Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Երբ «Ներսիններուն» Եւ «Դուրսիններուն» Մասին Հին «Հեքիաթն Է Կանչում»

$
0
0

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Հակադաշնակցական պայքարը նոյնքան «տարիք» ունի, որքան նոյնինքն Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը: Զարմանալու բան չկայ հոս: Աւելի քան հարիւրամեակ մը առաջ (Սիմոն Վրացեանի վկայութեամբ), հակադաշնակցական շրջանակները կը սիրէին նոյնիսկ… երգելով արտայայտել իրենք զիրենք.

«Կ’ուզես բոլշեւիկ լինեմ,

Կ’ուզես մենշեւիկ լինեմ,

Ինչ որ ուզես կը լինեմ,

Միայն դաշնակ չլինեմ»…:

 

Մարդիկ ազատ են իրենց հաւատամքին մէջ. ազատ են յարելու, միանալու կամ համակրելու այս կամ այն գաղափարական հաւատամքին, կուսակցութեան, կամ քաղաքական ուժին: Խնդիր չկայ:

Քիչ մը տարբեր է Հ.Յ.Դ.ի պարագային, որովհետեւ հոն հարցը կը «դժուարանայ»: Կը դժուարանայ, որովհետեւ այս կազմակերպութեան յարած ֊ միացած անհատը նախ կ’իւրացնէ Հ.Յ.Դ.ի գաղափարական սկզբունքները եւ քաղաքական նպատակները, Ծրագիրն ու կանոնագիրը, ապա երդում կու տայ հաւատարիմ մնալու ատոնց: Ապա, եթէ հարկ ըլլայ` նոյնիսկ իր կեանքին գնով յանձնառու կ’ըլլայ պաշտպանելու Հայաստանն ու հայութիւնը:

Ըսուածէն դիւրաւ կրնանք եզրակացնել, որ դաշնակցականին հաւատամքը աշխարհագրական սահման չի ճանչնար: Բոլոր դաշնակցականները, Սթոքհոլմ ապրողն ալ, Ստեփանակերտ ապրողն ալ, Երեւան կամ Լոս Անճելըս ապրողներն ալ փարած են նոյն հաւատամքին ու սկզբունքներուն: Ինչո՞ւ, որովհետեւ այդ սկզբունքները կը վերաբերին ոչ միայն Հայաստանին ու անոր ապագային, այլեւ համայն հայութեան: Դաշնակցութեան գաղափարական սկզբունքները իրենց աւիշը կը ստանան թէ՛ հայութեան եւ թէ՛ համամարդկային արժէքային համակարգէն:

Տարիներու թաւալքին հետ, հակադաշնակցական պայքարը փոխեց իր զէնքերը, սակայն ոչ` էութիւնը: Խորհրդային օրերուն, դաշնակցականները վարժուած էին լսելու «բուրժուա հակայեղափոխական», մինչեւ իսկ «հայ ժողովրդի ուղղակի թշնամի» որակումները (վերջինը` Կարէն Դեմիրճեանի բերանով):

Խորհրդային վարչակարգի վերջին տարիներուն, մարտավարութիւնը փոխուեցաւ: Խ. Հայաստանի մէջ սկսան գրելու դաշնակցական ականաւոր դէմքերու, կամ Հ.Յ.Դ.ին սերտօրէն առնչուած դէպքերու մասին` առանց սակայն որեւէ ձեւով նշելու Հ.Յ.Դ.ն: Այսինքն, փորձ կը կատարուէր իրենց գաղափարական իսկութենէն պարպելու, բովանդակազրկելու այդ դէմքերն ու դէպքերը:

Խորհրդային կարգերը փուլ եկան, սակայն հակադաշնակցական մոլուցքը մնաց: Այս անգամ լսեցինք «նարինջ ուտող» այլանդակութիւնը, նետուած` «դուրսիններուն» երեսին: Այսինքն, այն կազմակերպութեան երեսին, որ կը դաւանէր հայ ժողովուրդին ՄԷԿութիւնը:

Այդ այլանդակութեան հեղինակը այսօր Հայաստանի քաղաքական լուսանցքին վրայ է, սակայն իր ստացած ու թողած ժառանգութիւնը դեռ կը գործէ:

Հասանք այսօրուան մեր բուն ըսելիքին:

Ցարդ մեզի անծանօթ կայքէջի մը վրայ (Noranor.ca, Գանատայէն) անցեալ շաբաթ կարդացինք «Ելք» դաշինքի ցանկէն ԱԺի անդամ ընտրուած ոմն Գէորգ Գորգիսեանի մասին գրուած յօդուած մը (հեղինակ` Վարդուհի Արզումանեան): Գէորգ Գորգիսեան «Ելք» դաշինքին մաս կազմող «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեան մաս կը կազմէ: Ցանկակիցն է Նիկոլ Փաշինեանին եւ նախկին վարչապետներէն Արամ Սարգսեանին (եղբայրը Վազգէն Սարգսեանի):

Յօդուածագիր Վարդուհի Արզումանեան Գ. Գորգիսեանը կը ներկայացնէ իբրեւ համակարգչային գիտութեան բնագաւառի երիտասարդ մասնագէտ, որուն մեծ հօր հայրը եղած է դաշնակցական. եղբօրորդին է Արցախեան շարժումի առաջին նահատակներէն Մովսէս Գորգիսեանին:

Վ. Արզումանեան (տարօրինակօրէն…) շատ հետաքրքրուած ըլլալով, թէ Գէորգ Գորգիսեան ինչո՞ւ նախընտրած է «Ելք» դաշինքը` «այն դէպքում երբ յայտնի էր իր նախնիների արմատական մօտեցումը աւանդական Դաշնակցութեան նկատմամբ. ինչ ազդեցութիւն է ունեցել դաշնակցական գաղափարախօսութիւնն իր վրայ» եւ այլն, փորձած է բացատրութիւն մը ստանալ «Ելք» դաշինքին մաս կազմող «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեան անդամ այս նորեկ պատգամաւորէն:

Պատասխանը հետեւեալն է (երկիւղածութեամբ լուարուք. պատրաստուեցէք). «Դրսում գործող Դաշնակցութիւնը լրիւ այլ կառոյց է, Հայաստանում Դաշնակցութիւնը` լրիւ այլ: Հայաստանում Դաշնակցութիւնը միշտ եղել է մի մասն այն կոռումպացուած համակարգի, որը մեր երկիրը տանում է կործանման: Դրսի դաշնակցականները շատ դժուար են դա պատկերացնում եւ ընդունում, բայց իրողութիւն է, եթէ նրանք գան Հայաստան, ծանօթանան այդ իրողութեանը, միգուցէ իրենք էլ միանան «Ելք» դաշինքին եւ ոչ թէ Դաշնակցութեանը»:

Ոեւէ լուրջ քաղաքական գործիչի համար նոյնիսկ, հասկնալի են վրիպումները, սխալները: Սակայն քաղաքական գործիչը եւ փողոցային մարդը տարբեր էակներ են: Փողոցի մարդը կրնայ նոյնիսկ հայհոյել իր հակակրած քաղաքական հոսանքին կամ անհատին. մինչդեռ քաղաքական դաշտ մուտք գործած մէկը չի կրնար փողոցի մակարդակով յայտարարութիւններ կատարել` առանց վտանգելու իր հաւաստիութիւնը եւ լրջութիւնը: Ըստ երեւոյթին սակայն, պրն. Գորգիսեանի համար լրջութիւն եւ հաւաստիութիւն ըսուածները գոյութիւն չունին:

Ինք կրնար պատասխանել, թէ իրեն համար աւելի հոգեհարազատ են «Լուսաւոր Հայաստան»ի մօտեցումները, ինչպէս որ ըսած է հարցազրոյցի մնացեալ բաժինով. եւ վերջ: Ի վերջոյ ոեւէ անձ, ինչպէս ըսինք վերը, ազատ է յարելու իր նախընտրած քաղաքական ուժին: Խնդիր չէինք ունենար:

Բայց ինչպէ՞ս հասկնալ իր այս կատարելապէս փողոցային մակարդակի յայտարարութիւնը: Մարդը տակաւին ԱԺի սեմէն ներս չկոխած, արդէն սկսեր է հեքիաթային անլրջութիւններ դուրս տալու «դուրսիններուն» եւ «ներսիններուն» մասին: Տակաւին պատգամաւորի իր վկայագիրը չստացած, ան արդէն իսկ նուաճած է հակադաշնակցական նորագոյն պայքարի «դրօշ»ը:

Հայաստանի մէջ հակադաշնակցական մոլուցքի նորագոյն «հնարամտութիւններէն» մէկն ալ, յատկապէս անկախութենէն ետք, դաշնակցականները «դուրս»ի եւ «ներս»ի բաժնելու մօտեցումն է. եւ առհասարակ` քաղաքականօրէն անգրագէտ մարդոց մակարդակով: Կարծես չէր բաւեր ամբողջ հայ ժողովուրդը «ներսիններուն» եւ «դուրսի նարինջ ուտողներ»ուն բաժնելը… Ափսոս, որ նման անգրագէտ ու անմակարդակ յայտարարութիւններ կատարողը նորաստեղծ կուսակցութեան մը ներկայացուցիչն է ԱԺէն ներս:

Առանց մտնելու կէտ առ կէտ պատասխանելու անտեղի հարկադրանքին տակ, կ’ուզենք պարզապէս նշել, որ էապէս ազգավնաս են այս տիպի յայտարարութիւնները: Մանաւանդ երբ գիտենք (իբրեւ չոր իրողութիւն), որ Հ.Յ.Դ.ն երբեք ալ համակարգին մաս չէ կազմած` մէկէ աւելի անգամներ կառավարութիւններու մէջ նախարարներ ունենալով հանդերձ. պրն. Գորգիսեան պէտք է լաւ գիտնար այս մէկը: Ան նաեւ պէտք է լաւ գիտնար, որ սկզբունքային անհամաձայնութիւններու պատճառով ալ, մէկէ աւելի անգամներ Հ.Յ.Դ.ն դուրս եկած է կառավարութիւններէ: Ան պէտք է կարդացած ըլլար Հ.Յ.Դ.ի ընտրական ծրագիրը, որուն գաղափարական հիմքերէն զուրկ են, շատ մը դաշինքներու կարգին, նաեւ իր պատկանած դաշինքն ու կուսակցութիւնը: Վերջապէս, ան պէտք է լաւ գիտնայ, որ դաշնակցականը իր գաղափարներուն եւ սկզբունքներուն նուիրուած անձն է, ուր որ ալ ապրի ան, «ներսը» թէ «դուրսը»:

Պրն. Գորգիսեան կը համակրի՞, թէ կը հակակրի Դաշնակցութեան, ազատ է. իր գիտնալիքն է: Սակայն իբրեւ քաղաքական գործիչի, իրեն թոյլատրուած չէ այս ազգավնաս յայտարարութիւնները կատարելը:

Վերջապէս, պէտք է յիշեցնել, թէ պրն. Գորգիսեան 5 տարի պիտի գործէ այս խորհրդարանէն ներս, ուր հսկայական աշխատանք կայ տանելու օրէնքներ մշակելու իմաստով : Հոն, ժողովասրահէն ներսը թէ դուրսը, ի շարս Ծառուկեանի դաշինքին եւ Հանրապետական կուսակցութեան, օրէնքներու մշակման աշխատանքներու ծիրէն ներս, ինք խօսակից եւ հաւանաբար (ինչո՞ւ չէ) գործակից պիտի ըլլայ նաե՛ւ իր դաշնակցական պաշտօնակիցներուն, չէ՞: Երկրին շահերը այդ կը պահանջեն, չէ՞: Այնպէս որ, այժմէն իսկ ինք պէտք է լաւ գիտնայ, որ ԱԺէն ներս իր դաշնակցական պաշտօնակիցները ոչ «դուրսի» են, ոչ ալ «ներսի». այլ, պարզապէս… դաշնակցականներ են: Ոչ աւելի, ոչ պակաս: Չգիտնալը մեղք մը չէ. չսորվիլը ու ատոր վրայ յամառիլն է մեծ մեղքը:

Այնպէս որ, մեծապէս թելադրելի է պրն. Գորգիսեանին ու իրեն նման մտածողներուն, որ հրաժարին «ներս ֊ դուրս»ի այս ազգավնաս մօտեցումէն ու հեքիաթներէն, ի սէր այն նոր Հայաստանին, արդա՛ր Հայաստանին, որուն կերտումին մէջ մեծ դեր պիտի խաղայ խորհրդարանական նորաստեղծ համակարգը: Համակարգ մը, որ կայանալու համար տակաւին երկար ճամբայ ունի կտրելիք:

 

Լոս Անճելըս,

19 Ապրիլ 2017


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Trending Articles