ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
Հետեւելով Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ 2016 տարեշրջանի պիւտճէական քննարկումներուն` նկատելի էր երկրին ընդհանուր բարգաւաճման եւ զարգացման առնչուող ծրագիրի մը մէջ կատարուող հոլովոյթի մը բացակայութիւնը: Այլ խօսքով, այն տպաւորութիւնը կը տիրէ, որ 2016-ի պիւտճէն պարզապէս նախորդ տարուան պիւտճէին հիման վրայ յարմարեցուած է եւ չի հետեւիր ընդհանուր ծրագիրի մը, որ ունի զարգացման յստակ նպատակ, թիրախ եւ ժամանակագրական ուղեցոյց: 25 էջերէ բաղկացած 2016 թուականի պիւտճէին նախագիծը, (http://www.parliament.am/draft_docs5/K-862/K-862_orenq.pdf) որեւէ ակնարկութիւն չի կատարեր, թէ ան կը հետեւի այս կամ այն բարգաւաճման ծրագիրին:
Նոյն տպաւորութիւնը կը ստեղծուի նաեւ, երբ կը հետեւինք հանրապետութեան նախագահին` մարզերը կատարած կարեւոր այցելութիւններուն, ուր ան թելադրանքներ կը կատարէ զանազան աշխատանքներու շուրջ` առանց սակայն յենակէտ ունենալու եւ վերագրում կատարելու բարգաւաճման ընդհանուր ծրագիրի մը: Որեւէ կասկած չկայ սակայն, որ պետութեան բոլոր նախարարութիւնները եւ միաւորները կը գործեն իրենց յատուկ ծրագիրներով եւ ժամանակագրական ուղեցոյցով, սակայն, ըստ երեւոյթին, կը պակսի զարգացման ընդհանուր, հանրապետութեան բոլոր բնագաւառները համապարփակող, երկարաժամկէտ բարգաւաճման ծրագիր-ուղեցոյցի մը հետեւելու հոլովոյթը: Մանաւանդ, կառավարութեան 2014 թուականի 19 մայիսին լոյս տեսած 76 էջերէ բաղկացած «Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան ծրագիր»-ին ( http://www.gov.am/files/docs/1321.pdf ) որեւէ բացայայտ ակնարկութիւն չի կատարուիր:
Քննարկումներու աւարտին վարչապետ Աբրահամեան իր արտասանած խօսքին մէջ նաեւ որեւէ ակնարկութիւն չկատարեց ո՛չ 2014 թուականի «Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան ծրագիր»-ին, ո՛չ ալ որեւէ այլ ծրագիրի: Յուսամ` կը սխալիմ:
Միւս կողմէ, գոյութիւն ունի նաեւ 216 էջերէ, 11 գլուխներէ եւ 733 ենթաբաժանումներէ բաղկացած, Հայաստանի կառավարութեան կողմէ 2014-ին պատրաստուած տասնամեայ ծրագիրը «ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ 2014-2025 ԹԹ. ՀԵՌԱՆԿԱՐԱՅԻՆ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐ»-ը (http://www.gov.am/files/docs/1322.pdf), որուն մասին նաեւ ընդհանրապէս ակնարկութիւն չի կատարուիր:
Համացանցի վրայ գտնուող այս «pdf»-ով ներկայացուած բոլոր ծրագիրները նախ իրենց ձեւին մէջ համակարգչային թերութիւն կը պարունակեն. առաջինը` գործածուած տառատեսակը (font) դժուար ընթեռնելի է, կարգ մը գիրեր իրարու փակած եւ առաջին եւ երրորդին պարագային «վեւ» գիրը չ՛երեւիր համակարգիչիս վրայ, որ բաւական հարուստ է հայերէն տառատեսակներով: Երկրորդ` չէ օգտագործուած «pdf»-ի որոնումի հրաշալի կարելիութիւնը, նաեւ բովանդակութեան` գործնական ցանկ նիւթոցի մեքենականացումը (bookmarks), որ կը դիւրացնէ ուղղակի հասնելու որոնուած ենթաբաժանումի նիւթին կամ էջին: Օրինակի համար, եթէ «ջրամբար»-ով հետաքրքրուած է հաւանական ներդրում կատարելիք ընթերցող մը, որոնումի միջոցով կը ստանայ այն էջերը, ուր «ջրամբար» բառը յիշուած է:
Համակարգչային ներկայ միջոցներով, ծրագիրներով (software), հնարաւորութիւններով եւ դիւրութիւններով վերեւ յիշուած եւ բարգաւաճման այլ ծրագիրներ կարելի է յոգնեցուցիչ, շարադրական երկար բովանդակութենէն դուրս բերել եւ աւելի արդիական, արդիւնաւէտ, պարզ, մատչելի եւ մանրամասնօրէն ներկայացնել զանոնք «կապերով» (links)` նոյն նիւթին առնչուող փաստաթուղթերու, ցանկերու, նկարներու, արխիւներու, եւ այլնով` վստահելիութիւն ներշնչելով եւ օգտակար դառնալով թէ՛ նոյնինքն կառավարութեան, Ազգային ժողովին եւ շահագրգռուած բոլոր կողմերուն: Օրինակի համար, համակարգիչի (interactive) պաստառին վրայ «ջրաբաշխում» զատելով` պէտք է երեւին բոլոր քաղաքներու եւ գիւղերու ջրաբաշխումի ծրագիրները (project) եւ ետքը այդ ցանկէն զատելով որեւէ գիւղ` ստանալ ծրագիրի մանրամասնութիւնները` պիւտճէական, ժամանակագրական եւ գործին ներկայ կացութիւնը, (status), թէ ո՛ւր հասած է գործը:
Այստեղ կ՛ուզեմ յիշել եւ օրինակ բերել 43 տարիներ առաջ Յորդանանի Եռամեայ զարգացման ծրագիրը (1973-1975): 1967-ի արաբ-իսրայէլեան պատերազմէն եւ 1971-1972 թուականի քաղաքացիական պատերազմէն ետք Յորդանանը կը գտնուէր քայքայուած վիճակի մը մէջ` ենթակառոյցներու, վարչական եւ տնտեսական գրեթէ ամբողջական փլուզումի սեմին: 1972-ին Հիւսէյն թագաւոր նշանակեց իր եղբայրը` այն ժամանակ 25 տարեկան ժրաջան եւ գործին ատակ գահաժառանգ իշխան Հասան Պըն Թալալը` (http://www.elhassanbintalal.jo/en-us/) մշակելու համար եռամեայ զարգացման ծրագիր մը, որ կը նպատակադրէր երկիրը դուրս բերել տագնապալի եւ քաոսային վիճակէն:
Իշխան Հասան կը նախագահէր նաեւ Թագաւորական գիտազօտութեան ընկերակցութեան «ԹԳԸ» (Royal Scientific Society «RSS» ( http://www.rss.jo/ )), ուր կը վարէի ելեկտրոնային բաժանմունքի տնօրէնի տեղակալի պաշտօնը: Այն ժամանակ տակաւին ներկայի անձնական գրասեղանային համակարգիչներ գոյութիւն չունէին, մինչ Յորդանանի մէջ որեւէ տեսակի համակարգիչ չէր գտնուեր: Իսկ երկրին գլխաւոր արտադրութիւնը ֆոսֆաթ-ն էր եւ աւելի նուազ ծաւալով` բանջարեղէն եւ կիտրոնային պտուղներ ինչպէս նաեւ մսեղէն` այծ ու ոչխար: Իսկ երկրին ելեկտրականութեան լման կարողականութիւնը, եթէ չեմ սխալիր, միա՛յն շուրջ 500 «մեկաուաթ» էր…
Իշխանին առաջին գործը եղաւ իւրաքանչիւր նախարարութենէ պահանջել անոր բնագաւառին վերաբերող երեք տարուան շինարարական եւ բարգաւաճման ծրագիրներու եւ կարիքներու մանրամասն ցանկը` նախատեսուած պիւտճէով եւ կարեւորութեան կարգով: Երկրորդ` «ԹԳԸ»-ին մէջ հաստատեց երկու նոր բաժանմունքներ, համակարգչային կեդրոն եւ, ծրագրային կազմակերպման եւ վիճակագրական տեղեկատուական կեդրոն (ԾՎՏԿ) (project organization and status information center), որ ունեցաւ սրահ մը` համալրուած օրուան լաւագոյն լսատեսողական սարքերով եւ ետեւէն լուսարձակուող հսկայ պաստառով: Համակարգիչներուն խոշոր «պահարանները» սրահ մը լեցուցին, իսկ տեղեկութիւնները կը ներմուծուէին ծակոտկէն քարտերու միջոցով (punch card): Ան յաճախ առաւօտեան ժամը 5-ին աշխատանքի կը սկսէր, երբեմն` ուղղաթիռով շրջաններ այցելելով իր մասնագէտ օգնականներուն հետ, քննելու համար ծրագիրներու վայրերը եւ աշխատանքներու յառաջընթացը:
Քանի մը ամիս ետք կառավարութեան բոլոր ծրագիրները անցան համակարգիչ` ԾՎՏԿ-ի կողմէ ստուգուելէ եւ դասաւորուելէ ետք: Իմ պարտականութիւնս եղաւ բոլոր տեսակի ծրագիրները ներկայացնել Յորդանանի հսկայ ելեկտրոնային քարտէսի մը միջոցով ծրագիրներու անունով կոճակներով եւ քարտէսի վրայ գիւղերու եւ քաղաքներու համապատասխանող լոյսերով: Այս աշխատանքին ժամանակ նկատեցի վրիպումներ, անհասկնալի ծրագիրներ եւ կրկնութիւններ, որոնց ստուգումը կատարելու համար իշխան Հասան անակնկալ կերպով կառավարութեան լրիւ կազմը բերաւ գործատեղիս:
Ճշդուած ժամկէտին տեղի ունեցաւ Յորդանանի միջազգային տնտեսական օժանդակութեան խորհրդաժողովը` մասնակցութեամբ 51 երկիրներու, որոնք լաւագոյնս տպաւորուեցան ծրագիրներու ամբողջական եւ ծրարուած (փաթեթաւորուած) լսատեսողական արհեստավարժ ներկայացումներով եւ, աւարտին, ծրագիրներուն շուրջ 85 առ հարիւրին անմիջապէս խոստացան ներդրում կատարել: Յատկանշական է, որ այն ժամանակ իսկ այդ ծրագիրներուն մէջ ներառուած էր արեգակնային ուժանիւթը:
Տարածաշրջանի յարափոփոխ ներկայ իրավիճակի լոյսին տակ անհրաժեշտ է պատրաստել բարգաւաճման եռամեայ ծրագիր մը, ռազմական ապահովութեան կողքին, նպատակ ունենալով ապահովել սնունդի, ջուրի եւ ուժանիւթի առաւելագոյնս ինքնաբաւ համակարգ: Այս երեք գլխաւոր մարզերուն արդիականացումը եւ մասնագիտական բարելաւումը անյետաձգելի առաջնահերթութիւններ են, որոնք նաեւ պիտի ստեղծեն նոր աշխատատեղիներ` երիտասարդ մարդուժը կապելով հողին:
1. Այս ծրագիրի յաջողութեան համար անհրաժեշտ կը գտնեմ գիւղատնտեսութեան նախարարութեան եւ Հայաստանի Ազգային ագրարային համալսարանի աջակցութեամբ դիմել քարոզարշաւի` հեռատեսիլի շաբաթական մնայուն եւ գրաւիչ յայտագիրներ պատրաստելով, ինչպէս կը տեսնենք Արեւմտեան հեռատեսիլի կայաններէն, (օրինակի համար`
(http://www.youngfarmers.org/video/), (http://www.virtualgrange.org/learn/young-farmers-conference/ ) երկրագործութեան, անասնապահութեան, կաթնեղէնի, մսեղէնի, պահածոներու եւ սնունդի բոլոր մարզերուն աշխատանքները ներկայացնող, մասնագիտական ցուցմունք տուող` երիտասարդութիւնը մղելու արդիական հողագործութեան մեծ, միջակ եւ փոքր հողագործութեան, ագարակապանութեան, եւ յարակից աշխատանքներու:
Երիտասարդ հողագործներ
Պէտք է ընդունիլ եւ համոզուիլ, որ Հայաստանը, իր բոլոր շրջանները նկատի առած, հիմնականին մէջ, ընկերաբանական սահմանումով, «ագարակային ընկերութիւն» է (agrarian society), ( https://en.wikipedia.org/wiki/Agrarian_society ), հետեւաբար այս կապակցութեամբ ռազմավարական ուղղուածութիւն պէտք է որդեգրել եւ կատարելագործել այս մարզը իր ենթակառոյցներով, բովանդակ եւ ուսումնասիրուած ծրագիրով մը, որ կ՛ապահովէ սնունդի ներքին սպառումը` զերօ ներածում եւ առաւելագոյն արտածում: Եւ ոչ թէ` եթէ այսինչ տեսականին շահաբեր է, ուրեմն բոլորը լծուին այդ նիւթի արտադրութեան:
Ներկայիս հեռատեսիլի գրեթէ օրական հաղորդումներով կը լսենք ԹՈՒՄՕ կեդրոնի մասին, բայց բնաւ չեմ հանդիպած որեւէ անդրադարձ Ագարակային համալսարանի ուսանողութեան աշխատանքներուն եւ ձեռքբերումներուն: Եթէ երիտասարդութիւնը եւ ուսանողութիւնը պիտի մղենք առաւելաբար համակարգչային ուսումի` ուրեմն այդ երիտասարդներուն մեծամասնութիւնը անուղղակի կերպով պիտի մղենք արտերկիր, ուր անոնց պահանջը շատ է:
16 դեկտեմբեր 2015-ին, Հայաստանի Ազգային ժողովի արտահերթ նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ կառավարութեան ներկայացուցած «Գիւղացիական համագործակցութեան մասին» օրէնքի ընդունման հարցը, ուր Մինասեան ըսաւ.
«Տակաւին չէ յաջողած գիւղատնտեսութեան մարզը ընկերայինէն արդիւնաբերական դաշտ տեղափոխելու գործը, այսինքն, գիւղատնտեսութիւնը այսօր ընկերային է, որովհետեւ կ’ապահովէ նուազագոյն եկամուտ, ծախսերու վերականգնում, իսկ ներկայիս վարկային համակարգի պայմաններուն մէջ նոյնիսկ ծախսերը վերականգնելու կարելիութիւնը կորսնցուցած է»: Արծուիկ Մինասեան, ըսաւ որ գիւղատնտեսութեան մարզին մէջ հիմնարար փոփոխութիւնները անհրաժեշտ են:
2. Բարեբախտութիւն է, որ Հայաստանը, նաեւ Արցախը շնորհուած են դարուս ամենապահանջուած ջուրի առատ պաշարով (Յորդանանը ներկայիս ամենաքիչ ջուր ունեցող երկիրներու դասին երրորդ տեղը կը գրաւէ, եւ բանջարեղէն կ՛արտածէ` մասամբ, շնորհիւ կաթիլային ոռոգումի): Պէտք է ջուրի պաշարներու յատուկ ռազմավարական ծրագիր մշակել` առաւելագոյնս ամբարելով զայն եւ խնայողութեամբ օգտագործելու զայն խմելու, ոռոգումի, արդիւնաբերութեան եւ այլ նպատակներով:
3. Ուժանիւթի առաւելագոյնս ինքնաբաւ համակարգ ծրագրել, առաջին հերթին` հիմնուելով խնայողութեան սկզբունքին վրայ, կրկին մնայուն քարոզարշաւի միջոցով բնակչութիւնը իրազեկ դարձնել տուներու ջեռուցումի ծախսը նուազեցնելու նպատակով վատ հաղորդիչ եւ որակաւոր դուռ պատուհան օգտագործելու, խնայողական լամբեր եւ արեգակնային ուժանիւթ օգտագործելու: Երկրորդ, առաւելագոյնս օգտուիլ հնարաւոր նոր, փոքր ու մեծ ջրելեկտրակայաններ կառուցելով: Եւ երրորդ, վերանորոգելի ուժանիւթ օգտագործել` արեգակնային, հովի եւ ստորերկրեայ ջերմուժ, մանաւանդ` հեռակայ կամ սահմանամերձ շրջաններուն համար:
Երեք տարի ետք այսօրուան ընդհանրապէս գիւղատնտեսութեամբ զբաղող ալեհերներու կողքին կ՛ուզենք տեսնել երիտասարդ-երիտասարդուհիներու փաղանգ մը, որ ամրօրէն կառչած է հողին ու հայրենիքին:
17 դեկտեմբեր 2015