համալսարանի շէնքին բարձրութեամբ նիւենիի ծառի բունին. քանի մը ուսանողներ վազեցինք` օգնելու, սակայն ան կտրականապէս մերժեց մեր օգնութիւնը, իր ժպիտով, համեստ ու զուարճախօս բնաւորութեամբ ըսելով` «Այդքան ծերացած չեմ տակաւին»… Ապա, երբ կացինը ձեռքին պիտի բարձրանար ծառը, կրկին առաջարկեցինք իրեն փոխարէն մեզմէ մէկը ելլէր աստիճանէն վեր` կատարելու չորցած ճիւղերը յօտելու գործը, որ նոյնպէս մերժեց: Անձկութեամբ ու հիացմունքով հետեւեցանք ութսունամեայ «երիտասարդ» պարոն Պօղոսին աշխատանքին, ու վերջաւորութեան, հակառակ իր պնդումին, մենք վերցուցինք բաւական ծանր աստիճանը:

Պարոն Պօղոս նաեւ կը խնամէր տնօրէնութեան շէնքին տանիքը բարձրացած` հաւանաբար աշխարհի վրայ նմանը չունեցող իւրայատուկ որթատունկը: Ան որթատունկին արիշը պատրաստած էր «Հայկազեան քոլեճի հրթիռներու ընկերակցութիւն»-ին չգործածած հրթիռներով` զանոնք իբրեւ ձողաբարձ, յենարան օգտագործելով:

Պատմական պարսպապատ Պէյրութի «Յակոբի դուռ»-ին մօտ` Սուրբ Նշան մայր եկեղեցին, 1952-ին, աջին` Սերայը, Լիբանանի առաջին նախագահ Պշարա Խուրիի առաջին նստավայրը

Փակագիծ մը բանալով ըսենք, որ այն ժամանակ, 1968-ին, ընկերակցութեան նախագահը` Հրայր Սահակեան, որ գործունեայ անդամներէն էր ցարդ կատարուած հրթիռներու բացառիկ յաջող փորձարկումներուն, մեր բնագիտութեան եւ ելեկտրոնաբանութեան դասախօսն էր: Ան 1964-ին հրաշքով փրկուած էր համալսարանի տարրալուծարանին մէջ հրթիռի վառելանիւթ փորձարկելու ժամանակ պատահած արկածէն` կորսնցնելով մէկ աչքը: Կարեւորագոյն հրթիռարձակումը դէպի անջրպետ տեղի ունեցաւ 1964-ին, երբ երեք յարկերէ բաղկացած «Էրզ 4» հրթիռը, ցարդ ամէնէն հեռահասը, շուրջ 140 քմ բարձրացաւ, բաւարար` արբանեակ արձակելու երկրագունդին շուրջը: Կ՛արժէ նշել, որ այդ թուականներուն, շնորհիւ Հայկազեանի տղոց, փոքր Լիբանանը իր համեստ միջոցներով եւ նախագահ Շեհապի նեցուկով դարձաւ «անջրպետ նուաճող» քանի մը տասնեակ երկիրներէն մէկը:

Տանիքներու վրայ տարածուած որթատունկը եւ արիշը յատկանիշներէն էին հայերու բնակած տուներուն: Որթատունկի խաղողին եւ հայկական խոհանոցին անհրաժեշտ անոր տերեւին կողքին, արիշը իր շուքով ամրան ընթացքին կը ծառայէր տան առաստաղը զով պահելու, ու շատեր տաք օրերուն, պարոն Պօղոսին նման, տանիքը արիշին տակ կը քնանային: Փաստօրէն, Էշրեֆիէ շրջանին մէջ, հայկական Հայաշէնի եւ «Ճերմակ տուներու», Քարանթինայի, Նոր Հաճընի, Պուրճ Համուտի, հայկական Շթորայի եւ Այնճարի գրեթէ բոլոր տուներուն տանիքը, կամ բակը, նաեւ այս հայկական աւաններէն դուրս գտնուող հայկական շատ մը տուներ, ներառեալ` մեր տան տանիքը, նոյնպէս որթատունկով օժտուած էր: Որթատունկով տուները մեր ենթագիտակիցին մէջ ակամայ դրոշմած էին հայու օճախ ըլլալու կերպարը: Այս յատկանիշը տեղ գտած է նաեւ լիբանանահայ գրականութեան մէջ:

Զղարթա գաւառի որթատունկերով Սըրաալ գիւղը եւ Ժիպէյլէն 30 քմ հեռու` Պաթրուն գաւառի լեռնային Տումա գիւղի որթատունկով ծածկուած հին շուկան

Անշուշտ լիբանանեան ոչ հայկական շրջաններու մէջ նոյնպէս կը հանդիպինք տանիքը որթատունկով տուներու, սակայն հայկականը յաւելեալ յատկանիշներ ունի. օրինակ` խնամուած կոկիկութիւն, ռեհանի եւ ծաղիկի թաղարներ, պատուհաններուն ձեռագործ վարագոյր եւ այլն: Տարօրինակ հարազատի զգացում մը կ՛ունենամ, երբ հայկական ծագումով Զղարթայի հին թաղերէն կ՛անցնիմ, նոյնպէս` տարիներ առաջ Ամիուն-Էհտէն ճամբուն վրայ գտնուող Զղարթա գաւառի այժմ քիչ մը կերպարանափոխուած Սըրաալ գիւղէն:

1957-էն առաջ Պէյրութը արեւելքին եւ հիւսիսին հետ կապող, երթուդարձի մէկական անցքով միակ ճամբան կը սկսէր Ժըմմէյզիէն դէպի Արմենիա պողոտայ, Պուրճ Համուտ, Ժել Էլ Տիպ-Անթիլիաս ներքին ճամբով, ապա Տըպպայէի ներքին ճամբով դէպի Նահր Քելպ` մէկ փապուղիով, ապա Ժունիէ` ծովեզերեայ ճամբով, մինչեւ Թրիփոլի` միշտ գիւղերու եւ քաղաքներու այժմու ծովեզերեայ ներքին ճամբաներով: Մայրուղին չկար տակաւին:

Պուրճ Համուտը կ՛ամայանար Փոլիկարպոսի հանրակառքի վերջին կայանէն անդին: Տորայի հրապարակը գոյութիւն չունէր, իսկ այնտեղ ամայի, «քաղաքէն դուրս», նիւենիի ծառերուն տակ, այն ժամանակուան համար քիչ մը վատահամբաւ նկատուող գիշերային «արաբական սրճարաններ» կային, յատկապէս` այր մարդոց յատուկ, ուր ոգելից ըմպելիներ ու կլկլակ կը հրամցուէր եւ պարուհիներ պորտապարով կը զուարճացնէին յաճախորդները:

Անթիլիասի պարտէզով հին տուներէն: Ոտքի, ձախէն` Սագօ Սարգիսեան, Յակոբ Պ., խմբապետ Անդրանիկ Աղաբէկեան, Վահէ Մ. Յակոբ Մ., ծունկի` Նորայր Գ., Հրայր Ս., Գօգօ Պ., Վագօ Զ. եւ Յարութ Չ. պասքեթպոլի սկաուտական մեր խումբը մայրավանքին մէջ, 1961-ին: Ցանկապատին անմիջապէս ետին ծովափն էր:

Պուրճ Համուտէն Տըպպայէ` ծովափէն մինչեւ բլուրներուն ստորոտը, կիտրոնային, պանանի եւ բանջարեղէնի պարտէզներ էին, ցիր ու ցան քարաշէն տուներով: Այժմ այդ շրջաններուն մէջ հազիւ տասնեակ մը փոքր պարտէզներ մնացած են: Պէյրութէն Անթիլիաս երթալը պտոյտ կը համարուէր… յատկապէս գարնան, երբ ծաղկած նարնջենիներուն անուշ բոյրը կը տարածուէր ամէնուրեք: Անթիլիաս բնակող ազգական մը ունէինք, որոնց տունը նարինջի պարտէզներուն մէջ կը գտնուէր, մեծ հաճոյքով կ՛այցելէինք անոնց եւ հոն գտնուող կատուներուն:

1961-էն առաջ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան վանքին ծովուն կողմը մայրուղի կամ ճամբայ չկար տակաւին, ու վանքին ծովեզերեայ դարպասէն անմիջապէս դուրս` ծովափին աւազը կը սկսէր: Այժմու «Կիլիկիա» թանգարանին բակը կողովագնդակի դաշտ էր, որուն ծովու կողմի դարպասը ունէր երկաթէ փոքր դուռ մը, որմէ դուրս գալով` շուրջ վաթսուն մեթր աւազէն ետք ծովն էր արդէն: Երկու առիթով ՀՄԸՄ-ի Էշրեֆիէի մեր պասքեթպոլի սկաուտական խումբը այդ դաշտին մէջ մրցած է դպրեվանքի սաներուն հետ, ու խաղէն ետք սաներուն հետ լողացած` «սեփական» ծովուն մէջ:

Լիբանանի անհեռատես ու կոպիտ, վայրագ քաղաքայնացնումը աւերներ գործեց դալար բնութեան` մայրիներով ծածկուած լեռներուն, բլուրներուն եւ ծովափին` մշակուած բարեբեր հողերը եւ մայրիի անտառները բնակելի եւ այլ շէնքերով փոխարինելով, ու ծովեզերքին ապօրինի շէնքեր կառուցելով` արգիլեցին ծովուն գործածութիւնը ու փակեցին անոր տեսարանը: Պէյրութէն Մաամըլթէյն, իբր թէ ծովեզերեայ 22 քմ շրջան, նոյնպէս` ծովեզերեայ այլ շրջաններ, լիբանանցին զրկած են իրեն իսկ պատկանող 210 քմ երկարութեամբ ծովեզերքը օգտագործելէ ու վայելելէ: Այժմ բացառապէս Անթիլիասի ծովափին մնացած է շուրջ 50 մեթր բացուածք, ուրկէ կարելի է ծովը միա՛յն դիտել…

4 մայիս 2017

——————–

(1) ( http://www.encyclopedia.com/plants-and-animals/plants/plants/gum-tree )

(Շար. 1)

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>