Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Ինչո՞ւ Կը Պահանջենք

$
0
0

«ԳԱՆՁԱՍԱՐ»

Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակը առիթ է խորհրդածելու պահանջատիրական մեր երթին եւ նոր ժամանակներու մարտահրաւէրներուն մասին:

Ինչո՞ւ կ՛ոգեկոչենք Եղեռնի մեր նահատակներուն յիշատակը… Նոյնանման ձեռնարկնե՞ր կազմակերպելու, բազմիցս արտասանուած խօսքե՞ր կրկնելու:

Երբե՛ք:

Կ՛ոգեկոչենք` նախ նորահաս սերունդներուն մօտ վառ պահելու պահանջատիրութեան ջահը:

Պահանջատիրութիւնը մեր մշտական ուղեկիցը պիտի մնայ, որքան ալ անտարբեր ըլլայ միջազգային ընտանիքը, որքան ալ Թուրքիան ու Ազրպէյճանը նենգափոխեն պատմութիւնը: Ներհայկական մակարդակով Ցեղասպանութեան տարելիցը չենք յիշատակեր ողբալու կամ պատմական փաստերը լոյսին բերելու համար: Մենք այդ բոլորը քաջ գիտենք, որովհետեւ մեր նախնիները ապրած են այդ տառապանքը, իսկ մենք ե՛ւ որպէս հայրենի պետութիւն, ե՛ւ որպէս սփիւռք, ե՛ւ որպէս Արցախ մեր մորթին վրայ կրած ենք ու կը շարունակենք կրել ցեղասպանութեան հետեւանքները:

Կ՛ոգեկոչենք ու ձայն կը բարձրացնենք, որպէսզի միջազգային ընտանիքը հաստատէ մեր Դատին արդարութիւնը ու ցեղասպանութիւններ չկրկնուին աշխարհի տարբեր ժողովուրդներուն նկատմամբ: Որպէսզի Թուրքիան առերեսուի իր պատմութեան հետ ու Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումէն, արդար հատուցումէն ետք միայն լուրջ հնարաւորութիւններ ստեղծուին Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման ու երկու ժողովուրդներուն միջեւ ատելութեան վերացման:

Թուրք մտաւորականներ գնահատելի ջանքով մը կը փորձեն լռութեան պատը քանդել եւ երկու ժողովուրդներուն միջեւ երկխօսութեան եզրեր որոնել: Մերօրեայ Թուրքիոյ իշխանութիւնները,  սակայն, մէկ կողմէ միջազգային ընտանիքին հաշտարար ու ցաւակցող թուրքի բարի վարուց վկայագիրով կը փորձեն ներկայանալ, միւս կողմէ` նորահաս սերունդները այլատեացութեան նոյն սկզբունքներով, նոյն լոզունքներով կ՛առաջնորդեն` հալածանքի ենթարկելով իրենց տեսակէտը չբաժնող թուրք մտաւորականները:

Աւելի՛ն. անոնք մէկ կողմէ հանդէս կու գան խաղաղութեան ու արդարութեան կոչերով, միւս կողմէ` 102 տարի առաջ իրենց նախնիներուն որդեգրած բարբարոսական նոյն քաղաքականութիւնը կ՛որդեգրեն այս անգամ Սուրիոյ մէջ, Օսմանեան կայսրութիւնը վերականգնելու ցնորածին ախորժակները սրելով մէկտեղ` ոչնչացնելու ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայ սերունդներու շառաւիղներն ու անոնց պահանջատիրական ձգտումները:

Ինչո՞ւ կը պահանջենք…

Որովհետեւ մեր պատմական ժառանգութիւնը խլուած է ու մեր ժողովուրդին զաւակները ցեղասպանութեան ենթարկուած ու տեղահանուած են:

Կը պահանջենք, որովհետեւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումով ու արդար հատուցումով կ՛ամրապնդուի Հայաստանի անվտանգութիւնը ու մեր խլուած իրաւունքներուն վերականգնումով կը կրկնապատկուի անոր տնտեսական եւ քաղաքական ուժը:

Թուրքիան ոչ միայն շրջափակած է Հայաստանի ներկայ հանրապետութիւնը, այլ բռնագրաւած պահելով մեր ամբողջական հայրենիքին կարեւոր մէկ մասը` ներկայ Հայաստանը զրկած է տարածաշրջանին մէջ տնտեսական ու քաղաքական հզօր ուժ դառնալու շարք մը ազդակներէ:

Կը պահանջենք, որովհետեւ ճանաչումով ու արդար հատուցումով իր զարգացման բնականոն հունին մէջ կը մտնէ Ցեղասպանութենէն ետք կազմաւորուած հայկական սփիւռքը` վերատիրանալով իր հողին ու մշակութային ժառանգութեան, հայապահպանման փուլէն անցնելով ինքնահաստատման փուլի: Կը պահանջենք, որովհետեւ ճանաչումով միայն Թուրքիոյ մէջ իսլամացած հայութիւնը իր ինքնութիւնը կրնայ անվերապահօրէն վերականգնել:

Կը պահանջենք, որովհետեւ ճանաչումով ու արդար հատուցումով առաւել ապահով կը դառնան Արցախի սահմանները: Այսօր Թուրքիոյ հովանաւորութիւնը վայելող Ազրպէյճանը անկախ Արցախի բազմակողմանի յառաջընթացը խափանել կը փորձէ:

Վերոյիշեալ պայմաններու լոյսին տակ կոչուած ենք շարունակելու Հայ դատի քաղաքական եւ իրաւական հետապնդումը` քաջ գիտնալով, որ ժամանակներն ու միջազգային խաղի կանոնները կը փոխուին, իսկ կայսրութիւնները կը տապալին:

Կոչուած ենք զերծ մնալու զգացական մօտեցումներէ, բացուելու միջազգային լայն շրջանակներու, քաջածանօթ ըլլալու այդ շրջանակներու աշխարհընկալման ըմբռնումներուն, քաղաքական շահերուն ու այդ բոլորին համապատասխան գործելաոճ որդեգրելու:

Կոչուած ենք պայքարելու` թշնամիին դէմ մեր արձանագրած  յառաջխաղացքը ճիշդ գնահատելով, Հայ դատի պայքարին ուժականութիւնը պահպանելով եւ հայրենիքի թէ սփիւռքի մէջ մեր գոյութեան խարիսխները ամրապնդելով:

Այլապէս ի՞նչ արժէք պիտի ունենայ մեր պահանջատիրական երթը, եթէ անընդհատ նսեմացնել փորձենք մեր ձեռքբերումները, եթէ  ունենանք տարտղնուած սփիւռք, իր ազգային էութենէն պարպուած երիտասարդութիւն եւ Հայաստանի հզօրացումը չդարձնենք համահայկական նպատակ:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>