(ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Անդամ
Վիգէն Աւագեանի Արտասանած Խօսքը`
Հայոց Ցեղասպանութեան 102-ամեակի Ժողովրդային Հաւաքին)
Ապրիլեան ոգեկոչումները չեն նմանիր պատմական դէպքերու սովորական նշումներու: Ապրիլ 24-ը պատմութիւն չէ: Անցեալ չէ: Ան ամէնօրեայ ներկայութիւն է մեր կեանքին մէջ: Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման պայքարը մեր գոյութեան իրաւունքի եւ լինելութեան հարցն է:
Ցեղասպանութենէն վերապրած իւրաքանչիւր հայ, Ցեղասպանութեան զոհ գացած իւրաքանչիւր ընտանիքի ժառանգորդ, անցնող 102 տարիներուն ապրեցաւ Ապրիլեան աղէտը, «Այսքան չարիք…»-ը` միշտ զայն «չմոռնալու» վճռակամութեամբ: «Ամէն հայ նահատակ մը կրեց իր հոգիին մէջ», իր մտքին ու առօրեային անբաժան մասնիկը դարձուց զայն:
Ապրիլեան նահատակները ապրեցան հայութեան հետապնդած քաղաքական իրաւունքներուն մէջ, հայութեան յարատեւ պայքարին մէջ, ու նաեւ` երազած ապագային մէջ:
Նահատակները անմահացան, սրբադասուեցան ու մեզի փոխանցեցին անժամանցելի պատգամ մը, թէ` հայրենիքը, բռնագրաւեալ մեր Երկիրը, նահանջի բոլոր ճամբաները փակած է մեր առջեւ: Իւրաքանչիւր հայ, ուր ալ գտնուի ան, ինչ դիրքի վրայ ալ որ ըլլայ, համեստ բանուորէն մինչեւ քաղաքական-դիւանագիտական բարձր դիրքերու հասած դէմք, իրաւունք չունի՛ տկարանալու իր պահանջատիրութեան մէջ: Հիմնականը համազգային մեր վճռակամութեան ամրապնդումն է` չընկրկելու, զիջումներ չկատարելու եւ միշտ իրաւատիրոջ եւ պահանջատիրոջ դիրքերէն խօսելու:
Մենք դատապարտուած ենք յաղթելու, եւ աշխարհի չորս ծագերէն ցեղասպանին երեսն ի վեր գոչելու, թէ Ցեղասպանութենէն 102 տարի ետք մենք ներկա՛յ ենք պետութեամբ ու ժողովուրդով:
Մենք ներկայ ենք, պահանջատէր ենք ու կը մնա՛նք, այնքան ատեն որ Կարսն ու Արտահանը, Վանն ու Մուշը, Մայր Հայաստանի հողերուն մեծագոյն մասը աշխարհին կը ներկայացուին իբրեւ «Թուրքիոյ արեւելեան նահանգներ»:
Ցեղասպանութիւնը եղաւ հայութեան պարտադրուած փորձութիւններէն ծանրագոյնը: Աննախընթաց իր տարողութեամբ, ան հայութենէն խլեց իր թիւին մէկ երրորդը, իսկ հողերուն` հինգ վեցերորդը:
Ցեղասպանութեան յատկանիշները եղան մեր ժողովուրդի բռնի տեղահանումը իր հայրենի բնօրրանէն, հայկական տնտեսութեան յափշտակումը եւ հայ մշակոյթի փոշիացումը: Հայոց ցեղասպանութիւնը ունեցաւ ամբողջական բնոյթ, որովհետեւ ան տարածուեցաւ մեր ժողովուրդի ազգային, տնտեսական եւ քաղաքական կեանքի բոլոր մակարդակներուն վրայ: Հայ ժողովուրդը բնաջնջուեցաւ իր հազարամեայ հողին վրայ: Սպաննուեցաւ ո՛չ միայն ցեղը, այլ նաեւ` հողը: Թուրքիա հայութեան պատմական հողերէն անհետացումը ծրագրեց ու գործադրեց` ի մտի ունենալով Հայաստանի բնաջնջումը եւ Թուրքիոյ կառուցումը անոր տեղ:
Ցեղասպանութեան խորհրդանիշը դարձաւ ապրիլ 24-ը, որ անցնող 102 տարիներուն իր մէջ խտացուց մեր ժողովուրդին ձգտումներն ու նպատակները: Այսօր այդ խորհրդանիշը` ապրիլ 24-ը, դադրած է այլեւս յիշատակի սոսկական օր մը ըլլալէ: Ապրիլ 24-ը օրն է անարդարութեան եւ իրաւազրկման դէմ պայքարի, օրն է իրաւունքի եւ հատուցման պահանջի:
Ապրիլ 24-ը օրն է աշխարհին ու մարդկութեան յիշեցնելու, թէ հայ ժողովուրդի դարաւոր հայրենիքի մեծագոյն մասին բռնագրաւումը եւ անոր թրքացման հետեւողական փորձերը, բիւրաւոր զոհերու մարդկային ողբերգութեան կողքին, ստեղծած են նաեւ քաղաքական ողբերգութիւն մը` հայը զրկելով իր սեփական հողերէն:
Ապրիլ 24-ը օրն է նաեւ հայութեան թշնամիներուն յստակ դարձնելու, թէ կարմիր ջարդով Սփիւռք դարձած, Սփիւռքով սպիտակ ջարդի ենթարկուած հայ ժողովուրդին զաւակները այլեւս քաջածանօթ են «Ուժը իրաւունքէն առաջ կ’ընթանայ» իմաստութեան: Անոնք ունին բաւարար յանձնառութիւնն ու պատրաստութիւնը Թուրքիայէն հաշիւ պահանջելու մեր կեանքի բոլոր կալուածներէն ներս, բոլոր մակարդակներու վրայ, արտաքին աշխարհի բոլոր ճակատներուն վրայ:
Արդարեւ, անպատիժ Թուրքիա մէկ կողմէ կը շարունակէ բռնագրաւուած պահել մեր հայրենիքը` Արեւմտահայաստանը, իսկ միւս կողմէ շրջափակումի կ՛ենթարկէ մեր երկիրը` Հայաստանը, հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացման համար նախապայման նկատելով հայութեան կատարեալ անձնատուութիւնը:
Թուրքիա-Նախիջեւան-Ազրպէյճան եռանկիւնով Հայաստանը հարաւէն օղակած Անգարայի վարիչները վերջին տասնամեակին կը փորձեն աքցանի մէջ առնել նաեւ Հայաստանի հիւսիսային ելքը դէպի արտաքին աշխարհ` Ջաւախքի հայաթափման հաշուոյն սերտ բարեկամութիւն մշակելով Վրաստանի հետ: Ու տարօրինակ չէ, որ այսօր աշխարհաքաղաքական բացայայտ զուգորդութիւն մը կայ Ազրպէյճանի քարիւղին, Վրաստանի նաւահանգիստներուն եւ Թուրքիոյ շրջանային շահերուն միջեւ:
Պետական ահաբեկչութեան հոմանիշ Թուրքիա օր-ցերեկով անխնայ պայքար կը շղթայազերծէ քիւրտ ժողովուրդին դէմ, արիւնալի տխուր դերակատարութիւն կ’ունենայ միջինարեւելեան խաւարամիտ շարժումներու աջակցութեան մէջ ընդհանրապէս եւ սուրիական տագնապին մէջ յատկապէս: Փաստօրէն, ան ճիգ չի խնայեր տարտղնելու եւ ուժասպառ ընելու շրջանի հայկական երբեմնի շէն ու հզօր գաղութները:
Անգարա ամէնէն բիրտ միջոցներով կ՛ոտնակոխէ Թուրքիոյ ազգային փոքրամասնութիւններուն իրաւունքները եւ ասպարէզ կը կարդայ անոնց, որոնց «նախահայրերը 100 տարի առաջ ծովը նետեց»` իր նախագահին իսկ խոստովանութեամբ: Հետեւաբար`
Թուրքիա կը մնայ հայութեան գլխաւոր թշնամին, այնքան ատեն որ պաշտօնապէս չի ճանչնար Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ իր քաղաքական, դիւանագիտական ու զինական բոլոր կարելիութիւնները ի գործ կը դնէ շրջանին մէջ նուազեցնելու համար հայ ժողովուրդին քաղաքական կշիռը:
Թուրքիա կը մնայ հայութեան պատմական թշնամին, այնքան ատեն որ չ’ընդունիր հայկական պատկանելիութիւնը այն հողամասերուն, որոնք ճշդուած են Սեւրի դաշնագիրով: Դաշնագիր մը, որուն տակ իրենց ստորագրութիւնը դրած են նաեւ Թուրքիոյ օրուան պետական վարիչները:
Թուրքիա կը մնայ հայութեան թիւ մէ՛կ թշնամին, այնքան ատեն որ չի հատուցեր Ցեղասպանութեամբ հայութենէն իր խլած ազգային-եկեղեցապատկան մեր բոլոր կալուածները, շարժուն թէ անշարժ ինչքերն ու հարստութիւնները, հայկական քաղաքակրթութեան կրած ամբո՛ղջ վնասը:
Հայութիւնը իր գոյութեան կռիւը կը մղէ Թուրքիոյ դէմ, Արաքսի այս ափին թէ միւս: Ցեղասպանին անտեղիտալի կեցուածքներուն դիմաց չկայ այլ ելք, բացի ընդհանուր եւ բոլոր միջոցներով ճակատումէ: Թուրքիա կա՛մ կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը, կը դատապարտէ կատարուած Մեծ Ոճիրը եւ կը ստանձնէ անոր հետեւանքներուն սրբագրումը, եւ կամ` կը շարունակէ ժխտել ցեղասպանութեան փաստը եւ հանդէս կու գայ միջազգային յանցագործութեան մը իրաւական յաջորդի եւ շարունակողի դերով: Ընտրութիւնը չափազանց դժուար է եւ սակայն միակ միջոցն է այս հարցին մօտեցման: Ան Թուրքիոյ վարիչներէն կը պահանջէ խիզախութիւն եւ իրապէս նոր մտածողութիւն:
Այլապէս, ապարդիւն են կոկորդիլոսի արցունքներով իւրաքանչիւր ապրիլ 24-ին հայ ժողովուրդին ուղղուած ցաւակցութեան խօսքերը: Անիմաստ են հայ եւ թուրք բարեկամութեան խմբակներու ստեղծման ճիգերը: Թուրքիա կրնայ յաւելեալ եկեղեցիներ վերանորոգել: Թուրքիա կրնայ ապրիլեան նոր ոգեկոչումներ արտօնել Թաքսիմի հրապարակին վրայ թէ այլուր: Ան կրնայ նոյնիսկ հպատակութիւն «շնորհել» նախկին օսմանցի հայերու եւ արտօնել անոնց վերադարձը իրենց բնակարանները:
Այս բոլորով հանդերձ, սակայն, հայկական հարցը չի դադրիր հարց ըլլալէ, այնքան ատեն որ պատմական արդարութիւնը լրիւ չէ վերականգնած եւ մեր ազգային տենչերը չեն իրականացած:
Հայոց Ցեղասպանութեան 102-ամեակը ոգեկոչելով բովանդակ հայութեան հայեացքները ամէնէն առաջ կ՛ուղղուին մայր հայրենիք` Հայաստան: Մենք Ցեղասպանութեան ենթարկուեցանք, որովհետեւ չունէինք բաւարար ինքնապաշտպանութիւն, չունէինք կազմակերպուածութիւն, չունէինք պետականութիւն: Այսօր ունինք անկախ պետականութիւն, զինեալ ուժեր եւ «ազգ-բանակ» հասկացողութեամբ գործելու պատրաստ հայ հասարակութիւն:
Երեւանը դադրած է այլեւս Հայ դատի մեր պայքարին լուռ հանդիսատեսը ըլլալէ: Պետութեամբ եւ հայ ազգի աւագանիով ան որդեգրած է համահայկական հռչակագիր, պատմակա՛ն փաստաթուղթ, որ ուղի կը հարթէ մեր կատարելիք աշխատանքներուն` ճանաչումէն մինչեւ հատուցում, դատապարտումէն մինչեւ Ցեղասպանութեան հետեւանքներու ամբողջական յաղթահարում:
100-ամեակի հռչակագիրը կը ձեւաւորէ Հայ դատի մերօրեայ ըմբռնումը, հիմնուած` Սեւրի դաշնագրի եւ Ուիլսընեան իրաւարար վճիռի դերակատարութեան վրայ: Հայաստան կ’արտայայտէ համայն հայութեան իղձը, երբ երկրի նախագահին անունով կը յայտարարէ, որ ազգային մեր միասնականութիւնն ու կամքը հիմք կը հանդիսանան «Կառուցելու ազատ, խաղաղ ու ժամանակակից երկիր, համայն հայութեան հզօր հայրենիք, ուր պիտի վերադառնան Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու եւ հրաշքով փրկուածներուն սերունդները»:
Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակը ոգեկոչելով մեր հայեացքները երկրորդ հերթին կ’ուղղուին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն, ուր հայկական քաջարի բանակին հերոսական մարտնչումներով կը գրուին մեր նորագոյն պատմութեան պատուաբեր էջերը: Արցախը համայն հայութեան կռիւը կը մղէ իր արեւելեան սահմանին ամբողջ երկայնքին` աչքերը յառած Մայր Հայաստանին եւ սփիւռքին, որոնք գլխաւոր երաշխիքները կը մնան անաւարտ այս կռիւին յաղթական ելքին:
Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին դասերը տակաւին չեն մոռցուած եւ բոլորիս կը թելադրեն տեւական ու ամբողջական զօրաշարժ` հայութեան կռիւը բոլոր ճակատներու վրայ այսուհետեւ աւելի՛ կազմակերպուած, աւելի՛ կատարելագործուած եւ աւելի՛ ուժգին կերպով մղելու համար:
Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակը ոգեկոչելով մեր հայեացքները կ’ուղղուին նաեւ հայկական սփիւռքին եւ յատկապէս անոր միջինարեւելեան հատուածին` Լիբանան, Սուրիա, Իրան: Հայ դատի աշխատանքներու գլխաւոր կռուանը հանդիսացող կեդրոնական այս գաղութները, այսօր, կը գալարին քաղաքական, ապահովական եւ ընկերա-տնտեսական սուր տագնապներու մէջ: Արտագաղթը, մարդուժի եւ նիւթականի հսկայական կարիքները, ազգային կառոյցները պահպանելու գերմարդկային ճիգերը հայութեան այս հատուածը դրած են դէմ յանդիման մեծ մարտահրաւէրներու, որոնց կարեւորագոյնը եւ առաջնահե՛րթը, մեր նոր սերունդի, երիտասարդութեան պահպանումն է հայատրոփ այս ոստաններուն մէջ` տասնամեակներու ազգային-պահանջատիրական աւանդի մը տէրը կանգնելու եւ այդ աւանդը շարունակելու համար:
Հակառակ իրենց դիմագրաւած տեսակաւոր դժուարութիւններուն, հայրենամերձ այս գաղութները հայութեան արիւնատար երակները եղած են ու կը մնան այնքան ատեն որ անոնք կը յատկանշուին ազգային կազմակերպ կեանքով եւ նպատակասլաց գործունէութեամբ: Միջին Արեւելքի հայկական այս գաղութներուն բարգաւաճումն ու հզօրացումը գրաւականն է ամբողջ սփիւռքի ազգային դիմագիծին առողջ պահպանման եւ ամուր Հայաստանի մը կերտման:
Վերջապէս, Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակը ոգեկոչելով, մեր ակնարկները ամէնէն աւելի կ’ուղղուին ձեզի` լիբանանահայութի՛ւն:
Դո՛ւք, որ Եղեռնի 50-ամեակէն 60-ամեակ, 70-ամեակէն 80-ամեակ եւ 90-ամեակէն 100-ամեակ Հայ դատի քաղաքականացման, յեղափոխականացման, հայրենացման եւ համահայկականացման տարբեր հանգրուաններուն մեր հաւատաւոր ուղեկիցները հանդիսացաք:
Դո՛ւք, որ Հայ դատի հետապնդման աշխատանքներուն ձեր անսակարկ եւ անսահման մասնակցութեամբ, ազգային միասնականութեան ձեր օրինակելի կեցուածքով, համայն հայութեան լաւագոյն պատգամը տուիք:
Դո՛ւք, որ 100-ամեակի ոգեկոչումներով ձեր առաւելագոյն աշխուժութեամբ յաջողեցաք հայկական հարցը լիբանանեան օրակարգի եւ հետաքրքրութեան վերածել` զայն աւելի մեծ յաջողութիւններու ուղիի մը վրայ դնելով:
Դո՛ւք, որ «Մէկ ազգ, մէկ հայրենիք»-ի գաղափարին կենսագործման մնայուն հաւատքը, ոգին, կամքն ու տեսիլքը ունիք:
Կասկած չունինք, որ ինչպէս երէկ, նաեւ այսօր եւ վաղը, ուղի պիտի հարթէք խոչընդոտներով լեցուն համազգային մեր պայքարին ու պահանջատիրութեան: Տեղի պիտի չտաք ձեր շուրջը պարագայաբար յայտնուող ընկրկումի եւ պարտուողականութեան տրամադրութիւններուն, ընդհակառակն` պիտի ընդդիմանաք բոլորին, օգտուելով մեր ժողովուրդի կենսունակութեան աղբիւրներէն, անցեալի ու ներկայի ձե՛ր փորձառութիւններէն: Պիտի պայքարիք նիւթական, բարոյական, ֆիզիքական ձեր բոլոր կարելիութիւններով, ներկայ աշխարհի բոլոր միջոցներով, մինչեւ որ Շիրազի բառերով` «Արարատը մերը լինի ու Արաքսը Հայաստան հոսի»:
Ա՛յս է մեր կեանքը: Այլընտրանք չունինք: Հաւաքաբար կը գտնուինք մեր պատասխանատուութիւնները ստանձնելու հրամայականին դիմաց, եւ մեր ազգային-կուսակցական, միութենական-յարանուանական միաւորներէն իւրաքանչիւրը կոչուած է իր առաւելագոյն ներդրումը ունենալ այս պայքարին, տէր կանգնելու համար ստեղծագործ, գիտակից ու մարտունակ ազգի մեր պողպատեայ ամրութեան, որովհետեւ մենք կը հաւատանք, որ միայն կենսունակ սփիւռքով, հզօր Արցախով ու բարգաւաճ հայկական պետականութեամբ կրնանք Թուրքիոյ եւ իր ռազմաքաղաքական դաշնակիցներուն պարտադրել Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու հատուցումը:
Մենք կը հաւատանք, որ միայն տոկունութեամբ, յարատեւութեամբ եւ վճռակամութեամբ կրնանք մեր բիւրաւոր նահատակներու կտակին արժանաւոր ժառանգորդները ըլլալ:
Ու մենք կը հաւատանք, որ միայն զօրանալով, մեծնալով, պահանջատիրական մեր շարժումին համազգային տարողութիւն եւ միջազգային կշիռ տալով կրնանք հասնիլ մեր ժողովուրդի ամբողջական յաղթանակին:
Մեր սրբազան Դատին արդա՛ր հատուցման:
Ամբողջական եւ հզօր հայութեամբ, ամբողջական, ուժեղ, բարգաւաճ եւ արդա՛ր Հայաստանի մեր տեսլականին: