Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Ֆրանսայի Նախագահական Ընտրութիւններու Առաջին Հանգրուան

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

23 ապրիլ 2017-ին 11 թեկնածուներ պիտի մրցին նախագահական ընտրութիւններու առաջին հանգրուանին ընթացքին:

Ըստ երեքշաբթի, 18 ապրիլին կատարուած հարցախոյզին, Էմանուէլ Մաքրոն եւ Մարին լը Փեն կը գլխաւորեն ցանկը 24 եւ 23 առ հարիւր քուէներով: Ֆրանսուա Ֆիյոն ստացած է քուէներուն 19,5 առ հարիւրը, Ժան Լիւք Մելանշոն` 18, իսկ Պենուա Համոն` 8: Կը ներկայացնենք 5 թեկնածուներուն ծրագիրներուն կարեւորագոյն կէտերը.

Աջի թեկնածուները

Ֆրանսուա Ֆիյոն – նախկին վարչապետ եւ Փարիզի երեսփոխան, 62 տարեկան, Հանրապետականներու կուսակցութիւն:

Ծրագիր

Աշխատանք եւ գործ

– Ջնջել շաբաթական աշխատանքի 35 ժամերը եւ աշխատանքային օրինական տեւողութիւնը,  ընկերութիւններուն առիթը պիտի տրուի բանակցելու աշխատանքային ժամերուն շուրջ,
– Պետական պաշտօնեաներուն աշխատանքային ժամերը բարձրացնել շաբաթական 39-ի,
– Հաստատել գործազրկութեան յատկացումներ` վերջին աշխատավարձի 75 առ հարիւրով:

Ապահովութիւն

– Հսկայական ներդրումներ` ոստիկանութեան եւ բանակին համար,
– Աւելի նուազ պաշտօններ ստեղծել, բայց` ժամանակակից դարձնել սպառազինութիւնը,
– Ոստիկանութեան մեծ նախարարութիւն մը ստեղծել,
– Զրկել ֆրանսական քաղաքացիութենէ այն քաղաքացիները, որոնք այլ երկիրներ կ՛երթան կռուելու:

Դիւանագիտութիւն եւ Եւրոպա

– Ջնջել Ռուսիոյ դէմ հաստատուած տնտեսական պատիժները,
– Դաշնակցիլ Ռուսիոյ, Իրանի եւ սուրիական վարչակարգին հետ` պատերազմելու համար «Իսլամական պետութիւն» խմբաւորման դէմ,
– Ստեղծել քաղաքական մարմին մը` եւրոպական գօտիին մէջ:

Ներգաղթ

– Հաստատել ներգաղթի մասնաբաժիններ եւ սահմանափակել ընտանեկան ներգաղթը,
– Սահմանափակել քաղաքացիութիւն ստանալու իրաւունքը, Ֆրանսա ծնած եւ մեծցած երիտասարդ օտարական մը ֆրանսական քաղաքացիութիւն կրնայ ստանալ միայն այն ատեն, երբ դիմէ,
– Ջնջել պետական բժշկական օժանդակութիւնը` ուղղուած առանց կեցութեան արտօնագրի  օտարերկրացիներուն: Անոնք զերծ կացուցել առողջապահութեան կանխավճարներէն` յատկացուած կարգ մը պարագաներու,
– Տալ ընկերային օժանդակութիւններ միայն այն օտարերկրացիներուն, որոնք երկու տարի է ի վեր օրինական ներկայութիւն ունին Ֆրանսայի մէջ,
– Արգիլել սալաֆական կամ «Իսլամ եղբայրներ» շարժումները,
– Արտաքսել այն օտարերկրացիները, որոնք գործած են ոճիրներ:

Կենսոլորտ

– Ֆիյոն, ուժանիւթի ընտրութեան գծով, Մարին լը Փենի նման, հիւլէական ուժի ջատագով է: Կ՛ուզէ երկարաձգել հիւլէական ուժի կեդրոններու կեանքը 40-60 տարի,
– Թեթեւցնել չափանիշները եւ ծախսերը հողագործութեան մէջ:

Ընտանիք

– Վերահաստատել ընտանեկան յատկացումները բոլորին համար,
– Փոխել «Թոպիրա»-ի օրէնքը` արտօնելով միայն պարզ որդեգրումը, որ թոյլ կու տայ զաւակին կապ պահել իր ընտանիքին հետ,
– Արգիլել բժշկական աջակցութեամբ ծնունդը (Medically associated procreation) առանձին կիներուն եւ 2 կիներէն բաղկացած զոյգերուն համար:

 

Մարին լը Փեն – փաստաբան եւ քաղաքական գործիչ, 48 տարեկան, Ազգային ճակատ կուսակցութիւն:

Աշխատանք

– Աշխատանքի օրէնքի վերացում,
– Աշխատանքային 35 ժամերու պահպանում:

Կենսոլորտ

– Խթանել հիւլէականը` իբրեւ ուժանիւթի աղբիւր,
– Խթանել ջրածինով աշխատող ինքնաշարժներու գործածութիւնը,
– Քաջալերել հողագործութիւնը` «մարդկային աստիճանի»:

Ապահովութիւն

– Վերահաստատել սահմաններու հսկողութեան դրութիւնը,
– Աշխատանքի կոչել 15.000 ոստիկաններ եւ 6000 մաքսային գործակալներ,
– Վերացնել ընկերային օժանդակութիւնը այն ծնողներուն, որոնց զաւակները կրկնակի յանցանքներ գործած են,
– Ցմահ բանտարկութեան պատիժը սահմանել միայն ամէնէն ծանր ոճիրներուն համար,
– Ստեղծել 40.000 պաշտօններ` բանտերու համար,
– Երկրէն վտարել ոճրագործները եւ յանցագործ օտարերկրացիները: Վտարել եւ արգիլել մուտքը Ֆրանսա այն երկքաղաքացիներուն, որոնք ժիհատական կապեր ունին:

Ներգաղթ

– Ներգաղթը դադրեցնել` մինչեւ նոր օրէնքներու մշակումը,
– Դադրեցնել ֆրանսական քաղաքացիութեան շնորհումը,
– Չեղեալ նկատել պետութեան բժշկական օգնութիւնը` տրուած ոչ օրինական կարգավիճակով օտարներուն:

Դիւանագիտութիւն եւ Եւրոպա

– Դուրս գալ Եւրոպական միութենէն եւ Շենկենի գօտիէն,
– Դուրս գալ ՕԹԱՆ-էն,
– Վերացնել եւրոպական դրօշը հանրային վայրերէն,
– Մօտենալ Ռուսիոյ:

Ընտանիք

– Ջնջել «Ամուսնութիւն բոլորին համար» օրէնքը: Լը Փեն կ՛առաջարկէ «Թոպիրա»-ի օրէնքը (որ կ՛արտօնէ նոյն սեռի ամուսնութիւնները) եւ փոխարինել «քաղաքացիական միացում»-ով նոյն սեռի զոյգերուն համար,
– Արգիլել «Փոխնակ մայրութիւն»-ը եւ պահել Բժշկական աջակցութեամբ ծնունդը միասեռական զոյգերուն համար,
– Վերահաստատել մայրական արձակուրդի ազատ բաժանումը հօր եւ մօր միջեւ,
– Ընտանեկան օժանդակութիւնները վերապահել ֆրանսացիներուն:

Ձախի թեկնածուներ

Պենուա Համոն – Կրթութեան նախկին նախարար, 49 տարեկան, Ընկերվարական կուսակցութիւն:

Աշխատանք

– Ստեղծել գոյութեան ընդհանուր ամսական (600 եւրօ), որ պիտի տրուի 18 տարեկանէն սկսեալ բոլոր այն անհատներուն, որոնց ամսականը 2800 եւրօ է,
– Աշխատանքային ժամերը նուազեցնել:

Ապահովութիւն

– Աշխատանքի կոչել ապահովական ուժերու յաւելեալ 5000 անդամներ` մինչեւ 2022,
– Ստեղծել հետախուզական ծրագիր մը, ստեղծել համակարգող մարմին մը, որ կապուած է երկրի վարչապետին, եւ որ տեղեկութիւն կը հաւաքէ եւ մօտէն կը հետեւի ահաբեկչութեան սպառնալիքներուն,
– Ապահովութեան վերաբերեալ անոր ծրագիրը կը կեդրոնանայ ժողովուրդ-ոստիկանութիւն  յարաբերութիւնը բարելաւելու խոստումին վրայ:

Ընտանիք

– Ձեռնտու դարձնել վերարտադրողական բժշկութեան աջակցութիւնը առանձին կիներուն եւ 2 կիներէ բաղկացած զոյգերուն համար` այսպիսով պայքարելով սեռային կողմնորոշման դէմ խտրականութիւններուն դէմ,
– Արգիլել «Փոխնակ մայրութիւն»-ը, որ կը շահագործէ մասնաւորաբար աղքատ կիները,
– Ստեղծել նաեւ «խորթ ծնողք»-ի կարգավիճակը` նպաստելու համար ծնողք դառնալու փափաքին:

Եւրոպա

– Երբ Պենուա Համոն եւրոպական ներշնչում կը փնտռէ, կը դառնայ դէպի Փորթուգալ, ուր կատարեց իր առաջին այցելութիւնը իբրեւ նախագահական ընտրութիւններու թեկնածու: Փորթուգալի կառավարութիւնը համախմբած է բոլոր ձախակողմեանները: Այս երկուքը բազմաթիւ  կէտերու մէջ կը համաձայնին, եւ Համոն կ՛երազէ ստեղծել «ձախակողմեան եւրոպացիներու միացեալ օրակարգ մը»,
– Համոն կը պաշտպանէ ստեղծումը «եւրոպական պիւտճէական համաձայնութեան մը, որ թոյլ կու տայ Եւրոպական միութեան քաղաքական եւ ժողովրդավարական կարգաւորման»:

Ներգաղթ

– Պենուա Համոն կողմնակից է «Հոգատար եւ մարդկային հանրապետութեան», որ անկասկած ամէնէն բացն է ներգաղթի: Ան կը ջատագովէ օրինաւոր եւ կազմակերպուած ընդունելութիւն մը գաղթականներուն համար,
– Ստեղծել համակարգ մը, որ կը պարտադրէ բոլոր եւրոպական երկիրներուն ընդունիլ գաղթականներ իրենց կարողութեան համեմատ,
– Արտօնել գաղթականներուն աշխատանքի սկսիլ կեցութենէն երեք ամիս ետք եւ զարգացնել միջոցները ֆրանսերէն լեզուն սորվելու:

Կենսոլորտ

– Պենուա Համոնի «փափաքելի ապագային մէջ, «բնապահպանական յառաջընթացը» մեծ տեղ կը գրաւէ: Կ՛ուզէ ստեղծել կենսոլորտը յարգող զարգացման մոտել մը,
– Աստիճանաբար լքել հիւլէականը:

 

Ժան Լիւք Մելանշոն – քաղաքական գործիչ, 65 տարեկան, Համայնավար կուսակցութեան թեկնածու

Եւրոպա

– Բանակցիլ Եւրոպական Միութեան հետ` բարեփոխելու եւրոպական համաձայնագիրները. աւարտ` Կեդրոնական դրամատան անկախութեան, լքել եւրոպական պիւտճէական համաձայնագիրը, եւրոյի արժեզրկում տոլարի դիմաց,
– Եթէ այս բանակցութիւնները ձախողին, դուրս գալ եւրոպական համաձայնագիրներէն հանրաքուէէ մը ետք,
– Չեղեալ յայտարարել Սեթայի համաձայնագիրը Եւրոպական միութեան եւ Քանատայի միջեւ,
– Դուրս գալ ՕԹԱՆ-էն,
– Կազմել միջազգային դաշինք ՄԱԿ-ի հսկողութեամբ` ՏԱՀԵՇ-ի դէմ:

Ներգաղթ

– Կարգաւորել առանց կեցութեան արտօնագրի աշխատողներու կարգավիճակը,
– Տալ օտարերկրացիներուն քուէի իրաւունք` տեղական ընտրութիւններուն,
– Մերժել Եւրոպական միութիւն-Թուրքիա համաձայնագիրը գաղթականներուն վերաբերեալ եւ մերժել Թուքէի համաձայնագիրները Բրիտանիոյ հետ,
– Կառուցել ճամբարներ միջազգային չափանիշներով` գաղթականներուն համար,
– Վերջ դնել երեխաները կալանքի կեդրոններ զետեղելու դրութեան,
– Շնորհել ֆրանսական քաղաքացիութիւն օտարերկրացի այն մանուկներուն, որոնք Ֆրանսայի մէջ կը ծնին:

Կենսոլորտ

– Ան ամէնէն «կանաչ» թեկնածուն է,
– Դուրս գալ հիւլէական ուժի կախուածութենէն, եւ որդեգրել 100 առ հարիւր վերականգնող ուժանիւթի դրութիւն` մինչեւ 2050,
– Հիմնել ծովային նախարարութիւն, ստեղծել 300.000 ծովային պաշտօններ, զարգացնել աւանդական, ոչ արդիւնաբերական ձկնորսութիւնը:

Աշխատանք

– Ջնջել աշխատանքի օրէնքը,
– 32 ժամի իջեցնել աշխատանքային ժամերը,
– Ստեղծել նոր աշխատանքներ` զանազան միջոցներով,
– Հազարաւոր աշխատանքներ ստեղծել ազգային կրթութեան մէջ, բժշկական անձնակազմեր, արդարադատութեան մէջ:

Ապահովութիւն

– Ֆրանսան դարձնել ռազմականօրէն անկախ,
– Ստեղծել ոստիկանութեան 10.000 պաշտօններ,
– Վերահաստատել համայնքային ոստիկանութիւնը,
– Արտակարգ դրութենէն դուրս գալ,
– Ստեղծել բանտարկութեան այլընտրանքային պատիժներ:

Ընտանիք

– Զօրավիգ կանգնիլ այրերու եւ կիներու միջեւ հաւասարութեան, յատկապէս` ընտանեկան եւ արհեստավարժ կեանքը հաշտեցնելու,
– Ստեղծել մանկութեան հանրային ծառայութիւն,
– Արգիլել «Փոխնակ մայրութիւն»-ը,
– Արտօնել բժշկական աջակցութեամբ ծնունդը:

 

Անկախներ

Էմանուէլ Մաքրոն – Տնտեսութեան նախկին նախարար, 38 տարեկան, «Դէպի առաջ» շարժումի հիմնադիր:

Աշխատանք

– Պայքարիլ գործազրկութեան դէմ` խթանելով ներդրումները: Գործազրկութեան 10 առ հարիւրը նուազեցնել 7 առ հարիւրի: Այս նպատակին հասնելու համար ստեղծել քաղաքականութիւն մը, որ կը համատեղէ ծախսերու նուազումը ընկերութիւններուն համար եւ կը խթանէ ներդրումները,
– Ստեղծել գործազրկութեան ապահովագրութեան միջազգային համակարգ մը, որ կը ֆինանսաւորուի տուրքերով եւ կը կառավարուի պետութեան կողմէ:

Ապահովութիւն

– Ունենալ աւելի հզօր ոստիկանութիւն եւ բանակ,
– Անդամագրել 100.000 յաւելեալ ոստիկաններ,
– Զարգացնել «Առօրեայ ապահովութեան ոստիկանութիւնը», այսինքն` համայնքային ոստիկան մը, որ կը պաշտպանէ եւ կը լսէ թաղին բնակիչները,
– Բանտերու մէջ աւելցնել 15.000 նոր խուցեր,
– Հաստատել  ամսուան մը պարտադիր զինուորական ծառայութիւն:

Ընտանիք

– Դիւրացնել այն ծնողներուն կեանքը, որոնք կ՛աշխատին:

Էմանուէլ Մաքրոն չի ծածկեր այն փաստը, որ ընտանիքի բնաբանը իր ծրագիրին առանցքը չի կազմեր:

Եւրոպա

– Կեդրոնացում եւրոպական գօտիին,
– Մաքրոն կը նախատեսէ ֆրանսական-գերմանական նոր գործընկերութիւն մը,
– Որդեգրել ներդրումներու խթանման քաղաքականութիւն, որ  պիտի զօրացնէ համագործակցութիւնը Եւրոպական միութեան անդամներուն հետ,
– Ստեղծել պիւտճէի, խորհրդարանի եւ տնտեսութեան նախարար` եւրոպական գօտիին համար,
– Ստեղծել եւրոպական պաշտպանութեան հիմնադրամ, որ կը ֆինանսաւորէ ռազմական միացեալ սարքաւորումները:

Ներգաղթ

– Կեդրոնանալ գաղթականներու համարկման վրայ: Բայց Մաքրոն կը կեդրոնանայ համարկման հարցին վրայ` շեշտելով, որ իւրաքանչիւր օտարերկրացի պէտք է սորվի ֆրանսերէն լեզուն ֆրանսական քաղաքացիութիւն ստանալու համար եւ` շրջանակին ընդգրկուելու,
– Ան համաձայն է, որ Ֆրանսա ինք ստանձնէ իր արդար կամ ճիշդ մասնաբաժինը` գաղթականները ընդունելու:

Միջավայր

– Վերանորոգուող ուժանիւթի օգտագործումը քաջալերել,
– Հիւլէական համաձայնութենէն դուրս չգալ, բայց  50 առ հարիւր նուազեցնել հիւլէական ուժանիւթի օգտագործումը, մինչեւ 2025:

 

Մարին Լը Փեն Ամէնէն Քննարկուող
Ֆրանսացի Քաղաքական Գործիչը`
Միացեալ Նահանգներու Մէջ

Ֆրանսայի նախագահական ընտրութիւնը կը հետաքրքրէ ոչ միայն ֆրանսացիները, այլեւ` ամերիկացիները: Միացեալ Նահանգներու մէջ  ամէնէն քննարկուողը Ազգային ճակատ կուսակցութեան առաջնորդ Մարին լը Փենի թեկնածութիւնն է: Այս մասին կը հաղորդէ «Պի. Էֆ. Էմ.» պատկերասփիւռի կայանի կայքը` յղում կատարելով «Լինքֆլուընս» ընկերութեան, որ կը զբաղի համացանցի մէջ հարցումներու եւ միտումներու ուսումնասիրութեամբ:

Մասնագէտները ուսումնասիրելով Միացեալ Նահանգներու համացանցային արձանագրութիւններու մէջ շուրջ 1,5 միլիոն մեկնաբանութիւններ` պարզած են, որ Ֆրանսայի նախագահական ընտրութեան շուրջը  քննարկումներու 50 առ հարիւրը կը վերաբերի Մարին լը Փենին: Եւ արձանագրութիւններու մեծամասնութիւնը դրական բնոյթ կը կրէ:

Ընդհանուր առմամբ, անգլերէն քննարկումներուն մէջ Ազգային ճակատի առաջնորդին կը յատկացուի շուրջ 20 առ հարիւրը: Միւս թեկնածուները` Էմանուել Մաքրոն, Ֆրանսուա Ֆիյոն եւ Ժան-Լիւք Մելանշոն, նուազ հանրաճանաչ են: Անոնց կը վերաբերի Միացեալ Նահանգներու մէջ համացանցային քննարկումներուն 5 առ հարիւրը:

 

Կարգ Մը Թեկնածուներու Կարծիքները
Եւ Խոստումները Հայոց Ցեղասպանութեան
Եւ Լեռնային Ղարաբաղի Վերաբերեալ

Պենուա Համոն կը խոստանայ շարունակել մասնակցիլ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակման արարողութիւններուն եւ ատիկա ամրագրել յիշատակի օրերու ցանկին վրայ: Ան կը փափաքի օր մը Երեւանի մէջ մասնակցիլ յիշատակի արարողութեան: Համոն շեշտեց, որ նոյնիսկ եթէ ցեղասպանութեան ժխտման քրէականացման վերաբերեալ որոշ արգելքներ կան, պէտք է շարունակել աշխատիլ:

Մարին լը Փեն յայտնեց, որ Ֆրանսա պէտք է աջակցի Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ Թուրքիա պէտք է լրջօրէն վերատեսութեան ենթարկէ իր պատմութեան այդ ահաւոր էջը: Լը Փեն կարեւոր նկատեց հայերու դերը Համաշխարհային Ա. պատերազմէն ետք Ֆրանսայի կառուցման մէջ: Սակայն, ան յարմար չի նկատեր Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրը ամրագրել Ֆրանսայի պաշտօնական օրացոյցին վրայ, քանի որ, ըստ անոր, այդպիսի օրերը պէտք է առնչուին միայն ֆրանսացիներուն միացեալ յիշողութեան: Մարին լը Փեն նաեւ յստակօրէն դէմ է Թուրքիոյ` Եւրոպական միութեան անդամակցութեան` նշելով, որ Ազգային ճակատէն ընտրուած պատգամաւորները միշտ դէմ քուէարկած են Թուրքիոյ հետ Եւրոպական միութեան բանակցութիւններուն նոր հանգրուանի բացման:

Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի հարցին, լը  Փեն ցանկալի կը համարէ այն լուծումը, որ կարելիութիւն կու տայ Ղարաբաղը վերամիաւորել Հայաստանին:

Ֆրանսուա Ֆիյոն նաեւ կը խոստանայ Հայոց ցեղասպանութեան օրը ընդգրկել յիշատակի օրերու ցանկին վրայ: Ան ընդգծած է, որ պէտք չէ մոռնալ ցեղասպանութեան զոհ գացած 1,5 միլիոն հայերը, որոնք կ՛ապրէին Օսմանեան կայսրութեան արեւելեան մասին մէջ: Ըստ անոր, ճանաչումը վերջնական նուաճումը չէ եւ պէտք է յաւելեալ քայլ մը առնել: Ան նշած է, որ Ողջակիզումի զոհերուն ժառանգորդները ժխտումէն պաշտպանուած են օրէնքով մը, ինչ որ չէ պարագան այն 500 հազար  ֆրանսահայերուն, որոնք յաճախ Ֆրանսան պաշտպանած են իրենց կեանքին գնով: Ֆրանսուա Ֆիյոն ընդգծած է, որ Ֆրանսա պէտք է պաշտպանէ իր քաղաքացիները եւ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման քրէականացումը հաստատէ:

Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի հարցին` Ֆիյոն յիշած է 2016-ի քառօրեայ պատերազմը եւ շեշտած է, որ Ազրպէյճան փորձեց ուժով գրաւել Լեռնային Ղարաբաղը` օգտուելով միջազգային հանրութեան անտարբերութենէն: Ֆիյոն իր մտահոգութիւնը յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի հարցով եւ հաստատած է, որ խաղաղ եւ յարատեւ լուծում պէտք է գտնուի այս հարցին:

 

Օգտագործուած աղբիւրներ` ֆրանսական կայքեր
«Լը Մոնտ», «Լա Քրուա», «Լը Փուան.», «Լէ զ՛Էքօ»


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>