ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
Պատմութեան ընթացքին գրեթէ բոլոր ընկերային-տնտեսական յեղափոխութիւններուն կորիզը աշխատաւոր դասակարգն էր. աւելի ճիշդ, այս դասակարգը յեղափոխութիւններուն սիրտն ու հոգին է:
Սակայն աշխատաւոր դասակարգը առանց կազմակերպման չի կրնար որեւէ դեր խաղալ իր պահանջներուն բարձրացման եւ ներկայացման առումով:
1917-ի ռուսական զոյգ յեղափոխութիւններուն (Փետրուարեան եւ Հոկտեմբերեան), 1968-ի Ֆրանսայի ցոյցերուն, 1989-ին Լեհաստանի մէջ համայնավար կարգերու անկման եւ ուրիշ բազմաթիւ ընկերային-յեղափոխական դէպքերու մէջ մեծ դերակատարութիւն ունեցած է արհեստակցական միութիւններուն մէջ կազմակերպուած աշխատաւորութիւնը:
Մեր ազգային կեանքին մէջ ալ,արհեստակցական միութիւնները մեծ դեր խաղցան 1905-ի եւ 1917-ի ռուսական յեղափոխութիւններուն` առաջնորդելով հայ աշխատաւորական շարժումը, 1920-ի Մայիսեան պոլշեւիկեան խռովութիւններու կասեցման մէջ եւ 1941-ի նացիական գրաւման դէմ:
1905-1917 թուականներուն Երեւանէն եւ Ալեքսանտրապոլէն (այսօրուան Գիւմրին) մինչեւ Թիֆլիս, Պաքու եւ անոնց շրջակայ քաղաքներուն ու գիւղերուն մէջ կը գործէին արհեստակցական եւ գիւղացիական միութիւններ` հազարաւոր անդամներով, գործարաններու, հանքերու, երկաթուղիներու եւ գիւղերու մէջ գործող աշխատաւորներու եւ մշակներու ձայնը դառնալով. 1918-1920, երկու տարիներու ընթացքին մեծ դերակատարութիւն ունեցան Հայաստանի Ա. հանրապետութեան մէջ գործող միութիւնները, որոնք միացուցին բանուորները եւ գիւղացիները ժողովրդավարութեան ու ընկերվարութեան դրօշին տակ եւ նեցուկ կանգնեցան նորաստեղծ պետութեան ընկերային ու տնտեսական զարգացումներուն եւ յառաջընթացին:
Այսօր, դժբախտաբար, մեր հայրենիքին դիմագրաւած ընկերային-տնտեսական ծանր պայմաններուն մէջ աշխատաւոր դասակարգը անկազմակերպ վիճակի մէջ է:
Այսօր աշխատաւոր դասակարգին թիւ մէկ մարտահրաւէրը պէտք է ըլլայ կազմակերպումը` արհեստակցական միութիւններու մէջ, ուր հայ աշխատաւորը պիտի զարգացնէ իր ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական գիտակցութիւնը:
Արհեստակցական միութիւններուն միջոցով է, որ աշխատաւորը պիտի իջնէ պայքարի ասպարէզ` իր իրաւունքները պահանջելու համար: Իրաւունքներ, որոնցմէ զրկուած է ներկայ նոր-ազատական համակարգին պատճառով: Այդ իրաւունքներն են` արժանապատիւ աշխատավարձ, ընկերային ապահովագրութիւն եւ բնակարանային ապահովութիւն: Ներկայիս յիշեալ կէտերուն իրականացումը պէտք է ըլլայ հայ աշխատաւորական շարժման նպատակը:
Յիշեալ կէտերուն իրականացումով է, որ պիտի կերտուի արդար Հայաստան մը` երկրին բոլոր քաղաքացիներուն համար, իսկ արհեստակցական միութիւնը միջոց մըն է` այս նպատակին իրագործման հասնելու եւ հայ աշխատաւորական շարժման զարգացման համար: