Վերջապէս Էրտողան հասաւ իր մուրազին, շահեցաւ սահմանադրական փոփոխութիւններու իր հանրաքուէն 51,4 տոկոսով: Թուրքիոյ բնակչութիւնը շատ սուղ վճարեց խորհրդարանականէն նախագահականի անցումին համար: Ըլլա՛ն քիւրտերը, ալեւի կամ ոչ իսլամ բնակչութիւնը, ըլլա՛ն Կիւլենի հետեւորդները… չկայ բնակչութեան խաւ մը կամ հատուած մը, որ ազդուած չըլլայ անոր քաղաքական յեղաշրջումէն: Դեռ չխօսինք լրագրողներու, փաստաբաններու, մարդկային իրաւանց պաշտպաններու դէմ հալածանքին, բանտարկութիւններու մասին:
Որքան որ ներքին ճակատին վրայ մեծ են աւերները, նոյնքան եւ աւելի են արտաքին ճակատի վրայ` սկսելով Սուրիայէն, մինչեւ հարեւան բոլոր երկիրները, մինչեւ Եւրոպա եւ Միացեալ Նահանգներ: Բացի Ռուսիայէն, որուն հետ ստիպուած գործընկերութիւն հաստատեց` թշնամական շրջանէ մը ետք, եւ բացի մէկ-երկու թուրք ու իսլամ դաշնակից երկիրներէ, ինչպէս` Ազրպէյճան, Քաթար, Սէուտական Արաբիա … մնացեալ բոլոր հարեւան ու շրջանային երկիրներուն կամ եւրոպական դաշնակիցներուն հետ լարուած յարաբերութիւններ ունի:
Եթէ հայութեան բնաջնջումին վրայ կերտուեցաւ քեմալական Թուրքիան, քիւրտերու եւ այլ փոքրամասնութիւններու ինքնութեան ուրացումով ամրապնդուեցաւ Էրտողանի իրագործած նախագահական վարչակարգը` նոր-օսմանական էջ մը բանալով ներքին ու միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ եւ իսլամութիւնը վերահաստատեց երկրին մէջ:
Միացեալ Նահանգները եւ Եւրոպական միութիւնը որքան որ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան պատրուակով Միջին Արեւելքի բռնատիրութիւնները յեղաշրջելով իրենց կողմնակից իշխանաւորներ ուզեցին տեղաւորել, այնքան յենեցան Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի նման դաշնակիցներու վրայ` այդ աշխատանքի իրագործման համար: Եթէ մէկդի դնենք Իսրայէլի պարագան, որ վարագոյրին ետեւէն աշխատելով` ինքնապաշտպանական ռազմաքաղաքականութիւն կը վարէր, Թուրքիան գլխաւոր դերակատարը հանդիսացաւ Սուրիոյ յեղաշրջումին, որուն համար Եւրոպան խնայեց Էրտողանը, աչք գոցեց անոր բռնատիրական քաղաքականութեան եւ ուղղակի օժանդակեց անոր իսլամապաշտ վարչակարգի յաղթանակին:
Էրտողանի յաղթանակով ազատամէտ շրջանակներու հանդէպ հալածանքը բնականաբար պիտի սաստկանայ: Ինչ որ կը նշանակէ Թուրքիայէն դէպի եւրոպական երկիրներ գաղթականութեան նոր հոսանքի մը սկիզբը: Նկատի առած Թուրքիոյ ռազմավարական նշանակութիւնը ՕԹԱՆ-ի պաշտպանական համակարգին մէջ եւ սուրիացի գաղթականներու դէպի Արեւմուտք երթը հսկելու անոր ոստիկանի դերակատարութիւնը` աւելի յստակ կը դառնայ Էրտողանի կողմէ Արեւմուտքը պատանդ առնելու դրոյթը` իր ուզած քաղաքականութիւնը եւ կամքը անկաշկանդ պարտադրելու կերպով, ոտնակոխելով մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան ու դիւանագիտական բոլոր կենցաղավարութիւնները:
Ժ. Չ.