Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17125

Անդրադարձ. Թրամփի Դրած Վերջակէտը

$
0
0

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ 9 մայիսին ստորագրեց Սուրիոյ մէջ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժերը զինելու որոշումը: Ամերիկեան կողմը նշեց, որ այդ քայլը Ռաքքան ՏԱՀԵՇ-էն ազատագրելու գործողութեան մէջ «յստակ յաղթանակ մը ապահովելու համար անհրաժեշտ միջոցառում» մըն է: Սուրիոյ քիւրտերուն վայելած ամերիկեան աջակցութիւնը արդէն բոլորին ծանօթ է: Այստեղ նորութիւնը պաշտօնական յայտարարութիւնն ու անոր թայմինկն է:

Ամերիկեան իշխանութիւնները այդ յայտարարութիւնը հրապարակեցին, մինչ թրքական բանակի սպայակոյտի պետին, ՄԻԹ-ի ղեկավարին եւ Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարարին մասնակցութեամբ թրքական պատուիրակութիւն մը կը գտնուէր Ուաշինկթըն` մէկ շաբաթ ետք` 16 մայիսին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի Միացեալ Նահանգներ նախատեսուած այցելութիւնը պատրաստելու համար: Այսպիսով, Էրտողան դրուեցաւ կատարուած իրողութեան առջեւ, եւ խիստ սահմանափակուեցան անոր բանակցելու կարելիութիւնները: Այդ կատարուած իրողութեան ամրագրման համար, ինչպէս նաեւ գործնական (նախքան ձմեռը Ռաքքան ազատագրելու) նկատառումներէն մղուած Ուաշինկթըն կ՛աճապարէ զէնքերու մատակարարման որոշումը գործադրելու:

Էրտողան խօսելով Թրամփի հետ իր նախատեսուած հանդիպումին մասին յայտարարեց. «Թրամփի հետ մեր խօսակցութիւնը պէտք է ըլլայ մեզ յուզող նիւթերուն վերջակէտը, ոչ թէ ստորակէտը»: Վերջինս սակայն իր ստորագրած հրամանագիրով արդէն վերջակէտ մը դրաւ Ռաքքայի ազատագրման գործողութեան շուրջ թուրք-ամերիկեան երկարատեւ քննարկումներուն: Ամերիկեան կողմը նաեւ թրքական կողմին յղեց այն պատգամը, թէ կատարուածը հակաթուրք քայլ մը չէ, եւ քիւրտերուն տրամադրուած զէնքերը Ռաքքայի ազատագրման գործողութեան համար անհրաժեշտ զէնքեր են եւ ոչ թէ Թուրքիոյ դիմակայման: Ահա թէ ինչու անոնց մէջ չկան ցամաք-օդ հրթիռներ, որոնք կրնան Սուրիոյ, Իրաքի կամ Թուրքիոյ մէջ քիւրտերը պաշտպանել թրքական օդուժի յարձակումներէն:

Ուաշինկթըն կը փորձէ կարելիութեան սահմաններուն մէջ իրարու թշնամի իր երկու դաշնակիցներուն` թուրքերուն եւ քիւրտերուն միջեւ հաւասարակշռութիւն մը պահել եւ անոնց միջեւ բախում մը կանխարգիլել: Ամերիկեան կողմը բնականաբար Թուրքիոյ մտավախութիւններուն պատճառով պիտի չզիջի Սուրիոյ մէջ իր միակ յաղթաթուղթէն` քիւրտերէն, սակայն կրնայ փոխարէնը կատարել փոխհատուցում մը, որ կրնայ Սուրիոյ մէջ լարուածութեան մեղմացման գօտիներու քարտէսի ծիրին մէջ ըլլալ: Նկատի ունենալով, որ Լաւրովի Ուաշինկթըն այցելութեան ընթացքին արդէն այդ քարտէսին շուրջ գոյացած է ռուս-ամերիկեան սկզբունքային համաձայնութիւն մը, թրքական կողմին տրուելիք «Կարկանդակ բաժին»-ը կրնայ չըլլալ Անգարայի ախորժակին համահունչ: Վերջինս, սակայն, ներկայիս հրամցուածէն աւելի փոքր բաժին մը չստանալու կամ ընդհանրապէս իր բաժինէն չզրկուելու համար ի վերջոյ պիտի ստիպուի «շնորհակալ ըլլալ»: Այս առումով` Էրտողանի «Միջին Արեւելքի մէջ առանց մեզի հետ խորհրդակցելու որոշում կայացնողները սուղ գին պիտի վճարեն» յոխորտանքը եւ Մեւլութ Չաւուշօղլուի իրականութեան չհամապատասխանող այն յայտարարութիւնը, թէ Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն յանձնուած իւրաքանչիւր զէնք Թուրքիոյ համար վտանգ կը ներկայացնէ, պարզապէս ներքին սպառումի համար են եւ «այրած սրտի մխիթարանք»:

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17125

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>