ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յուլիս 2015-ին հրամայեց փակել Պաքուի մէջ ԵԱՀԿ-ի գրասենեակը այն պատրուակով, թէ ԵԱՀԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչ Տանիէլ Պայերի կողմէ գործուած ճնշումին պատճառով այդ գրասենեակի ծագումով ազրպէյճանցի ֆրանսացի դիւանագէտը` Ալեքսիս Շահթահթինսքի, իր պաշտօնէն հեռացուած է: Իսկ դեկտեմբեր 2016-ի վերջաւորութեան, ԵԱՀԿ-ի մնայուն խորհուրդի լիագումար նիստին ընթացքին, Ազրպէյճան վեթոյի ենթարկեց Հարաւային Կովկասի մէջ ԵԱՀԿ-ի վերջին ներկայացուցչութեան` Երեւանի մէջ ԵԱՀԿ-ի գրասենեակի լիազօրութեան երկարաձգման որոշումը, իբրեւ թէ այդ գրասենեակի, մասնաւորաբար ռազմաքաղաքական մարզին մէջ ունեցած գործունէութեան Ազրպէյճանի մէջ յառաջացուցած մտահոգութեան պատճառով: Այդպիսով, Պաքու արգիլեց Հարաւային Կովկասի մէջ ԵԱՀԿ-ի ներկայութիւնը:
16 մայիս 2017-ին ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու շրջան այցելութենէն քանի մը օր առաջ, ազրպէյճանական բանակը «Սփայք» տիպի իսրայէլեան կառավարուող հրթիռով փորձեց հարուածել «ՕՍԱ» հակաօդային հրթիռային համակարգ մը, որ բնականաբար անմիջական որեւէ վտանգ չէր ներկայացներ շփման գիծին միւս կողմը գտնուող իր ուժերուն:
Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն ի վեր աննախադէպ այս արարքին ու Երեւանի մէջ ԵԱՀԿ-ի գրասենեակի փակման իսկական թիրախը հայկական կողմը չէ, այլ ինքնին ԵԱՀԿ-ն ու Արցախի հիմնահարցի լուծման մէջ անոր միջնորդի դերակատարութիւնը:
Գաղտնիք չէ, որ Ազրպէյճանի երկարամեայ ձգտումն ու երազը Արցախի տագնապի լուծման ներկայ ձեւաչափի փոփոխութիւնն է: Տարիներու ընթացքին ան բազմիցս փորձեց տագնապը փոխադրել այլ միջազգային այլ բեմահարթակներ, ինչպէս նաեւ ականահարել ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի եռանդամ նախագահութեան հաւասարակշռութիւնը` փորձելով իր կողմէ համանախագահութեան տկար օղակը նկատուող Ֆրանսան փոխարինել իր ռազմավարական դաշնակից Թուրքիայով կամ առնուազն Եւրոպական Միութեամբ:
Արցախի հիմնահարցի լուծման քննարկումները այլ բեմահարթակ փոխադրելու մնայուն նպատակի իրագործման համար ալիեւեան վարչակարգը այժմ որդեգրած է նոր, աւելի վտանգաւոր մարտավարութիւն մը. Հարաւային Կովկասի մէջ ԵԱՀԿ-ի ներկայութիւնը արգիլելով` տկարացնել շրջանին մէջ այդ կազմակերպութեան ունեցած քաղաքական ազդեցութիւնը, եւ անոր միջնորդութեան ազդուութիւնը հարուածելով` հարցականի տակ առնել այդ պաշտօնը անոր վստահելու շարունակման գործնականութիւնը:
Արցախ-Ազրպէյճան կամ Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանագիծին վրայ 1994-1995-ի զինադուլի համաձայնութեան ազրպէյճանական կողմի իրերայաջորդ եւ տարբեր տրամաչափի խախտումներուն ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներուն եւ համանախագահներուն նախայարձակն ու զոհը նոյն նժարին վրայ դնող յայտարարութիւններ կատարելու գործելաոճը արդէն Պաքուի կողմէ դադրած են ընկալուիլ միայն իբրեւ յաւելեալ յարձակումներ կատարելու «կանաչ լոյս» եւ դարձած են նաեւ համանախագահող երկիրներն ու զանոնք ներկայացնող համանախագահներու տկարութեան ցուցանիշ: Զինադուլի հսկողութեան մեքանիզմի կիրարկման մէջ համանախագահող երկիրներու եւ ԵԱՀԿ-ի վճռականութեան ակներեւ բացակայութեան իրողութիւնը ամրապնդած է Ազրպէյճանի մօտ ստեղծուած այդ տպաւորութիւնը եւ անոր տուած զինադադարի համաձայնութենէն անդին` ինքնին ԵԱՀԿ-ը հարուածելու յանդգնութիւնը: